ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Այս տարուան (2023) 10 մայիսին ամերիկեան «Նեթֆլիքս» հարթակը սկսաւ սփռել հեռատեսիլաշար մը` Եգիպտոսի թագուհի Կղիոպատրայի (1) մասին: Այս շարքը Եգիպտոսի թագուհիին հանդէպ հետաքրքրութեան նոր ալիք մը ստեղծեց աշխարհի չորս կողմերը: Սակայն առցանց վիճաբանութիւնը, հակաճառութիւնը եւ բողոքը, զորս բարձրացուցին մանաւանդ եգիպտացիները, գերազանցեցին այս հետաքրքրութիւնը:
Առաջին անգամը չէր, որ Կղիոպատրային մասին շարժապատկեր մը կամ հեռատեսիլի շարք մը կը պատրաստուէր: Ոչ ալ առաջին անգամն է, որ հեռատեսիլաշարքերէն մին ցեղախումբի մը պատկանող պատմական անձնաւորութիւն մը կը ներկայացնէր` ուրիշ ցեղի մը պատկանող դերասանի մը խաղարկութեամբ:
Սակայն վերոյիշեալ հեռատեսիլաշարքը (որ վաւերագրա-թատերական էր իր տեսակով) բորբոքեց բուռն քննարկումներ ու բողոքի ձայներ, մասնաւորապէս` եգիպտացիներուն կողմէն, որոնք անարդար կը համարեն իրենց նախնիներուն վաստակն ու հազարամեայ քաղաքակրթութեան պտուղները վերագրել այլոց. ոմանք կ՛ըսեն, որ բուրգերը կառուցած են ոչ եգիպտացի որոշ ցեղի մը զաւակները, ուրիշներ կ՛ըսեն, որ (ճարտարապետական տեսանկիւնէն բուրգերը գերազանցող) հին եգիպտական տաճարները հարաւային կամ արեւմտեան ափրիկեցիները կառուցած են: Ոմանք ալ ծաղրելով եգիպտացիները` կ՛ըսեն` «ջուր կ՛ուզէ՞ք», ակնարկելով Նեղոս գետին (որուն ակունքները կը գտնուին իրենց երկրին մէջ) շուրջ ծագած խնդիրներուն:
Ես չեմ զարմանար, երբ Եգիպտոսի պատմամշակութային ժառանգը բոլորը իրենց կը վերագրեն, օրինակ մը տամ յարգարժան ընթերցողին. վերջերս կը դիտէի վաւերագրական տեսերիզ մը Նեմրութ լերան աւերակներուն մասին, ուր գտնուող հնութիւնները կը ներկայացուէին իբրեւ թուրքերու նախնիներուն մնացորդաց, իսկ տեսերիզին տակը քիւրտեր կը գրէին մեկնաբանութիւններ` ըսելով. «Ինչպէ՞ս թոյլ կու տաք ձեզի, մեր նախնիներուն թողած ժառանգը ներկայացնել որպէս թրքական»: Իսկ թէ մենք` հայերս ո՞ւր ենք այս «հաւասարութեան» (2) մէջ, առնուազն` մշակութային առումով, կը մնայ հարցական:
Այստեղ ես կը բացառեմ ցեղապաշտութիւնը, բացի անկէ, որ եգիպտացիները իրենց բնոյթով այլատեաց չեն, անոնք միայն մէկ ցեղի չեն պատկանիր: Ոչ միայն այսօր, պատմութեան ընթացքին միշտ ալ տարբեր ցեղերու զաւակներ ապրած են այդտեղ, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Եգիպտոս հասած մեզմէ` հայերէս ետք, վերջին տասնամեակին բոլորս տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Սուրիոյ քաղաքացիները այդտեղ բնակութիւն հաստատեցին, ոչ վրաններու տակ, ինչպէս այլուր, այլ տեղացիներուն կողքին, եւ այդտեղ փայլուն համբաւ ձեռք բերին: Դեռ չեմ խօսիր իտալացիներուն, յոյներուն, թուրքերուն, չերքեզներուն, սուտանցիներուն, ալպանացիներուն, բնիկ եգիպտացի-սեւամորթ` նուպիացիներուն եւ հայերուն մասին, որոնք այդտեղ ապրած ու ծաղկած են: Գոնէ վերջին երեք ցեղերէն կարելի է յիշել Եգիպտոսին իշխած անձնաւորութիւններ` Մոհամետ Ալի Գաւալալը, Անուար Սատաթը, Նուպար Նուպարեանը. անոնցմէ ոչ մէկուն ցեղային պատկանելիութիւնը խնդիր յառաջացուցած է եգիպտացիներուն մէջ:
Առիթ չի մնար խօսելու կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ մեծ կամ փոքր գործունէութիւն ծաւալած զանազան ցեղերու զաւակներուն մասին, բայց անոնք բոլորը, անկախ իրենց ցեղային պատկանելիութենէն, միշտ եղած են եգիպտացի ազգի զաւակները:
Ի՞նչ է ափրիկակեդրոնութիւնը
Ափրիկակեդրոնութիւնը կաճառական (ակադեմական) եւ մտաւորական տեսութիւն ու ուղղութիւն մըն է, ընկերամշակութային շարժում մըն է, որ կը կեդրոնանայ եւ մեծապէս շեշտ կը դնէ ափրիկեցիներուն, անոնց ժառանգորդներուն ու անոնց աւանդին վրայ (ի սփիւռս աշխարհի) ու կը ձգտի վերամշակել (իրենց տեսակէտով` սրբագրել) աշխարհիս պատմութիւնը ափրիկակեդրոն տեսանկիւնէն` ասպարէզ կարդալով եւրոկեդրոնութեան վրայ, որ գերիշխողն է ամէնուր: Այս մօտեցումն ու շարժումը կը ձգտին վերափոխել համաշխարհային պատմութիւնը (կամ` պատմութեան արձանագրութիւնը) եւ ընդհանուր ընկալումները: Կաճառական մակարդակին վրայ այս շարժումը ոչ մէկ խնդիր կը յարուցէ, ինչպէս, օրինակ, «Սեւ Աթէնք» գիրքը` այս շարժումի «աւետարան»-ը, ափրիկակեդրոն գաղափարներ նետեց ասպարէզ ու ստացաւ իրեն պատշաճ պատասխաններն ու հակաբանութիւնները:
Ո՞վ էր իսկական Կղիոպատրան
Կղիոպատրա Է. (4), Եգիպտոսին իշխած Պտղէմեան գերդաստանին (Յունաստանէն սերած) վերջին դշխուհին էր: Ան ծնած է ՆՔ (68) (3) թուականին, այդ ժամանակուան աշխարհի գոհար` մայրաքաղաք Աղեքսանդրիոյ մէջ: Գահ կը բարձրանայ 18 տարեկանին եւ կ՛իշխէ փոքր եղբօր` Պտղէմէոս 13-րդի (4) հետ միասին, մինչեւ որ անոնց մէջ ընդհարումներ կը սկսին տեղի ունենալ:
Կղիոպատրան ճանչցուած էր` իր քաջախորհակ, գերամիտ եւ մտահարուստ ըլլալով: Ան կը խօսէր քանի մը լեզու, ներառեալ` եգիպտերէն, յունարէն ու լատիներէն: Կղիոպատրան արուեստներու եւ գիտութեանց հովանաւոր էր ու խնամակալ: Աշխուժութեամբ կը հաղորդակցէր իր օրերու գիտնականներուն եւ մտաւորականներուն հետ: Ան խորապէս հետաքրքրուած էր իմաստասիրութեամբ, (փիլիսոփայութեամբ), գրականութեամբ եւ աստղաբանութեամբ: Կղիոպատրայի հանճարն ու հրաշաձօն անձնաւորութիւնը նպաստեցին իր քաղաքական կորովամտութեան ու թափանցողութեան, նաեւ` Հռոմէական կայսրութեան բարդ ուժաբանութեան կոհակներուն մէջ նաւարկելու կարողութեան:
Իմաստութեան Ձայնը – Եուսոֆ Զէյտան (5)
Որքան ալ յարգանքի արժանի ըլլայ ամբոխներուն կարծիքը, սակայն միշտ իմաստութեան ձայնին է, որուն պէտք է անսանք, ու միշտ բանականութեան կշիռքն է, որուն պէտք է դիմենք ամէն հարցով: Ընկերային ցանցերուն մէջ Կղիոպատրային մասին զանազան կարծիքներու, առարկութիւններու եւ փաստարկներու կը հանդիպինք, երկու կողմէն ալ, սակայն այստեղ հարկ համարեցի ձեզի փոխանցել լրջախոհ իմաստասէրի մը կարծիքը, որ ոչ միայն փորձառու է այս առումով, այլ նաեւ, որպէս աղեքսանդրիացի, հարցը իրեն ալ կը վերաբերի. գրող, իմաստասէր, դասախօս, Աղեքսանդրիոյ գրադարանի, թանգարանի ու մատենադարանի նախկին ղեկավար Եուսոֆ Զէյտանը (իմ բառերով ամփոփուած) ափրիկեցիներուն մասին (այստեղ խօսքը սեւամորթներուն մասին է, ի վերջոյ եգիպտացիներն ալ ափրիկեցի են) արդար դրուատիքն արտասանելէ ետք, կ՛ըսէ. «Սեւամորթ դերասանուհիի մը` Կղիոպատրան մարմնաւորելը «Նեթֆլիքս»-ի աճպարարութեան երեւոյթներէն մին է: Ասոր փոխարէն` ինչո՞ւ շարժանկարներ չեն պատրաստուիր ափրիկեցիներուն ապրած աղէտներուն եւ չարիքներուն մասին, ըլլան անցեալին մէջ մնացած, ինչպէս Աւստրիոյ նողկալի կայսրը` Լեոփոլտ Բ.ը, որ ստրկացուցած էր բազում ափրիկեցիներ եւ անոնց բնական միջոցները կորզելու համար զանոնք կ՛աշխատցնէր հանքերուն մէջ: Ինչո՞ւ գործ մը չի պատրաստուիր ափրիկեցիներուն ապրած այժմու աղէտները լուսաբանող»: Անոնցմէ ես (սոյն յօդուածը գրողս) կը յիշեմ` մարդկային իրաւունքներու ոտնահարում, աղքատութիւն եւ ընկերային անարդարութիւն, ահաբեկչութիւն եւ ռազմական բախումներ, փտածութիւն, օտարներու կողմէն իրենց բնական միջոցներու շահագործումը, եւ ամէնէն ցաւալիներէն` Եւրոպայի ճամբուն փրկութեան/մահուան նաւակներու ընկղմիլը Միջերկրականին մէջ:
Զէյտան «ափրիկակեդրոնութիւն» կաճառական ու մտաւորական շարժումին մասին խօսելէն եւ 20-րդ դարուն Եգիպտոսի մէջ անոր շուրջ ծագած քննարկումը նշելէն ետք, կը շարունակէ. «Առաջին անգամը չէ, որ «Նեթֆլիքս»-ի աճպարարութեան կը հանդիպինք, վերջերս ուրիշ հեռատեսիլաշարք մը արտադրած էին, ուր յունական չաստուած Զեւսը մարմնաւորած էր սեւամորթ դերասան մը: Կղիոպատրան յոյն էր, որքան ալ պտղէմեացիները կը մերձենային եգիպտացիներուն, անոնք միշտ ալ մակեդոնացի-յոյներ էին: Իսկ այս տեսաշարերուն երեւոյթը ոչ մէկ առնչութիւն ունի ափրիկակեդրոնութեան հետ, եւ առաջին անգամը չէ, ասկէ առաջ ալ հռոմէացիներուն մասին պատրաստուած տեսաշարքի մը մէջ Կղիոպատրան ներկայացուած էր իբրեւ կրքոտ եւ ցանկասէր կին մը: Կղիոպատրան մակեդոնա-յունական վայելուչ արքայատոհմի մը դուստրն էր, որուն դիմագիծը կարելի է յստակօրէն տեսնել այդ ժամանակներուն հատուած մետաղադրամներուն վրայ: Անոր մասին խօսած ատեն պէտք է յիշել Աղեքսանդրիոյ գրադարանին իր հովանաւորումը, վսեմափայլ մտածելակերպը, անոր շնորհալի ըլլալը, եւ ոչ թէ` զրպարտաբար զայն պատկերել իբրեւ շուայտ եւ գինեմոլ կին: Անգամ անոր մասին 1963 թուականին սփռուած տեսերիզը կեդրոնացած էր Յուլիոս Կեսարի եւ ապա Մարկոս Անտոնիոսի հետ իր սիրային յարաբերութեանց վրան: Մեր այս դիրքաւորումը քաղաքակրթական կողմնապահութիւն չէ, պարզապէս սա է իրականութիւնը: Այստեղ նպատակ չունինք նսեմացնել սեւամորթ ցեղերը եւ կամ սեւամորթ կիներուն գեղեցկութիւնը, բայց պատմութեան, խելքին եւ տրամաբանութեան դէմ է այս երեւոյթը»:
Եուսոֆ Զէյտանը իր «Յեղափոխաբանութիւն» գիրքին վերջին գլխուն` «Իգական իմաստութիւնը» հատուածին մէջ Կղիոպատրային նուիրած է գեղատեսիլ ու իմաստալից հատուած մը, յոյսով եմ, որ մօտ օրէն կը յաջողիմ զայն «Արաբերէնի քարանձաւ»-ին մէջ գտնուող անոր «խորան»-էն թարգմանել հայերէնի:
Ի՞նչ է Փափուկ ուժը
Փափուկ ուժը երկրի մը (կամ` որեւէ կողմի մը) ուրիշներու վրան իր ազդեցութիւնը բանեցնելու կարողութիւնն է` ոչ հարկադիր միջոցներ գործածելով, ինչպիսիք են` մշակոյթը, արժէքները եւ գաղափարները, ռազմական կամ տնտեսական ուժերը գործածելու փոխարէն: Անիկա կը ներառէ ուրիշներուն (թիրախաւորուածներուն) ընտրողութեան ու վարքագիծին ձեւաւորումը սեփական շահերուն եւ նպատակներուն ծառայեցնելու ու սպասաւորելու համար:
Հեռատեսիլաշարքերը` իբրեւ փափուկ ուժի գործիք
Հեռատեսիլաշարքերը (իրենց արդի եւ աւելի լայն իմաստով) հսկայական դեր կը խաղան փափուկ ուժին մէջ` ծառայելով իբրեւ միջոցներ` մշակութային փոխանակութեան:
Հեռատեսիլաշարքերը զանոնք բեմադրողներուն կը տրամադրեն հարթակ մը` իրենց ուզած արժէքները, գաղափարներն ու ապրելակերպը տարածելու համար, նպաստելով անոր փափուկ ուժին արտաձգելուն` համաշխարհային մակարդակով:
***
Այս հատուածին խորագիրը վերնագիր չէ (ամենավարը զետեղեցի), որպէսզի անով ալ աւարտեմ: Պատմութեան մեկնութիւնը, եզրոյթներու բացատրութիւնն ու գաղափարներու լուսաբանութիւնը շատ կարեւոր են, սակայն պէտք է մեզ չշեղեն այժմէականէն ու արդիականէն: Անցեալն ու ներկան շատ նշանակալից են, բայց մեր աչքերը սեւեռենք ապագային վրայ: Եւ արդ, յառաջաբան մը` փոխան վերջաբանի.
Մեր ամենաբիրտ թշնամին փափուկ ուժի ամենաճարտար գործածողներէն է:
—————–
1.- Աւանդական տառադարձութեամբ այսպէս կը գրուի, Մ. Մաշտոցն ու իր աշակերտները այսպէս գրած ըլլալու էին, եւ այդ ատեն կը հնչուէր Քլիոփաթրա (մեր արդի արեւմտահայերէնի գրելու ձեւով):
2.- Թուաբանական իմաստով:
3.- Տե՛ս «Հայկական թուային համակարգ» յօդուածը Արեւմտահայերէն Ուիքիփէտիային մէջ, կամ որոնէ այս վերնագիրը «Կուկըլ»-ի մէջ:
4.- Հարկ է նշել, որ որեւէ եզրոյթի գործածութիւն կամ կարծիքի արտայայտութիւն իր ծալքերուն մէջ չ՛արտայայտեր խտրականութիւն, այլոց ստորադասում կամ ալ մերիններուն գերադասում, այստեղ նպատակը միայն ու միայն մտքի նուաճումն է:
5.- Խօսակցական հնչիւնով` Եուսէֆ Զիտան: