Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմարներ. Շշուկներ, Որոնց Կ’ուզենք Հաւատալ

Մայիս 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շթայնմայըր (դարձեալ) ներողութիւն կը խնդրէ

Ամերիկեան եւ եւրոպական լրատու աղբիւրները չորեքշաբթի, 19 ապրիլին ողողուած էին երկու զգայացունց լուրերով, որոնցմէ մէկուն գլխաւոր հերոսը Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահն էր, իսկ երկրորդին` ամերիկեան «Ֆաքս» լրատու ընկերութիւնը: Անշուշտ կային նաեւ այլ` «մանր լուրեր», որոնք լոյս կը սփռէին Սուտանի մէջ վերսկսած բախումներուն, Ուքրանիոյ պատերազմին, Ֆրանսայի նախագահին դէմ բողոքի ալիքին սաստկացման, մինչեւ իսկ մարզական եւ այլ իրադարձութիւններու վրայ, սակայն վերոյիշեալ երկուքը նստած էին բուրգին գագաթը:

Վեր առնենք մէկ առ մէկ:

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վայթըր Շթայնմայըր Վարշաւա գացեր է` միանալու Լեհաստանի եւ Իսրայէլի նախագահներուն, որպէսզի ոգեկոչեն յիշատակը այն խումբ մը  հրեաներուն, որոնք Բ. Աշխարհամարտի օրերուն բանտարկուած էին կեդրոնացման կայանի մը մէջ, ըմբոստացած` նացիներուն դէմ, որոնք ջարդած էին ըմբոստները:

Վարշաւայի մէջ զոհերուն յիշատակին կանգնած յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցած արարողութեան ծալքերը բազմաթիւ են. ուշագրաւը այն էր, որ Շթայնմայըր հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց ոճրային արարքին համար: Թէեւ Գերմանիա բազմիցս ընդունած է հրեաներ ջարդած ըլլալուն իր յանցապարտութիւնը, հատուցում ալ կատարած է, սակայն չորեքշաբթիի արարողութիւնը կարեւորութիւն ստացաւ, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ Գերմանիոյ մէկ նախագահը անձամբ Վարշաւա կը գտնուէր նման արարողութեան մը մասնակցելու համար: (Մեկնաբանութեան հորիզոնները ձգենք ընթերցողներուն):

Երկրորդ հերոսը, ինչպէս նշեցինք, «Ֆաքս Նիւզ»-ն էր: Դատական ատեան մը վճռեց, որ ընկերութիւնը պէտք է 787,5 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ «Տոմինիըն» անունով ընկերութեան մը, որովհետեւ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն անիկա աւելի քան 2 ամիս սուտ լուրեր տարածած է ընկերութեան դէմ: Ընկերութիւնը քուէարկութեան սարքեր տրամադրած է, իսկ «Ֆաքս» սուտեր տարածած է, որ անոր սարքերուն հաղորդած արդիւնքները սխալ էին, որ` Տանըլտ Թրամփն էր յաղթականը եւ այլն:

Քովընտի տեղեկութիւն մը. սուտերու աղբիւր «Ֆաքս»-ի ժողովրդականութիւնը բարձրացում արձանագրած է, շատեր կը յամառին հաւատալ անոր սփռած լուրերուն…

***

Ըստ կարգ մը շշուկներու (որոնք կրնան սպրդած ըլլալ «ֆէյք-նիւզ»-ներու տոպրակէն), վերոյիշեալ երկու լուրերը ի մօտոյ դրական արձագանգներ պիտի գտնեն Հայաստանի մէջ:

Ըստ այդ շշուկներէն առաջինին, վարչապետ Փաշինեան հրաւէր ուղղած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն, որպէսզի իր կողքին ըլլան ապրիլ 24-ին, երբ պիտի ոգեկոչուի Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը: Հետեւելով Շթայնմայըրի օրինակին` Էրտողան եւ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդառաջելու հրաւէրին եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ խօսք առնելով` ներողութիւն պիտի խնդրեն իրենց կառավարութիւններուն անցեալի ու նորագոյն պետական ոճիրներուն համար, պիտի խոստանան չկրկնել ցեղասպանական ու բռնագրաւման արարքները, նաեւ հողային եւ նիւթական-բարոյական հատուցում պիտի կատարեն Հայաստանի ու հայութեան` անցեալի ու նորագոյն ոճիրներուն հետեւանքներուն համար:

Երկրորդ  «աւետաբեր» շշուկները կը հաւաստեն, որ Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք դատ պիտի բանան Փաշինեանի ու անոր շեփորախումբին դէմ, որոնք ո՛չ միայն սուտերով ողողեցին հայաշխարհը` 44-օրեայ պատերազմի օրերուն «Յաղթելու ենք» ու նման քարոզներով, այլ մինչեւ այսօր ալ «ժողովուրդի մատնաթը ունինք» յոխորտանքներով, կ՛երկարեն իրենց սուտերու շղթան եւ կ՛այլափոխեն իրականութիւնները, մինչեւ իսկ կը փորձեն սիւնեցիներն ու ամբողջ հայութիւնը համոզել, որ ազերիները ճիշդ կ՛ըսեն, երբ Հայաստանի պատկանող տեղամասեր կը հռչակեն «պատմականօրէն ազերիապատկան», նաեւ կը թութակեն ազերիական ստապատիր տեղեկութիւններ, որոնց նորագոյններէն էր` պատերազմի օրերուն 11 հազար դասալիք ունեցած ըլլալը: (Ցանկը չերկարենք):

Եթէ հարցախոյզ մը կատարուի, արդեօք պիտի տեսնե՞նք, որ Հայաստանի մէջ ալ իշխանաւորներու սուտերուն հաւատացողներուն թիւը բարձրացում կրած է:

***

… Մինչ այդ, ո՞վ չ՛ուզեր հաւատալ նման աւետաբեր շշուկներու: Ով չ՛ուզեր հաւատալ, «թող զոյգ աչքերով…» (եթէ արդէն կամաւոր կոյր չէ):

19 ապրիլ 2023

 

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Չենք Կրնար Նահանջել Արցախի Հարցով, Մեզի Համար Արցախը Էական Է»

Յաջորդը

Շուշիի Ազատագրութեան 31-Ամեակ. Շուշին Վերստին Ազատագրուած Տեսնելու Տեսլականով

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?