Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակուտայա Արշիպեղագոսի Բժիշկը, Որ Առանձինը Խնամած Է 13 Հազար Անձ

Յունիս 23, 2023
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 

Նորօրեայ առասպել կը թուի, սակայն այս երիտասարդ բժշկուհին չէ երկմտած, հաւատացած է իր ուժերուն եւ ամէնէն կարեւորը` ուզած է օգտակար ըլլալ, բան մը փոխել: Բայց փոփոխութիւնը դիւրին չէ, եւ բարի կամեցողութիւն ունենալը յաճախ անբաւարար է: Բժշկուհի Ալենայի մասին «Պի.Պի.Սի.» կայքը վերջերս հրապարակած է յօդուած մը: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

Ն.

Բժշկուհի Ալենա Եափ միակ բժիշկն է 13 հազարնոց  Ակուտայա արշիպեղագոսին

Համաճարակը եւ անոր բերած առանձնութիւնը յատկապէս փորձութիւն էր 28-ամեայ բժշկուհի Ալենա Եափի համար:

Երբ 99-ամեայ Էլիութերա Ապուս կը բարձրացնէ իր աջ ձեռքը, ան ցաւէն կը ցնցուի, երբ կոտրուած ոսկորները կը շարժին: Ան վեց ամիս առաջ քալած ատեն ինկած է:

«Ես միայն կրնամ անոր ցաւը մեղմացնել», կ՛ըսէ Ալենա Եափ, որ կը քննէ զայն: Անոր ոսկորը պէտք է ամրացուի, բայց ընտանիքը կը մերժէ զայն հիւանդանոց տանիլ»:

Էլիութերայի դուստրերը անսիրտ չեն: Անոնք աղքատ են: Ամէնէն մօտ վիրաբուժական հաստատութիւնը կը գտնուի հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռաւորութեան վրայ` Տիիթ փոքր  կղզիէն, ուր անոնք կը բնակին: Անիկա կղզիներու խումբ մըն է, որ կը կազմէ Ակուտայա արշիպեղագոսը, Ֆիլիփփիններու Սուլու ծովուն մէջտեղը: Այստեղի 13 հազարնոց բնակչութեան  համար բժիշկ Ալենան, ինչպէս իրենք կ՛անուանեն, միակ բժիշկն է: Փոքրամարմին, ակնոցաւոր եւ երկար մազերը պոչի նման կապած` ան միշտ լայն ժպիտով է:

Ալենան հասաւ «Քորոնա»-ի տարածումէն անմիջապէս առաջ եւ սորվեցաւ ապրիլ մահուան սպառնալիքներով, երբ ան պնդեց, որ մարդիկը պէտք է մեկուսացնել: Բայց համաճարակը, որ հարուածեց աշխարհը, հեռու էր անոր միակ մարտահրաւէրէն` Ֆիլիփփիններու այս յաճախ մոռցուած անկիւնին մէջ: Ան կը պայքարէր նոր ու հին հիւանդութիւններու դէմ եւ բախեցաւ իր երկրի ամէնէն մեծ մարտահրաւէրներուն: Ան կ՛ըսէ, որ եկած է Ակուտայա «իրական փոփոխութիւններ» ընելու, բայց ան հեռացած է խորապէս հիասթափուած:

Այս հեռաւոր հրաբխային կղզիներուն մէջ դուք չէք գտներ երկրի բարձրագոյն բժշկական դպրոցի շրջանաւարտ, որ իր ամբողջ կեանքը անցուցած է Մանիլայի մէջ: Ի տարբերութիւն իր տարեկիցներէն շատերուն, որոնք մեկնած են Աւստրալիա, Ամերիկա եւ Բրիտանիա` ասպարէզ փնտռելու, Ալենան կամաւոր միացած է պետական ծրագիրին, որ զայն ղրկած է այս կղզին` երկրի ամէնէն աղքատ քաղաքապետարաններէն մէկը:

Ակուտայա գլխաւոր կղզին Մանիլայէն երկուքուկէս օրուան ճամբայ է: Անիկա կը ներառէ օդանաւային թռիչք մը, որուն կը յաջորդէ անքուն 15-ժամուան  գիշերային ուղեւորութիւն  բաց տախտակամած լաստանաւով,  Իլոյիլօ նաւահանգստային քաղաքէն դէպի Կույօ  կոչուող աւելի մեծ կղզի: Այնուհետեւ Ակուտայա մտնելու եւ դուրս գալու միակ ճամբան ջրածածկ, երկու ժամ տեւողութեամբ երթեւեկութիւնն է նաւակով:

Այս կղզիները, որոնք կը լողան ապշեցուցիչ մաքուր ջուրերու սպիտակ աւազներու վրայ, կարծես դրախտէն դուրս եկած են

Երբ կը հասնիս ցամաք, Ակուտայան կարծես դրախտի կտոր մը ըլլայ: Բայց աշխարհագրութիւնը ե՛ւ օրհնութիւն է ե՛ւ անէծք: Հարիւրաւոր քառակուսի քիլոմեթր ծովու վրայ ցրուած, արշիպեղագոսը կազմող տասնեակ կղզիները օրերով, նոյնիսկ շաբաթներով կը մեկուսանան, երբ կու գան քամիները: Ծածկուած խիտ անտառներով` սարալանջերը նստած են պազալթէ քարերու մեծ դաշտերու վրայ: Քիչ է մշակելիք հողը: Կղզիի բնակիչները գրեթէ ամբողջութեամբ կ՛ապաւինին ովկիանոսին:

Ալենան առաջին անգամ դէպի Ակուտայա եկաւ փետրուար 2020-ին: «Երբ ես եկայ այստեղ, 26 տարեկան էի, եւ  շատ մարդիկ զիս կը շփոթէին երկրորդական վարժարանի  աշակերտի հետ: Մարդիկ չէին հաւատար, որ ես բժիշկ եմ», կ՛ըսէ ան ժպտելով:

Անոր առաջին մարտահրաւէրը եկաւ մէկ ամսուան ընթացքին, երբ «Քորոնա»-ն Ֆիլիփփինները մղեց ամէն ինչ փակելու: Կղզիները մեկուսացան:

«Առաջին տարին այնքան ալ գէշ չէր: Տեղական պարագաներ չեն եղած: Բայց երկրորդ տարին` 2021-ին, երբ կառավարութիւնը բոլորին թոյլ տուաւ ճամբորդել դէպի իրենց հայրենի քաղաքները, յանկարծ մենք ունեցանք մարդիկ, որոնք կը վերադառնային հեռու Մանիլայէն», ըսաւ ան:

Ալենան պատասխանատու էր անոնց մեկուսացման պահպանման համար: «Երբ մարդիկ գիտցան, որ մեկուսացման  պիտի երթարկուին, անոնք բուռն արձագանգեցին: Ես մահուան սպառնալիքներ ստացած եմ, մարդիկ ըսած են, որ կ՛ուզեն իմ վրաս կրակել»:

Ան հասկցաւ, թէ ինչո՛ւ: Մարդիկ այստեղ կ՛ապրին օրը օրին: Այն, որ կ՛որսան առաւօտեան, կ՛ուտեն ընթրիքին: Եթէ անոնք չկարողանային հեռանալ իրենց տուներէն ձուկ որսալու համար, անոնք անօթի կը մնային:

Ալենան, որ իր նշանածը ձգած էր հեռաւոր Մանիլայի մէջ, այժմ զայրացած էր պետական պաշտօնեայ ըլլալուն համար: «Օրեր կ՛ըլլային, երբ լալէ բացի` ոչինչ կը կարողանայի ընել: Արցունքները շատ էին», կ՛ըսէ ան: Առանձնութիւնը մեղմելու համար ան «որդեգրեց» երկու շուներ, որոնք ամէն տեղ կը հետեւին անոր: – Ես շատ ժամանակ անցուցի անոնց հետ ծովափ երթալու եւ մայրամուտը դիտելու, ես նոյնպէս սկսայ նկարել: Իմ նկարներս լաւ չեն, բայց այդ ջիղերը հանդարտեցնելու ձեւ մըն է»:

Յաջորդ մարտահրաւէրը ի յայտ եկաւ, երբ պատուաստները սկսան հասնիլ 2021 թուականի ամրան: «Մենք պէտք է տուն առ տուն երթայինք իւրաքանչիւր կղզի: Ամէնէն հեռաւոր կղզին նաւով մօտ երեք ժամ է եւ շատեր չեն կրնար վճարել ճամբու վարձքը` դարմանատուն երթալու համար: Այդ պատճառով անոնք չէին գար: Որքան ալ դաժան էր, հեռաւորութիւնը միակ խնդիրը չէր: Մարդիկ վստահ չէին. շատ կեղծ լուրեր տարածուած էին պատուաստներու վատ ըլլալու, կամ այն մասին, որ անոնք կրնան մարդիկը սպաննել: Շատեր այստեղ իրենց լուրերը կը ստանան ընկերային ցանցերէն: Անոնք փաստեր չէին ստանար»:

2022 թուականի աշնան «Քորոնա»-ի սպառնալիքը սկսած էր մեղմանալ: Հակառակ դիմադրութեան` պատուաստի ներդրումը յաջող էր: Արշիպեղագոսի մէջ միայն ութ կղզիաբնակ մահացած էր վարակէն: Բայց այդ քիչ հանգստութիւն բերաւ:

«Բժիշկ տիկինը»

Ամէն աշխատանքային օրուան առաւօտ Ակուտայայի գլխաւոր դարմանատունէն դուրս սկսած է մարդկային գիծ կազմուիլ, երբ  Ալենայի եւ անոր խումբին առօրեայ աշխատանքը ընթացք կ՛առնէր: «Մինչեւ այստեղ գալս ես կը մտածէի, որ ամէն բան թարմ եւ օրկանական կ՛ըլլայ,- կ՛ըսէ Ալենան` ծիծաղելով իր իսկ միամտութեան վրայ: – Բայց այստեղ շատ դժուար է սննդարար ուտելիք գտնել»:

Տեղացիները իրենց ձուկը կ՛աղեն եւ կը չորցնեն, եւ այս կը յանգեցնէ արեան բարձր ճնշման: Շաքարախտը նոյնպէս տարածուած է, քանի որ աւելի դիւրին է զովացուցիչ ըմպելիք գտնել, քան` մաքուր ջուր:

Տղեկ մը կը քալէ դէպի դպրոց, Տիիթ

Բուժարանի մուտքի ցուցանակը կը նշէ առողջական միւս հիմնական խնդիրը` «թոքի քննութիւն» պալարախտի (tuberculosis) համար:

Ալենա կ՛ըսէ, որ իրենք 2022 թուականին արձանագրած են 45 պարագայ, բայց բազմաթիւ ուրիշներ չեն քննուած: Եւ պալարախտը մահացու է, եթէ չբուժուի: Ֆիլիփիններու մէջ տարեկան աւելի քան մէկ միլիոն պարագայ կ՛արձանագրուի: «Երկարատեւ ծրագիրը անիկա արմատախիլ ընելն է, եւ այդ մօտիկ ապագային անկարելի է: Առողջապահական խնամքը դիւրին մատչելի չէ, եւ մարդիկ կը տուժեն», կ՛ըսէ բժշկուհին:

Ժամը 11:00-ին Ալենա դուրս կու գայ հիւանդներու աճող շարքէն: Անոնց հետ պիտի զբաղի բժշկուհիին հմուտ հիւանդապահներու անձնակազմը, որովհետեւ ան պէտք է երթայ Տիիթ, որ նաւով 40 վայրկեան հեռու է:

Ակուտայէն աւելի գեղեցիկ է, բայց` աւելի աղքատ: Անիկա չունի ելեկտրականութիւն կամ բջջային հեռաձայնի աշտարակ եւ ունի միայն մէկ ասֆալթապատ ճամբայ, որ քանի հարիւր մեթր է:

«Բժիշկ տիկնոջ» ժամանումը, ինչպէս սիրով կ՛անուանեն Ալենան, կ՛ողջունուի մեծ ոգեւորութեամբ: Քանի մը տասնեակ դպրոցական երեխաներ վազելով կ՛իջնեն ծովեզերք: Անոնց արձակուրդ տրուած է, որպէսզի Ալենային խումբը կարողանայ ախտազերծել դպրոցին տարածքը:

Երբ բժշկուհին կը քալէ գիւղին մէջ, ան նման է սրնգահարին, որուն կը հետեւի խնդացող երեխաներու երկար հոսքը:

Այս կղզիին վրայ պարզ վիրաբուժութիւն մը կրնայ սնանկացնել ընտանիք մը

40-ը անց կին մը կը ճեղքէ հաւաքուած ամբոխը: Ան շալկած է տղայ մը, որ թերեւս հինգ-վեց տարեկան է: Բժշկուհին անոր կ՛ըսէ, որ նստի աթոռի մը վրայ եւ կը սկսի քննել երեխան, որուն աղիքը լուրջ հարցեր ունի: «Ան վիրահատութեան կարիք կ՛ունենայ»,  կ՛ըսէ Ալենան մօրը: Կնոջ աչքերուն մէջ յոյսը կը վերածուի անհանգստութեան:

Բժշկուհին կը հարցնէ, թէ արդեօք ան կը ճանչնա՞յ մէկը, որուն տունը կրնայ մնալ աւելի մեծ կղզիներէն մէկուն մէջ: «Այո՛, Քուլիոնի մէջ (12 ժամ նաւով ճամբորդութիւն)», կ՛ըսէ կինը:

«Երբ ես անոնց կ՛ըսեմ, որ պէտք է վիրահատուին, անոնց դէմքերուն վրայ կը տեսնեմ վախ եւ տխրութիւն. անոնք կը հասկնան, որ ոչ մէկ դեղ կայ, որ ես կրնամ տալ այդ բուժելու համար: Անոնք կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս այդ ծախսերը պիտի հոգան: Դժուար է այդպիսի լուրերը յայտնող ըլլալը»:

Աշխարհի այլ վայրի մը մէջ այս վիրահատութիւնը աննշան բժշկական գործողութիւն մըն է: Բայց հոս անիկա կրնայ ջնջել ընտանիքի խնայողութիւնները` տարիներ շարունակ զանոնք պարտքի մէջ ձգելով: «Եթէ մենք կարողանայինք դիւրացնել ճամբորդութիւնը, այդ մեծ տարբերութիւն կը ստեղծէր,- կ՛աւելցնէ ան: – Բայց այդ դժուար է, քանի որ մեծ գումարներ կը պահանջուին»:

Երեք տարի կղզիին մէջ մնալէ ետք Ալենայի լաւատեսութիւնն ու ձգտումը տեղի տուին:Ան յուսահատ գիտակցեցաւ, որ  միջոցները կամ դրամը միշտ կ’ըլլան ամէնէն մեծ մարտահրաւէները:

Դրախտ կորուսեալ

Բոլոր եղանակներու համար կառուցուած ասֆալթապատ ճամբան կ՛անցնի ժայռոտ բլուրներու ստորոտի երկայնքով, Ակուտայա գլխաւոր կղզիին վրայ: Շինարարութիւնը սկսած է անցեալ տարի, քաղաքապետական ընտրութեան քարոզարշաւին զուգահեռ: Ճամբայ մը աւարտած է մինչեւ ընտրութեան օրը, սակայն կղզիի բնակիչները կ՛ըսեն, որ ատկէ ետք աշխատանքը դադրած է:

«Մենք պէտք է սպասենք յաջորդ ընտրութեան, որպէսզի ճամբան աւարտի»,- կը հեգնէ տեղացիներէն մէկը:

Ակուտայան եւ անոր շրջակայքի կղզիները չափազանց փոքր են, եւ իշխանութիւններուն համար նշանակութիւն չունին, կ՛ըսեն տեղացիները

Կղզիին միւս ծայրին մէջ ժանգոտած մետաղէ ձողեր դուրս ցցուած  են կիսաւարտ շինութենէ մը, որ աստիճանաբար կը ծածկուի բուսականութեամբ: Կ՛ենթադրուէր թէ, այդ պիտի ըլլար գիւղական առողջապահական նոր բաժինը, կ՛ըսէ Ալենա: Անցեալ տարի աշխատանքները դադրած են, քանի որ քաղաքապետարանը մնացած է առանց դրամի: «Բայց անոնք չեն աւարտած գործարքի իրենց մասը», կ՛ըսէ Ալենա, որուն հիասթափութիւնը շօշափելի է:

Ֆիլիփփիններու քաղաքականութիւնը կ՛առաջնորդուի ոչ թէ կուսակցութիւններով, այլ` անհատներով, եւ տիրական են մեծ, հզօր քլանները, որոնց ղեկավարները քուէներու դիմաց դրամ կը խոստանան Մանիլայէն: Տեղացի կին մը ըսաւ. «Ակուտայան փոքր աւան է: Այստեղ չկան այնքան քուէներ, որոնք արժեն այն գումարը»:

Տեղացի քաղաքական գործիչները դիւրին փոխուող չեն: Ընտրութիւններու ժամանակ քուէներ գնելը բաւական տարածուած է: Այժմ արդէն կայ հաստատուած գին` 500 փեսօ, կամ` 9 տոլար: Փտածութիւնը խոր է, եւ թափուող դրամները կարծես չեն հասնիր իրենց նպատակին:

«Ես եկած եմ այստեղ շատ գաղափարական: Ես շատ վճռական փորձած էի փոխել տեղական առողջապահական համակարգի գործելակերպը: Բայց յետոյ ժամանակի ընթացքին կը հասկնաս, որ երեք տարին շատ քիչ է որեւէ մեծ փոփոխութիւն կատարելու համար», կ՛ըսէ Ալենա:

Քանի որ Ակուտայայի մէջ անոր ժամանակը` երեք տարուան համաձայնագիրը, կը մօտենար աւարտին, կղզիի բազմաթիւ բնակիչներ ըսին անոր, որ կը տխրին` տեսնելով անոր հեռանալը: «Ժամանակը արագ կ՛անցնի», ըսաւ Ռիքարտօ` հիւանդապահուհիներու աւագ օգնականներէն մէկը, որ զայն բնութագրեց որպէս «անշահախնդիր եւ աշխատասէր»:

Այդքան օգնելէ ետք բժշկուհի Ալենա կ՛ըսէ, որ յուսախաբ է իր աշխատանքի աւարտին

Բայց Մանիլա վերադառնալէ ետք, քանի մը շաբաթներու  ընթացքին Ալենան կ՛ըսէ, որ յուսախաբ եղած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ աշխատելու իր փորձառութենէն: Անոր աշխատանք առաջարկուած է Պալաւանի նահանգի առողջապահութեան վարչութեան մէջ, սակայն մերժած է այն: Փոխարէնը` ան կ՛ուզէ աշխատիլ բժշկական բարեգործական կամ քաղաքացիական կազմակերպութեան մը մէջ:

Անցեալ շաբաթ ան վերադարձաւ Ակուտայա` հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող ծրագիրին ծիրին մէջ: Տասնամեակներ շարունակ քաղաքացիական կազմակերպութիւնները տեղական եւ միջազգային նուիրատուներու օգնութեամբ պարբերաբար մասնագէտ բժիշկներ կ՛ուղարկեն կղզիներ` փոքր վիրահատութիւններ կատարելու:

Բայց այս անգամ բժիշկ Ալենայի ճամբորդութիւնը երկու օր տեւեց: Ան այլ բժիշկներու հետ Մանիլայէն հասաւ Ամանփուլօ շքեղ կղզին:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 22 Յունիս 2023)

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Արթուր Պիւլպիւլեան

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?