Յօդուածներ

Ակուտայա Արշիպեղագոսի Բժիշկը, Որ Առանձինը Խնամած Է 13 Հազար Անձ

Ակուտայա Արշիպեղագոսի Բժիշկը, Որ Առանձինը Խնամած Է 13 Հազար Անձ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Նորօրեայ առասպել կը թուի, սակայն այս երիտասարդ բժշկուհին չէ երկմտած, հաւատացած է իր ուժերուն եւ ամէնէն կարեւորը` ուզած է օգտակար ըլլալ, բան մը փոխել: Բայց փոփոխութիւնը դիւրին չէ, եւ բարի կամեցողութիւն ունենալը յաճախ անբաւարար է: Բժշկուհի Ալենայի մասին «Պի.Պի.Սի.» կայքը վերջերս հրապարակած է յօդուած մը: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Բժշկուհի Ալենա Եափ միակ բժիշկն է 13 հազարնոց  Ակուտայա...

Հայասէր Զօրավարի Մը Կորուստը

Հայասէր Զօրավարի Մը Կորուստը

2 ­Յու­նի­սին, Ա­թէն­քի մէջ իր աչ­քե­րը փա­կեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու նախ­կին ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար, զօ­րա­վար ­Մի­խա­յիլ ­Քոս­թա­րա­քոս։ Ան ծնած էր 1956-ին եւ իր ու­սու­մը կա­տա­րած էր ­Յու­նաս­տա­նի սպա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ, տի­րա­ցած էր կա­րե­ւոր պաշ­տօն­նե­րու իր զի­նո­ւո­րա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս, ինչ­պէս նաեւ իր ու­սու­մը ընդ­լայ­նած էր Ա­թէն­քի Ի­րա­ւա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նին եւ ա­ւե­լի յե­տոյ ստա­ցած էր մա­գիստ­րո­սի տիտ­ղոս քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ուս­մանց մէջ։ 2011-15...

«Առաջին Անգամն Է, Որ Չեմ Կարող Անմիջականօրէն Կրծքիս Սեղմել Զաւակիս Ու Ջերմօրէն Համբուրելով` Շնորհաւորանքի Խօսք Ասել». Միքայէլ Հաջեան

Աստուած Էլ Է Ղարաբաղցի

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Եւ այսպէս, յունիսի 12-ին լրացաւ Արցախի շրջափակման կէս տարին, կամ. այլ կերպ ասած, Արցախի շրջափակումը հատեց տարուայ հասարակածը: Այսօր արդէն աւելի քան վեց ամիս է, ինչ մենք` Արցախի աւելի քան 120 հազար բնակիչներս, ապրում, գոյատեւում ենք լիակատար պաշարման պայմաններում` իւրօրինակ կեթթոյում, Ազրպէյճանի կողմից արգելափակուած ու կտրուած լինելով մայր Հայաստանից եւ մնացեալ աշխարհից: Եւ եթէ մինչ վերջերս...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու Խորհուրդի Անդամ Լինզի Հովարթի Հետ 14 յունիսին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու 3-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Լինզի Հովարթի հետ, իր գրասենեակին մէջ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Ներկայացուցիչները Հովարթին տեղեկութիւններ տուին շրջանի հայութեան հետզհետէ աճող կարիքներուն...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Լուսաբանութիւն Մը. Սուրբ Պատարագը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ    Յաճախ հաւատացեալ հայորդիներ հարց կու տան, թէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ պատարագը ի՞նչ փուլերէ անցած է պատմութեան ընթացքին։ Անշուշտ, քրիստոնէութեան առաջին դարերէն մինչեւ այսօր նոյն ժամակարգութիւնն ու պաշտամունքային կառոյցը չենք ունեցած։ Վերջերս Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» մատենադարանէն փոխ առի  գրքոյկ մը՝ Հ. Վարդան Հացունի, Հայ եկեղեցւոյ պատարագի օրերն եւ տեսակներ (Վենետիկ, 1898), որուն վերջին մասը՝ «Համառօտութիւն քննած խնդրոյս»...

Սիամանթոյի Ծննդեան 145-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` «Հայութեան Ապրած Արհաւիրքներն Ու Մաքառումը` Քերթողութեան Ընդմէջէն» Թեմայով

«Մեր Գաղութները Օժտենք Հայագիտական Հիմնարկներով»

«Ազդակ»-ի Մտերմիկ Զրոյցը` Հալէպահայ Մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի Հետ Զրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ «ԱԶԴԱԿ».- Իսկ ուրկէ՞ պիտի գան հայագիտական հիմնարկի մը կամ ուսուցչանոցի մը ուսանողները: ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ.- Ակնբախ իրողութիւն է, որ Միջին Արեւելքի մեր հայկական երկրորդական վարժարանները (Պէյրութ, Հալէպ կամ Պոլիս) հայեցի կրթութեան ու հայագիտական ուսումնառութեան տեսակէտէ այլեւս կորսնցուցած են իրենց երբեմնի փայլքը: Հոնկէ շրջանաւարտ մը բացարձակապէս ի վիճակի չէ հայերէնաւանդ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. 133 Տարի

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հաւանաբար Հայաստանի մէջ գործող նոր կուսակցութիւններու համար նեղացուցիչ է միշտ յիշեցնելը, որ Դաշնակցութիւնը 133 տարեկան է: Հաւանաբար մեր տարիները ոմանց համար ծերութեան նշան է, ուրիշներու համար գինիի հետ բաղդատել է, այլոց համար բնաւ արժէք չի ներկայացներ: Սակայն պէտք է գիտնալ եւ հասկնալ, որ քաղաքական բանավէճերուն մէջ կիրթ եւ մտածուած արտայայտուիլը շատ կարեւոր է: Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

«Կանաչ» Ձեռք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ: Օր մը, մեր տան ետեւի բաժինը, որ քանի մը պտղատու ծառերով շրջապատուած եւ անուանած՝ «մեր մեծ պարտէզը», այր եւ կին վերջապէս որոշեցինք անկէ որոշ բաժին մըն ալ յատկացնել բանջարանոցի մը համար: Ուրիշ ի՞նչ անուն կրնայի տալ: Չեմ գիտեր: -Բաւական լաւ եւ պարարտ ու անմշակ խոտածածկ հող ունէինք.- մտովի ես զիս կը համոզէի.- իսկապէս կրնայինք...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ստեփանակերտի Կոմիտասի Անուան Երաժշտական Դպրոցի 85-Ամեակին Առիթով Կազմակերպուեցաւ Ձեռնարկ Մը Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի հիմնադրութեան 85-ամեակին: Դպրոցի տնօրէնուհի Զարինէ Բաբայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ երաժշտական դպրոցը հիմնադրուած է 1938-ին: Ութ տասնեակէ աւելի տարիներ շարունակ Ստեփանակերտի միակ երաժշտական դպրոցը կրթեց ու դաստիարակեց սերունդներ, որոնք այսօր...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ..   Հայկական Մարզի Լուծարք Եւ Արցախ` Կասպիական Մարզին Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.. Հայկական Մարզի Լուծարք Եւ Արցախ` Կասպիական Մարզին Մէջ

Անդրկովկասի Վարչատարածքային Նոր Բաժանում ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Զօրավար Եւգենի Գոլովովին Ռուսաստանի Նիկոլայ Ա. կայսր, կովկասեան ժողովուրդներուն եւ տեղական պայմաններուն անձնապէս ծանօթանալու համար, 1837¬ին Անդրկովկաս այցելեց: Կայսրը խոր ձորեր ու անանցանելի անդունդներ հատող նորակառոյց ճանապարհէն անցնելով համոզում յայտնեց, որ այդ ճանապարհը հարստութեան եւ քաղաքակրթութեան աղբիւր պիտի դառնայ այնքան վայրի եւ դաժան, բայց եւ այնքան առատ եւ առեւտուրի համար նպաստաւոր հողերու համար: Ախալցխայի...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Դաշնակցութիւնը Եօթանասուն Տարի Սփիւռք Կերտեց. Մէկը Պիտի Յիշեցնէ(ր) Ալեն Սիմոնյանին

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մտածենք Սփիւռքի մասին Ալեն Սիմոնեանին մէկը պիտի յիշեցնէր, որ իր 133 տարուան պատմութեան շուրջ 70 տարիները Դաշնակցութիւնը նուիրած է` սփիւռքի կազմակերպման, հայապահպանման եւ համայնքներու ֆիզիքական պաշտպանութեան, իրերայաջորդ սերունդներու քաղաքականացման, Հայ դատի հետապնդման եւ պետականազուրկ սփիւռքահայութեան կողմէ Ցեղասպանութեան հարցը միջպետական օրակարգին բերելու գործին: Միակ կազմակերպութիւնը չէ եղած անշուշտ, ոչ ալ զերծ եղած է սխալներէ եւ երբեմն ալ` սայթաքումներէ:...

«Զանգեզուրեան Միջանցք»-ին Իրանեան Մերժողական Դիրքորոշման Հեռանկարները

«Զանգեզուրեան Միջանցք»-ին Իրանեան Մերժողական Դիրքորոշման Հեռանկարները

Ա. Ա. Պաքուէն Անգարա վերադարձի օդանաւին մէջ լրագրողներուն կողմէ հարցապնդուելով` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յստակօրէն բացայայտեց, որ խորքին մէջ Իրանի իշխանութիւններն են, որոնք դէմ են, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի բացման: Էրտողան գովաբանելով իր երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուելու Հայաստանի վարչապետին քայլը` շեշտեց, որ Իրանը ոչ թէ Հայաստանը, դէմ է, որ Նախիջեւանը, բայց խորքին մէջ Թուրքիան Ազրպէյճանի կապող ցամաքային ուղին բացուի: Ան նաեւ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Մարդն ու Գրողը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակին մէջ, գրասեղանին վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր` առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար. - Պապի՛կ, ի՞նչ կ՛ընես... նորէ՞ն կը գրես... ի՞նչ կը գրես... այս անգամ որո՞ւ համար կը գրես, «այ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Բաց Նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան Անարժան Վարչապետին

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաց Նամակ

ԱՂԱՒՆԻ ՍԱՐԵԱՆ Առաւօտեան ժամը 5:00 է: Յանկարծ արթնցայ, եւ ուղեղիս մէջ այս բառերը հնչեցին: Ո՛վ խուլ, կոյր, համր եւ անխիղճ աշխարհ: Արդեօք չէ՞ք տեսներ, թէ ի՛նչ կը պատահի Արցախի մէջ. արդէն ամիսներէ ի վեր շրջափակուած է այդ սքանչելի փոքր հայրենիքը, արդէն այնքա՜ն փոքր մնաց, վախնանք դեռ մնալիքէն ալ աւելի, կրնայ հիւլէի մը վերածուիլ լոկ: Շատ լաւ գիտէք, որ անկէ ետք...

Սիամանթոյի Ծննդեան 145-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` «Հայութեան Ապրած Արհաւիրքներն Ու Մաքառումը` Քերթողութեան Ընդմէջէն» Թեմայով

«Մեր Գաղութները Օժտենք Հայագիտական Հիմնարկներով»

«Ազդակ»-ի Մտերմիկ Զրոյցը Հալէպահայ Մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի Հետ Զրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Մայիսի վերջին տասնօրեակին Լիբանան կը գտնուէր հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան: Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական գրասենեակին հրաւէրով ժամանած էր Պէյրութ` մայրավանքին հովանին վայելող Հայագիտական դասընթացքներուն բերելու իր նպաստը` դասաւանդելով արեւմտահայերէնի խորացեալ քերականութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն: Շառոյեան իր այցելութեան օրերուն առիթ ունեցաւ կապեր...

Գօգոն Եղաւ Դաշնակցականի Տիպարը

Գօգօ Աչըգեանի Յիշատակին. Յապաղած Հրաժեշտ

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՐՃԵԱՆ Մեր կեանքի ընթացքին կը հանդիպինք անձերու, որոնք սկզբնական շրջանին կը մնան լուսանցքի վրայ, իսկ աւելի ուշ, կեանքի պայմաններու բերումով, կը դառնան մեր կեանքին անքակտելի մէկ մասը, գլխաւոր անձերէն մէկը, որոնց ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը անբաժան կ՛ըլլան մեզմէ: Այսպէս եղաւ Գօգոյին հետ ընկերութեանս պատմութիւնը: Երբ կը յաճախէինք Պուրճ Համուտի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան, բազմամարդ դասարանները ունէին քանի մը բաժանմունք:...

Առաջատար Թեքնաբանութիւնը Եւ Հայերէն Լեզուն. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք

Առաջատար Թեքնաբանութիւնը Եւ Հայերէն Լեզուն. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը համագործակցի Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ մասնագէտներու հետ՝ աջակցելու լեզու եւ թեքնաբանութիւն ոլորտին մէջ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու իրականացումին: Ասոնց շարքին են՝ հայերէնի համընդհանուր ուղղագրիչները, հայերէնի բառակազմութիւնը վերլուծող կայքէջերն ու տուեալներու շտեմարանները, համապատասխան յաւելուածները, հայերէնի քերականութիւնը վերլուծող հարթակները, թուայնացուած հրատարակութիւններն ու հայերէնով որոնելի առցանց գրաւոր նիւթերը: Հաշուի առնելով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու մեր առաքելութիւնը, այս բաց եւ հասանելի թուային աղբիւրներն ու գործիքները դրուած են...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Նափոլիի Հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Հայկական Ս. Գրիգոր համանուն կուսանաց վանքին մուտքը Տեղեակ էի, որ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունին ձօնուած եկեղեցի մը գոյութիւն ունի եւ այնտեղ դարերէ ի վեր կը պահպանուին մաս մը անոր հրաշագործ մասունքներէն։ Ցաւօք, տակաւին մինչեւ վերջերս կարելիութիւնը չէի ունեցած գտնուելու Նափոլի։ Սակայն քանի մը շաբաթ առաջ բախտը վիճակուեցաւ շրջագայութեան մը առթիւ մեկնելու...

Կղիոպատրա` Եգիպտոսի Թագուհին. Ծայրայեղութեանց Փափուկ Ուժին Եւ Ճշմարտութեան Պատերազմը

Կղիոպատրա` Եգիպտոսի Թագուհին. Ծայրայեղութեանց Փափուկ Ուժին Եւ Ճշմարտութեան Պատերազմը

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Այս տարուան (2023) 10 մայիսին ամերիկեան «Նեթֆլիքս» հարթակը սկսաւ սփռել հեռատեսիլաշար մը` Եգիպտոսի թագուհի Կղիոպատրայի (1) մասին: Այս շարքը Եգիպտոսի թագուհիին հանդէպ հետաքրքրութեան նոր ալիք մը ստեղծեց աշխարհի չորս կողմերը: Սակայն առցանց վիճաբանութիւնը, հակաճառութիւնը եւ բողոքը, զորս բարձրացուցին մանաւանդ եգիպտացիները, գերազանցեցին այս հետաքրքրութիւնը: Առաջին անգամը չէր, որ Կղիոպատրային մասին շարժապատկեր մը կամ հեռատեսիլի շարք մը կը պատրաստուէր:...

Բերքահաւաք

Լաւագոյն Պտուղը Քեզի Պիտի Վերապահեմ

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քեսապցի պարտիզպան Մանուկը մանչ թոռնիկը իր քով կանչեց ու ականջին փսփսաց. - Գնա՛ եւ պարտէզի հագուստներդ հագուէ՛, ես եւ դուն պարտէզ պիտի իջնենք ու միասին պիտի շրջինք հոն: Ուրախութիւնը պատած էր թոռնիկին հոգին: Ան միշտ կ՛ուզէր մեծ հօր հետ պարտէզ իջնել, միասին աշխատիլ, օգնել անոր, սակայն մեծ հայրը կը մերժէր իր օգնութիւնը. «Դեռ փոքր ես» խօսքը որքան...

Page 256 of 1111 1 … 255 256 257 … 1,111

Արխիւներ