Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան

Մայիս 12, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան

Բժիշկ Վարազդատ Յովհաննէս Գազանճեան ծնած է Երզնկա, 18 մարտ 1879-ին: Ան Վարազդատ կոչուած է ի յիշատակ չորրորդ դարուն ապրող Վարազդատ թագաւորին: Իր բուն մականունը եղած է Երիքեան, սակայն թրքական բռնապետական օրէնքներու պատճառով Երիքեանը փոխուած է Գազանճեանի:

Վարազդատի հայրը` Յովհաննէս Գազանճեան ընտանեօք  հաստատուած է Սվազ, երբ որդին 2,5 տարեկան էր: Մօրը անունը` Աննա Սիրանեան: Վարազդատ առաջին եւ միակ որդին եղած է իր ծնողքին: Հայրը եղած է անուանի պղնձագործ:

Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Սեբաստիոյ ամերիկեան աւետարանական դպրոցին մէջ, ուր իր ուսուցիչները եղած են ֆրանսացի Ճեզուիթ ուսուցիչներ: Հոն ան սորված է ֆրանսերէն լեզուն:

Տասներկու տարեկանին Վարազդատ կորսնցուցած է հայրը: Անոր հոգատարութիւնը ամբողջովին մնացած է իր մօրը` Աննային վրայ:

1894-ին 15 տարեկան Վարազդատ համիտեան ջարդերու օրերուն կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան եւ կը սկսի հակաթրքական թռուցիկներ տարածել զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ: Ան կը հետապնդուի թրքական իշխանութեան կողմէ:

Վարազդատ իր խորթ եղբօր` Յակոբին կարգադրութեամբ, միասին կը լքեն իրենց ծննդավայրը եւ կը հասնին Մարսէյ, Ֆրանսա: Հոնկէ կը գաղթեն Ամերիկա, 1895-ին: Վարազդատ նաւէն կ՛իջնէ ցնցոտիներով եւ կը մտնէ Նիւ Եորքի Ellis Island: Վարազդատ 16 տարկանին կը հաստատուի Worcester, Central Massachusetts:

Սկզբնական շրջանին Վարազդատ աշխատած  է  մետաղագործութեան գործարանի մէջ` իբրեւ բանուոր: Ան եղած է ճարպիկ, արկածախնդիր եւ ընթերցասէր: Գործարանին մէջ ազատ ժամերուն սկսած է կարդալ եւ ինքնազարգանալ: Ան հետեւած է գիշերային դասընթացքներու եւ սորված է անգլերէն ու ֆրանսերէն:

Ան ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստացած է 1900-ին:

Վարազդատ վկայուած է երկրորդական կրթական հաստատութենէ մը եւ  1902-ին ընդունուած է Հարվըրտի ատամնաբուժական դպրոցը: 1906-ին, հոն նշանակուած է օգնական  բժիշկ, Prosthetic Dentistry-ի բաժանմունքին մէջ: 1912-ին նշանակուած է Harvard Prosthetic Dentistry Department-ի տնօրէն: 1915-ին դարձած է համալսարանի ատամնաբուժական բաժինի ընդհանուր ատամնաբուժը:

Ան բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, 1915-1919 տարիներուն պաշտօնավարած է Հարվըրտ համալսարանի «Ծնօտի եւ դէմքի վիրաբուժութեան» բժշկական բաժնին մէջ (Oral and Maxillofacial Surgery)` իբրեւ գլխաւոր վիրաբուժ: Ան կը դառնայ աշխարհի առաջին մասնագէտ վիրաբուժը եւ ջահակիրը դիմածնօտային վերականգնումային եւ գեղեցկագիտական վիրահատութեան:

1915-ին բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ ուղարկուած է Անգլիա եւ Ֆրանսա` ծառայելու եւ իր օժանդակութիւնը բերելու  Ֆրանսայի Royal Army Medical Corps-ին: Հոն ան գործած է ատամնաբուժական կեդրոնին մէջ եւ վիրաւոր զինուորները ենթարկած է դէմքի եւ ծնօտի գեղագիտական-կառուցողական գործողութիւններու: Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան կը մնայ երեք տարի Արեւմտեան ճակատի վրայ եւ կը բուժէ, կը դարմանէ 3000-է աւելի տարբեր ազգութիւններէ վիրաւոր զինուորներ: Ան կը կոչուի հիւանդներուն կողմէ «Miracle Man of the Western Front»` Արեւմտեան ճակատի հրաշագործ: Իր ծառայութիւնը աւարտելով Եւրոպայի մէջ` կը վերադառնայ ԱՄՆ:

1921-ին դարձած է  համալսարանի դասախօս եւ արժանացած է «Տոքթոր», իսկ 1922-ին «Փրոֆեսէօր» աստիճանին, կոչուած է Հարվըրտ Համալսարանի  գեղագիտական-կառուցողական  վիրաբուժութեան  բաժինի առաջին  փրոֆեսէօր:

1921-ին, պարգեւատրուած է «Doctor of Medicine», իսկ 1922-ին` «Professor of Oral Surgery at Harvard University» տիտղոսներով:

Ան դարձած է American Association of Plastic Surgeons-ի նախագահը,  1940-ին:

Տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան  դարմանած է աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ, յատկապէս` հոգեբուժ Sigmund Freud-ը եւ օդաչու Frank Hawks-ը:

Անոր համբաւը շուտով  հասած է Անգլիոյ պետական իշխանութեան: Winston Churchill-ի եւ Lord Chamberlain-ի կողմէ հրաւիրուած է Buckingham Palace` հանդիպում ունենալու King George V-ի-ն հետ եւ արժանացած է պարգեւատրումներու:

Վարազդատ Գազանճեան շրջանաւարտ Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան
1905-ին Հարվըրտ համալսարանի զինուորական տարազով ատամնաբուժական դպրոցէն

Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան  վարած է  «Ամերիկեան  ձեւաւորումի վիրաբուժութիւն»  եւ  «Անգլիական ձեւաւորումի ու վերաշինութեան (constructive) վիրաբուժութեան» նախագահութեան պաշտօնները: Ան եղած է նաեւ շարք մը  «ձեւաւորման ու վերաշինութեան վիրաբուժական համաշխարհային ընկերութիւններու  պատուոյ անդամ:

1969-ին, պարգեւատրուած է «Neal Owen for Plastic and Reconstructive Surgery» շքանշանով:

21 դեկտեմբեր 1912-ին ան կ՛ամուսնանայ Sophie Augusta Cuendet-ի հետ, Պոսթընի մէջ: Տիկին Գազանճեան կը մահանայ 1919-ին: Ան երկրորդ անգամ կ՛ամուսնանայ 25 օգոստոս 1923-ին Marion Victorin Hanford-ի հետ եւ կը բախտաւորուի մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներով:

Իր հռչակը արգելք չէ եղած, որ ան մոռնայ իր հայկականութիւնը: 1920-ին ան յատուկ առաքելութեամբ մը մեկնած է Washington DC, ուր ներկայացուցած է  Հայկական հարցը եւ խնդրած է Հայաստանի ճանաչումը ամերիկեան կառավարութեան կողմէ:

Տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան  աշխատած է մինչեւ 1965:

Տոքթ. Յակոբ Մարթին Տէրանեան իր յարգանքի տուրքը մատուցած է այս մեծ հայ վիրաբուժին` գրելով իր «Miracle Man of the Westren Front, Dr, Varaztad H. Kazanjian, Pioneer Plastic Surgeon» գիրքը 1990-ին:

Տոքթ. Յակոբ Մարթին Տէրանեանի գիրքը

Տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան մահացած է 95 տարեկան հասակին, 19 հոկտեմբեր 1974-ին:

Մոնրէալ, 25 մարտ 2023

Աղբիւրներ

  1. Միանասեան, Յարութիւն, «Հայազգի բժիշկ-գործիչներ», Երեւան, 2020:
  2. Wikipedia, Varaztad Kazanjian.
  3. Center for the History of medicine at Countway library, Varaztad H. Kazanjian.
  4. Miracle man of the Western front, Dr. Varaztad H. Kazanjian, Plastic and reconstructive surgery, Journal of the American society of plastic surgeons, USA, December 2007.
  5. Arslanian, Brian, MD, Armenian surgeon pioneer of modern plastic surgery, private website.
  6. Soukiasian, Paul, Vartan, Armenian healers in history, AGBU Magazine.

 

 

Նախորդը

Երեխաները Զէնքէ Պաշտպանել

Յաջորդը

Չինաստանը Միջազգային Ազդու Դերակատար Եւ Խաղաղութեան Ջատագով. «Միացեալ Նահանգներուն Մենատիրութիւնը Եւ Անոր Վտանգները»

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Հին Կռուախնձորի Մը Նոր Պատմութիւնը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հին Կռուախնձորի Մը Նոր Պատմութիւնը

Դեկտեմբեր 6, 2023
Մինակ Չես
Անդրադարձ

Տօնածառը` Քրիստոնէական Ակնոցով

Դեկտեմբեր 6, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արցախեան Դատը Չէ Փակուած

Դեկտեմբեր 5, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In