Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Համազգային Սուրիոյ Շրջանային 25-րդ Ներկայացուցչական Ժողովը
30 ապրիլին «Սահակ Նալպանտեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային 25-րդ Ներկայացուցչական ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին` ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամը, Շրջանային վարչութեան անդամները, «Ն. Աղբալեան», «Հ. Օհանջանեան», «Վ. Նաւասարդեան», «Լ. Շանթ» եւ «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղերու լիազօր ներկայացուցիչները, Հայագիտական հիմնարկի, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական, «Զուարթնոց» երգչախմբային եւ «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորներու ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալներ:
Ժողովը քննարկեց անցնող տարեշրջանի Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնն ու նիւթական տեղեկագիրը եւ արժեւորեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը: Ապա ներկայացուց առաջարկներ յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան համար:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմի ընտրութիւնը` հետեւեալ պատկերով. Րաֆֆի Սիւլահեան` ատենապետ,
Մարինա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան` ատենադպիր, Սագօ Արսլանեան` գանձապահ, Սեդա Աճեմեան` հաշուապահ եւ խորհրդականներ` Կարօ Տէյիրմենճեան, Արա Մութաֆեան, Հուրի Ճուհարեան-Մուսալլի, Սօսի Կարճիկեան (Քեսապ), Րաֆֆի Յակոբեան (Լաթաքիա), Ռիթա Տէր Սարգիսեան (Գամիշլի) եւ Վազգէն Պէլեան (Դամասկոս):
Միացեալ Նահանգներ
«Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանի Տուչութիւն Մայք Սարեանի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ խնդրանքով ու ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, 28 ապրիլին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Խաթուն Սարեան» շրջափակին մէջ, Սարեան ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանը յանձնուեցաւ Մայք Սարեանին:
Արդարեւ, Մայք Սարեան անցնող տարիներու ընթացքին բազմամակարդակ նիւթական զօրակցութիւն կատարած է Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի զանազան ծրագիրներու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ` գաղութային եւ համահայկական տարատեսակ գործերու յաջողութեան համար:
Հայ եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանը, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, Հայ դատը, հայկական միութիւններ եւ կառոյցներ վայելած են Մայք եւ Էվելինա Սարեան ամոլին ուշադրութիւնը եւ աջակցութիւնը, որուն վերջին պսակումը կը հանդիսանայ կաթողիկոսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմ հովուապետական այցելութեան ընդառաջ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւնը:
Յայտնենք, որ ընտանեկան ձեռնարկին խօսք առին` Կրեկ Մարթայեան, Ճօ Կանիմեան, Էվելինա Սարեան, հարազատներ ու բարեկամներ, մինչ հայրապետական կոնդակը կարդաց եւ իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը:
Առաջնորդ Սրբազանը Մանուկ Սրկ. Չուլեանը Նշանակեց Լոս Անճելըս Գաւառի «Եու. Էս. Սի.» Հիւանդանոցի Հոգեւոր Խորհրդատու
Ընդառաջելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիւանդանոցներու հոգեւոր աւագ խորհրդատու հայր Քրիս Փոնէի խնդրանք-նամակին, ուղղուած` արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, որպէսզի Ազգային առաջնորդարանէն անձ մը տրամադրուի, իբրեւ հոգեւոր խորհրդատու, որ ծառայութիւն պիտի բերէ Լոս Անճելըս գաւառի «Եու. Էս. Սի.» պետական հիւանդանոցի հիւանդներուն, ընտանեկան պարագաներուն, նաեւ անոնց հոգեւոր կարիքներու մատակարարման աշխատանքը ստանձնէ, առաջնորդ սրբազանը Արեւմտեան թեմի նուիրեալ սարկաւագներէն օգնական բժիշկ Մանուկ սրկ. Չուլեանը նշանակեց այս պաշտօնին:
Այս առիթով սրբազան հայրը ուժ, կարողութիւն կը մաղթէ եւ կանխաւ կը գնահատէ Մանուկ սրկ. Չուլեանի բերելիք ծառայութիւնները Արեւմտեան թեմի զանազան ծրագիրներուն:
Քանատա
Օնթարիոյի Մէջ 23 Նորագիրներ Համալրեցին Դաշնակցութեան Շարքերը
5 մայիս 2023-ին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ 23 օնթարիոհայեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն միացան եւ իրենց երդումը տուին` ընկերական լայն շրջանակի ներկայութեամբ:
Հայրենիքի օրհասական այս օրերուն, մեր ժողովուրդին տարած դժուարին անկիւնադարձին գոյատեւումի լուրջ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու աշխատանքին մասնակցելու, հայ ժողովուրդին ծառայելու, հայրենիքի մէջ գաղափարական-քաղաքական աշխատանք տանելու, սփիւռքի կազմակերպական կարողութիւնները հզօրացնելու վճռական յանձնառութիւնն է, որ այս երդումով կը նուիրականացուի:
Երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը կազմակերպուած էր Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» եւ Քեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէներուն, ինչպէս նաեւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան համագործակցութեամբ: Բացումը կատարեց Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեան: Ան ներկայացուց նորագիրները եւ հրաւիրեց կնքահայրը` օնթարիոհայ բազմավաստակ կուսակցական, Օնթարիոյի մէջ Դաշնակցութեան ճամբով երկար տարիներ ազգային ու հասարակական գործունէութիւն տարած Վազգէն Թէրզեանը, որ իր պատգամը յղէ նորագիրներուն եւ ընդունի անոնց երդումը` Դաշնակցութեան դրօշին, ծրագիրին, կանոնագիրին եւ մարտունակութեան խորհրդանիշին վրայ:
Խօսքը ուղղելով երդում տուողներուն` ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Ծանօթանալէ ետք Դաշնակցութեան պատմութեան, ծրագիրին եւ կանոնագիրին, այժմ դուք ծանր լուծի տակ կը մտնէք, որ ծանր ըլլալով հանդերձ, քաղցր է ու հպարտառիթ, որովհետեւ այդ հայ ժողովուրդին Դատին անսակարկ նուիրումի ու ծառայութեան համար է»: Երդումէն առաջ ան թեկնածուներուն յայտնեց, որ եթէ իրենցմէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, թէ պատրաստ չէ դաշնակցական դառնալու, ասիկա վերջին առիթն է հեռու կենալու: Բոլոր թեկնածուներն ալ ՀՅԴ շարքերը մուտք գործելու որոշման վրայ անդրդուելի մնացին:
14 նորագիրներ միացան Թորոնթոյի «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերուն, 4 նորագիրներ` Քեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան շարքերուն եւ 5 նորագիրներ` «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան շարքերուն: Յատկանշական էր երիտասարդ թեկնածուներուն թիւը, որոնց մեծամասնութիւնը ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամներ են:
«Մշա՛կ, բանուոր» քայլերգի խմբերգումով աւարտեցաւ երդման արարողակարգը: Ներկայ շարքային ընկերները, որոնց մէջ նկատառելի էր իրենց զաւակներուն, աշակերտներուն եւ պատանիներուն ստանձնած յանձնառութեամբ հպարտ ծնողներու, ուսուցիչներու եւ վարիչ-դաստիարակներու թիւը, շնորհաւորեցին նորագիրները: Արարողութեան յաջորդեց ընկերական խրախճանք եւ յեղափոխական երգերու երեկոյ, որուն ընթացքին ընկերները առիթ ունեցան արտասանելու իրենց սրտի խօսքը:
Իրաք
Այցելութիւն Իրաքի Դեսպանատուն
Հայաստան տուած այցելութեան ընթացքին Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 4 մայիսին այցելեց Իրաքի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպանութեան հաւատարմատար դոկտ. Սուհէյլան Մունտըր Էլ-Ճպուրիի հետ: Հանդիպման ներկայ էր դեսպանատան պաշտօնեայ Արա Քիշմիշեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր: յատկապէս` Հայաստան հաստատուած իրաքահայերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոնց լուծման միջոցները:
Այս առիթով հայր սուրբը երախտագիտութիւն յայտնեց Իրաքի պետութեան, անոր տարած ջանքերուն` Իրաքի տարածքին ապրող փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները պաշտպանելուն եւ անոնց նեցուկ հանդիսանալուն համար, մանաւանդ` իրաքահայերուն, որոնք քանի մը տասնեակ տարիներ կարեւոր ներդրում ունեցած են Իրաքի վերելքին մէջ:
Թեհրան
Հայաստանի Մէջ Իրանի Նորանշանակ Դեսպան Մեհտի Սոպհանիի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
3 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի, ընկերակցութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան իրանցիներու եւ խորհրդարանի հիւպատոսական հարցերով տեղակալ դոկտ. Ալիռեզա Պիկտելիի, այցելեց Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը` անոր մաղթելով օրհնաբեր ծառայութիւն դիւանագիտական իր առաքելութեան ընթացքին: Առաջնորդը անդրադառնալով հայ-իրանական վաղեմի պատմութեան` թէ՛ որպէս Իրան-Հայաստան կապերու եւ թէ՛ իրանահայ համայնքի առումով, ընդգծեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան հետ յարաբերութիւններու սերտացումը: Սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն` շեշտելով Իրանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ նշելով, որ Իրանը իր հզօրութեամբ, նաեւ քաղաքակրթական իր բարձր մակարդակով կրնայ մեծ դեր խաղալ տարածաշրջանի եւ խաղաղութեան կայացման գործին մէջ:
Իրանի նորանշանակ դեսպանը իր գոհունակութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար` ընդգծելով Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու եւ երկու կողմերու համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ այս ուղղութեամբ համատեղ ջանքեր գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու մասին. շեշտուեցաւ կարեւորութիւնը յատկապէս մշակութային եւ տնտեսական ոլորտներուն` ընդգծելով յատկապէս իրանահայութեան դերը:
Վրաստան
Մայրենիի Օրը
Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» միօրեայ դպրոցին, 29 ապրիլին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ մայրենիի օրը:
Տարբեր լեզուներով ուսուցման հանրային դպրոցներու շրջանաւարտներ եւ մասնագիտութիւն սորվող շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները ելոյթ ունեցան գրական-երաժշտական համադրումներով: Անոնք ներկայացուցին հայոց լեզուին նուիրած տարբեր հեղինակներու բանաստեղծութիւններ եւ հնամենի լեզուի մասին ազգի մեծերու եւ ծանօթ անհատներու խօսքեր:
Հայ բանաստեղծութեան ռահվիրայ Համօ Սահեանի մահուան յիշատակին միօրեայ դպրոցի սաները կարդացին բանաստեղծին գրական ժառանգութեան էջերը` ներկայացնելով հայրենիքին, հաւատքին, ոսկեղենիկ լեզուին նուիրուած անոր բանաստեղծութիւնները, նաեւ` սիրոյ, նուիրումի մասին խոհա-փիլիսոփայական քառեակները եւ ասոյթները:
Թեմի լրատուական բաժինի ղեկավար Սուսաննա Խաչատրեան ելոյթ ունենալով` կարեւոր նկատեց մայրենի լեզուին որ ազգի գոյատեւման եւ միաւորման միջոց ըլլալը` ընդգծելով աշակերտներուն վերադարձը իրենց արմատներուն, նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը հայ ըլլալու հպարտութիւնը եւ հայու տեսակով ապրելու միտումը:
Վիրահայոց թեմի Քուեմօ Քարթլիի տարածաշրջանի հովիւ Զաւէն վրդ. Եազիչեան փոխանցեց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի հայրական օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնները` ձեռնարկի մասնակիցներուն: Հայր սուրբը բարձր գնահատեց թիֆլիսահայ հասարակութիւնը հայախօս դարձնելու, մայրենին սիրելու, հայրենիքի եւ լեզուի մասին աւելի խորը իմանալու եւ այդ ամէնը կեանքի ուղեկից դարձնելու գործին մէջ վաստակաշատ ուսուցչուհի Թամարա Գաբոյեանին ներդրումը եւ աշակերտութեան նուիրումը:
Աւարտին երախտագիտական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Թամարա Գաբոյեան: