Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նափոլիի Հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին

Յունիս 19, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայկական Ս. Գրիգոր համանուն կուսանաց վանքին մուտքը

Տեղեակ էի, որ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունին ձօնուած եկեղեցի մը գոյութիւն ունի եւ այնտեղ դարերէ ի վեր կը պահպանուին մաս մը անոր հրաշագործ մասունքներէն։ Ցաւօք, տակաւին մինչեւ վերջերս կարելիութիւնը չէի ունեցած գտնուելու Նափոլի։ Սակայն քանի մը շաբաթ առաջ բախտը վիճակուեցաւ շրջագայութեան մը առթիւ մեկնելու հոն եւ այցելելու հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկե­ղեցին, որ իտալերէնով ուղղակի «La Chiesa di S. Gregorio Armeno» [բառացի թարգ­մանութեամբ՝ Ս. Գրիգոր հայ եկեղեցի] կը կոչուի։ Տպա­ւո­րութիւնս ցնցող էր, որովհե­տեւ պատկերացումէս շատ աւելի հզօր էր

Ցուցատախտակը, որուն վրայ արձանագրուած է փողոցին

իրականու­թիւ­նը, ոչ միայն անոր համար, որ Իտալիոյ այս կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ մեծ սուրբին շնոր­հիւ հայոց անունը մնայուն ներկայութիւն մըն է, այլեւ հսկայակառոյց եկե­ղեցիին պատե­րուն վրայ հանճարեղ նկարիչներ իրենց վրձինով յաւերժացուցած են Հա­յաստան աշ­խարհի դար­ձի լուսապսակ հեղինակութեան կեն­դանագիրը՝ չարչարանաց պատմութիւնը, քարո­զութիւնը, Տրդատ Գ. թագաւորին դարձը, հայոց մկրտութիւնը, Լու­սաւորիչի՝ Կե­սարիոյ մէջ Ղեւոնդիոսէ եպիսկոպոս օծուիլը եւ ­այլն։

Քաղաքին կեդրոնական եւ բազմամարդ փողոցներէն մէկը, ուր Ս. Գրիգոր (Լուսաւո­րիչ) հայ եկեղեցին կը գտնուի, նոյնինքն եկեղեցիին անունով «Via S. Gregorio Armeno» կը կոչուի։ Հպարտութեամբ տոգորուած եւ տեսակ մը երախտագիտութեան զգացու­մով ուղեկից­նե­րուս հետ կը փութամ փողոցին կեդրոնը, կանգ կ’առնեմ եկեղեցիին մուտքին առջեւ, կը բարձրանամ քարապատ սանդուխէն, զգուշութեամբ կը բանամ մուտքին դուռը եւ եր­կիւղածութեամբ կը խաչակնքեմ երեսս եւ սքանչացումով կը դի­տեմ անոր ոսկեթոյր հսկա­յական նաւը։ Ի՜նչ լաւ է, որ եկեղեցին վերածուած չէ զբօսա­շրջիկներու պարզ թանգա­րանի մը, այլ ունի միանձնուհիներու միաբանութիւն, հա­մայնք, որ այդ պա­հուն ջեր­մեռանդ կը հե­տեւէր իտալերէնով մատուցուող սուրբ պա­տարագի արա­րո­ղութեան։ Պատարագը կը մատուցուէր ժողովրդական խորանին վրայ, որուն ետին կը գտնուի գլխաւոր խորանը՝  Giovanni Bernardo Lamas-ի վրձինէն Յիսուսի Համբարձման 1574 թուականին ստեղծագործուած փառահեղ նկարով։

Պատարագի աւարտին մօտեցայ միանձնուհիներէն մէկուն, պարզեցի ինքնութիւնս եւ քանի մը տեղեկութիւններ խնդրեցի եկեղեցիին մասին։ Շահեկանութեան իմաստով զա­­նոնք պիտի ուզէի ներկայացնել ստորեւ.

«Սրբազան աւանդութեան մը համաձայն, հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղե­ցին հիմնուած է Ը. դարուն, երբ պատկերամարտութեան Բ. շրջանին խումբ մը հայ միանձնուհիներ Բիւզանդիայէն փախուստ տալով կը հասնին Նափոլիի նա­ւահանգիստը։ Անոնք իրենց հետ կը բերեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունք­նե­րը, որոնց ջերմեռանդութեան եւ աղօթասաց ծառայութեան նուիրած էին իրենց կեան­քը։ Հայ միանձնուհիները գալով քաղաքին այս նոյն վայրը, մեծ հաւանա­կա­­նութեամբ, գտած են նախնական եկեղեցի մը, որուն կից կառոյցներէն մին ի­րենց համար դարձուցած են վանք եւ Ս. Բարսեղ Կեսարացի հայրապետին վե­րա­­գրուող կանոններով առաջնորդ­ած են իրենց միաբանութիւնը։ Սակայն ժա­մանա­կի հոլովոյթին մէջ անոնք հայկական ծա­գում ունեցող միանձնուհիներու նոր կոչումներ չունենալով՝ իրենց տեղը զիջած են տեղացի կամ օտար միանձ­նուհինե­րու, որոնք իրենց վանական կեանքը շա­րունակած են Ս. Պենետիկտոսի կանոն­ներով։

Այսօրուան առկայ եկեղեցիին շինարարութիւնը սկսած է 1574 թուականին, նա­խաձեռնութեամբ եւ անձնական ծախսով աբբայուհի Donna Giulia Caracciolo-ի, նաեւ Vincenzo Della Monica եւ Giovan Battista Cavagna շնորհալի ճարտարա­պետներու նա­խա­գիծով։ Կառոյցը ամբողջապէս աւարտելէ ետք, եկեղեցին կ’օծ­ուի 1579 թուա­կանին ու պաշտօնապէս կը ձօնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբակրօն ա­նու­նին։

Բացի մատուռներէն, միանաւ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ առանձնայատուկ ու­շադրութեան արժանի են նկարչական ստեղծա­գործութիւնները նափոլիցի տա­ղանդաւոր Luca Giordano-ի (1634–1705), որոնք իրագործած է եկեղեցւոյ կա­ռուց­ման 100-ամեակին առթիւ՝ 1679 թուա­կանին։

Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նաւը`
խորանի մօտ մատուցուղ պատարագի ժամանակ

Հայ միանձնուհիներու Նափոլի ժամանումը երեք դրուագներով պատկերուած են մուտքի պատին վրայ։ Առաջին դրուագը կը ներկայացնէ միանձնուհիներուն նա­ւով ժամանումը Նափոլիի նաւահանգիստը։ Երկրորդ դրուագը կը ցուցադրէ հայ միանձնուհի­ները սպիտակ կապաներով եւ սեւ շղարշներով,– հաւանաբար Բար­սեղեան կրօնաւորութեան այդ ժամանակուան իրենց համազգեստներով,– Նափոլի կը փոխադրեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքերը պարունակող մասնատուփը։ Իսկ երրորդ դրուագը աբբայուհին է, որ ափ դուրս կու գայ եւ մաս­­նաւոր բարեպաշտութեամբ կը դիմաւորուի նափոլիցիներուն կողմէ։

Բնականաբար, եկեղեցւոյ պատերն ու մատուռները զարդարուած են բազմաթիւ որմնանկարներով եւ սուրբգրային, նաեւ եկեղեցական տարբեր դրուագներու եւ սուրբերու պատկերներով։ Սակայն այստեղ մեզ աւելի հետաքրքրողը հայ­կա­կան մասն է, որ գերազանցապէս կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեան­քէն եւ քարոզչութեան պատմութենէն դրուագներ, որոնք ներկայաց­ուած են հա­մապատասխան նիւթերու յաջորդականութեամբ. Տրդատ Գ. վարազի կերպա­րանքով, հայոց թագաւորին մկրտութիւնը ձեռամբ Ս. Գրիգորի, Լուսա­ւորիչի տե­սիլքը, հայոց դարձի եւ մկրտութեան տեսարանը, Տրդատ կը մե­ծարէ Ս. Գրի­գո­րը, Ս. Գրիգոր եպիսկոպոսական կոչումը կը փոխանցէ իր որդւոյն՝ Արիստա­կէսին, Ս. Գրիգորի ճգնակեացութիւնը Մանեայ այրքին մէջ, անոր վախճա­նումը, հրեշ­տա­կաց երկնային դասուն մէջ ընդգրկուիլը, ապա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ իր քա­հա­նայապետական փառահեղ տեսքով։

Հետաքրքրական է, որ իտալացի այս գեղանկարիչը՝ Luca Giordano, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, կարդալով Ագաթանգե­ղոսի «Պատմութիւն Հայոց» երկի միջնադար­եան լատիներէն թարգմանութիւնը՝ քաջածանօթ դարձած են Ս. Գրիգոր Լու­սա­ւորիչի վարքին, ու անկէ ներշնչուելով կրցած են թռիչք տալ իրենց երեւակա­յու­թեան՝ ստեղծելով վերոնշեալ հրաշալի ստեղծագործութիւնները։

Ս. Գրիգոր Խոր Վիրապ կը նետուի                                                 Տրդատ Գ. վարազի կերպարանքէ
                                                                                                             Ս. Գրիգորէն բուժում կ’աղերսէ

Ի դէպ, պէտք է նաեւ նշել, որ եկեղեցւոյ նաւուն աջ եւ ձախ կողմերը ունին չորս մատուռներ, որոնցմէ երրորդը կրկին նուիրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին։ Այն­տեղ՝ խորանին վրայ, պատկերուած է հայոց մեծ սուրբը մեծղի գիրք մը կար­դալու ընթացքին, մինչդեռ կողքի նկարները՝ մին Տրդատ Գ. թագաւորն է վա­րա­զի կերպարանքով եւ թախանձաւոր դիրքով, իսկ միւս կողմը նորէն Ս. Գրիգորն է՝ պատկերուած զինք «Artetax» լիճը նետելու տեսարանով։ Սոյն նկարներուն հե­­ղինակը նափոլիցի ականաւոր նկարիչ Frances­co Fracanzano-ն (1612–1656) է, որուն անդրանիկ ստեղծագործութիւններէն են այս եկեղեցիին մէջ պահպա­նուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին վերաբերող նկարները։ Թերեւս թիւրիմա­ցու­թիւն մըն է վերեւի նշումը, թէ սուրբը նետուած ըլլայ «Artetax» լիճը։ Կը թուի, թէ Տրդատ թագաւորի եւ հայոց արքունի այրերուն մկրտութեան պատմութենէն հա­տուած մըն է ներկայացուածը՝ Նպատ լեռան ստորոտը, Արածանի գետի ա­կունքներուն մօտ։

Այստեղ առանձնապէս յիշատակութեան արժանի է եկեղեցւոյ հսկայ նաւը ծած­կող փայտէ ոսկեզօծ ձեղունը, որ ինքնին արուեստի գլուխ-գործոց մըն է՝ զար­դար­ուած նա­փոլիցի վարպետներու փորագրութիւններով 1580–1582 թուա­կան­ներուն ընթաց­քին, ուր կեդրոնական դիրքով զետեղ­ուած են չորս իրարայա­ջորդ նկարներ, որոնք ստեղծագործութիւններն են ֆլամանցի (Պելճիքա) գեղա­նկա­րիչ Teodoro d’Errico-ի  (1542/44–1618)։ Ձուաձեւ շրջանակներու մէջ առնուած այդ նկարներէն,– եկեղեցւոյ մուտքէն դիտուած,– երրորդը կրկին կը ներ­կայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որուն առջեւ ծնրադիր եւ բարեպաշտ դիրքով հան­դէս կու գան Տրդատ Գ. թագաւորը եւ Աշխէն թագուհին»։

Անդրադառնալով Նափոլիի հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հոյակերտ եկեղեցիին՝ ի զուր չէ, որ իտալացի հեղինակ մը՝ Չելանօ, ըսած է. «Երկրի վրայ դրախտէն կտոր մը»։ Արդա­րեւ վայր մը, ուր երբ ներս կը մտնես, սրբութեան մը զգացումով ներշնչուելու, կեանքի առօրեայ հեւքէն թեթեւնալու, ներսիդիդ ծանրաբեռնուած խիղճդ հանդար­տեցնելու եւ, ամենակարեւորը, մեղքերէ սրբուելու տպաւորութիւնը կ’ունենաս։ Ակա­մայ կը սկսիս աղօ­թել եւ դիմել Տիրոջը իր անսահման ողորմածութեան համար։ Եթէ եր­բեք թէկուզ պահ մը անկեղ­ծ գտնուիս անձիդ հետ եւ խոստովանիս, թէ նոյնիսկ աղօթել չես գիտեր, ապա ձեւով մը ար­դէն իսկ աղօթած ու հեղ մը եւս մօտեցած կ’ըլլաս Աս­տուծոյ։

Եկեղեցւոյ ոսկեզօծ ձեղունը                                                                           Տրդատ Գ. եւ Աշխէն թագուհի ծնրադիր՝
                                                                                                                                      Ս. Գրիգորի առջեւ

Երբեք չէի ապրած պահ մը, որ օտար երկրի մը երկինքին տակ պատմութիւնը հայոց իր հեռաւոր անցեալով այսքան անընդմիջելիօրէն գիտակցութեանս մէջ պիտի դառնայ ներ­կայ։ Հայոց փառահեղ անցեալի հզօր դէմքերը պիտի տողանցէին երեւակա­յու­թեանս մէջ այնքան հարազատօրէն ու ջերմացնէին սիրտս Ս. Գրիգոր Պարթեւի լու­սապսակ ներ­կայու­թեամբ, Տրդատ Գ. Արշակունիի յաղթապանծ իշխանու­թեամբ, Աշ­խէն թագուհիի օրինակելի առաքինութեամբ եւ իշխանուհի Խոսրովի­դուխտի ճշմարիտ սրբակրօնու­թեամբ։

Յիրաւի՛, արդար է պարծանքը հայութեան, որ ըլլալով փոքր ածու մը հզօր ազգերու ըն­տանիքին մէջ՝ առաջինը հանդիսացած է ճիշդ գնահատելու ժամանակին հրամայա­կա­նը եւ ունեցած է հեռատեսութիւնը՝ հռչակելով քրիստոնէութիւնը հայոց աշխարհի պե­տական կրօն։ Բայց այդ ժամանակ մեծ երկիր մըն էր Հայաստան եւ ունէր կայացած պե­տականութիւն, նաեւ հզօր բանակ՝ Սասանեան արքունիքի խարդաւանք­ներուն դի­մակայելու եւ հռոմէացիներու կայսերապաշտական նուճողականութեան դէմ առճա­կա­­տելու կամ համապատասխան ռազմաքաղաքական դաշինքներ կնքելու համար։

Բայց, աւա՜ղ, աւերակ առ աւերակ կործանեցան անոր շէն ու շքեղ քաղաքները եւ վաչ­կատուն արնախում ցեղեր իրենց յորդաներով թառեցան Նայիրեան մեր երկրին վրայ։ Ինչե՜ր եւ ի՛նչ մշակութային աւանդներ չունեցաւ հայը օտար երկինքներու տակ, թէկուզ իր բնօրրանէն դուրս, անոնց քաղաքակրթութեան գանձարանին խառնելով իր ցեղին բարձրագոյն արժանիքները։ Եւ դարձեալ, հակառակ իր թափած ծով արիւնին, ար­ցուն­քին ու կրած ցաւին, ան մարդուն դէմ երբեք չդառնացաւ, չանիծեց իր դժխեմ ճակա­տա­գիրը եւ պատմութեան մէջ չչարացաւ, այլ առաւել եւս վերապրելու, տոկալու, յարա­տե­ւելու եւ համբերելու յոյսով զօրացաւ։ Ան իր բնատուր եւ ոսկի սէրը ատելութեան ժանգ պղինձով չփոխեց, այլ մնաց տոկուն իր կրանիտեայ հաւատքով դէպի յաղթա­նակը բա­րիին։

Հետեւաբար իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի եւ մեծաթիւ ո՛ր ժո­ղովուրդին ու ժամանակակից գերիշխող մշակոյթներուն մէջ ալ բնակի, պէտք է հպարտ զգայ, որ ան արժանաւոր զաւակն է աստուածաշնչական Թորգոմեան ցեղին, ազատա­տենչ Հայկ նահապետին, ալեհեր եւ ստեղծա­գործ այն ժողովուր­դին, որ չէ եղած բնաւ քանքարաթաքոյց ազգ մը եսասէր, այլ՝ քաղաքակիրթ եւ միանշանակ քաղաքա­կրթող, ունի պատմու­թիւն եւ բազմադարեան մշակոյթ, գիր ու գրականութիւն, եզակի ինքնու­թիւն, բնածին ու տոհմիկ բարութիւն եւ ծով մարդասիրութիւն։

Ուրկէ հայն է անցած, ոչ թէ իր ետին մահ ու աւեր սփռած է, այլ բաշխած է կեանք եւ աւելիով կեանք։ Ան եղած է անսահման երախտապարտ հանդէպ այն ժողովուրդ­նե­րուն, որոնք հիւրընկալած են զինք, ուստի չէ զլացած անոնց մշակոյթի գանձարանին մէջ իր ամբողջ մտքովը, սրտովն ու էութեամբը ներդնելու այն բոլոր նիւթաբարոյական արժա­նիքները զորս ունի։ Վկայ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ Նափոլիի սրտին մէջ 13 երկար դարերէ ի վեր է ու կը մնայ ըլլալ իբրեւ գործուն, աստուածային եւ կեն­սաբաշխ զօրութիւն մը, արժանաւոր ընդունարան եւ միաժամանակ վկայարան մը քրիս­տոնէ­ական հաւատ­քի ճշմարիտ կեանքին, որուն կենսական ուժը անսպառ է ու յա­ւիտե­նա­կան։

Ժընեւ, 17 Յունիս 2023

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Առաջատար Թեքնաբանութիւնը Եւ Հայերէն Լեզուն. Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք

RelatedPosts

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած  Քսան  Կախաղաններուն
Անդրադարձ

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած Քսան Կախաղաններուն

Յունիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Յունիս 14, 2025
«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան
Անդրադարձ

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?