Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ստեփանակերտի Կոմիտասի Անուան Երաժշտական Դպրոցի 85-Ամեակին Առիթով Կազմակերպուեցաւ Ձեռնարկ Մը
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի հիմնադրութեան 85-ամեակին:
Դպրոցի տնօրէնուհի Զարինէ Բաբայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ երաժշտական դպրոցը հիմնադրուած է 1938-ին: Ութ տասնեակէ աւելի տարիներ շարունակ Ստեփանակերտի միակ երաժշտական դպրոցը կրթեց ու դաստիարակեց սերունդներ, որոնք այսօր իրենց աւանդը ունին Արցախի մշակութային կեանքի աշխուժացման գործին մէջ:
«2022-2023 ուսումնական տարեշրջանին դպրոցը ունեցաւ 437 աշակերտ: Այս տարի ունինք 61 շրջանաւարտ, որոնցմէ ինն որոշած են իրենց ուսումը շարունակել երաժշտական ասպարէզին մէջ: Մօտաւորապէս վեց ամիս շարունակուող շրջափակման պայմաններուն մէջ դպրոցը թէկուզ մէկ օր չդադրեցուց իր գործունէութիւնը: Մեր առաքելութիւնը հիմնադրութեան օրէն ի վեր չէ փոխուած: Մենք կը շարունակենք մեր երեխաներուն մէջ սէր սերմանել մշակոյթի, երաժշտութեան հանդէպ: Վստահ ենք, որ մեր աշակերտները վաղը պիտի դառնան մեր երկրի լիարժէք քաղաքացիները», նշեց Զ. Բաբայեան:
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորայր Մկրտչեան, շնորհաւորելով երաժշտական դպրոցի 85-ամեակը, կարեւոր նկատեց անոր դերը արցախեան երաժշտական կեանքի զարգացման գործին մէջ:
«Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի 85-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը անգամ մը եւս լաւագոյն կարելիութիւնն է արժեւորելու, գնահատելու եւ մեր հոգիի երախտիքը յայտնելու դպրոցի հիմնադրութենէն ի վեր Արցախի մշակութային կեանքի զարգացման գործին մէջ իրենց մեծագոյն ներդրումը ունեցած բոլոր նուիրեալներուն: Դպրոցը, իր գործունէութեան ամբողջ ժամանակահատուածին առանձնակի լաւատեսութեամբ ու ջանադրութեամբ յաղթահարելով բազում մարտահրաւէրներ, սիրով ու համբերատարութեամբ մեր երեխաներուն ո՛չ միայն սոսկ մատուցել, այլեւ մեր ազգային մտածելակերպին համահունչ ձեւակերպումներով նոր իմաստ հաղորդեց եւ արհեստավարժութեամբ նորանոր բարձրակէտի հասցուց այն բարձրարուեստ երաժշտութիւնը, որ իսկապէս կ՛արտայայտէ նաեւ մեր ազգային ոգին եւ ժողովուրդի հոգիին ապրումները», ընդգծեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարը:
Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան բաժինի նախագահ Տաթեւիկ Բալայեան քաղաքապետութեան կողմէ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէնին խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց:
«Արցախը եւ արցախցին միշտ ալ իրենց աւանդով առանձնացած են արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ, մասնաւորապէս` երաժշտութեան ասպարէզին մէջ, որուն դարբնոցի ու դրօշակրի պատուաւոր եւ պատասխանատու դերը աւելի քան ութ տասնամեակ կրած է Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցը: Դպրոցին ամէնէն մեծ ձեռքբերումը անոր շրջանաւարտներն են», ընդհանրացուց Տ. Բալայեան:
Հերթական Մշակութային Վանտալիզմը. Ազրպէյճանցիները Աւերեցին Հալիւորի Կամուրջը
«Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» («Caucasus Heritage Watch») կայքը հրապարակեց տիեզերական լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ազրպէյճանցիները կ՛աւերեն Հալիւորի կամուրջը:
Հալիւորի կամ Հալեւորի կամուրջը կը գտնուի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղէն 2 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք` Իշխանագետի վրայ: Համաձայն կամուրջի հոսքընթաց ճակատին ագուցուած քարին վրայ փորագրուած եւ ցարդ պահպանուած շինարարական 7 տողանի արձանագրութեան, կամուրջը կառուցուած է 1835 թուականին:
Անիկա Իշխանագետի եւ անոր վտակներուն վրայ կառուցուած 6 կամուրջներէն մէկն է, որոնցմէ չորսը անխափան կը պահպանուին եւ կը գործեն:
Հալիւորի կամուրջը կարծես Իշխանագետի կանաչ գօտին ըլլայ: Իրականութեան մէջ այդ գօտին Մեծ Թաղերու տարածքը գետի վրայէն կը կապէ Տումի գիւղին հետ: Միակամար, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած կամուրջը զիրար կապած է ժայռոտ ձորափերը: Անիկա ունի 20 մեթր երկարութիւն, 3 մեթր լայնք եւ 9 մեթր բարձրութիւն:
Կամարային բացուածքին լայնութիւնը կը կազմէ 9 մեթր: Շինարարական կիսաեղծ արձանագրութիւնը կը գտնուի հիւսիսարեւմտեան խելի պատին ագուցած արձանագրութեան մէջ, ուր գրուած է. «Յիշատակ է /կամուրջս Յարու/ թիւն որդի Գեւ/ որքի, շինեցի իմ /ծնողաց, ով անցնի/ ա /աստուած ողորմի ասի, /ՌՄՁԴ /1835թ./»:
Անհրաժեշտ է նշել, որ այս կամուրջը իր կառուցուածքով եւ դիրքով կը տարբերի միւսներէն: Տարածքէն մեկնելով` նոր կամուրջը կառուցուած է այնպէս, որ Մեծ Թաղերու կողմէ կամուրջին խելը մօտ երկու մեթր ցած է հանդիպակաց կողմի խելէն: Կառուցուած է որձաքարի մեծ եւ մանր անտաշ բեկորներով, ամուր կրաշաղախով:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ Գիտաժողովով Նշուեցաւ Երգահան Քրիստափոր Կարա–Մուրզայի Ծննդեան 170-Ամեակը
16 յունիսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ երգահան, խմբավար, երաժշտական-հասարակական գործիչ, երաժշտական քննադատ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի ծննդեան 170-ամեակին նուիրուած «Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի գործունէութեան պատմական նշանակութիւնը» գիտաժողովը:
Գիտաժողովի մասնակիցներուն ողջունեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկի տնօրէն, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Աննա Ասատրեան: «Հայ երաժշտագիտութեան մէջ առաջին անգամ կ՛իրականացնենք այսպիսի գիտական համագումար` նուիրուած Կարա-Մուրզայի գործունէութեան պատմական նշանակութեան: Կարա-Մուրզայի հետ կապուած է հայ երաժշտութեան մէջ բազմաձայնութեան արմատաւորումը: Ան հայ երաժշտութեան առաջին գործիչներէն էր, որ զբաղեցաւ հայ ժողովրդական երգերու հաւաքման, գրառման, բազմաձայնման եւ տարածման գործով: Անոր անուան հետ կապուած է նաեւ հայ խմբերգային երաժշտութեան տարածումը: Հայ իրականութեան մէջ ազգային օփերա ստեղծելու առաջին փորձը` «Շուշան» օփերան, եւս կը պատկանի Կարա-Մուրզային», ըսաւ Աննա Ասատրեան:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան նշեց. «Կարա-Մուրզան արժանի վաստակ ունի: Մեր առաքելութիւնն է, որպէսզի հայը նոյնականանայ ոսկեդարեան ժառանգութեան հետ եւ հասնի մինչեւ Կարա-Մուրզա, որպէսզի մենք տեսնենք հայրենասէր, հայրենիքը իրենց մէջ կրող հայերը», յայտնեց Նաւասարդ արք. Կճոյեան:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան ողջունելով ներկաները` ըսաւ. «Այսպիսի ձեռնարկները ունին երկու կարեւոր նպատակ` արժեւորել մեր մշակոյթի մեծ գործիչներուն ձգած ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մեր այս դժուարին ժամանակներուն մէջ անգամ մը եւս յիշեցնել մեր սերունդներուն, թէ ի՛նչ հարուստ ժառանգութիւն ունեցած ենք, եւ պէտք է գնահատել ու յիշել զայն: 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, երբ ան սկսաւ իր գործունէութեան, տակաւին ասպարէզ չէին մտած մեր մշակոյթի շատ մը մեծ գործիչներ: Եւ այդ ժամանակ ան ստանձնեց առաքելութիւն մը, որ չափազանց կարեւոր էր նաեւ հետագայ զարգացումներուն համար: Անոր ստեղծած մեծ թիւով խմբերգները` մօտաւորապէս 300, երգչախումբերը` 90, եւ կատարումները երգչախումբին հետ միասին կրցան Հարաւային Կովկասի հայաշատ քաղաքներուն, անոնց շարքին` Շուշիի մէջ, հսկայական աշխատանք կատարել` հայ ժողովուրդի մտաւոր մշակոյթի զարգացումը խթանելու ուղղութեամբ, եւ այսօր մենք պէտք է արժանին մատուցենք անոր կատարած այդ վիթխարի աշխատանքին»:
Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան նախագահ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արամ Սաթեան նշեց. «Տարիներու ընթացքին այն աւանդոյթը, որ մտցուցած էր Կարա-Մուրզան` ստեղծագործող, հասարակական գործիչ, կազմակերպող միաձուլումը, տուած է հիանալի արդիւնքներ: Հետագային Կոմիտաս եւ շատ մը երաժիշտներ կազմակերպեցին եւ փափաքեցան բարձրացնել հայ արուեստը ո՛չ միայն հայ բնակչութեան մէջ, այլ նաեւ` այնտեղ, ուր հայեր չկային: Իբրեւ արդիւնք` այսօր ունինք ամուր համակարգ մը, որուն վրայ կրնան յենիլ ժամանակակից հայ երաժիշտները»:
Գիտաժողովի ընթացքին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական Երաժշտանոցի, Հայաստանի երաժիշտներու միութեան, Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները հանդէս եկան զեկուցումներով` նուիրուած հայ խմբերգային արուեստին` Քրիստափոր Կարա-Մուրզայէն մինչեւ Յովհաննէս Չեքիճեան, Կարա-Մուրզայի գործունէութեան եւ ստեղծագործական ժառանգութեան:
Հաղորդենք, որ գիտաժողովը կազմակերպեցին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկը, Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմը եւ Հայաստանի Երաժիշտներու միութիւնը:
Հայկական Ժապաւէնները` Ժընեւի Արեւելեան Ժապաւէններուն Միջազգային 18-րդ Փառատօնին
Յունիս 12-18 կայացաւ Ժընեւի Արեւելեան ժապաւէններու միջազգային 18-րդ փառատօնը, որ ֆրանսախօս Զուիցերիոյ մեծագոյն մշակութային ձեռնարկներէն է: Ամէն տարուան յունիսին, մէկ շաբթուան ընթացքին փառատօնին կը ներկայացուի Մարոքէն մինչեւ Հնդկաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ գտնուող տասնեակ մը երկիրներու շարժանկարչութեան նորագոյն եւ լաւագոյն գործերը:
Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնէն յայտնեցին, որ 2023 թուականին ամբողջացաւ հայկական շարժանկարչութեան 100-ամեակը, իսկ փառատօնի շրջանակներուն մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ յայտարարուած` «Հայկական օրուան» միջոցով: Փառատօնին ներկայացուեցան միջազգային բազմաթիւ փառատօներու մասնակցած եւ մրցանակներ շահած հայկական արտադրութեան երկու ժապաւէններ` «Ամերիկացին» եւ «Դրախտի դարպասը»:
Փառատօնի խորհուրդի անդամ եւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի նախկին առեւտրական ներկայացուցիչ Հայկ Յովհաննիսեանի, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ, Հայաստանը այս տարուան փառատօնին ներկայացուեցաւ յատուկ կարգավիճակով:
Անուանի Քանդակագործ Ղուկաս Չուբարեանի 100-Ամեակին Նուիրուած Նամականիշ
Հայ անուանի քանդակագործ, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական նկարիչ եւ Գեղարուեստի ակադեմիայի անդամ Ղուկաս Չուբարեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով մեկնարկեցին յոբելենական շարք մը ձեռնարկներ:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ 16 յունիսին Մատենադարանի թանգարանային մասի տեսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծանուն հայեր. Ղուկաս Չուբարեանի 100-ամեակ» թեմային նուիրուած նամականիշի մարման պաշտօնական արարողութիւնը: Նամականիշի մարումը իրականացուցին` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արայիկ Խզմալեանը, Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սահակեանը, «Հայփոստ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Արայիկ Աբրահամեանը, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Ղուկաս Չուբարեանի որդին` Գրիգոր Չուբարեանը, Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Կարէն Մաթէոսեանը եւ Հայաստանի ֆիլատելիստներու հայկական միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը:
«16 յունիսին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ 320 հայկական դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած հայ մեծանուն քանդակագործ, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական նկարիչ Ղուկաս Չուբարեանը (1923-2009 թ.)` Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը ստեղծագործելու ընթացքին: Նամականիշին վրայ նաեւ պատկերուած է 100 թիւը, որ կը խորհրդանշէ Ղուկաս Չուբարեանի հարիւրամեայ յոբելեանը, ինչպէս նաեւ` «Ղուկաս Չուբարեան» գրառումը` հայերէնով եւ անգլերէնով: Նամականիշները տպագրուած են Ֆրանսայի «Կարտոր» տպագրատան մէջ, 10 հազար օրինակով: Ձեւաւորումի հեղինակը Ռեմ Սահակեանն է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքին մեծ դահլիճին մէջ նամականիշի մարման արարողութեան յաջորդեց «Հովեր» երգչախումբին համերգը, որուն ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական նկարիչ Ղուկաս Չուբարեանի ընտանիքին անդամները, արուեստասէր հանրութիւնը:
Արա Խզմալեան տեղեկացուց, որ Ղուկաս Չուբարեանի ծննդեան 100-ամեակը պատշաճօրէն նշելու նպատակով Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարին հրամանով ստեղծուեցաւ յոբելենական յանձնախումբ: Տարուան ընթացքին կը նախատեսուին շարք մը ձեռնարկներ, որոնք միտուած են մեծանուն արուեստագէտին հարուստ ժառանգութեան վերարժեւորման եւ հանրայնացման:
«Այս ձեռնարկներով մենք կը նպատակադրենք պատշաճօրէն նշելու եւ վերաիմաստաւորելու հոգեւոր իրողութեան 100-ամեակը, որուն անունը Ղուկաս Չուբարեան է: Այսօր Երեւանի Մանկական զբօսայգիին մէջ Ղուկաս Չուբարեանի «Սուրբ լինի անունը Քո» քանդակին հանդիսաւոր բացման արարողութեան ժամանակ քանդակագործի դստեր` տիկին Անուշի խօսքին մէջ նկատեցի հօրը ուրուագիծը` արժանապատիւ, շիտակ, ազնիւ: Մեր մեծերը, անոնց շարքին` Ղուկաս Չուբարեան, ունենալով բարդ կենսագրութիւն, ողբերգական ճակատագիր, զրկանքներ, դժուարութիւններ, կրցած են մեծ եւ արժէքաւոր ժառանգութիւն աւանդել մեր ժողովուրդին եւ հասարակութեան, որով իրաւունք տուին մեզի համարուելու քաղաքակիրթ ազգ, մշակութային հանրութիւն: Չուբարեանի գործունէութիւնը անբաժանելի է մեր կենսագրութենէն, հոգեւոր եւ զգացմունքային յիշողութենէն: Անոր ստեղծագործութիւնները արդէն մտած են մեր արեան, մեր մանկական յիշողութիւններուն մէջ, եւ պատահական չէ, որ այսօր նամականիշին մարումը եւ հոգեւոր երաժշտութեան համերգը կը կայանան կառոյցի մը մէջ, որ անքակտելիօրէն կապուած է իր ստեղծագործութեան` Մաշտոցի արձանին հետ», նշեց Արա Խզմալեան եւ վստահութիւն յայտնեց, որ հայ ազգը մեծանուն արուեստագէտին արժանի հետնորդ հանդիսանալու ներուժը ունի:
Ղուկաս Չուբարեանի ծննդեան օրը` 16 յունիսին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը, Հայաստանի նախագահի խորհրդական Վահրամ Դումանեանը, արուեստագէտին ընտանիքի անդամները, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, մշակոյթի գործիչներ այցելեցին Երեւանի Քաղաքային պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհեցին մեծանուն արուեստագէտին շիրիմին:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ Ամփոփուեցաւ «Ուսեալ Ազգի Վկայագիրները» Մրցոյթը
16 յունիսին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կազմակերպած «Ուսեալ ազգի վկայագիրները» մրցոյթի ամփոփիչ մասին եւ մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աշխատակիցները, ՀՊՄՀ դասախօսական անձնակազմը, ուսանողներ եւ ուրիշներ: Մրցոյթ իրականացնելու գաղափարը յառաջացաւ անցեալ տարուան նոյեմբերին, երբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ ՀՊՄՀ իր 100-ամեակին առիթով հիւրընկալեց «Հայկական վարժարաններու հետքերով. ուսեալ ազգի վկայագիրները» խորագրով շրջիկ ցուցադրութիւնը:
Նախքան մրցոյթին ամփոփումը` ձեռնակին մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Գիտաժողովներու սրահին մէջ ներկաները ողջունեցին եւ մրցոյթի մասնակիցներուն յաջողութիւններ մաղթեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեանը եւ ՀՊՄՀ մանկավարժութեան ամպիոնի վարիչ, մանկ. գիտ. դոկտոր, փրոֆեսէօր Այտա Թոփուզեանը: Վերջինս Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց մրցոյթին ներկայացուած բոլոր աշխատանքները: Այդ աշխատանքներուն մէջ ներկայացուած են արեւմտահայ եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերուն կրթօճախները, անոնց դերը ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ: Էդիտա Գզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար, եւ յուսաց, որ հետագայ համագործակցութեան ծիրին մէջ ուսանողները ներգրաւուին միացեալ այլ ծրագիրներու մէջ:
Այնուհետեւ ներկայացուեցան մրցոյթին մասնակցած ՀՊՄՀ տարբեր բաժանմունքներու ուսանողներու եւ դասախօսներու պատրաստած եւ եզրափակիչ փուլ անցած երեք նախագիծները, եւ դատական կազմին անդամները ընտրեցին յաղթողը: Ի դէպ, դատական կազմին մէջ ընդգրկուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման պատասխանատու, «Հայկական վարժարաններու հետքերով. ուսեալ ազգի վկայագիրները» խորագրով ցուցադրութեան հեղինակ Սեդա Պարսամեանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կրթական ծրագիրներու պատասխանատու Ինեսա Ստեփանեանը: Մրցանակակիրներուն Այտա Թոփուզեանը յանձնեց պատուոյ գիրեր, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը նուիրեց «Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու յուշագրութիւններ» մատենաշարի գիրքերէն:
Ձեռնարկին աւարտին ուսանողներն ու դասախօսները շրջեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, որուն աւագ ուղեկցորդ Անժել Թեւեքելեանի ուղեկցութեամբ անոնք ծանօթացան մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն: