Անդրկովկասի Վարչատարածքային Նոր Բաժանում
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսաստանի Նիկոլայ Ա. կայսր, կովկասեան ժողովուրդներուն եւ տեղական պայմաններուն անձնապէս ծանօթանալու համար, 1837¬ին Անդրկովկաս այցելեց:
Կայսրը խոր ձորեր ու անանցանելի անդունդներ հատող նորակառոյց ճանապարհէն անցնելով համոզում յայտնեց, որ այդ ճանապարհը հարստութեան եւ քաղաքակրթութեան աղբիւր պիտի դառնայ այնքան վայրի եւ դաժան, բայց եւ այնքան առատ եւ առեւտուրի համար նպաստաւոր հողերու համար:
Ախալցխայի մէջ կայսրը ընդունեց Էրզրումէն եկած հայ աւագները, այնուհետեւ մեկնեցաւ Ախալքալաք եւ հոնկէ` Գիւմրի, ուր ընդունեց Կարսէն հեռացած հայ աւագները:
Կայսրը հիացումով դիտեց իր որոշումով Գիւմրիի հարաւ¬արեւմտեան կողմը, բլուրի գագաթին կառուցուած ամրոցը: Ան համոզում յայտնեց որ ամրոցը պաշտպանական գիծ է եւ ցատկահարթակ` Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի վրայ յարձակումներու համար: Կայսրը ամրոցին մէջ ռուս ուղղափառ Սուրբ Ալեքսանդրա եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարեց: Գիւմրին Ալեքսանդրա Ֆէոդորովնա կայսրուհիին անունով վերակոչուեցաւ Ալեքսանդրապոլ:
Գիւմրիէն կայսրը մեկնեցաւ Երեւան` սուրբգրական Արարատը տեսնելու: Կայսեր եռօրեայ կեցութեան ընթացքին սուրբ լեռը մշուշի մէջ թաքնուած էր: Կայսեր վերադարձի ժամանակ ուղեկիցներէն մին յանկարծ ըսաւ.- «Ձերդ գերազանցութիւն, նայեցէ՛ք, Արարատը բացաւ իր դէմքը»: Կայսրը պատասխանեց. «Արարատը երեք օր չուզեց իր դէմքը ցոյց տալ, հիմա ալ ես չեմ ուզեր զինք տեսնել»:
* * *
Զինուորական նախարար Կոմս Չերնիշեւի նախագահութեամբ կազմուեցաւ «Անդրկովկասի բարեկարգման յատուկ յանձնախումբ»¬ը: Այդ յանձնախումբը պէտք է զբաղէր Անդրկովկասի մէջ կատարուելիք ապագայ բարեփոխումներու հարցով:
Այդ հարցերը կարգաւորելու եւ վերջնական որոշում կայացնելու նպատակով Անդրկովկաս ուղարկուեցաւ յատուկ յանձնախումբ` սենատոր Հանի գլխաւորութեամբ, որ պէտք է ուսումնասիրէր երկրամասին մէջ տիրող իրավիճակը եւ ատոր հիման վրայ համապատասխան օրինագիծ կազմէր` կառավարութեան հաստատման ներկայացնելու համար:
* * *

Ղարաբաղի երկրամասին հարցը յատուկ շօշափուեցաւ «ենթադրութիւններ Անդրկովկասի բաժանման մասին» 1837¬ի նախագիծին մէջ:
Այդ նախագիծին համաձայն Ղարաբաղի, Շաքիի, Շիրվանի եւ Թալիշի շրջանները պիտի մտնէին Կուրի, ապա` վերակազմաւորուած Ներքին Կուրի մարզին մէջ` Շուշի կեդրոնով:
Նախագիծին համաձայն Ղարաբաղի շրջանը պիտի կազմուէր չորս մահալներէ` Վարանդա, Դիզակ, Ջիվանշիր եւ Իգիրմիդորդ, որոնք կ՛ընդգրկէին շրջանին լեռնային մասը:
Նախագիծը քննադատուեցաւ իր անմշակ ըլլալուն պատճառով եւ չգործադրուեցաւ:
Անդրկովկասեան յանձնախումբին անունով սենատոր Հան 19 մայիս 1838¬ին ներկայացուց «Անդրկովկասի կառավարման կանոնադրութիւն»-ը:
Նոյն ժամանակ զօրավար Գրիգորի ֆոն Ռոզէն հեռացուեցաւ Կովկասի կառավարչապետի եւ ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնէն եւ զայն փոխարինեց զօրավար Եւգենի Գոլովին:
Զօրավար Գոլովին 1838 օգոստոսին հաստատեց Անդրկովկասի կառավարման կանոնադրութիւնը:
Կանոնադրութեան վերամշակման աշխատանքներու ժամանակ ծրագրուեցաւ Վրացա-Իմերեթական նահանգի եւ Կասպիական մարզի կողքին կազմաւորել եւս մէկ նահանգ` Հայկական մարզի եւ Ղարաբաղի գաւառի միաւորումով: Ծրագիրին հեղինակն էր Չիչագով:
Սակայն երկու նահանգներու համար աստիճանաւորներու նախատեսուող քանակի անբաւարարութիւնը, ձմեռնային հաղորդակցութեան դժուարութիւնները, կառավարման համակարգի ծախսերու ընդլայնումը նկատի ունենալով, երրորդ նահանգի ստեղծումը վերապահուեցաւ կառավարութեան:
Առաջադրուած ծրագիրը չգործադրուեցաւ եւ մնաց թուղթի վրայ:
Վարչական բաժանման փոխարէն 1839 դեկտեմբերին հրապարակուեցաւ կառավարչապետ Գոլովինի նախագիծը` տասը միլիոն ռուբլի տրամադրելու Կովկասեան երկրամասի բարեկարգման:
Նախագիծին համաձայն պէտք է բարեկարգուէր նաեւ Շուշիի ամրոցը եւ հաղորդակցութեան ուղիներ ստեղծուէին Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի գաւառներուն միջեւ: Վարչական բաժանման համար պէտք է հիմք ընդունուէր Ղարաբաղի շրջանային բաժանման 1835¬ի նախագիծը:
* * *

Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս, 1828¬ին կազմաւորուած Հայկական մարզը կ՛ընդգրկէր Երեւանի գաւառը, Շիրակը, Նախիջեւանը եւ Օրտուպատը, իբրեւ կեդրոն ունենալով Երեւանը: Մարզը ունէր 160 հազար բնակիչ, որուն 82 հազարը հայեր էին (մեծամասնութիւնը` 1828-1830¬ին Պարսկաստանէն եւ Օսմանեան կայսրութենէն վերաբնակիչներ) եւ 74 հազարը` իսլամներ:
Հայկական մարզէն դուրս, աւելի քան 250-280 հազար հայեր կը բնակէին Ղարաբաղի, Շամախիի եւ Թիֆլիսի մէջ:
Երկարատեւ քննարկումներէ ետք Նիկոլայ Ա. կայսր 10 ապրիլ 1840¬ին հրամանագիր հրապարակեց, որուն հիմամբ Հայկական մարզը լուծուեցաւ եւ Անդրկովկաս վարչատարածքային երկու միաւորներու բաժնուեցաւ:
Վրացա¬Իմիրեթական նահանգը կ՛ընդգրկէր Թիֆլիս, Թելաւ, Գորի, Բելոկան, Քութայիս, Գուրիա, Ելիզաւետպոլ (Տաւուշ, Ղազախ, Շակաշէն, Գարդման), Երեւան, Նախիջեւան, Ալեքսանդրապոլ եւ Ախալցխա գաւառները, իբրեւ կեդրոն ունենալով Թիֆլիսը: Նահանգը ունէր 970 հազար բնակիչ, գլխաւորաբար` վրացիներ, հայեր եւ մենկրելներ:
Կասպիական մարզը կ՛ընդգրկէր Շամախի, Շաքի, Շիրվան, Ղարաբաղ (կ՛ընդգրկէր նաեւ Զանգեզուրը), Ղուբա, Ջաւադ, Պաքու եւ Թալիշ գաւառները, իբրեւ կեդրոն ունենալով Շամախի քաղաքը: Մարզը ունէր շուրջ 600 հազար բնակիչ, գլխաւորաբար` թուրքեր, հայեր եւ ռուսեր:
* * *
Ռուսեր Անդրկովկասի բնակչութիւնը սկսան բնորոշել իբրեւ հայ, վրացի, սիւննի իսլամ, շիի իսլամ եւ հրեայ: «Պարսիկ» բառը ջնջուեցաւ, շրջանը Պարսկաստանէն միանգամընդմիշտ պոկելու համար, եւ արմատախիլ ընելով պարսկական դարաւոր մշակոյթի աւանդոյթները:
Պետերբուրգ ուղարկուած պետական պաշտօնական տեղեկագիր մը կը հաստատէր, որ Դերբենդէն Պաքու տարածուող գօտիի իսլամները թաթարական եւ պարսկական արիւններէ յառաջացած խառնուրդ են եւ կովկասեան թաթարներ կը կոչուին: Անոնց լեզուն ընդհանրութիւն ունի թրքերէնին հետ: Շիրվանի թրքերէնը բաւական տարբեր բարբառ է: Թարաքամա ցեղի լեզուն ամէնէն մօտն է թրքերէնին: Պարսկերէնը պետական գրագրական լեզու եղած է: Բնակիչները մեծամասնութեամբ շիի են, իսկ սիւննիները լեռնային շրջաններու մէջ կեդրոնացած են:
Ռուս սպաներու ազգագրական հետազօտութիւններ կը հաստատէին, որ Պաքուի բնակչութեան մեծամասնութիւնը թաթեր են, այսինքն` նախկին պարսիկներ, իսկ Շամախիի եւ Ղուբայի բնակչութեան` տասէն երեսուն հարիւրը: Թալիշները իրանալեզու ժողովուրդ են եւ Լենքորանի բնակչութեան գրեթէ կէսը կը կազմեն: Քրտական ցեղերէն ամէնէն ռազմատենչը անասնապահ Շաղաղիներն են, որոնք եօթէն ութ հազար տուն կը հաշուեն: Իրենց ուրոյն տեղը ունին Շահսաւանները, որոնք քոչուոր անասնապահներ են: Կովկասեան թաթարներու լեզուն տարբեր է Խրիմի թաթարներու լեզուէն եւ աւելի մօտ է Ռուսաստանի թաթարներու լեզուին: Տաղստան եւ Շիրվան սիւննի են, թաթերը` շիի:
Ռուսական բանակի հետազօտական տուեալները կը շարունակէին ըսելով որ պարսիկ կը կոչուին իրանական ծագումով ժողովուրդները: Շամախիի բնակչութեան մեծամասնութիւնը պարսիկներ են, «զգալի թիւով» հայեր եւ վրացիներ: Շիրվանի խօսակցական լեզուն պարսկերէնն է, իսկ թրքերէնը կը նկատուի գռեհիկ լեզու: Դերբենդէն Պաքու տարածուող գօտիի իսլամները, որոնք թաթարական եւ պարսկական ցեղերու խառնուրդ են, ձեւաւորուած ժողովուրդ չեն:
Կովկասի թաթարները Աստրախանի, Կազանի եւ Խրիմի թաթարներէն զանազանելու համար ռուսական իշխանութիւններ որոշեցին զանոնք կոչել լեռնային թաթարներ:
Ռուսական կառավարութեան համար լեռնային թաթար կը նկատուէին Կումիկ, Թարաքամա եւ Նողայ ցեղերը: Շիրվանի թրքերէնն ալ կը բնորոշուէր իբրեւ թաթարերէն: Այրումլուները, որոնք Շիրակի մէջ կեդրոնացած էին, թրքական առանձին ցեղ կը նկատուէին: Խան Չոպանիները, Շամախիի մէջ, 700 տուն կը հաշուէին, 500 կռուող ունէին, սիւննի էին եւ ազգագրական առանձին հաւաքականութիւն կը նկատուէին:
Պետական արձանագրութիւններու մէջ կը յիշուէր նաեւ որ Պաքուի թաթարները իրենց սովորութիւններով ու կենցաղով աւելի մօտ են պարսիկներուն, քան թուրքերուն:
* * *
Անդրկովկասի բարեկարգման առաջադրանքով Պետերբուրգէն շրջան ուղարկուած յանձնախումբը մանրամասն քննութիւններ կատարեց տեղական հողատիրութեան դրութիւնը ուսումնասիրելու համար: Յանձնախումբը այն եզրակացութեան հասաւ, որ Անդրկովկասի իսլամ ազնուականութեան` խաներու, բէկերու եւ աղաներու, եւ ռուսական կալուածատիրութեան միջեւ նմանութիւն չկայ: Պարսկաստանի մէջ ճորտութիւն չէ եղած, որպէսզի օրինականացուէր ազնուականի գիւղատիրութիւնը: Խաները, բէկերը եւ աղաները պետական պաշտօնեաներ եղած են, որոնք իրենց ծառայութեան համար իրաւունք ստացած են օգտուելու այս կամ այն գիւղի արդիւնքներէն: Այժմ բնական եւ արդար պիտի ըլլար որ խաները, բէկերը եւ աղաները հեռացուէին իրենց պաշտօններէն եւ անոնցմէ խլուէին գիւղերը: Բայց որովհետեւ այդ դասակարգը սորված էր ձրիակերութեան, կ՛առաջարկուէր որ անոնց կենսաթոշակ տրուի մինչեւ մահ, իսկ անկէ ետք անոնց ժառանգորդները իրենց սեփական աշխատանքով իրենց ապրուստը պիտի հայթայթեն:
Պետական յանձնախումբի հաշուարկներով, միայն Շաքիի, Շիրվանի եւ Ղարաբաղի մէջ անաշխատունակ եւ պորտաբոյծ այդ դասակարգին թիւը կը կազմէր տասը հազար 750 մարդ, որոնց կը կերակրէին 83 հազար գիւղացիներ, գանձարանին չվճարելով ոչ մէկ կոպէկ:
Յանձնախումբը մտահոգութիւն կը յայտնէր, որ ձրիակերութեան եւ անաշխատ կեանքի վարժուած «արտօնեալ» դասը, վարչական գործերէն եւ անոնցմէ ստացուող եկամուտներէն զրկուելով, կրնար չարիք դառնալ երկրի գլխուն, քանի որ գողութեամբ եւ աւազակութեամբ պիտի պարապէր:
Կառավարութեան նոր քաղաքականութեան յաջորդ քայլը 23 մայիս 1841-ի օրէնքն էր: Այդ օրէնքին համաձայն թաթար աղաներու կառավարման ներքեւ գտնուող գիւղերը կ՛ազատուէին անոնց ենթարկուելու, տուրքեր վճարելու եւ անձնական ծառայութիւններ կատարելու պարտաւորութիւններէն: Կարգ կը սահմանուէր, որ գիւղացիներ այժմ տուրքերը տանուտէրերու միջոցով պետական գանձարանին պէտք է յանձնէին: Կառավարութիւնը փութով ձեռնամուխ եղաւ ընդունուած օրէնքներու կենսագործման:
Առաջին հերթին Ղազախի հայկական տասնմէկ գիւղերու բնակիչներ ազատուեցան աղաներու վարչութենէն: Կայսերական հրաման ստացուեցաւ Ղազախի եւ Բորչալուի աղաները իրենց պաշտօններէն հեռացնելու մասին. անոնցմէ կախեալ102 գիւղեր ազատուեցան:
Սակայն Ջաֆար Ղուլի խան Ջաւանշիր, որ 1830-ին Ղարաբաղ վերադարձած էր եւ ռուսական բանակի գնդապետ էր, կը պահէր կալուածատիրական իր բոլոր իրաւունքները: Արցախի հայ գիւղացիները անկէ խնդրեցին թեթեւցնել հողատիրութեան պայմանները, բայց ապարդիւն: