Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Մենատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

Մայիս 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Չինաստանը վերջերս, իբրեւ աննախընթաց միջնորդ ու միջազգային բեմին վրայ կարող եւ ազդու հաշտարար եւ դերակատար, վերոնշեալ յայտարարութեամբ ճեղքեց լռութեան պատը: Պէտք է ընդունիլ, որ տարիներէ ի վեր, Ամերիկայի նախագահներէն մինչեւ յետին պաշտօնեաներ եւ լրատուամիջոցներ, անդադար Չինաստանը կը բամբասեն` իբրեւ վտանգ ու թշնամի:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, համբերութեան բաժակը յորդած նկատելով, շրջանցելով դիւանագիտական ոճաբանութիւնը, 20 փետրուար 2023-ին վերոնշեալ խորագիրով 8 էջ փաստաթուղթ մը հրապարակեց «US Hegemony and Its Perils» (1), որուն կայքէջին անգլերէն բնագիրէն, որ հինգ գլուխներու բաժնուած է, թարգմանաբար գրեթէ լրիւ կը ներկայացնեմ (31 մարտ 2023-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակեց իր նոր հայեցակարգը, որուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ).

«Ներածական.

«Համաշխարհային երկու պատերազմներէն եւ Պաղ պատերազմէն ետք, աշխարհի ամենահզօր երկիրը դառնալով, Միացեալ Նահանգները (այսուհետեւ` ՄՆ) աւելի համարձակ կերպով այլ երկիրներու ներքին գործերուն միջամտելու, իր տիրութիւնը հետապնդելու, պահպանելու ու չարաշահելու եւ ծաւալելով` զանոնք տապալելու եւ ներթափանցելու ու յամառօրէն պատերազմներ մղելու վարքագիծ մը կիրարկեց` վնաս պատճառելով միջազգային ընկերութեան:

1. Ձախին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Զի Ճինփինկ` նոր աշխարհակարգին հաւանական առաջնորդները: 2. Ձախէն` Սէուտական Արաբիոյ Ազգային ապահովութեան խորհրդական Մուսաատ պըն ալ Այպան, Չինաստանի արտաքին գործոց հաշտարար նախարար Ուանկ Եի եւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար զօրավար Ալի Շամախանի:

«ՄՆ-ը մշակած է մենատիրութեան խաղագիրք մը` «գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու, տարածաշրջանային վէճեր հրահրելու եւ նոյնիսկ ուղղակիօրէն պատերազմներ սկսելու` ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան դիմակին տակ: Կառչած մնալով «Պաղ պատերազմի» մտածելակերպին` ՄՆ-ը պարտադրելով դաշինքներու քաղաքականութիւնը` կը հրահրէ հակամարտութիւններ ու ճակատումներ: Չափազանցուած կերպով տարածելով ազգային անվտանգութեան իր մտապատկերը` չարաշահած է արտածումի վերահսկողութիւնը եւ միակողմանի պատժամիջոցներ պարտադրած այլոց վրայ: Ընտրովի մօտեցում կը ցուցաբերէ միջազգային իրաւունքի եւ կանոններու նկատմամբ` օգտագործելով կամ մերժելով զանոնք, ինչպէս որ յարմար կը գտնէ, եւ փորձած է կանոններ պարտադրել, որոնք կը ծառայեն ի՛ր շահերուն` յանուն «կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային կարգի» պահպանման:

«Այս զեկոյցը, համապատասխան փաստեր ներկայացնելով, կը փորձէ մերկացնել ՄՆ-ի մենատիրութեան չարաշահումը` քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, դրամական, արհեստագիտական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ` աւելի մեծ միջազգային ուշադրութեան հրաւիրելու անոր պատճառած վտանգները, համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան ու բոլոր ժողովուրդներուն բարօրութեան դէմ:

 «Ա. մաս. Քաղաքական մենատիրութիւն – Հոս-հոն իր կշիռին հարկադրումը.

«ՄՆ-ը երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէ ձեւաւորել այլ երկրներ եւ աշխարհակարգը ի՛ր արժէքներով եւ քաղաքական համակարգով` յանուն ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու խթանման:

«ՄՆ-ի այլ երկրներու ներքին գործերուն միջամտութեան օրինակները շատ են. «Ժողովրդավարութեան խթանման» անուան տակ ՄՆ-ը «Նոր Մոնրօ սկզբունք»-ը կիրարկած է Լատին Ամերիկայի մէջ, «գունաւոր յեղափոխութիւններ» հրահրած է Եւրասիոյ մէջ եւ կազմակերպած է «Արաբական գարունը»` Արեւմտեան Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, քաոս ու աղէտ պատճառելով շատ մը երկրներու մէջ:

«1823-ին ՄՆ-ը յայտարարեց Մոնրօ սկզբունքը (Monroe doctrine, Եւրոպայի երկիրներուն գաղութատիրութեան դէմ*)` «Ամերիկան (ցամաքամասը*) ամերիկացիներուն համար» յորջորջելով, սակայն ան իսկապէս կը ցանկար «Ամերիկան` Միացեալ Նահանգներուն համար»:

«Այդ ժամանակէն ի վեր, յաջորդական ՄՆ-ի կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնը Լատին Ամերիկայի եւ քարայիպեան շրջանին մէջ աղէտներ պատճառած է քաղաքական եւ ռազմական միջամտութիւններով ու իշխանութիւններու տապալումով` Քուպայի հանդէպ իր 61-ամեայ թշնամանքէն եւ շրջափակումէն մինչեւ Չիլիի Ալենտէի կառավարութեան տապալումը: ՄՆ-ի այս տարածաշրջանի քաղաքականութիւնը կառուցուած է մէկ սկզբունքի վրայ, անոնք, որոնք (ՄՆ-ի) կը դիմադրեն կը կործանին:

«2003-ը դարձաւ «գունաւոր յեղափոխութիւններու» յաջորդականութեան սկիզբը` «Վարդերու յեղափոխութիւնը» Վրաստանի մէջ, «Նարնջագոյն յեղափոխութիւնը» Ուքրանիոյ մէջ եւ «Կակաչներու յեղափոխութիւնը» Խըրխըզիստանի մէջ: ՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութիւնը  բացայայտօրէն խոստովանեցաւ, որ «կեդրոնական դեր» խաղացած է այս «իշխանափոխութիւններուն մէջ»: ՄՆ-ը նաեւ միջամտեց Ֆիլիփփիններու ներքին գործերուն` 1986-ին դուրս դնելով նախագահ Ֆերտինանտ Մարքոսը. նաեւ 2001-ին` նախագահ Ճոզեֆ Էսթրատան, այսպէս կոչուած «ժողովրդական իշխանութիւն» յեղափոխութիւններու միջոցով:

«Յունուար 2023-ին ՄՆ-ի նախկին արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն հրատարակեց իր նոր գիրքը` «Երբեք թիզ մը մի՛ տաք. պայքար յանուն Ամերիկային, որ ես կը սիրեմ» (Never Give an Inch: Fighting for the America I Love): Ան կը բացայայտէ, որ ՄՆ-ը ծրագրած էր միջամտել Վենեզուելլայի մէջ: Ծրագիրն էր` ստիպել Մատուրոյի կառավարութեան, որ համաձայնի ընդդիմութեան հետ, Վենեզուելլան զրկել օտար դրամանիշով քարիւղ եւ ոսկի վաճառելէ, տնտեսութեան վրայ մեծ ճնշում բանեցնել եւ 2018-ի նախագահական ընտրութիւններուն վրայ ազդել:

– ՄՆ-ը միջազգային կանոններու հանդէպ երկակի չափանիշներ կը կիրարկէ` նախ ի՛ր սեփական շահը հետապնդելով: Առաջին հերթին, ՄՆ-ը հեռացաւ միջազգային դաշինքներէ եւ կազմակերպութիւններէ` իր ներքին օրէնքը աւելի վեր դասելով միջազգային օրէնքներէն:

– Ապրիլ 2017-ին Թրամփի վարչակարգը դադրեցուց ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամին (UNFPA) ՄՆ-ի բոլոր նիւթական պարտաւորութիւնները` պատճառաբանելով, որ կազմակերպութիւնը «կ՛աջակցի, կամ կը մասնակցի պարտադիր վիժումի եւ պարտադիր ամլացումի ծրագիրին»:

– ՄՆ-ը երկու անգամ դուրս եկաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն` 1984-ին եւ 2017-ին:

2017-ին կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ Փարիզի համաձայնագրէն դուրս եկաւ:

– 2018-ին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդէն դուրս եկաւ` վկայակոչելով կազմակերպութեան «կողմնակալութիւնը» Իսրայէլի դէմ եւ մարդու իրաւունքները արդիւնաւէտօրէն չկարենալ պաշտպանելուն համար:

– 2019-ին ՄՆ-ը յայտարարեց, որ դուրս կու գայ Միջին հեռաւորութեան միջուկային ուժերու դաշինքէն, որպէսզի անկաշկանդ կերպով նոր զէնքեր մշակէ:

– 2020-ին ան «Բաց երկինք»-ի դաշինքէն դուրս եկաւ:

– ՄՆ-ը նաեւ խոչընդոտեց կենսաբանական զինամթերքի վերահսկումի համաձայնութիւնը` ընդդիմանալով կենսաբանական զէնքի պայմանագիրի (BWC) ստուգումի միջոցներուն շուրջ բանակցութիւններուն, խոչընդոտելով կենսաբանական զէնքի հետ առնչուած երկիրներու գործունէութեան միջազգային ստուգումը: Իբրեւ միա՛կ երկիրը, որ կենսաբանական զինամթերքի պահեստ ունի, ՄՆ-ը կրկնակի կերպով յետաձգած է փճացնելու զանոնք դժկամելով գործադրել իր պարտաւորութիւնները: Ան մեծագոյն խոչընդոտը դարձած է «Առանց քիմիական զինամթերքի աշխարհի մը»:

– ՄՆ-ը կը միաւորէ փոքր խմբակներ` իր դաշնակցային համակարգին միջոցով: Ան կը փորձէր պարտադրել «Հնդկա-խաղաղովկիանոսեան ռազմավարութիւն» մը Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին մէջ, հաւաքելով բացառիկ ակումբներ, ինչպիսիք են` «Հինգ աչքերը» (Five Eyes, Աւստրալիա, Քանատա, Նոր Զելանտա, Անգլիա եւ ՄՆ*), Քոտը (Quad, Quadrilateral Security Dialogue, Աւստրալիա,  Հնդկաստան, Ճափոն եւ ՄՆ*) եւ Օքըսը (AUKUS, Աւստրալիա, Անգլիա եւ ՄՆ*), ստիպելով տարածաշրջանային երկրներուն, որ կողմնորոշուին: Ըստ էութեան, այսպիսի գործելակերպը ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ պառակտում յառաջացնելու` հրահրելով ճակատումներ եւ խաթարելով խաղաղութիւնը:

– ՄՆ-ը կամայականօրէն կը դատէ այլ երկրներուն ժողովրդավարութիւնը, կեղծ պատմութիւն կը յօրինէ «ժողովրդավարութիւն ընդդէմ միապետութեան» մասին` հրահրելով օտարացում, բաժանում, մրցակցութիւն եւ ճակատում: Դեկտեմբեր 2021-ին ՄՆ-ը հիւրընկալեց առաջին «Յանուն ժողովրդավարութեան» գագաթնաժողովը, որ քննադատութեան եւ հակազդեցութեան արժանացաւ բազմաթիւ երկիրներու կողմէ` ժողովրդավարութեան ոգին ծաղրելու եւ աշխարհը պառակտելու համար: Մարտ (29-30*) 2023-ին ՄՆ-ը պիտի հիւրընկալէ երկրորդ ժողովրդավարութեան գագաթնաժողովը, որ կը մնայ անբաղձալի եւ կրկին աջակցութիւն պիտի չգտնէ:

«Բ. Մաս. Ռազմական մենատիրութիւն – Ուժի անզուսպ կիրարկում:

«ՄՆ-ի պատմութիւնը կը բնութագրուի բռնութեամբ եւ ծաւալումով: 1776-ի անկախութենէն ի վեր, ՄՆ-ը տեւաբար ձգտած է ուժի միջոցով ծաւալիլ. կոտորած է բնիկ հնդիկները, ներխուժած է Քանատա, պատերազմած է Մեքսիքայի դէմ, հրահրած է ամերիկա-սպանական պատերազմը եւ բռնի ուժով կցած Հաուայան կղզիները: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ՄՆ-ի կողմէ հրահրուած կամ սկսած պատերազմները կը ներառեն` Քորէայի, Վիեթնամի, Պարսից ծոցի, Քոսովոյի, Աֆղանիստանի, Իրաքի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ պատերազմները, չարաշահելով իր ռազմական մինատիրութիւնը` ծաւալապաշտական նպատակներու ճամբայ բանալու համար: Վերջին տարիներուն ՄՆ-ի տարեկան ռազմական միջին  պիւտճէն անցած է 700 միլիառ տոլարը, որ կը կազմէ աշխարհի ռազմական պիւտճէներուն 40 տոկոսը, աւելի` քան անոր յաջորդող 15 երկրները միասին: ՄՆ-ը իր երկրէն դուրս, 159 երկիրներու մէջ, շուրջ 800 ռազմակայաններ ունի 173 հազար զինուորներով:

«Ըստ «Ամերիկա կը ներխուժէ. ինչպէ՛ս մենք ներխուժած կամ ռազմական մասնակցութիւն ունեցած ենք աշխարհի գրեթէ բոլոր երկրներուն մէջ» գիրքին` ՄՆ-ը կռուած կամ ռազմական մասնակցութիւն ունեցած է ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած գրեթէ բոլոր 190 երկիրներուն մէջ` միայն երեք բացառութեամբ: Անոնք փրկուեցան, քանի որ ՄՆ-ը քարտէսին վրայ այդ երեքը չգտաւ:

– Ինչպէս ՄՆ-ի նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր կ՛ըսէ` ՄՆ-ը, անկասկած, աշխարհի պատմութեան մէջ ամէնէն ռազմասէր պետութիւնն է: Ըստ Թաֆց համալսարանի «Ներկայացնելով ռազմական միջամտութեան նախագիծը. նոր տուեալներու աղիւսակը ՄՆ-ու ռազմական միջամտութիւններուն մասին, 1776-էն 2019» զեկոյցին` ՄՆ-ը այդ տարիներուն, ամբողջ աշխարհի մէջ ձեռնարկած է գրեթէ 400 ռազմական միջամտութիւններ, որոնց 34 տոկոսը` Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան աւազանին մէջ, 23 տոկոսը` արեւելեան Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, 14 տոկոսը` Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ եւ 13 տոկոսը` Եւրոպայի մէջ: Այժմ, անոր ռազմական միջամտութիւնը Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Սահարայէն հարաւ Ափրիկէի մէջ է որ կ՛աճի:

«Սաութ Չայնա Մորնինկ Փոսթ»-ի սիւնակագիր Ալեքս Լօ մատնանշած է, որ ՄՆ-ը իր առաջին օրէն հազուադէպ պարագաներու միայն զանազանած է դիւանագիտութեան ու պատերազմին միջեւ: 20-րդ դարուն ան շատ մը զարգացող երկիրներու մէջ ժողովրդավարական միջոցով ընտրուած կառավարութիւններ տապալեց եւ անմիջապէս զանոնք փոխարինեց ամերիկամէտ խամաճիկ վարչակարգերով: Այսօր Ուքրանիոյ, Իրաքի, Աֆղանիստանի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Փաքիստանի եւ Եմէնի մէջ ՄՆ-ը կը կրկնէ մեղմ զօրութեան եւ անօդաչու սարքերով պատերազմներ վարելու իր հին մարտավարութիւնը:

«ՄՆ-ի ռազմական մենատիրութիւնը մարդկային ողբերգութիւններ պատճառած է: 2001-էն ի վեր ՄՆ-ի կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար սկսած պատերազմներն ու ռազմական գործողութիւնները խլած են աւելի քան 900.000 կեանք, որոնց շուրջ 335.000-ը` խաղաղ բնակիչներ, միլիոնաւոր վիրաւորներ եւ տասնեակ միլիոնաւոր գաղթականներ: 2003-ի իրաքեան պատերազմին պատճառով շուրջ 200.000-250.000 խաղաղ բնակիչ սպաննուեցաւ, որոնց աւելի քան 16.000-ը` ուղղակի ՄՆ-ի բանակին կողմէ, եւ աւելի քան մէկ միլիոն անօթեւան մնաց:

«ՄՆ-ը աշխարհի վրայ 37 միլիոն գաղթական ստեղծած է: 2012-էն ի վեր սուրիացի գաղթականներուն թիւը տասնապատիկ աւելցած է: 2016-ի եւ 2019-ի միջեւ 33.584 քաղաքայիններ սպաննուեցան, որոնց 3.833-ը ՄՆ-ի առաջնորդած դաշնակից ուժերուն ռմբակոծումին պատճառով, զոհերուն կէսը կիներ եւ երեխաներ են: ՓիՊիԷս-ը 9 նոյեմբեր 2018-ին հաղորդեց, որ մի՛այն Ռաքքայի վրայ օդային ռմբակոծումներուն 1600 սուրիացի խաղաղ քաղաքայիններ սպաննուեցան:

«Աֆղանիստանի երկու տասնամեակ տեւած պատերազմը աւերեց երկիրը: Ընդհանուր` 47.000 աֆղան խաղաղ բնակիչ եւ 66.000-69.000 աֆղան զինուոր եւ ոստիկան, որոնք կապ չունէին սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներուն հետ, սպաննուեցան ՄՆ-ի ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, իսկ աւելի քան 10 միլիոն մարդ տեղահանուեցաւ: Աֆղանիստանի պատերազմը քանդեց այնտեղի տնտեսական զարգացման հիմքը եւ աֆղան ժողովուրդը ընկղմեց աղքատութեան մէջ: 2021-ին «Քապուլի անկումէն» ետք ՄՆ-ը յայտարարեց, որ պիտի սառեցնէ Աֆղանիստանի Կեդրոնական դրամատան պատկանող շուրջ 9,5 միլիառ տոլարի ունեցուածքը, որ կը համարուի «զուտ թալան»:

«Սեպտեմբեր 2022-ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն հանրահաւաքի մը ժամանակ մեկնաբանեց, որ ՄՆ-ը փոխանորդով պատերազմ կը վարէ Սուրիոյ մէջ, Աֆղանիստանը վերածած է աֆիոնի դաշտի եւ հերոյինի գործարանի, Փաքիստանը տուայտանքի մէջ նետած է եւ Լիպիան ձգած է քաղաքացիական անվերջանալի անկարգութիւններու մէջ: ՄՆ-ը ամէն ինչ կ՛ընէ ընդյատակեայ միջոցներով որեւէ երկրի ժողովուրդը թալանելու եւ ստրկացնելու համար:

«ՄՆ-ը նաեւ պատերազմի մէջ սարսափելի միջոցներ որդեգրած է: Քորէական, Վիեթնամի, Պարսից ծոցի, Քոսովոյի, Աֆղանիստանի եւ Իրաքի պատերազմներուն ընթացքին ՄՆ-ը գործածեց հսկայական քանակութեամբ քիմիական եւ կենսաբանական զէնքեր, ինչպէս նաեւ` տարանջատուող ռումբեր, այրող-օդային ռումբեր, ուրուաքարէ ռումբեր, եւ չհարստացուած  իւրանիոմի ռումբեր, որոնք ահռելի վնաս կը հասցնեն քաղաքացիական հաստատութիւններուն, անհամար քաղաքացիական զոհեր եւ շրջակայ միջավայրի մնայուն ապականում կը պատճառեն:

8 ապրիլ 2023
haroutchekijian.wordpress.com

*  Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:

  1. https://www.fmprc.gov.cn/mfa_eng/wjbxw/202302/t20230220_11027664.html

(Շար. 1)

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ-Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` 2-3

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?