Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդն ու Գրողը

Յունիս 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակին մէջ, գրասեղանին վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր` առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.

– Պապի՛կ, ի՞նչ կ՛ընես… նորէ՞ն կը գրես… ի՞նչ կը գրես… այս անգամ որո՞ւ համար կը գրես, «այ նօ», դուն նորէն նստած` կը գրես Հալէպիդ մասին, եւ կամ ալ, իմ ու նանիին եւ կամ աշխարհի հայութեան… «ուել», հապա ե՞ս… ուրեմն դուն «մարդ» չես… դուն միայն «ռայթըր»` գրող մըն ես… «պայ», մնաք բարով:

Այսքան: Պարզ: Արագ: Հեւքոտ ու ջղային:

Այս բոլորը ինծի ըսաւ, որովհետեւ ես փոխանակ ժամանակ տրամադրելու եւ իրեն հետ անցընելու` եկած էի սենեակ ու «աշխատանքի» լծուած` առանց իր արտօնութեան:

Այդ օր եւ այդ վայրկեանին խոստմնադրուժ հայրիկ մըն էի: Պարզապէս իր խօսքը չյարգող պապիկ մը:

Այս մէկը իրեն համար «ըլլալիք» չէր: Անհաւատալի:

Անոր համար իր «զայրոյթը» պարպելէ ետք արագ մը դուրս եկած էր սենեակէս, այնպէ՛ս, ինչպէս որ մտած էր, միեւնոյն ժամանակ խանգարելով միտքս ու մտածումներս եւ մանաւանդ սենեակիս լուրջ մթնոլորտը եւ զիս նետած դարձեալ կեանքի թաքուն ձայներուն մէջ:

Իսկ հիմա ըսէ՛ք: Ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը:

Գրող: Գրագէտ: Բանաստեղծ եւ կամ մտաւորական: Բայց ասոնցմէ առաջ` մարդ: Համեստ եւ պարզ:

Կը կարծեմ, որ ճիշդ էր թոռնուհիս իր վրդովումի վայրկեաններուն մէջ:

Ճիշդ էր հաստատապէս, որովհետեւ այդ օր ես իր գիտցած ու ճանչցած պապիկը չէի: Զինք անտեսած էի: Իր ներկայութիւնը…

Ես պարզապէս իր հոգիի կանչին ականջալուր «եղող» մէկն էի:

Բայց ինչպէ՞ս այս մէկը բացատրեմ խեղճ թոռնիկիս: Ո՞ր բառերով ու ո՞ր տողերով: Ինք իր աշխարհը ունէր, ինչպէս նաեւ ես` իմս: Իրարմէ տարբեր, իրարմէ հեռու, ծանօթ եւ անծանօթ, բայց յաճախ` իրարու շատ մօտ: Կից: Փակած:

Ճիշդ էր, որ այդ վայրկեանին ես պարզ գրող մըն էի: Կը գրէի: Սկսած էի գրել:

Բայց…

Պէտք է ըսեմ, որ գրելը թէեւ աստուածային շնորհ մըն է, սակայն զգուշ պէտք է ըլլալ: Յարգանքով մօտենալ ճերմակ թուղթին կամ պաստառին վրայ սեւով ստեղծած միջոցիդ: Որովհետեւ խօսքը շատ հատու զէնք մըն է, կրնայ նոյնիսկ պատրանքներ ստեղծել:

Որովհետեւ գրելը նաեւ պոռթկումն է, ոչ սովորական: Այլ խօսքով` արարչական գովք:

Գրել: Այո՛: Գիտեմ, որ գրողը նախ պէտք է հասկնայ, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ կեանքէն: Նաեւ ան պէտք է անկեղծ մնայ իր նպատակին հետ` նոյնացնելով իր ապրումը իր իսկ ընթերցողին հետ:

Պէտք է… պէտք է… պէտք է… եւ տակաւին շատ մը «պէտք է»-ներ:

Ահա նորագոյն գրականութիւնը, ուր միշտ կայ, կ՛ապրի, գոյութիւն ունի յուսահատ անհատի կերպարը:

Որովհետեւ այնպէս կ՛երեւի, թէ այս դարուն գրողը, գրող-մարդը կորսնցուցած է իր Աստուածը եւ ամէն օր, շատ մը «բաներու» կողքին` նաեւ կը փնտռէ իր կեանքի իմաստը:

Որովհետեւ ինք` այդ գրող ըսուած կամ կոչուած մարդը, ի՛ր Աստուծոյն եւ ի՛ր ճակատագիրին հետ նոյնիսկ հաշտ չէ: Անոր համար է, որ առանց հասկնալու` կը մերժէ այս երկուքին ներկայութիւնը:

Իսկ հիմա… գրել… ի՞նչ գրել… թոռնիկիս «ըսածին» նման` ինչո՞ւ գրել, երբ նոյնիսկ կարդացող չկայ: Կայ… թերեւս… «անունով»… միայն:

Չէ՞ որ հայ գրողը մեր հայու ցաւերը մատնանշող գրիչն է: Չէ՞ որ ան է հայոց լեզուի նահանջով մտահոգուողը, եւ աւելի՛ն, մեր մայրենիին մաքրութեան նկատմամբ անտարբերութիւնը շեփորողը: Վերջապէս… հայ միտքի աղքատութիւնը ողբացողը:

Ուրեմն… պէտք է, որ գրէ՛: Պէտք է, որ շարունակէ իր մատիտին կամ գրիչին վազքը դէպի հայ տողերը` անոնց փոխանցելով իր իսկ հարազատ մտահոգութիւններն ու խնդակցութիւնները:

Գրողը հայասիրտ տրոփում պէտք է ունենայ, ըսած էին մեր մեծ գրիչները, առաւել` իր եզակի հայեացքներով, օտար կամ հայ միջավայրի մէջ անսահման տագնապող… ազգային ալեկոծութեան ականատեսն ու ապրողը, եւ վերջապէս` իր անբիծ ու անկողմնակալ երազանքներով մտածողը… ու նաեւ` այ՛ն «մարդը», որ միշտ կ՛ապրի հայ մշակոյթին մօտ իր ներքին հաւատքով, հեռու` սովորական չափանիշներէն, իր ժամերուն խառնելով ազգային իր գիտակցութիւնն ալ…

Ահա՛, ինծի համար, կամ աւելի ճիշդ իմ հասկցած… հայ գրողը:

Իսկ ես: Ըսեմ, որ իմ կարգիս, իբրեւ պարզ եւ համեստ մարդ, կը փորձեմ համակարգիչին կամ թուղթերու վրայ յամառօրէն մտքիս դրօշարշաւը անձայն եւ… անխռով: Ի՞նչ ընեմ…

Իսկ հիմա…

Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել տասնամեայ այս թոռնուհիիս այս բոլոր ճշմարտութիւնները: Չեմ գիտեր:

Չեմ գիտեր նոյնիսկ, թէ այս բոլորէն ետք ես «մա՞րդ» եմ, թէ՞ պարզապէս թոռնիկիս ըսածին պէս` «ռայթըր» մը:

Շուարած եմ:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաց Նամակ

Յաջորդը

«Զանգեզուրեան Միջանցք»-ին Իրանեան Մերժողական Դիրքորոշման Հեռանկարները

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?