Փաշինեան Կը Մերժէ Հրաժարական Տալ` Հակառակ Իր Ժողովրդականութեան Կտրուկ Անկումին
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Վերջերս Հայաստանի մէջ երկու հարցախոյզ կատարուած է` մարդոց հնարաւորութիւն տալով արտայայտել իրենց տեսակէտները տարբեր հարցումներու, որոնց շարքին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդականութեան կտրուկ անկման մասին: Առաջին հետազօտութիւնը կատարուած է 23 յունուարէն 4 մարտ 2023-ի միջեւ, հարցումներու հետազօտութեան կեդրոնին կողմէ, որ Ուաշինկթընի մէջ գործող Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (IRI) նախագիծն է: Այս գիտական հետազօտութիւնը, որ հիմնուած է...




















