Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջատար Թեքնաբանութիւնը Եւ Հայերէն Լեզուն. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք

June 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը համագործակցի Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ մասնագէտներու հետ՝ աջակցելու լեզու եւ թեքնաբանութիւն ոլորտին մէջ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու իրականացումին: Ասոնց շարքին են՝ հայերէնի համընդհանուր ուղղագրիչները, հայերէնի բառակազմութիւնը վերլուծող կայքէջերն ու տուեալներու շտեմարանները, համապատասխան յաւելուածները, հայերէնի քերականութիւնը վերլուծող հարթակները, թուայնացուած հրատարակութիւններն ու հայերէնով որոնելի առցանց գրաւոր նիւթերը: Հաշուի առնելով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու մեր առաքելութիւնը, այս բաց եւ հասանելի թուային աղբիւրներն ու գործիքները դրուած են ամենօրեայ ընթերցողներու, հետազօտողներու, լեզուն սորվողներու եւ զայն գործածողներու տրամադրութեան տակ:

Լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտին մշտական եւ արագ զարգացումները նկատի առնելով, եւ համաձայն Հիմնարկութեան նոր հնգամեայ ծրագիրին, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը եւ «ԹՈՒՄՈ ստեղծարար տեխնոլոգիաների կենտրոն»-ը կազմակերպեցին աշխատանքային հանդիպում մը հայերէնին վերաբերող թեքնաբանական աշխատանքները ծրագրելու համար։ Հանդիպումին ներկայ եղան աշխարհի տարբեր տեղերէ աւելի քան քսան մասնագէտներ, որոնք 30 եւ 31 մայիս 2023-ին հանդիպեցան ԹՈՒՄՈ Երեւան՝ երկօրեայ աշխատաժողովի մը համար:

Հանդիպումին նպատակն էր ախտորոշել ներկայ պահանջքները եւ ստեղծել անհրաժեշտ գործիքները՝ լեզուի կիրարկութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու համար։ Քայլ պահելով թեքնաբանական առաջընթացին հետ, հանդիպումը կը միտէր ուսումնասիրելու ոլորտին ամենահեռանկարային գաղափարները եւ նախաձեռնութիւնները, եւ քննարկելու ներկայ առանցքային հարցերը. որո՞նք են անհրաժեշտ գործիքները հայերէնը թեքնաբանութեան առաջնագիծ բերելու համար։ Ի՞նչ հնարաւորութիւններ եւ սպառնալիքներ կրնան յառաջանալ արհեստական բանականութեան վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ: Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայերէնի իմացութիւնը արհեստական բանականութեան զանազան գործիքներուն մէջ:

2023-ի այս աշխատանքային հանդիպումին յստակացան որոշ կիրարկելի քայլեր, ներառեալ՝ թուային տուեալներու մեծ եւ կենդրոնացած շտեմարաններու գոյացումը, բաց եւ հասանելի քոտերով. քերականական գործիքներու, առցանց թարգմանիչներու, խօսքէն-գրութիւն եւ գրութենէ-խօսքի վերածող գործիքներու ստեղծումը, ինչպէս նաեւ խորհրդատուական մարմնի ձեւաւորումը, որ փորձագիտական խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ նշեալ նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:

Այս հանդիպումը հիմնուած է 2015 թուականին կայացած աշխատաժողովի արդիւնքներուն վրայ, որ տեղի ունեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ ԹՈՒՄՈ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հիմնարկութիւնը հայերէնին վերաբերող լեզու-թեքնաբանութիւն ոլորտի իր հետագայ ծրագրաւորումը մեծ մասամբ կազմած էր հիմնուելով 2015-ի այդ հաւաքին վրայ: 2023 թուականի մայիսի հանդիպումը նոյնպէս հիմք պիտի հանդիսանայ այս ոլորտին մէջ Հիմնարկութեան գործունէութեան ծրագրաւորումին՝ վերջերս մեկնարկուած Բաժանմունքին 2023-2027 հնգամեայ ծրագիրին ծիրին մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

Նախորդը

Նափոլիի Հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին

Յաջորդը

Գօգօ Աչըգեանի Յիշատակին. Յապաղած Հրաժեշտ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.