«Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդր. խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ, իր Հալէպ այցելութեան առիթով:
Հարցազրոյցը վարեց` ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
«Գանձասար»- 16-17 ապրիլին Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը: Ինչո՞ւ ընտրեցիք Սուրիան` որպէս ժողովի գումարման վայր:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան-Իրականութեան մէջ մենք երկու նպատակ կը հետապնդէինք. առաջին` անհրաժեշտ էր, որ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք ֆիզիքական ներկայութիւն ունենալ սուրիահայ համայնքին մէջ, որովհետեւ բարոյական պարտք կը համարէինք, որ Բիւրոն իր ներկայութեամբ արժեւորէ կացութիւնը, տեսնէ սուրիահայութեան կարիքները, մանաւանդ երկրաշարժի աղէտէն ետք` այդ գօտիին մէջ յայտնուած ժողովուրդին իրավիճակը շօշափելու, ստանալու մեր պատասխանատու ընկեր-ընկերուհիներուն կարծիքը եւ մշակելու ծրագիրներ, որպէսզի ամուր կանգնինք սուրիահայութեան կողքին: Սա առաջին նպատակն էր:
Երկրորդ. նկատելով, որ քանի մը տարին անգամ մը շրջանային մակարդակով խորհրդաժողովներ կ՛ունենանք, որոշեցինք երկու խորհրդաժողով կազմակերպել Հալէպի մէջ. առաջինը մարմիններու Ռայոնական ժողովն էր, իսկ երկրորդը` Հայ դատի խորհրդաժողովը: Ինչո՞ւ Հալէպ, որովհետեւ, կը կարծեմ, անհրաժեշտ էր, որ անպայման Հալէպ ներկայութիւն ըլլայինք` հակառակ մուտքի եւ ելքի որոշ դժուարութիւններու, զոր կարգ մը ընկերներ կրնային ունենալ:
Որոշեցինք, հակառակ բոլոր մանր խոչնդոտներուն, այնպայման այդ ժողովները գումարել Հալէպի մէջ թէ՛ որպէս զօրակցութեան արտայայտութիւն եւ թէ՛ անգամ մը եւս շեշտելու կարեւորութիւնը Հալէպի, որ վերջ ի վերջոյ մայր գաղութ հանդիսացած է, եւ իր հասցուցած սերունդներով այսօր կը ղեկավարուին այլ գաղութներ եւս: Փաստօրէն սուրիահայ ծագումով ղեկավարներ ունինք տարբեր բնագաւառներու մէջ` կուսակցական, մշակութային, մարզական, երիտասարդական եւ բարեսիրական: Այդ ընկեր-ընկերուհիները ամէնուրեք գործի վրայ են, ամէնուրեք իրենց ճառագայթող ներկայութեամբ կը ծառայեն կամաւորաբար: Հետեւաբար Հալէպի այդ կարեւորութիւնը շեշտելու, պատմական դերը վերամրագրելու իմաստով մենք կ՛ուզենք մեր գրաւը դնել սուրիահայութեան վրայ:
Այս իսկ պատճառով նախընտրեցինք, որ Բիւրոն ոչ թէ միայն ֆիզիքական ներկայութիւն ըլլայ, այլեւ իր, հետ բերէ միջինարեւելեան շրջանի ներկայացուցիչները, որպէսզի թէ՛ տեսնեն հալէպահայութեան իրավիճակը, թէ՛ ըմբոշխնեն ձեր առասպելական հիւրասիրութիւնը եւ, վերջապէս, այստեղ կարենանք միասնաբար վերլուծումներ կատարել միջինարեւելեան հարցին շուրջ` մեր սուրիահայ ընկեր-ընկերուհիներուն առիթ ընծայելով նաեւ, որ տեղական հարցերէն անդին զբաղին նաեւ միջինարեւելեան եւ համահայկական հարցերով:
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Ոմանք կը կարծեն, որ Հայ դատ հասկացողութիւնը կը սահմանափակուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կամ արդար հատուցման հետապնդման աշխատանքներով: Որպէս Հայ դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ` ընդհանուր առմամբ ինչպէ՞ս կը սահմանէք Հայ դատի գրասենեակներու առաքելութիւնը եւ ներկայ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն լոյսին տակ մարտավարական ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ կը նախատեսեն Հայ դատի յանձնախումբերը:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Կասկած չկայ, որ Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող պահանջատիրական թղթածրարը կարեւոր բաժին կը գրաւեն Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ այսօր եւս, բայց ճիշդ է ձեր ըսածը. հաւանաբար այդ տպաւորութիւնը կու գայ անցեալէն, որովհետեւ մինչեւ 80-ական թուականներ, մինչեւ արցախեան շարժման նախօրէին, իսկապէս Հայ դատի մեր օրակարգը սահմանափակուած էր այդ նիւթով, նոյնիսկ երբ պահանջատիրութեան մասին կը խօսէինք, պահանջատիրութիւնը աւելի սկզբունքային էր եւ գաղափարական, քան` գործնական, որովհետեւ այլազան միջոցներու պրպտումով լուրջ ուսումնասիրութիւններ չէինք կատարած: Արցախեան գոյամարտով եւ Հայաստանի անկախացումով կացութիւնը լրիւ փոխուեցաւ, եւ Հայ դատի օրակարգը հարստացաւ: Ընդհանուր առմամբ, Հայ դատի աշխատանքները չորս ոլորտներ ունին:
Առաջինը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մանաւանդ պահանջատիրութեան գործընթացն է: Պահանջատիրութեան ոլորտին մէջ 2017-էն սկսեալ ստեղծած ենք նաեւ Հայ իրաւական կեդրոնը, որ Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած կազմակերպութիւն մըն է, անգլերէնով` Armenian Legal Center For Justice and Human Rights: Այս կեդրոնը ունի հիմնական երեք նպատակ:
Առաջինը Ցեղասպանութեան հետապնդման եւ պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը գտնելու խնդիրն է, երկրորդը Արցախի ինքնորոշման հիմնաւորումները եւ տարբեր դրսեւորումները ճշդելն է անկախութեան հասնելու եւ վերջ ի վերջոյ միանալու հայրենիքին, իսկ երրորդը` հայկական իրաւունքները պաշտպանել դատարաններու մէջ, ինչպէս, օրինակ, Ազրպէյճանի հետ պատերազմներու ընթացքին հայ գերիներու հարցը արծարծելու խնդիրը:
Հայաստանի պետութենէն անդին, միակն ենք` որպէս կազմակերպութիւն, որ կը հետապնդենք այս հարցը Եւրոպայի դատարաններուն մէջ` Հայ իրաւական կեդրոնին ճամբով: Սա կը մնայ մէկ մեծ ոլորտ: Երկրորդը, իրականութեան մէջ` ոչ թէ կարեւորութեան շարքով, այլ միւս ոլորտը` Հայաստանի եւ Արցախի համար տարուող աշխատանքներն են:
Հայաստանի պարագային, պետականութեան հիմքերու ամրապնդման եւ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման խնդիրն է, ինչ որ կը կոչենք առհասարակ լոպիինկ, նաեւ աշխարհի տարբեր պետութիւններու օժանդակութիւնը հասցնելն է Հայաստան, իսկ Արցախի պարագային, այս բոլորը կան, առաւել, ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորումը, եւ ուր որ կարելի է անկախութեան ճանաչման խնդիրներու արծարծումը. սա երկրորդ ոլորտն է: Երրորդը առհասարակ հայութեան իրաւունքներու հետապնդումն է աշխարհով մէկ, անշուշտ գոյութիւն ունի Արեւմտահայաստանի հայերու իրաւունք, թաքուն հայերու խնդիր, դէպի հայկական արմատներ վերադարձի հարց, ջաւախահայութեան իրաւունք:
Հայութիւնը իւրաքանչիւր տեղ տարբեր մակարդակի իրաւունքներու տիրապետած է, բնականաբար Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ որոշ իրաւունքներ, զորս կայսրութեան փլուզումէն առաջ ժառանգած էին հայ համայնքները, պաշտպանելու խնդիր ալ կայ, որ ոչ միայն կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան եւ պոլսահայութեան, այլեւ` նոյնիսկ այդ օրէնքներէն ազդուած միջինարեւելեան համայնքներուն, որոնք նախապէս մաս կը կազմէին Օսմանեան կայսրութեան եւ ժառանգած էին ազգային սահմանադրութենէն բխող իրաւունքներ, զորս պէտք էր պաշտպանել, որովհետեւ մինչեւ վերջ վտանգուած են: Օրինակ մը տանք. էրտողան երբեմն բացայայտօրէն կը խօսի Լոզանի դաշնագրի փոփոխութեան մասին: Մեր աչքին լոյսը չէ Լոզանի դաշնագիրը, որովհետեւ մեր պահանջատիրական հիմքը Սեւրն է, բայց նաեւ Լոզանի մէջ ամրագրուած են հայութեան կարգ մը իրաւունքները, զորս Թուրքիոյ նախագահը կը միտի անգամ մը եւս փոխել` դաշնագրի 100-ամեակին առիթով:
Այլ երկիրներու մէջ ունինք քաղաքական իրաւունքներ, զորս պէտք է պաշտպանել: Լիբանանի մէջ, գիտէք, մենք կը նկատուինք անկախ Լիբանանի հիմնադիր համայնքներէն մէկը եւ այդ ուղղութեամբ ունինք իրաւունքներ, վերապահուած աթոռներ` խորհրդարանէն ներս, ինչպէս նաեւ պաշտօններ` պետական ամբողջ համակարգին մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ: Այսպիսի դիրքեր պէտք չէ ինքնաբերաբար ընդունիլ որպէս իրաւունք եւ ըսել, որ անփոփոխ են, որովհետեւ շարունակաբար կրնան ենթարկուիլ այլազան ոտնձգութիւններու եւ յարձակումներու, ուրեմն պաշտպանելու խնդիր ալ կայ, նոյնն է պարագան կարգ մը եւրոպական երկիրներու, ուր ունինք յատուկ իրաւունքներ, ինչպէս` Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի մէջ, իսկ ուրիշ տեղեր ալ կը մասնակցինք քաղաքական կեանքին` ընդհանուր երկիրներու քաղաքական այլազան հոսանքներու ճամբով, ինչպէս` Արեւմուտքի մնացեալ երկիրներուն մէջ:
Այս ոլորտին մէջ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիր կայ` որպէս պաշտօնական համայնք, որպէս փոքրամասնութիւն, որպէս իրաւունքներ ժառանգած հատուած, իւրաքանչիւրը` իր ձեւին եւ չափին մէջ: Սա կը կազմէ երրորդ ոլորտը, որուն մէջ կայ անշուշտ ամէնէն կարեւորը` Արեւմտահայաստանի հայութեան իրաւունքներու եւ ջաւախահայութեան իրաւունքներու խնդիրը:
Չորրորդ եւ վերջին ոլորտը, որով կը սահմանենք այսօրուան Հայ դատը, այդ ալ մեր ժողովուրդի քաղաքականացումն է, մանաւանդ` երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք մասնակցին տարբեր երկիրներու քաղաքական կեանքին, անշուշտ հայրենիքէն դուրս սփիւռքի պարագային է խօսքը. եւ ինչո՞ւ չէ, վերջ ի վերջոյ այդ քաղաքական կեանքին մասնակցութեամբ նաեւ փորձել բերդը քիչ մը գրաւել նաեւ ներսէն, որպէսզի կարողանանք նաեւ լծուիլ Հայաստանի եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ասոնք են այն չորս հիմնական ոլորտները, որոնցմով կը սահմանենք այսօրուան մեր Հայ դատի օրակարգը:
«Գ.».- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, երբ կառավարութեան ծրագրի լսումն էր օրակարգը, եւ որուն ներկայ էր ընդդիմութիւնը, Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը լիարժէքօրէն ճանչնալը միակ միջոցն է, որպէսզի խաղաղութեան դաշինք կնքենք եւ լարուածութիւն չըլլայ, այլապէս նոր յարձակումի դուռ պիտի բացուի: Այսօր իշխանութիւնները լրիւ հրաժարա՞ծ են Արցախէն: Ի՞նչ է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեսակէտը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պահպանման համար տարուող աշխատանքներուն գծով: Այդ առիթները կա՞ն, թէ ինչպէս իշխանութիւնները կը պնդեն, ատիկա Արցախի ներքին հարցն է, Արցախ Ազրպէյճանի հետ իր հարցերը թող լուծէ, այսինքն Հայաստանի ապահովութիւնը ամրագրելու համար, խաղաղութեան հասնելու միջոցը Արցախը իր ճակատագրին ձգե՞լն է:
Յ. Տ. Խ.- Սա կեղծ եւ պարտուողական հոգեբանութեամբ առաջնորդուող «խաղաղութեան» օրակարգ է: Մենք բոլորս ալ ի վերջոյ համաձայն ենք խաղաղութեան, վիճակուած ենք մեր դրացիներուն հետ ապրելու այդ տարածաշրջանին մէջ, բայց ատիկա պէտք է ըլլայ արժանապատիւ խաղաղութիւն եւ ոչ թէ` այն հոգեբանութեամբ, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները առաջ կը տանին` գլխիկոր, պատերազմէ պարտուած: Հայկական էութենէ դատարկուած այս մօտեցումները երբեմն յուսահատութեան հետեւանք են եւ կրնան յուսալքել ամբողջ ժողովուրդը: Այս իսկ պատճառով կտրականապէս դէմ ենք այդ մօտեցումներուն, զորս նկարագրեցիք:
Այսօր մենք չենք հաւատար, ոչ իսկ Հայաստանի վարչապետը կը հաւատայ, որ խաղաղութեան օրակարգը անմիջականօրէն իրագործելի է, բացի այն պարագային, երբ հայկական կողմը զիջի իր ամբողջ իրաւունքներէն: Եւ հոն մենք շատ լուրջ ընդդիմադիր դիրքերէ կը մօտենանք: Իր վերջին յայտարարութիւններուն մէջ, ինչպէս յայտնեցիք, վարչապետը շատ մը շեղումներ կատարեց Հայաստանի եւ հայութեան որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութենէն:
Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները, մինչեւ այս վարչակարգը, յստակօրէն յայտնած են, որ իրենք Արցախի ապահովութեան երաշխաւորն են` որպէս Հայաստան, եւ որեւէ ձեւով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարող կողմ չեն: Այսօր այդ երկու ուղղութիւններով ալ նահանջ կայ, դժբախտաբար: Այսինքն ապահովութեան իմաստով Հայաստանի վարչապետի բերնով եւ ուրիշ պաշտօնեաներու բերնով կը լսենք, որ Հայաստանը ի վիճակի չէ Արցախի անվտանգութիւնը ապահովել, ուրեմն պէտք է Արցախը լքել իր ճակատագրին, ինչ որ կը նշանակէ` ձեռքերը լուալ Արցախի հարցէն: Երկրորդը եւ աւելի վտանգաւորը այն է, որ իշխանութիւնները ոչ մէկ ձեւով կը շեշտադրեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, որ մեզի համար էական իրաւունք է:
Մենք չենք կրնար նահանջել Արցախի հարցին մէջ, մեզի համար Արցախը էական է, մանաւանդ` որպէս բաղկացուցիչ մաս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամբողջական Հայաստանի տեսլականին: Անշուշտ որ դժուար խնդիր է քաղաքական դաշտի մէջ այդ տեսակէտը պաշտպանելը, բայց այդ պարտականութիւնն է Հայաստանի որեւէ իշխանութեան: Այս պատճառով ալ ունինք շատ լուրջ ընդդիմութիւն: Հայաստանի իշխանութիւնները այսօր կը փորձեն համոզել ժողովուրդը, որ Արցախէն ձերբազատելով` իրենք կ՛ունենան իսկական հանգստութիւն, խաղաղութիւն եւ տնտեսական աճ: Իրողութիւնը շատ հեռու է ասկէ, սակայն, որովհետեւ մեր թշնամին լաւ գիտէ, որ երբ պարտուած Հայաստանն է, որ կը բանակցի գլխիկոր եւ արդէն իսկ պատրաստ է ամէն տեսակի զիջումներու, ան Արցախէն ետք իր ամբողջ թիրախը կ՛ընտրէ Հայաստանը: Վկայ` այն բոլոր ոտնձգութիւնները եւ նենգութիւնները, զորս կը տեսնենք, այս անգամ Հայաստանի վրայ: Ատիկա անգամ մը եւս կու գայ փաստելու, որ մեր թշնամին երբ արեան հոտ է առած, ոչ թէ իւրաքանչիւր զիջումի դէմ այսպէս կոչուած մեղքնալու զգացում կը տածէ Հայաստանի հանդէպ, այլ ընդհակառակը, աւելին կորզելու, աւելին պահանջելու աշխատանքին կը լծուի: Տեսէք, թէ ինչպէ՛ս վերջին տարուան ընթացքին Ազրպէյճան աւելի շեշտաւորուած ձեւով կեղծ օրակարգ մը կը նետէ մէջտեղ ասպատակելու Հայաստանը:
Այդ օրակարգը արեւմտեան Ազրպէյճանի խնդիրն է: Ազրպէյճան կեղծ փաստաթուղթերով, քանի մը վարձկան ակադեմականներով կը փորձէ աշխարհը համոզել, որ գրեթէ ամբողջ Հայաստանը պատկանած է Ազրպէյճանին, որպէս արեւմտեան Ազրպէյճան: Այլ խօսքով Ազրպէյճան նոր ճանապարհ մը բացած է հակահայ արշաւի: Կը կրկնեմ` Հայաստան պարտութենէ պարտութիւն կ՛առաջնորդուի իր պահանջներուն մէջ, իսկ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա շատ աւելի համարձակ, շատ աւելի պահանջկոտ կեցուածք կը դրսեւորեն:
Աւելի՛ն. հակառակ իշխանութեան այն հաստատումին, որ իրենք նախապայմաններով չեն բանակցիր Թուրքիոյ հետ, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները ամբողջութեամբ նախապայմաններով ընթացք առած են: Թուրքիա նոյնիսկ յաւելեալ նախապայմաններ աւելցուցած է Ղարաբաղի հարցին կողքին` այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը լուծել փորձելով, ինչ որ մեզի համար պէտք է ըլլայ կարմիր գիծ: Ուրեմն կասկած չկայ, որ այս իշխանութիւնները դժբախտաբար պատուհաս են թէ՛ ազգային եւ թէ՛ հայրենի իմաստով, բայց, ըստ երեւոյթին, իրենց աթոռներուն կառչելու քաղաքականութիւնը ամէն գնով պահելու ձգտող այս իշխանութիւնը պատրաստ է նոյնիսկ մեր սրբութիւնները ոտնակոխ դարձնելու:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բնականաբար այս ամբողջ հարցերուն հանդէպ ունի կտրականապէս յակոտնեայ կեցուածք եւ կարծիք: Աւելի վտանգաւորը վարչապետին յայտարարութեան մէջ այն էր, որ հողային որեւէ պահանջք չունի Ազրպէյճանէն կամ որեւէ այլ երկրէ: Մենք երբեք չենք ըսած, որ այսօր Հայաստանի պետութիւնը պահանջատիրութեան խնդիր պէտք է արծարծէ, բայց միշտ ըսած ենք, որ պէտք չէ նահանջէ պահանջատիրութեան իր իրաւունքէն, մնացածը ժամանակի խնդիր է: Իր արտայայտութիւններով, սակայն, վարչապետը փապուղի ստեղծելու եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները վաճառքի հանելու միտում կը դրսեւորէ, եւ ատիկա շատ վտանգաւոր է հեռահար մեր նպատակներուն համար:
«Գ.».- Ի՞նչ տպաւորութեամբ կը մեկնիք Սուրիայէն:
Յ. Տ. Խ.- Սուրիահայութեան կարեւորութիւնը համահայկական իմաստով ես միշտ գնահատած եմ եւ այս մասին` արտայայտուած: Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր տեսնել, որ հակառակ տագնապներուն` ունինք հայկական եռուն ու պինդ համայնք, որ կառչած է իր էութեան: Մենք ամէն գնով պիտի աջակցինք սուրիահայ գաղութին, որպէսզի գոյատեւէ եւ զարգանայ: Մենք վստահ ենք, որ միջոցներ կրնանք գտնել այդ նպատակին ծառայեցնելու, վկայ` այն օժանդակութեան աշխատանքները, որոնք կը տարուին աշխարհով մէկ: Բիւրոն այդ ուղղութեամբ յատուկ աշխատանք տարաւ, եւ որքան յուզիչ էր, որ Արցախն անգամ ուզեց միանալ այդ դրամահաւաքին եւ ուզեց ՀՕՄ-ի ճամբով, մեր ճամբով իր լուման ներդնել ի խնդիր սուրիահայութեան ապաքինման: Նոյնն էր պարագան նաեւ հայրենի մեր ժողովուրդին եւ համայն հայութեան: Շուտով արդէն այդ օժանդակութիւնները կը հասնին: Ես վստահ եմ, որ մեր պատասխանատուներն ու հոգեւոր հայրերը այդ գումարները կը ծառայեցնեն համայնքի ոչ միայն գոյատեւման, այլ նաեւ զարգացման համար:
Հալէպի մէջ մենք վկան եղանք արդէն պատերազմէն եւ երկրաշարժէն ետք համայնքի ապաքինման ուղղուած աշխատանքներուն: Գաղութը արդէն սկսած է նաեւ ինքնաբաւ դառնալու իր ծրագիրները մշակել, ինչ որ ողջունելի քայլ է:
Ողջունելի էր Հալէպի մէջ կազմակերպուած Արցախի զօրակցական ձեռնարկը յատկապէս, որ հալէպահայութեան միասնութեան եւ ազգային մօտեցումներուն յստակ ուղենիշը կը հանդիսանար:
Սուրիոյ նկատմամբ ալ համաշխարհային դիրքորոշումները սկսած են փոխուիլ, որովհետեւ շարք մը երկիրներ համոզուեցան, որ կարելի չէ միատեսակ մօտեցումներ պարտադրել ազատ երկիրներու եւ անոնց ժողովուրդներուն:
Կը մաղթենք, որ Սուրիոյ իրավիճակի բարելաւման հետ կը բարելաւուի նաեւ սուրիահայ գաղութը: Մենք ունեցանք նաեւ պետական հանդիպումներ, եւ այդ հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը երկրին ընկերային ընդհանուր դրուածքին մէջ: