Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Տուին Քառօրեայ Բանակցութիւնները

Մայիս 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ապրիլ ամսուան վերջերուն Մոսկուայէն յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ: Այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ սակայն: Մոսկուայի փոխարէն երկու նախարարները բանակցութիւններ վարեցին Ուաշինկթընի մէջ, մայիս 1¬էն սկսեալ յաջորդական չորս օրերու տեւողութեամբ: Բանակցութիւններու բացումին ու փակումին մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը: Չորս օր տեւողութեամբ քննարկումները շօշափելի արդիւնք ապահոված պէտք է ըլլան. բանակցութիւններուն աւարտին կատարուած  յայտարարութիւնները ոչինչ կը փոխանցեն: Միացեալ Նահանգներ գոհունակութիւն կը յայտնեն արձանագրուած կարեւոր յառաջդիմութեան համար: Հայաստան կ՛ըսէ, որ թէեւ որոշ յառաջդիմութիւն եղած է, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ տարակարծութիւնը տակաւին առկայ է: Իսկ Ազրպէյճան ուշացումով յայտարարեց, որ «Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացը տակաւին չէ արդարացուցած Ազրպէյճանի սպասումները»: Պայրամովի այս վերջին յայտարարութիւնը կը  նշանակէ, որ Հայաստան, որ արդէն ընդունած էր Արցախը պահել Ազրպէյճանի կազմին մէջ, նոր զիջումներ կատարած է, որոնք բաւարար չեն նկատուիր Ազրպէյճանի կողմէ: Ազրպէյճան կը պահանջէ ամբողջական` իր պայմաններով սահմանուած, անձնատուութիւն:

Բանակցութիւններու իսկական պարունակութեան մասին ոչ մէկ տեղեկատուութիւն սփռուեցաւ, ոչ մէկ կողմէն: Դիւանագիտութեան յատուկ գաղտնապահութեամբ չենք կրնար բացատրել այս ծածուկ պահելու երեւոյթը: Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան ոչ միայն ոչ մէկ հողային պահանջ ունի, բացի 29.800 քառակուսի քիլոմեթրէն, այլեւ կ՛ընդունի, որ ապագային ալ ոչ մէկ պահանջ պիտի ունենայ: 29.800 քառ. քմ-ը եւս բաւարար չէ Ազրպէյճանի համար: Առ այժմ պատասխան չունինք:

Ստիպուած եմ փակագիծ մը բանալ այստեղ: Նիկոլ Փաշինեան, իբրեւ խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցող վարչապետ, թերեւս մասնակիօրէն իրաւունք ունի խօսելու հայ ժողովուրդի այժմու պահանջին մասին, իսկ ապագային մասին` ոչ հեռաւոր ապագայ, ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ: Այս չի՞ թելադրեր այնքան շեփորուած ժողովրդավարութիւնը, որ իբրեւ թէ հիմնական յատկանիշն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Անցնի՛նք:

Հայ եւ ազրպէյճանական ուղղակի բանակցութիւններու ընթացքին կատարուեցաւ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին: Յուշարձանը կառուցուած է Երեւանի քաղաքապետութեան որոշումով եւ բացումն ալ կատարուեցաւ փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ: Թուրքիա անմիջապէս հակազդեց իր օդային տարածքը փակելով հայկական օդանաւորդութեան դիմաց: Միջազգային օրէնքով դատապարտելի այս արարքէն ետք, Թուրքիա կը սպառնայ

այլ միջոցներու դիմել, եթէ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը չվերցուի:

Հայ եւ թուրք ու հայ եւ ազրպէյճանական յարաբերութիւնները փոխկապակցուած ըլլալով, յուշարձանին տեղադրումը լուրջ արգելք է ոչ միայն իբրեւ թէ առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն արդիւնաւորման, այլ նաեւ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն դրական ընթացքին:

Նիկոլ Փաշինեան, որ «աշխատանքային այցով» Մոսկուա մեկնեցաւ, ուաշինկթընեան բանակցութիւններու ընթացքին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Չեխիա: Մայրաքաղաք Փրակայի մէջ, հայ համայնքի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին, ան Հայաստանի իշխանութիւններուն մասին սրբասացական գովերգութենէն մը ետք, պատասխանեց ներկաներու հարցերուն: Նեղացուցիչ հարցեր եղան, որոնց Հայաստանի վարչապետը պատասխանեց իրենց յատուկ անմրցելի ոճով, այսինքն` ամէն պատասխանատուութիւն վերագրելով ուրիշներուն, որոնց կարգին` նոյնիսկ հանդիպման ներկաներուն:

Ես միշտ խուսափած եմ ցցուն ածականներէ, հարցերու քննութիւնը պահելու համար քաղաքական շիտակութեան եւ բանականութեան սահմաններուն մէջ: Շատ մտածեցի գտնելու համար որակում մը, որ առանց վիրաւորական ըլլալու, կը պատշաժի Հայաստանի իշխանութիւններուն ու մասնաւորաբար անոնց գլխաւոր ճարտարապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործին ու խօսքին. այդ որակումը իմաստակն է: Ամէն բանի մասին` աստուածաբանութենէն դիւանագիտութիւն, տնտեսութենէն ելեւմտագիտութիւն, ընկերաբանութենէն հոգեբանութիւն, փիլիսոփաներու եւ ամենագէտներու հետ գործ ունինք, որոնք Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի նորանոր աղէտներ:

Ե՞րբ պիտի ազատինք իմաստակներու ղեկավարութենէն:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Նորագիրներու Սեմինար Եւ Ուխտի Արարողութիւն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լոս Անճելըս Լէյքըրզ-Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` 3-1

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?