Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կառոյցները

May 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հակառակ երկրին մէջ տիրող անշնչելի եւ ճնշիչ տնտեսական տագնապին,

Հակառակ մեր կեանքին մէջ արձանագրուող շարունակական յուսախաբութիւններուն, պարտութիւններու եւ անորոշութեան մթնոլորտին,

Հակառակ լիբանանեան մակարդակով երկրին մէջ տիրող անապահով եւ անհեռանկար կացութեան`

Տակաւին մեր կառոյցները իրենց բոլոր մակարդակներով կը մնան ժողովուրդին կողքին` ծառայելու, հասնելու, լսելու, ուղղութիւն տալու, օգնելու եւ օժանդակելու, կարելիութեան սահմաններուն մէջ բոլոր պարտականութիւնները ընելու:

Լրատուական, կրթական, կրօնական, ազգային, ընկերային, առողջապահական, մարդասիրական, մարզական, մշակութային եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ թաղային ակումբները պատնէշի վրայ են:

Ո՛չ ընտրութիւն կայ, ո՛չ քուէի հաշիւ: Մենք տակաւին 24 ժամ 24 ժամուան վրայ ծառայելու եւ բոլորին հասնելու պատրաստ ենք: Այս գիտակցութեամբ պէտք է ապահով զգայ լիբանանահայութիւնը. իր կողքին են բոլորը` քահանան, ուսուցիչը, խմբագիրը, սկաուտը, արուեստագէտը, ընկերային ծառայողը, կուսակցական եւ ազգային պատասխանատուն կամ պարզ հայրենակիցը:

Բոլոր մակարդակներու վրայ, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, մենք պարտականութիւն վերցնելու եւ ժողովուրդին կողքին մնալու որոշում ունինք: Պէտք չէ յուսահատինք, ոչ ալ յուսալքուինք: Անտէր չէ՛ք:

Ընդհակառակը, ամէն տեղ դռները բաց են, ամէն տեղ ձեզի հասնող, լսող եւ օգնող ունիք:

Մեր կառոյցները եղած են ու պիտի մնան այս տեսլականով: Տեղ-տեղ կրնան բացթողումներ ըլլալ, անհատական իմաստով ընդունեցէք այդ մէկը:

Հաւաքական որոշում կայ, որ միասին պիտի ու պէտք է ոտքի պահենք այս գաղութը:

Միասին պիտի ու պէտք է ճառագայթող ըլլայ լիբանանահայութիւնը:

Միասին պիտի ու պէտք է ներուժը զօրացնենք, որպէսզի լաւապէս հասնինք բոլորին:

Այս բոլորէն անդին` դուք ալ պէտք է գիտնաք եւ երախտապարտ ըլլաք մեր կառոյցներուն, օգնէք եւ օգտակար ըլլաք անոնց գոյատեւման եւ հզօրացման:

Պէտք է գիտնաք, որ մեր կառոյցներուն մէջ բոլոր մակարդակի պաշտօնեաները լուռ ու մունջ  ծառայող զինուորներ են, հաւատացած են ու կը հաւատան իրենց առաքելութեան, այս գաղութի ներուժին ու կարեւորութեան:

Յուսահատիլը արգիլուած է բոլորիս համար:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համաշխարհային Զարթօնքը

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.