Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կանաչ» Ձեռք

Յունիս 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ:

Օր մը, մեր տան ետեւի բաժինը, որ քանի մը պտղատու ծառերով շրջապատուած եւ անուանած՝ «մեր մեծ պարտէզը», այր եւ կին վերջապէս որոշեցինք անկէ որոշ բաժին մըն ալ յատկացնել բանջարանոցի մը համար: Ուրիշ ի՞նչ անուն կրնայի տալ: Չեմ գիտեր:

-Բաւական լաւ եւ պարարտ ու անմշակ խոտածածկ հող ունէինք.- մտովի ես զիս կը համոզէի.- իսկապէս կրնայինք ո՛չ միայն բանջարեղէններ կամ թուփեր տնկել, այլ շատ մը ուրիշ բաներ ալ:

Ու աշնանացած առաւօտ մըն էր, երբ բաւական դժուար հեռացայ թուղթերէս, համակարգիչէս, տետրակներէս, նոյնիսկ մատիտներէս, ուղղակի նոր աշխատանքիս համար պարտէզ ուղղուեցայ, քաջ եւ համարձակ: Նախ «կարաժ»էն ձեռնոցներ եւ տեսակաւոր պարարտացուցիչներու տոպրակներու հետ բահ, բրիչ շալկելով մօտեցայ  հողաշերտին: Գիտէի «ընելիքներս»: Ինծի համար դիւրին գործ մը չէր: Պարտիզպան ըլլալ…պարտիզպանութիւն ընել: Ես ո~ւր, «պարտիզպանութիւնն» ուր: Լեռ ու ձոր տարբերութիւն կար:

Թէեւ այս որդեգրում-որոշումովս կամաց կամաց ազատ ժամերու մուրացկան մը պիտի դառնայի, բայց ուրիշ ելք չունէի: Որոշած էինք եւ վերջ: Այս անգամ ես էի կամաւորը նման ծրագրին իրականացման: Ու անմիջապէս ներքին հաշտութեան զգացում մը զիս պատած էր: Կարծես նոր ուժ առած էի: Ես արդէն պատրաստ էի:

Դուրսէն տեսնողը պիտի կարծէր, որ ե՛ս մեր տան ամէնէն երիտասարդն էի:

Նախ, ամբողջ ուժովս, բահով հողը փորել փորձեցի: Ուզեցի տակն ու վրայ ընել: Սակայն հողը չոր եւ կարծր գտայ: Զարմանալի եւ նոյնքան ալ իրական: Շաբաթը քանի մը անգամ ծառերուն հետ, այս մասն ալ ջրած էի: Իսկապէս որ ի տես այս իրականութեան, վայրկեաններս կորսնցուցած էին իրենց շրջագիծը: Անպիտան հողակոյտը հարուածներուս յամառօրէն կը դիմադրէր: Հողը կարելի չէր տեղէն շարժել: Ու յանկարծ անօրինակ բացականչութիւն մը փրթաւ բերնէս: Յառաչանքի նման քանի մը բառեր, կուրծքէս պոկուիլ սկսած էին, ինքնածին, նոյնքան ալ անհանգիստ: Չէի կրնար դիմանալ…ձեռքս չէր…: Վերջ ի վերջոյ, ես ալ մարդ էի…:

Բայց, հիմա ատոր ատենը չէր եւ հոգս ալ չէր: Ես, իմ «ձուկս ունէի տապկելիք».- ինչպէս որ կ’ըսեն: Յայտնի էր, թէ գլխուս մէջ կուտակուած խառն մտածումներ կային: Ուղղակի շփոթի նման բան մը: Տեսակ մը անօրինակ եւ ինծի համար ալ անհասկնալի քաոս: Ուստի արագ մը մտածեցի հողը կակուղցնել: Ու լուծումս գտայ: Նախ՝ առատօրէն ջրել: Ու այս «գործողութիւնը» քանի մը օրերու համրանքով ալ շարունակեցի, մինչեւ որ հողը վերջապէս սկսաւ «հնազանդիլ» բահիս հարուածներուն:

Շաբաթ մը ետք, այր եւ կին, մեր ծրագրած «յատակագիծին» համաձայն, սկսայ հողին մէջ կարգով եւ մէկիկ-մէկիկ տեղաւորել տեսակաւոր բանջարեղէններս: Օրին, երբ մեծ բանջարանոց-վաճառատունէ մը հունտերու եւ թուփերու գնումներս կը կատարէի, մեքսիքացի պաշտօնեան պէտք եղած բոլոր թելադրանքներն ու բացատրութիւնները արդէն տուած էր: Ու հիմա, այդ բոլոր գնածներս մեծ ուրախութեամբ եւ նոյնքան ալ խանդավառութեամբ եւ մանաւանդ անսահման ակնկալութիւններով՝ սկսած էի հողին «յանձնել»:

Հաստատապէս մեր տան նոր պարտիզպանն էի, թէեւ միւս կողմէ ալ, ամիս մը հեռու ու զրկուած պիտի մնայի գրասեղանիս վրայ որբացած համակարգիչէս, բայց հիմա անոր ատենը չէր:

Ու այսպէս, ամէն օր սկսայ շատ մօտէն եւ հաճոյքով հետեւիլ նորակազմ բանջարանոցիս աճման հանգրուաններուն: Կնոջս կարծիքով, պարտէզին մէջ միայն թուփերուն մօտ պառկիլս մնացած էր: Ու այս գործողութիւնները ամէն օր կրկնեցի: Ջուր տուի, թուփերը կապեցի, պարարտացուցիչ աւելցուցի, դարձեալ ջրեցի, թուփերուն վրայ պտտող մրջիւնները մաքրեցի, միշտ հսկեցի չըլլայ թէ հովէն կամ սկիւռներէն, այցելու թռչուններէն եւ կատուներէն նորատունկերս վնասուէին:

Իրենց կարգին տնեցիք ալ սկսած էին շատ մօտէն հետեւիլ բոլոր շարժումներուս: Այնքա՜ն մօտէն, որ մանչերուս մեծ ուշադրութեան առարկան դարձած էի: Մեր ընտանեկան հաւաքներուն, անոնք միշտ կը փորձէին կատակով մը աշխատանքս «քաջալերել» ըսելով.-

-Պապ…քանի մը ամիս ետք, պզտիկ աթոռ մը եւ սեղան մըն ալ առ եւ քաղած սոխերդ ու սխտորներդ տոպրակներու մէջ լեցնելէ ետք, զանոնք թաղին ծայրը նստած ծախել սկսիր… քեզի համար ժամանց կ’ըլլայ եւ թէ՛ ալ՝ տոլար «կը շինես»:

Ահա՛, քեզի անհամ կատակ: Հոգ չէր: Հարկաւ օր մը իրենց այս խօսքերուն համար իմ բանջարանոցս պիտի ամչցնէր զիրենք: Կը հաւատայի ու ես զիս այսպէս կը համոզէի: Ու անհամբեր այդ «նոր» օրուան կը սպասէի:

Բայց եկուր տես, որ երկու եւ քիչ մըն ալ աւելի ամիսներ ետք, ամբողջ թուփերս, չես գիտեր ինչէ՞ն, գլուխնին ծռեցին, կամաց կամաց չորցան: Ջուր, աղբ, հոգատա-րութիւն՝ անօգուտ: Բոլորն ալ մեռան: Ինծի համար բոլորովին անհասկնալի իրավիճակէն մեկնած, վազեցի վաճառատուն եւ ուղղակի մեքսիքացի վաճառողին մօտ՝ պատասխան մը, դարման մը խնդրելու:

Մարդը նոր պարարտացուցիչներ գնել առաջարկեց: Հնազանդեցայ: Բայց դարձեալ անօգուտ: Յոյսերս ա՜լ փճացած էին: Այս ձեւով կորսնցուցած էի թէ՛ ժամանակս եւ թէ՛ նիւթականս:

Կինս յիշեցուց, որ Ֆրեզնօ հայրենակից մը ունէինք, տարիքաւոր եւ անկեղծ, որ բաւականին հողաշերտեր ունէր եւ անոնց վարձքով՝ «թագաւորի» նման կ’ապրէր, անոր կարծիքն ալ առնէի.-«նայինք ի՞նչ պիտի ըսէ»:

Հնազանդեցայ: Հեռաձայնեցի: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս տարիքիս յուզումով եւ քիչ մըն ալ տխրութեամբ, բանջարանոցիս ներկայ վիճակն ու ճակատագիրը իրեն պարզեցի: Հայրենակիցս, զիս երկար ու հանդարտ մտիկ ընելէ ետք, վերջապէս շատ պարզ խօսեցաւ:

-Յարգելիս…գիտես ի՞նչ…ճիշդ ըրած ես ամէն բան …բայց մէկ բան մոռցած ես…քու ձեռքդ «կանաչ» չէ…պէտք է ձեռքդ «կանաչ» ըլլայ…ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ Աստուած քեզ այդպէս ստեղծած է…:

Վայրկեանին բան չհասկցայ: Եւ երբ սենեակս առանձնացած սկսած էի կրկին ու կրկին անգամներ մտաբերել հայրենակիցիս խօսքերը, այն ժամանակ մտքիս մէջ պարզուեցաւ հետաքրքրական այդ ճշմարտութիւնը:

Ու այդ գիշեր, աղօթքիս ու աղերսներուս մէջ, Ամենակալէն ջերմապէս խնդրեցի, որ եթէ իմ ձեռքերս «կանաչ» չէին, գոնէ մեր մեծերուն, ղեկավարներուն ձեռքերը «կանաչ» ընէր, որպէսզի մեր բոլոր հողերն ալ շուտով բարգաւաճէին…:

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Տեսակէտ. 133 Տարի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?