Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. 133 Տարի

Յունիս 21, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հաւանաբար Հայաստանի մէջ գործող նոր կուսակցութիւններու համար նեղացուցիչ է միշտ յիշեցնելը, որ Դաշնակցութիւնը 133 տարեկան է:

Հաւանաբար մեր տարիները ոմանց համար ծերութեան նշան է, ուրիշներու համար գինիի հետ բաղդատել է, այլոց համար բնաւ արժէք չի ներկայացներ:

Սակայն պէտք է գիտնալ եւ հասկնալ, որ քաղաքական բանավէճերուն մէջ կիրթ եւ մտածուած արտայայտուիլը շատ կարեւոր է:

Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն այսօրուան, այլ նաեւ 1890-էն ի վեր Օսմանեան կայսրութեան եւ անոնց ուղիով շարունակուող մտածումներով գործող բոլոր քաղաքական ուժերուն հաճելի չէ:

Եթէ նորանկախ Հայաստանը 30 տարեկանէ աւելի է, մենք կը խօսինք 133 տարուան ճանապարհ անցած կուսակցութեան մասին:  Ամէն տեսակի հալածանքներու, ապստամբութիւններու, սփիւռքը կազմակերպ եւ պատրաստ ուժ պահելու գործ տարած կուսակցութեան մասին է խօսքը:

Եռագոյնը մեր տուներուն մէջ պահելու, Հայաստան չտեսած` Հայաստանը սիրելու, սերունդներ պատրաստելու եւ անկախութենէն ետք ամէն ինչ Հայաստանի համար ընելու նպատակով գործած ու գործող կազմակերպութիւն է:

Գործակցած ենք բոլորին հետ, բայց բոլորին սխալներն ալ մատնանշած ենք, ընդգծած ենք ընտրութիւններուն անարդարութիւնը, բարձրաձայնած ենք փտածութիւնը, բայց հայրենիքին համար եւ հայրենիքի հզօրութեան համար բոլորին հետ գործակցած ենք:

Այսօր անկեղծ ըլլալու պահն է: Երկխօսութեան, հանդուրժողութեան, ազգային արժէքներու հանդէպ յարգանքի ու գուրգուրանքի նախաձեռնողը ո՞վ պիտի ըլլայ: Արդեօք անկեղծօրէն կա՞յ այդ կամքը: Չեմ կարծեր: Փաստօրէն, պատուէրներ կատարելու համար ո՛չ երկխօսութիւն պէտք է, ո՛չ ալ հանդուրժողութիւն:

Ամէն բան առանձին ընելու եւ բոլորին անունով մէկ հոգիով աշխատելու այս ոճն է, որ պէտք է դադրի:

133 տարուան գործունէութիւնը եւ 133 տարուան քրտինքն ու նահատակները, ձեռքբերումներն ու նուիրումները, հալածանքներն ու աքսորները այսպէս եւ նման ելոյթներով կարելի չէ չէզոքացնել: Ի՞նչ կ՛ընէք: Ո՞ւր պիտի հասնիք: Ինչո՞ւ այս ամբողջ կիրքն ու անհանդուրժողութիւնը: Նոյնիսկ ձեր ըսած «1 տոկոս ընդդիմութիւնը» չհանդուրժելու եւ չընդունելու կարգավիճակի մէջ էք:

Լա՛ւ գիտցէք, որ այս ձեւով սփիւռքը կը բաժնէք Հայաստանէն, եւ գիտէք, թէ այդ մէկը գիտէք միայն որո՛ւ ի նպաստ է:

133 տարի եւ այս 133 տարիները դուք բոլորդ հանգիստ կլլեցէք, այդ փորձառութեան նկատմամբ հաւատք ունեցէք, որ ազգայինն ու հայրենիքը ամէն բանէ վեր սկզբունքով գործող կուսակցութիւն է Դաշնակցութիւնը, որուն նկատմամբ ոչ մէկ կասկած պէտք է ունենալ:

Հակասութիւնը թերեւս ազգային արժէքներու հանդէպ ձեր պահուածքին ու վարքագիծին մէջ է, անոնք շատ կասկածներ կ՛արթնցնեն:

Պատմական եւ ճակատագրական ծանր այս պայմաններուն մէջ հանդուրժողութիւնն ու երկխօսութիւնը միակ ուղին են:

Բայց կարելի չէ իշխանութեան մակարդակով պառակտիչ քաղաքականութիւն վարել, ազգային արժէքները ոտնակոխել եւ ապա միասնութիւն առաջարկել:

Ազգային արժէքներու շուրջ միասնութիւնը միակ ելքն է:

 

 

 

Նախորդը

«Կանաչ» Ձեռք

Յաջորդը

«Մեր Գաղութները Օժտենք Հայագիտական Հիմնարկներով»

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?