Յօդուածներ

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Զուիցերիացի Հարիւր Երեւելիներու Վկայութիւնը 1915 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին (Անհերքելի փաստաթուղթ մը Զուիցերիոյ դաշնային արխիւէն)

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ հայ ազգաբնակչութեան դէմ կազմակերպ­ուած համատարած ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ տեղեկութիւնները Զուիցերիա կը հասնին համեմատաբար շատ աւելի ուշ, քան եղած էր պարագան սուլթանական զանգ­ուածային կոտորածներու 1894-1896 թուականներու եւ ապա 1909 թուականի Ատանա­յի եւ շրջակայից մէջ տեղի ունեցած եղեռնագործութիւններուն։ Պատճառը՝ Երիտթուրք դահիճներու բոլոր մանրամասնութեանց մէջ բծախնդրօրէն ծրագրած եւ, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, գաղտնաբար մեկնարկած տարա­գրու­թիւնները, մահու-աքսորներն ու նախճիր-եղեռններն...

Յինանց Կիրակիներ.  Տօն Սուրբ Խաչի Երեւման

Յինանց Կիրակիներ. Տօն Սուրբ Խաչի Երեւման

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Սուրբ Զատկուան չորրորդ կիրակին կը նշէ Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը: Երուսաղէմի մէջ, 7 մայիս 351-ին, ցերեկուան երրորդ ժամուն (ժամը 9:00-ին) երկինքի վրայ լուսափայլ խաչ երեւցաւ, տարածուելով Գողգոթայէն` Քրիստոսի խաչելութեան վայրէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ, ուրկէ Տէրը երկինք բարձրացաւ: Խաչի պայծառ երեւումէն արեգակն իսկ մթագնեցաւ: Երկինքի վրայ փայլող խաչը տեսանելի մնաց բաւական երկար ժամանակ: Արտասովոր հրաշքին ի տես...

Մինակ Չես

Ինչո՞ւ Քրիստոսի Խաչը Այսօր Չ՛երեւիր

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ «Այսօր խաչը յաղթութեան նշան երեւալով երկրի վրայ` պայծառացուց  տիեզերքը. Տէ՛ր, խաչդ յաղթութեան զէնք տուիր` մեզ թշնամիին խաբէութիւններէն  ազատելու» (Շարական) Հասած ենք յարութեան կիրակիներուն ոսկեշղթային չորրորդ օղակը, որ կը կոչուի Երեւումն Սրբոյ Խաչին: Սուրբ խաչին երեւումը Հայ առաքելական ս.  եկեղեցւոյ Քրիստոսի Կենաց փայտին նուիրուած  չորս տօներէն առաջինն է: Դ.-րդ դարուն քրիստոնէութիւնը կը տարածուէր Հռոմէական կայսրութեան մէջ: Քրիստոնեաներուն մէջ...

«Ես Եմ Ճամբան»

Խաչիկ Տէտէեանին Երազը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Խաչիկ Տէտէեանին հետ ունիմ երկար տարիներու բարեկամութիւն` մէկ կողմէ ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջէն, բայց նոյնքան` անհատական, որ նաեւ կ՛ընդգրկէ այցելութիւն Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի իր գրասենեակը, ուր երկար տարիներու նուիրական առաքելութիւն տարաւ որպէս դիւանապետ: Խաչիկին գրասենեակին մէջ կար փոքր յայտարարութիւն մը, որ կ՛ըսէր` «Ձեր այցելութիւնը կարճ պահեցէք»: Այդ «կարճ» այցելութիւնը կ՛ընդգրկէր սուրճի հիւրասիրութիւն ու ազգային, գաղութային, հայաստանեան ու գրական-հրապարակագրական...

Ողջունելի Եւ Համախմբող Նախաձեռնութիւն Մը

Ողջունելի Եւ Համախմբող Նախաձեռնութիւն Մը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երբ համայն հայութիւնը, հայրենիքի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը պատրաստուէր մեծ շուքով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խիստ ողջունելի եւ իր համախմբող բնոյթով յատկանշուած նախաձեռնութիւն մը: Արդարեւ, Լoզանի պայմանագիրի 100-ամեակին ընդառաջ, նախաձեռնութեամբ կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբին, Ապրիլ 22-24 կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցան նախապատրաստական խորհրդակցական նիստեր, որոնց...

Ճիպինցի Ներսէս Շնորհալին (Մահուան 850-Ամեակին Առիթով)

Ճիպինցի Ներսէս Շնորհալին (Մահուան 850-Ամեակին Առիթով)

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ (Ճիպինցի) Բանաստեղծ, երաժիշտ, աստուածաբան, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալին (Ներսէս Դ. Կլայեցի) միջնադարեան Հայաստանի կիլիկեան հոգևոր-մշակութային դպրոցի ամենափայլուն  ներկայացուցիչներէն է: Ան տարիներ շարունակ ստեղծագործեց, շրջեցաւ աշխարհէ աշխարհ՝ ըլլալու կուռքը իրմէ վերջ եկող սերունդներուն։ Ազգերը կ՚ապրին նաեւ ոգեղէն, մշակութային արժէքներով։ Առանց այդ արժէքներուն մարդիկ ոչինչ կրնան իրագործել։ Մարդոց մեծութիւնը կը չափուի մտաւոր այդ աղբիւրին բացուելու եւ անկէ կարելի օժանդակութիւնը...

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Մարմինին Կողմէ 150 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Մարմինին Կողմէ 150 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Շաբաթ, 29 ապրիլ 2023-ին Քանատայի ՀՕՄ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ցանցերով, ինչպէս նաեւ լրատուական «Հայ Հորիզոն», «Նոր Հայ Հորիզոն» եւ այլ հարթակներով հրապարակուեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինին աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը` 6 փետրուարին Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժին պատճառով սուրիահայութեան մատակարարուած օժանդակութիւններուն վերաբերեալ: «Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի առաջին բաժնով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան-Փալանճեան, որ ըսաւ....

111 Տարի Առաջ Կ՛ընկղմէր «Անխորտակելին»

111 Տարի Առաջ Կ՛ընկղմէր «Անխորտակելին»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Գրեթէ անծանօթ տեղեկութիւններ` «Թիթանիք»-ի եւ մարդոց մասին   Անխօս շարժապատկերներու դերասանուհին 700 փրկուածներէն եղած է Անխօս շարժապատկերի ամերիկացի դերասանուհի Տորոթի Կիպսըն ողբերգութենէն փրկուած մօտ 700 անձերէն մէկն էր: Անվնաս ժամանելով Նիւ Եորք` ան անմիջապէս սկսաւ նկարահանել «Փրկուած Թիթանիք»-էն առաջին ժապաւէնը, որ հրապարակուեցաւ մայիս 1912-ին, արկածէն ամիս մը ետք: Ան կը կրէր նոյն հագուստն ու կօշիկները, որոնք կրած էր բուն...

«Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն  Հաւատարիմ Մնալ  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Հոլովոյթին»  Կ՛ըսէ Փաթել

Նշմար. Ո՛չ Ըսենք Բազուկ Ոլորողներուն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երեւանի լրատուութենէն` երեքշաբթի, 2 մայիսին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն` Պլինքընի եւ Պայրամովի գլխաւորած պատուիրակութեանց հետ, խաղաղութեան համաձայնագիր մը բանաձեւելու համար: Ամերիկեան աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ «դրական արդիւնքներ սպասելի են», բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ քանի մը օր... Կ՛ըսուի նաեւ, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով մօտերս...

Մեզմէ Պիտի Չլսէք

Համակարգը, Որ Կ՛ուզենք Կերտել

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Նախ` բացատրութիւն մը: Առաջին բառը` «համակարգը», կը վերաբերի մարդկային այն հասարակարգին, որ կ՛առնչուի ոչ միայն վայրի մը, երկրի մը կամ այդ վայրի բնակչութեան կամ ըսենք` ազգի՛ն, ոչ միայն տարածաշրջանի մը ու անոր բաղկացուցիչ մասերուն, իրարու դրացի երկիրներու, այլեւ` համայն մարդկութեան, որ կը պարփակէ երկրագունդի բոլոր տարածաշրջաններն ու անոնց բնակչութիւնը. այլ խօսքով, կ՛առնչուի բոլոր ազգերուն ու աւելի փոքր հաւաքականութիւններուն: Երկրորդը`...

Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրած  Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան

Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան ծնած է Այնթապ, 1909-ին: Զաւակն է բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի: Բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեան իր քեռին էր: Ծնողքին հետ գաղթած է Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ, ապա` աւետարանական ծխական վարժարանին մէջ: 1926-1927 ուսանած է Պրումմանա, Լիբանան, անգլիական Քոկէյքըրներու դպրոցին մէջ: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչո՞ւ Յանկարծ Կը Ծանուցուի Քըլըճտարօղլուի Ալեւի Ծագումը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Բոլոր անոնք, որոնք ջերմ յոյսեր կը կապեն Քըլըճտարօղլուի յաղթանակին Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու բեմին վրայ, պէտք է անպայման յիշեն, որ յանձին Քըլըճտարօղլուի մենք գործ ունինք քաղաքական մեծ փորձի տէր կուսակցական ղեկավարի մը հետ, որ ապրած է եւ կ՚ապրի – ինչպէս Էրտողա՛նը – թուրք խորքային պետութեան հրամայականներով եւ ի վերջոյ կը պատկանի Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մեծ ուխտին։ Հարցո՛ւմ. չկա՞ն արդեօք...

«Թումանեան` Երէկ Եւ Այսօր» Թատերախաղը Պիտի Ներկայացուի Նոր Սերունդին

«Թումանեան` Երէկ Եւ Այսօր» Թատերախաղը Պիտի Ներկայացուի Նոր Սերունդին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 7 մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը պիտի ներկայացնէ «Թումանեան` երէկ եւ այսօր» թատերախաղը, բեմադրութեամբ Սիլվա Սողոմոնեանի: Սոյն բեմադրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչին հետ, որ նկատել տուաւ, թէ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով ուզած են հայ հեղինակի մը գործերէն...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Աւետի՜ս… Տիեզերական Արեւը Կովկասէն Կը Ծագի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ  «Երգիծանք... Մարդկային հարցերու յարաբերականութեան գինովութիւնը, տարօրինակ գինովութիւնը` ստուգութեան, որ չկայ իրողութիւն» ՄԻԼԱՆ ՔՈՒՆՏԵՐԱՖրանսագիր չեխ գրող, Ի. դար  Թող ներուի չարանալ եւ դառնացածի քմծիծաղով մտածել: Աշխարհի խրձիկ դարձած հարցերու լուծման եւ նոր կարգերու հաստատման Պերիկլէսը եւ նոր Հոմերոսը վերյայտնուած են Կովկաս, անոնք նոր ժամանակներու պատմագրութեան եւ քաղաքական իմաստութեան բանալին բերած են: Ուստի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնը պէտք է Նիւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Նուիրուած Ոգեկոչման Ձեռնարկներ Սուրիա Քեսապ * Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 23 ապրիլին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկ: Օրուան պատգամը յղեց հրապարակագիր, բանասէր Աւօ Գաթրճեան: Ան անդրադարձաւ շարք մը հարցերու` յիշեցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի, երբ անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը, եւ երբ Թուրքիան...

Ֆրանչիսկոս Պապը «Հրամանատար Ասպետ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը

Ֆրանչիսկոս Պապը «Հրամանատար Ասպետ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը

Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը մամլոյ հաղորդակցութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ  հայ համայնքի ճանչցուած իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը պարգեատրուած է Ֆրանչիսկոս պապի «Հրամանատար ասպետ»-ի շքանշանով: Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ 10 ապրիլին,  յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Սուրբ Սիլվեստրի «Հրամանատար ասպետ»-ի բարձր շքանշանով եւ պապական հրամանագրով պարգեւատրուեցաւ Լոս Անճելըսի հանրածանօթ իրաւաբանը: Դանիէլեան գլխաւոր գործընկերն է Կլենտէյլ քաղաքի «Դանիէլեան, ԼըՔրոյ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. Պէ՞տք Է, Պէտք Չէ՞…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մասնաւո՛րաբար 44-օրեայ պատերազմէն ետք Նիկոլ Փաշինեան շահեցաւ «դաւաճան» տիտղոսը: Այս որակումը յաւելեալ ազդակ մը եղաւ, որ հայութեան մէջ արդէն իսկ ստեղծուած երկփեղկումը մտրակահարուի եւ նոր վիհեր «նուաճէ»: Երբ ընդդիմադիր մը կամ իրականութիւնները իրենց ճիշդ պատկերով տեսնող մը դաւաճան կոչելով կը մեղադրէ Փաշինեանը, ՔՊ-ականներ, իշխանութեան համակիրներ ջղագրգիռ վիճակ կը ստանան, կարծէք թէ ըլլային ցուլ մը, որուն աչքերուն դիմաց մէկը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը Ընթերցողի Դատին Յանձնեց Նոր Տպագրուած Ութ Գիրք Եւ Չորս Ամսագիր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը 2022 թուականը ամփոփեց` ընթերցողի դատին յանձնելով նոր տպագրուած  ութ գիրք եւ չորս ամսագիր: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նշեց, որ  աշխատութիւնները  բոլորը Հայոց ցեղասպանութեան մասին են` վերապրողներու յուշագրութիւններ, վկայութիւններ, Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայ երեխաները թրքացնելու քաղաքականութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ: «Հայոց ցեղասպանութեան...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ռուսական Բանակին Կողմէ Երեւանի Բերդին Պաշարումը Եւ Աբասապատի Գրաւումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Բանակին Կողմէ Երեւանի Բերդին Պաշարումը Եւ Աբասապատի Գրաւումը

Արցախի Վրայ Քոչուորներու Յարձակումներ Էջմիածին` Զինուորական Կայան Եւ Քաղաքային Իշխանութեան Կեդրոն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ռուսական բանակի յառաջապահ ուժերը եւ հայ կամաւորական ջոկատները 13 ապրիլ 1827-ին պարսիկներէն գրաւած էին Էջմիածինը եւ ապրիլ 27-ին պաշարած Երեւանի բերդը: Ռուսական բանակի գլխաւոր ուժերը, բաղկացած` 4800 հետեւակ եւ 3800 հեծեալ զինուորէ ու 26 թնդանօթէ, զօրավար Պասկեւիչի հրամանատարութեամբ Շուլաւերէն ճամբայ ելլելով 8 յունիս 1827-ին հասան Էջմիածին: Անձամբ...

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Բ. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս: Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, ուրբաթ, 28 ապրիլի կէսօրին համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարի (Աթէնք, մայիս 2019) խումբ մը մասնակիցներու: Ապա համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը: Այնուհետեւ, համագումարը լսեց երեք նիւթեր եւ կատարեց համապատասխան...

Page 266 of 1111 1 … 265 266 267 … 1,111

Արխիւներ