Պաքուէն Անգարա վերադարձի օդանաւին մէջ լրագրողներուն կողմէ հարցապնդուելով` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յստակօրէն բացայայտեց, որ խորքին մէջ Իրանի իշխանութիւններն են, որոնք դէմ են, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի բացման: Էրտողան գովաբանելով իր երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ գտնուելու Հայաստանի վարչապետին քայլը` շեշտեց, որ Իրանը ոչ թէ Հայաստանը, դէմ է, որ Նախիջեւանը, բայց խորքին մէջ Թուրքիան Ազրպէյճանի կապող ցամաքային ուղին բացուի: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ եթէ իրանեան իշխանութիւնները իրենց այս կեցուածքը փոխեն, Թուրքիա եւ Իրան մինչեւ Լոնտոն եւ Փեքին երկաթուղային կապ կրնան ունենալ:
Թուրքիոյ նախագահին այս ակնարկութիւնը բնականաբար հարաւ կովկասեան ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն եւ զարգացումներուն մէջ Իրանի որդեգրած դիրքորոշումներուն վերաբերելէ աւելի` կը բացայայտէ թրքական անհանգստութիւնը Իրանի վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հաւասարակաշռող տարր է եւ հայանպաստ կեցուածք ըլլալէ աւելի` պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ ընդունիլ, որ արդիւնք է իրանեան քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ շահերու պաշտպանութեան նպատակով պաշտօնական Թեհրանի որդեգրած դիրքորոշումներուն, որոնց դրդապատճառներուն մէջ առաջին հերթին պէտք է նշել իրանեան լուրջ մտահոգութիւնը` Եգէական ծովէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիոյ խորերը երկարող թրքական վիթխարի աշխարհամասի մը ստեղծման վերաբերեալ, եթէ իրագործուի ցամաքային կապին` Հայաստանի հարաւէն անցնող, այսպէս կոչուած, «Նախիջեւանեան դարպաս»-ի ծրագիրը, որ Թուրքիոյ ու թրքացեղ եւ թրքախօս պետութիւններուն միջեւ ցամաքային կապը պիտի ըլլայ:
Այս դարպասին մասին յատկապէս մեկնաբանութիւններու, վերլուծումներու եւ նախատեսութիւններու մասին խօսուեցաւ արցախեան երկրորդ պատերազմին ամէնէն ճակատագրական օրերուն: Երբ թրքական անօդաչուները գրոհներ կը կատարէին հայկական դիրքերու վրայ, թրքական ծայրայեղ աջակողմեան եւ ծայրայեղական լրատու աղբիւրներու կայքէջերը կ՛ողողուէին «Նախիջեւանի դարպաս»-ի ստեղծման, անոր ներկայացուցած կարեւորութեան եւ թրքական մէկ ու միացեալ աշխարհի մը ստեղծման մօտալուտ նախատեսութիւններուն մասին լրատուուութիւններով, մեկնաբանական տեսանիւթերով եւ քարոզչական բնոյթի հարցազրոյցներով ու կլոր սեղաններով:
«Նախիջեւանեան դարպաս»-ի ծրագրին դէմ ըլլալու Իրանի քաղաքական ուղեգիծը պայմանաւորուած է բազմաթիւ գործօններով, որոնցմէ պէտք է առանձնացնել եւ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտել Իրանի հիւսիսային երկու նահանգներու` Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ազրպէյճաններու կապուած իրադրութիւնները եւ իրանեան մտահոգութիւնները, յատկապէս երբ վերջին շրջանին շրջանառութեան դրուած են այս երկու նահանգներուն Իրանէն անջատման մասին խօսակցութիւններ եւ ծրագրերու նախագիծներ, որոնք կը վայելեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւի քաջալերանքն ու նեցուկը: Վերջերս էր, որ Ֆինլանտա հաստատուած ազրպէյճանական ճակատ մը կը յայտարարէր հարաւային Ազրպէյճանի անկախութեան ծրագրի նախագիծը, որ իրանեան մտահոգութիւններուն պատճառներուն մէջ իր առանձնակի տեղը ունի, նկատի ունենալով, որ նշուած երկու նահանգներուն մէջ շուրջ երեսուն միլիոն ազրպէյճանական ծագում ունեցող իրանցիներ կ՛ապրին:
Համաթուրանականութեան վտանգը այլ դրդապատճառ մըն է, որ Իրան կտրականապէս դէմ դիրքորոշուի Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի հարաւային շրջաններուն միջեւ ցամաքային կապ մը հաստատելու թրքական երազը հետապնդող «Նախիջեւանեան դարպաս»-ի մը ստեղծման: Հարաւկովկասեան իրադրութիւններուն եւ ռազմաքաղաքական զարգացումներուն ու իրավիճակին մէջ Իրան եւ Ռուսիա բնականաբար ունին նոյն մտահոգութիւնները, ինչ կը վերաբերի համաթուրանականութեան ստեղծման կապուած քայլերու եւ ծրագրերու, որոնց դէմ` իբրեւ ամրակուռ պարիսպ, Մեղրին կը ներկայանայ իր ամբողջ հմայքով եւ կարեւորութեամբ: Ասիկա իրանցիները շատ լաւ գիտեն: Վստահաբար Մեղրիի ունեցած ճակատագրական կարեւորութեան եւ ռազմավարական նշանակութեան մասին գիտեն նաեւ Երեւանի իշխանութիւնները: Աղէտի մը դէմ յանդիման գտնուած պիտի ըլլանք, եթէ Երեւանի իշխանութիւնները առաջնորդուելով ինչ- ինչ հաշիւներէ` նկատի չառնեն Մեղրիի շուրջ եւ կապակցաբար թրքական, իրանեան եւ ռուսական, ինչո՞ւ չէ, նաեւ չինական ու հնդկական քաղաքական եւ տնտեսական շահերն ու ռազմավարական նկատառումները:
Հետեւաբար շատ դրական եւ քաջալերական է, որ Էրտողան մտահոգ է իրանեան մերժողական դիրքորոշմամբ: Ասիկա հայկական դիւանագիտութեան համար պէտք է համարուի չափազանց կարեւոր եւ առանցքային նշանակութիւն ունեցող դիրքորոշում մը, որուն վրայ կրնայ կառուցուիլ հարաւկովկասեան երեւանեան քաղաքականութիւնը: