Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Օշականի Եւ Սարդարապատի Ճակատամարտերը Եւ Երեւանի Գրաւումը

Մայիս 10, 2023
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախցիներու Օժանդակութիւնը Եւ Քոչուորներու Սանձահարումը

Թուրքմենչայի Դաշնագիրը Եւ Արեւելեան Հայաստանի Միացումը Ռուսաստանի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի բերդի գրաւում

Ռուս-պարսկական պատերազմը սկսած էր 1826-ին. պարսկական բանակը, արագ յառաջխաղացքէ ետք, ծանր կորուստներ կրած էր: Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի գլխաւորած հայկական կամաւորական ջոկատները ռուսական բանակի կողքին կը մասնակցէին պատերազմական գործողութիւններուն: Ռուսական բանակը գրաւած էր Էջմիածինը, բայց Երեւանի բերդին պաշարումը աւարտած էր անյաջողութեամբ: 1827-ի ամրան համեմատական հանդարտութիւն կը տիրէր ճակատներուն վրայ:

* * *

Ժամանակաւոր հանդարտութենէն օգտուելով, Աբաս Միրզա 4 օգոստոս 1827-ին անցաւ Արաքսի ձախ ափը եւ սկսաւ յարձակողական գործողութիւններու, նպատակ ունենալով գրաւել Էջմիածինը եւ շարժիլ դէպի Թիֆլիս, Գանձակ եւ Ղարաբաղ:

Պարսկական բանակը օգոստոս 6-ին գրաւեց Աշտարակը, բանակ դրաւ Քասաղ գետի ափերուն, եւ ապա օգոստոս 15-ին պաշարեց Էջմիածինը:

Աբաս Միրզա մայրավանքը պաշտպանող ռուսական զօրքէն եւ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիէն անձնատուութիւն պահանջեց, որ սակայն մերժուեցաւ:

Պարսկական թնդանօթները օգոստոս 15-ի գիշերը չորս կողմէն սկսան ռմբակոծել մայրավանքը:

Ներսէս արքեպիսկոպոս փութով սուրհանդակ ուղարկեց Ապարանի կողմերը բանակ դրած զօրավար Աֆանասի Կրասովսկիի: Սուրհանդակը զօրավարին նկարագրեց թէ ինչ վտանգաւոր դրութեան մէջ կը գտնուի վանքը, եւ օգնութիւն խնդրեց:

Արդէն թնդանօթաձգութեան ձայները կ՛արձագանգէին եւ կը հասնէին Ապարանի բարձունքները:

Կրասովսկի, Ապարանի ճամբարէն շուրջ երեք հազար հետեւակ եւ ձիաւոր զինուորներով, հարիւր հայ կամաւորներով եւ տասներկու թնդանօթներով օգոստոս 16-ի երեկոյեան շարժեցաւ դէպի Էջմիածին:

Օշականի ճակատամարտ

Օգոստոս 17-ի առաւօտուն ռուսական եւ պարսկական զօրքերը իրարու հանդիպեցան Աշտարակէն քիչ հեռու, Օշական գիւղին մօտ, Էջմիածին տանող ճամբուն վրայ, Քասաղի կիրճին մէջ:

Ռուսական զօրքերը առաւօտեան ժամը 8:00-ին շրջապատեցին պարսկական ուժերը, եւ սկսաւ կատաղի ու արիւնահեղ ճակատամարտը:

Քասաղի կիրճին մէջ, Աշտարակէն Օշական, պարսիկներ երեսուն հազար զինուոր, որուն ինը հազարը` հետեւակ եւ քսանմէկ հազարը` ձիաւոր, եւ քսանչորս թնդանօթ կեդրոնացուցած էին:

Աբաս Միրզա, օգտուելով իր ուժերու գերակշռութենէն եւ նպաստաւոր դիրքերէն, փորձեց շրջապատել եւ կիրճին մէջ ոչնչացնել ռուսական բանակը:

Ռուսական բանակը սրընթաց յարձակումով ճեղքեց պարսկական գերակշիռ ուժերու շղթան եւ դուրս գալով Քասաղի կիրճէն սուինամարտի բռնուեցաւ:

Պարսկական բանակին մէջ ծառայող թնդանօթաձիգ Յակոբ Յարութիւնեան, ճակատամարտի վճռական պահուն անգլիական ծանր թնդանօթով թիկունքէն սկսաւ ռմբակոծել պարսկական դիրքերը:

Ռուսական բանակը, օգտուելով պարսկական բանակին մէջ յառաջացած խուճապէն, ճեղքեց պաշարման շղթան եւ շարժեցաւ դէպի Էջմիածին:

Յակոբ Յարութիւնեան փորձեց փախչիլ, բայց պարսիկներ բռնեցին զայն, աչքերը հանեցին, ականջները, շրթունքները եւ կրունկները կտրեցին եւ դիակներուն մէջ նետեցին:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ բազկատարած արտասուելով կ՛աղօթէր, որպէսզի երկինքը օգնէ ռուսական քրիստոնէասէր զօրքին: Ապա ան տանիք բարձրացաւ եւ հոնկէ հետեւեցաւ պատերազմի ընթացքին:

Ռուսական բանակը քարքարոտ կիրճէն անցնելով դաշտ դուրս ելաւ եւ հասաւ վանքի առուին առջեւ:

Ռուս զինուորները ծռեցան առուին վրայ, յագեցնելու իրենց ծարաւը: Բայց նոյն պահուն վրայ հասան պարսիկները եւ սկսան կոտորել ռուսերը:

Հայ կամաւորներ

Նոյն պահուն Էջմիածնի մէջ կեդրոնացած գումարտակը եւ հայ կամաւորներ օգնութեան փութացին:

Բուռն կռիւներէ ետք, երեկոյեան դէմ իր կոտորակուած ուժերով Էջմիածին հասաւ զօրավար Կրասովսկի:

Թնդանօթաձիգ Յակոբ Յարութիւնեան, որ պարսիկներուն կողմէ խեղուած եւ իբրեւ սպաննուած դիակներու մէջ նետուած էր, որոշ ժամանակ անց ուշքի եկաւ եւ ձեւով մը կրցաւ Էջմիածին հասնիլ, ուր սկսան բուժել անոր վէրքերը: Ան Երեւանի Նորք գիւղէն էր եւ բռնութեամբ պարսկական բանակ քշուած էր: Իր ցուցաբերած սխրագործութեան համար ռուսական կառավարութիւնը տարեկան հարիւր ռուբլի ցմահ կենսաթոշակ սահմանեց անոր:

* * *

Զօրավար Պասկեւիչ Օշականի ճակատամարտի մասին տեղեկութիւն ստանալէ ետք Նախիջեւանէն շարժեցաւ դէպի Էջմիածին, իսկ Աբաս Միրզա շտապեց ճողոպրիլ Արաքսի միւս ափը:

Պասկեւիչ սեպտեմբեր 5-ին հասաւ Էջմիածին: Ան սառն վերաբերմունք ցոյց տուաւ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիին, զայն պատճառ նկատելով շուրջ 1200 ռուս զինուորներու կորստեան: Պասկեւիչ իր դժգոհութիւնը յայտնեց Կրասովսկիի, յայտնելով որ կարելի էր կորսնցնել Էջմիածնի վանքը, բայց խնայել ռուս զինուորներուն կեանքը:

Սեպտեմբեր 12-ին ռուսական զօրքը երկու շարասիւներով շարժեցաւ դէպի Սարդարապատ: Սեպտեմբեր 16-ին ռուսական հրետանին սկսաւ ռմբակոծել Սարդարապատի անառիկ նկատուող բերդը: Սեպտեմբեր 19-ին բերդին հարաւային պարիսպը փուլ եկաւ: Նոյն գիշերը Հասան խան իր թիկնապահներով, եւ պարսկական բերդապահ զօրքը փախուստի դիմեցին:

Սարդարապատի բերդին մէջ փակուած հայերը, որոնք վերջին պահուն Հասան խանէն պահանջած էին անձնատուր ըլլալ, ռուսերուն լուր տուին որ պարսիկ զօրքը կը փախչի:

Սարդարապատի մէջ ռուսերուն ձեռքը ինկաւ տասներեք թնդանօթ, մեծ քանակութեամբ վառօդ, ռումբ եւ շտեմարաններու մէջ պահուած տասնչորս հազար չետվերտ ցորեն:

* * *

Ռուսական բանակը սեպտեմբեր 25-ի առաւօտուն պաշարման օղակ հաստատեց

Երեւանի շուրջ եւ սկսաւ ռմբակոծել բերդը: Քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն բիւրաւոր ժողովուրդ, հայ, թուրք եւ պարսիկ, փակուած էր բերդին մէջ: Ռմբակոծումները շարունակուեցան օր ու գիշեր: Բերդին եւ քաղաքին կաւէ շինութիւնները սկսան փուլ գալ: Փողոցները պարսիկ զինուորներու դիակներով ծածկուած էին:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի ռուսական բանակատեղիէն անընդհատ թուղթեր կ՛ուղարկէր ներս, յորդորելով բոլորին անձնատուր ըլլալ:

Պաշարուած եւ յուսահատած ժողովուրդը բերդի հրամանատարութիւնը ստանձնած Հասան խանէն պահանջեց, որ վերջ տրուի աւերածութիւններուն: Կիներ եւ մանուկներ լալով ու պոռալով փորձեցին խանական պալատի նկուղներուն մէջ պատսպարուիլ, բայց դուրս քշուեցան:

Սեպտեմբեր 30-ի գիշերը ռուսական հետեւակը գրոհի անցաւ, իսկ թնդանօթները անընդհատ կը գոռային: Բերդը մեծ աւերածութիւններու ենթարկուեցաւ: Ամբողջ ժողովուրդը խանական պալատի անկիւնները խռնուած էր:

Հոկտեմբեր 1-ի առաւօտ կանուխ պաշարուածներու բազմութիւնը պարիսպներուն վրայ ելլելով սպիտակ թաշկինակներով սկսաւ նշաններ ընել, իսկ ոմանք ալ փուլ եկած տեղերէն դուրս ելլելով հասան ռուսական դիրքեր:

Նոյն պահուն ռուսական հետեւակը գրոհի անցաւ եւ ներխուժեց բերդ: Պարսկական կայազօրը շատ աննշան դիմադրութենէ ետք անձնատուր եղաւ: Հասան խան գերի ինկաւ ռուսերուն ձեռքը:

Երեւանի մէջ ռուսերուն ձեռքը ինկաւ ռազմական մեծ աւար:

Խանական լուծէն Երեւանի ազատագրութեան առիթով տօնախմբութիւն կազմակերպուեցաւ: Կիրակի, հոկտեմբեր 2-ի առաւօտուն Երեւանի պարիսպին առջեւ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի գոհաբանական մաղթանք կատարեց:

Հոկտեմբեր 6-ին եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան, իսկ բերդին մէջ Ներսէս արքեպիսկոպոս սուրբ պատարագ մատուցեց:

Երեւանի գրաւման առիթով Նիկոլայ Ա. կայսր զօրավար Իվան Պասկեւիչի կոմսի կոչում եւ Երեւանսքի պատուանունը շնորհեց:

* * *

Ռուսական բանակին պարէնային դժուարութիւնները յաղթահարելու համար Արցախի եւ Սիւնիքի հայերը պարէն կը հաւաքէին, կը մթերէին եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւններ կը տրամադրէին: Գորիսի մէջ պարէնի մեծ պաշար մթերուեցաւ:

Գնդապետ Աբխազով իր պաշտօնական զեկուցագիրին մէջ կը յայտնէր, որ Գորիսի մէջ պարէնի մեծ պաշար հաւաքուած է` ընդամէնը 9300 չետվերտ, որուն 4500 չետվերտը` ալիւր եւ սուխարի: Ան միաժամանակ կը հաղորդէր, որ հազար գլուխ անասուն հաւաքուած է:

Նոյն ժամանակ քոչուոր ցեղեր յարձակումներ կազմակերպեցին Շուշիի եւ Ասկերանի շրջակայ հայկական բնակավայրերուն վրայ:

Ռուսական բանակին կողմէ Երեւանի գրաւման լուրը իմանալէ ետք քոչուորներ սկսան զգուշաւոր դառնալ: Ցեղապետներէն ոմանք, որոնք նախապէս պարսիկներուն կողմը անցած էին, ցանկութիւն յայտնեցին կրկին ռուսական հպատակութիւն ընդունելու:

Զօրավար Սիպիագին Պասկեւիչի ներկայացուցած իր 24 հոկտեմբեր 1827-ի հաշուետուութեան մէջ կը նշէր. «Ղարաբաղի մէջ թէեւ անոնք (բէկերը) բացայայտ բարեացակամութիւն չունին մեր նկատմամբ, բայց տեսնելով մեր զէնքի յաջողութիւնները, կը ցանկան հաւաստիացնել մեր կառավարութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը: Ընդհանրապէս այժմ արդէն հանդարտ է»:

* * *

Երեւանի գրաւումէն ետք ռուսական բանակը շարունակեց յաղթարշաւը եւ շարժեցաւ Թաւրիզի ուղղութեամբ: Ռուսական յառաջապահ ջոկատները մտան Մակուի խանութիւն եւ հոկտեմբեր 3-ին գրաւեցին Մարանդը, 13-ին մօտեցան Թաւրիզի եւ քաղաք մտան առանց փամփուշտ մը արձակելու: Պարսկական կայազօրը փախուստի դիմեց եւ ռուսական բանակի գլխաւոր ուժերը Թաւրիզ մտան հոկտեմբեր 19-ին:

Թաւրիզի անկումը խուճապի մատնեց Ֆաթհ Ալի շահին կառավարութիւնը, որ ստիպուած հաշտութիւն խնդրեց: Նոյեմբեր 6-ին սկսան հաշտութեան բանակցութիւնները:

Պարսիկներ զանազան պատրուակներով սկսան ձգձգել բանակցութիւնները, յոյս ունենալով վերակազմելու բանակը եւ վերսկսելու ռազմական գործողութիւնները:

Պարսկական հրամանատարութիւնը միաժամանակ Ուրմիոյ շրջանին մէջ ուժեր սկսաւ կեդրոնացնել, ռուսական բանակին թիկունքէն անակնկալ հարուած հասցնելու համար:

Զօրավար Պասկեւիչ 7 յունուար 1828-ին ընդհատեց բանակցութիւնները:

Ռուսական հրամանատարութիւնը, ստիպելու համար պարսկական կառավարութեան անյապաղ հաշտութեան դաշինք կնքելու, վերսկսաւ ռազմական գործողութիւններու: Ռուսական զօրամասերը քանի մը օրուան մէջ գրաւեցին Ուրմիան, Խոյը, Սալմաստը եւ յունուար 25-ին` Արտապիլը:

Պարսկաստանի մէջ ներքին երկպառակութիւններ սկսան եւ Ղաջարներու գահին դէմ ապստամբութիւններ բարձրացան:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ֆաթհ Ալի շահ Անգլիոյ դեսպան Մաքտոնալտի միջոցով Պասկեւիչի յայտնեց, որ կ՛ընդունի ռուսերու առաջարկած հաշտութեան բոլոր պայմանները:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի Բարսեղ արքեպիսկոպոսը եւ Մարգար Եղիազարեանը իբրեւ պատուիրակներ ուղարկեց եւ իր լաւ բարեկամ, ռուս գրագէտ եւ դիւանագէտ Ալեքսանդր Գրիբոյեդովէն խնդրեց Պարսկաստանի հետ կնքուելիք դաշնագիրին մէջ անպայման նախատեսել հայերու ներգաղթը:

Թաւրիզէն Թեհրան տանող ճանապարհին վրայ գտնուող Թուրքմենչա գիւղին մէջ, 10 փետրուար 1828-ին, զօրավար Իվան Պասկեւիչի եւ Աբաս Միրզայի միջեւ հաշտութեան դաշինք կնքուեցաւ: Խաղաղութեան պայմաններու մշակման մասնակցած էր Ալեքսանդր Գրիբոյեդով:

Թուրքմենչայի դաշնագիրին համաձայն Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները անցան Ռուսաստանի եւ Արաքս գետը դարձաւ սահման Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Պարսկաստան պարտաւորուեցաւ Ռուսաստանի վճարել տասը քուրուր թուման (քսան միլիոն ռուբլի արծաթ) ռազմատուգանք:

Պարսկական կառավարութիւնը պարտաւորութիւն ստանձնեց արգելք չյարուցել իր հպատակութեան տակ գտնուողներուն, որոնք կը ցանկան մնայուն բնակութիւն հաստատելու համար գաղթել ռուսական տիրապետութեան սահմանները:

 

 

 

Նախորդը

Միասնաբար Վերականգնենք Մեր 83-Ամեայ Եկեղեցին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?