Քեսապցի պարտիզպան Մանուկը մանչ թոռնիկը իր քով կանչեց ու ականջին փսփսաց.
– Գնա՛ եւ պարտէզի հագուստներդ հագուէ՛, ես եւ դուն պարտէզ պիտի իջնենք ու միասին պիտի շրջինք հոն:
Ուրախութիւնը պատած էր թոռնիկին հոգին: Ան միշտ կ՛ուզէր մեծ հօր հետ պարտէզ իջնել, միասին աշխատիլ, օգնել անոր, սակայն մեծ հայրը կը մերժէր իր օգնութիւնը. «Դեռ փոքր ես» խօսքը որքան կը նեղացնէր զինք: Հակառակ անոր որ շատ լաւ գիտէր, թէ պապուկը զինք շատ կը սիրէր, ան իր «գիմաթլի» (արժէքաւոր) թոռնիկն էր: Պապուկը բոլոր թոռնիկները շատ կը սիրէր, բայց այս թոռնիկը տարբեր տեղ ունէր պապուկին սրտին մէջ, է՜հ… վերջապէս իր պապուկին «էրվնկէճ»-ն (անուանակիցն) էր:
Թոռնիկը երբեք այդքան արագ չէր պատրաստուած, փութով հագաւ, գլխարկն ալ գլխուն տեղաւորեց եւ ուրախութեամբ ու փայլուն, հետաքրքրասէր աչքերով մեծ հօր` պապուկին նայեցաւ:
Պապուկը պարտէզի հողին ու ծառերուն հետ աշխատելէն իր խոշոր կոշտացած ափին մէջ գուրգուրանքով ու սիրով առաւ թոռնիկին փափուկ ու թարմ ձեռքը: Երկուքը միասին պարտէզի ճամբան բռնեցին:
Թոռնիկը ուրախութենէն կը թռվռար: Անոր փոքրիկ ոտքերը կը հետեւէին պապուկին քայլերուն, որպէսզի պարտէզի խիճերուն ու գուղձերուն վրայ կոխելով` չվնասուէին: Պապուկին քայլերը հաստատ ու ապահով էին իրեն համար: Ինք եւս կը փորձէր անոր նման հանդարտ ու սերտուած քայլեր նետել: Թէեւ պապուկին մէկ քայլը իր քանի մը քայլին համազօր էր, սակայն բնաւ չէր դժգոհեր, ընդհակառակն, կը ջանար փաստել, որ ինք ալ մեծ տղայ է ու կրնայ պարտէզ իջնել մեծերու նման:
Պապուկը ծառերէն ինկած խնձորները կը փորձէր իւրաքանչիւր ծառի տակ ի մի բերել, թոռնիկն ալ անոր հետեւելով` կը փորձէր թափած խնձորները պապուկին շինած բլուրին վրայ աւելցնել… ու ահա՛, թը՛փ… խոշոր, կարմիր խնձոր մը վար ինկաւ ծառէն:
– Պապո՛ւկ, ինչ մե՜ղք է այս խնձորը, տե՛ս` որքան լաւ ու մեծ խնձոր մըն է, ինչո՞ւ ինկաւ,- հարց տուաւ թոռնիկը սրտնեղած:
– Տղա՛ս, կեանքը միշտ ալ արդար չէ: Ան ալ Աստուծոյ գործն է, այնպէս` ինչպէս երբեմն մարդիկ շատ լաւ ու առողջ կ՛ըլլան ու յանկարծ կը հիւանդանան, աս ալ այդպէս բան մըն է: Երբեմն խնձորը, կամ ուրիշ պտուղներ, ինչպէս` դեղձը եւ սալորը, կրնան կարկուտէն ալ վնասուիլ: Այն պտուղները, որոնք աւելի բարձր են, կամ չեն պատսպարուած տերեւներով ու ճիւղերով, աւելի կը վնասուին, այդ ալ անոնց ճակատագիրն է,- աւելցուց պապուկը` կնճռոտ դէմքին ժպիտ մը գծելով:
Մանուկ շարունակելով` ըսաւ.
– Երբեմն ծառը հիւանդութիւն մը կ՛ունենայ, հետեւաբար անոր տուած բերքը շուկայ չենք կրնար ղրկել: Դեռ կան շա՜տ ու շա՛տ երեւոյթներ, որոնց պէտք է տեղեակ ըլլալ, քաջ սիրտ ունենալ ու այս բոլորը լաւատեսութեամբ ընդունիլ, որպէսզի պարտէզին գործերը առաջ երթան:
Մանուկ քանի մը քայլ առնելէ ետք շարունակեց.
– Տե՛ս, տղա՛ս, այս ծառին տերեւներէն ագարոզը (խնձորի ծառի վնասակար միջատ) կը սնանի: Ուստի այս ծառն ու իր նմանները պէտք է դեղել, այնպէս, ինչպէս մարդիկ երբ հիւանդանան, բժիշկը դեղ կը յանձնարարէ իրենց: Անցեալին ծառերը այսքան չէին դեղեր, ծառերու հիւանդութիւնները այսօրուան չափ տեսակաւոր չէին: Անցեալին մարդիկ ալ քիչ կը հիւանդանային, որովհետեւ մաքուր ու բնական սնունդով կը սնանէին, մաքուր օդ կը շնչէին, ծառերն ալ մարդու նման հոգի ունին:
Ապա շեշտակի նայելով թոռնիկին աչքերուն` լրջօրէն ըսաւ.
– Ուրիշ բան մըն ալ պէտք է գիտնաս: Պարտէզին աշխատանքը դիւրին աշխատանք չէ, կտրիճ մարդոց գործ է եւ երկա՜ր համբերութեան կը կարօտի: Կը տեսնե՞ս այս ծառը եւ իր շարքին զինուորներու նման շարուած տասը ծառերը… ասոնք հօրդ տարիքը ունին: Քեզի նման փոքր էին: Որքա՜ն խնամած եմ զիրենք, ջրած, դեղած եւ յօտած եմ, մինչեւ որ հասակ առին ու հօրդ նման տոկուն դարձան, ու կը տեսնե՞ս` ի՛նչ լաւ խնձոր բեռցած են: Անդին ալ կան ծառեր, որոնք ինծի նման մեծցած են ու այդ տոկուն ծառերուն նման բերք չեն կրնար շալկել այլեւս: Իսկ այս բոլոր ծառերուն մէջ ամէնէն շատ խնամքի կարիք ունին փոքր ծառերը:
Մանուկ նորատունկ ծառի մը մօտենալով, անոր չորս կողմը բուսած անպիտան բոյսերը խոշոր ափերուն մէջ առնելով` արմատախիլ ըրաւ ու յորդորեց թոռնիկը. «Տե՛ս` այս անպիտան բոյսերը ծառին հետ հողէն կը սնանին, անոր համար պէտք է բօտել (արմատախիլ ընել) զիրենք: Տե՛ս` քանի՜ խոշոր ու առողջ խնձոր շալկած է այս ծառը»:
Թոռնիկը, որ ուշի-ուշով ականջ տուած էր պապուկին խօսքերուն, լաւ գիտնալով, որ պապուկը յետոյ իր բոլոր խօսքերուն մասին հարցումներ կրնայ ուղղել իրեն, կը շարունակէր պապուկին հետեւիլ ու անոր բոլոր գործերուն մասնակցիլ: Երբեմն ետեւ կը մնար ու կը սկսէր վազվզել պապուկին հասնելու համար: Երբեմն փոքր ծառերուն չորս կողմը աճած խոտերը բօտած պահուն, խոտերը ափին, կռնակին վրայ կ՛իյնար եւ…, բայց շատ ուրախ ու բարձր տրամադրութեամբ կրկին կը կանգնէր ու երբեք չէր դժգոհեր: Պապուկն ալ աչքին ծայրով անոր կը հետեւէր` միշտ զայն քաջալերելով ու իր սխալները աննկատ ձգելով` գործը կը շարունակէր:
– Պապո՛ւկ, պապո՛ւկ,- կը կանչէ յանկարծ թոռնիկը,- խնդրանք մը ունիմ: Երբ բերքահաւաքը սկսի, այս պզտիկ ծառին բերքը ես կ՛ուզեմ հաւաքել, անոր վրայի այդ երկու խոշոր ու փայլուն խնձորները կը տեսնես անշուշտ, պարտէզին լաւագոյն պտուղներն են, քեզի պիտի վերապահեմ: Ես կը քաղեմ, քեզի կը բերեմ:
Մանուկ կանգ առաւ, ետ դառնալով` թոռնիկին ճակատը համբուրեց, ուսը թափ տուաւ ու «Աստուած քեզ միշտ առողջ պահէ», ըսաւ: Պարզունակ պարտիզպանը զգացումները զարդարուն բառերով արտայայտելու կարողութիւն չունէր, ո՛չ զաւակներուն, ո՛չ ալ թոռներուն գովասանական կամ հայրական սիրոյ շռայլ խօսքեր կրնար ուղղել, պարզապէս զգացումներն ու յորդող սէրը գործերով կ՛արտայայտէր:
Թոռնիկին այս արտայայտութիւնը, սակայն, սիրտն ու հոգին շոյեց, այդ պահուն իրեն կը թուէր, թէ կեանքէն իր վարձատրութիւնը ստացած էր: Իր էրվնկէճ թոռնիկին փափաքն ու սպասուած նուէրը սիրտը զովացուցին, հոգին ուրախութեամբ խայտաց:
Մանուկին ու թոռնիկին պտոյտը շարունակուեցաւ: Կարգը հասած էր բանջարեղէնին: Մանուկ միշտ ալ հարուստ ու հպարտ կը զգար իր պարտէզով: Պարտէզի բարիքները միշտ առատ են: Ան մեծ դոյլ մը շալկած` ամէն պարտէզ իջնելուն լեցուն դոյլով կը վերադառնար: Այս անգամ եւս քանի մը վարունգ, դդում, սմբուկ, պղպեղ ու ինչ որ հասունցած էր քաղեցին ու դոյլին մէջ լեցուցած` տուն կը վերադառնային, երբ Մանուկ ըսաւ թոռնիկին.
– Տղա՛ս, մի՛ աճապարեր, այս քանի մը սիրուն վարդերէն ալ քաղենք, մայրդ ու մեծ մայրդ ուրախացնենք: Անոնց համար այս վարդերը մեծ նշանակութիւն ունին: Ու գրպանէն պարտէզին մկրատը հանեց եւ ուրախութեամբ վարդերը քաղեց…