Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու Խորհուրդի Անդամ Լինզի Հովարթի Հետ
14 յունիսին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու 3-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Լինզի Հովարթի հետ, իր գրասենեակին մէջ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:
Ներկայացուցիչները Հովարթին տեղեկութիւններ տուին շրջանի հայութեան հետզհետէ աճող կարիքներուն մասին, որուն ընտրատարածքի սահմաններուն մէջ կը գտնուի Սան Ֆերնանտօ Հովիտը` իր մեծաթիւ հայ բնակչութեամբ:
Ներկայացուեցան նաեւ հայութիւնը դէպի քաղաքական աշխուժ մասնակցութեան մղելու նպատակով Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքները եւ Հովարթին աջակցութեան կարօտ` հայութեան առաջնակարգ կարեւորութիւն ներկայացնող կարգ մը հարցեր:
Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Հովարթին, որ փետրուարին հեղինակած էր Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումները եւ Արցախի պաշարումը դատապարտող բանաձեւը, որմէ ետք ան խոստացաւ իր կարելին ընել` նպաստելու համար պաշարումին վերջ դնելու ջանքերուն:
Շեշտ դրուեցաւ նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին իրականացումը ապահովելու կարեւորութեան վրայ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հովարթին` իր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ գործակցութեան պատրաստակամութեան համար, յիշեցնելով, որ Լոս Անճելըս գաւառը Հայկական հարցի պաշտպանութեան գործին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի:
Ոչ Եւս Է ՀՄԸՄ–ի Հայ Դատի Նուիրեալ Գործիչ Սթիւ Արթինեան
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ 17 յունիսին մահացաւ վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական եւ ՀՄԸՄ-ի «Արտակարգ պատուանշան»-ի շքանշանակիր Սթիւ Արթինեանը:
Ան ծնած է Պէյրութ: 1966-ին, երբ 6 տարեկան էր, անոր ընտանիքը կը տեղափոխուի Յունաստան, ապա 1970-ին` Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսեց, ուր փոքր հայ գաղութ մը արդէն գոյութիւն ունէր: Երեք տարիներ ետք անոնք կը տեղափոխուին Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, ուր Սթիւ Արթինեանը կը սկսի գործօն մասնակցութիւն բերել Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ գործունէութեան:
Սթիւը կը վարէր մարքեթինկի փոխնախագահի պաշտօնը ընկերութեան մը մէջ, որ կը գործէ Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Արթինեան ութ տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի մասնաճիւղին` իբրեւ սկաուտ: 1973-ին ադամակցած է Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան, իսկ 1978-ին մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբին եւ աւելի ուշ ստանձնած է նոյն յանձնախումբին ատենապետի պաշտօնը: Երկար տարիներ ծառայած է նաեւ իբրեւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ 5 տարիներ` իբրեւ մասնաճիւղի ատենապետ, որմէ ետք ան 5 տարեշրջաններու ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ եւ 2007-2010 եղած է Շրջանային վարչութեան ատենապետը:
Ան մօտէն վերահսկեց շինարարական աշխատանքներուն Շրջանային վարչութեան կեդրոնի եւ «Գէորգ Անտոնեան» սրահի, որուն բացումը կատարուեցաւ 2009-ին, Իկըլ Ռաքի մէջ: 2007-ին անոր հետեւողականութեան եւ ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել ՀՄԸՄ-ի «Թեքույա» բանակավայրի սեփականութիւնը` 26 արտավար (acre) բանակավայրը, Ֆրէյժըր Փարքի մէջ, զոր ՀՄԸՄ-ը մինչեւ օրս կ՛օգտագործէ:
2019-ին, ՀՄԸՄ-ի օրուան տօնակատարութեան ընթացքին, Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Սթիւ Արթինեան ստացաւ «Արտակարգ պատուանշան»-ը` իբրեւ գնահատանք իր ՀՄԸՄ-ականի փայլուն վաստակին ու ծառայութիւններուն:
2019 եւ 2022 ան բծախնդրօրէն ստանձնեց Նաւասարդեան 44-րդ եւ 45-րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսի յանձնախումի ատենապետի պաշտօնը: Ան մինչեւ վերջերս կը վարէր Նաւասարդեան 46-րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսի ատենապետի պաշտօնը, սակայն, դժբախտաբար, անոր անակնկալ եւ վաղաժամ մահը կիսատ ձգեց անոր ժրաջան աշխատանքը եւ ծրագիրները:
2012-ին Սթիւը ստանձնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պատկերասփռուած դրամահաւաքի` թելեթոնի, ատենապետի պաշտօնը, երբ ստացան առաւել քան 3500 նուիրատուութիւններ:
Ան երկու շրջաններ ծառայած է իբրեւ Ազգային առաջնորդարանի հանրային կապերու յանձնախումբի համանախագահ: Ան նաեւ ծառայած է ՀՕՄ-ի եւ շատ մը այլ կազմակերպութիւններու յանձնախումբերուն մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է ատենապետը Հայ դատի յանձնախումբին C3 խորհուրդին` վերահսկելով յանձնախումբին կալուածները եւ տարբեր դատիարակչական ծրագիրները:
Սթիւ Արթինեանի մահը սգացին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի Մասնաճիւղը Եւ «Երաժշտութիւն Յանուն Ապագայի» Հիմնադրամը` Ի Նպաստ Հայաստանի Պատանի Սերունդի Երաժշտական Կրթութեան
Վերջերս Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Հայաստանի մասնաճիւղը եւ «Երաժշտութիւն յանուն ապագայի» մշակութային հիմնադրամը (M4FF) ստորագրեցին պայմանագիր մը, որուն ծիրին մէջ հիմնադրամի կրթական ծրագրին կատարած ներդրումը պիտի ուղղուի տաղանդաշատ երեխաներէն մէկուն մասնագիտական աճին ու զարգացման:
Նիւթական աջակցութեան շնորհիւ` հիմնադրամը կը շարունակէ իրագործել իր կրթական ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ հայ պատանի երաժիշտներու համար կ՛ապահովուին` վարպետութեան դասեր, բեմական փորձ, համերգային եւ թանգարանային այցեր, օտար լեզուի դասընթացներ եւ կը յատկացուի կրթաթոշակ:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ըլլալով բարեգործական կազմակերպութիւն` միշտ կարեւոր նկատած է մշակոյթին դերը եւ իր աւելի քան 100-ամեայ գործունէութեան ընթացքին մեծ տեղ յատկացուցած է մշակութային ծրագիրներուն, որոնք նաեւ կը նպաստեն ընկերակցութեան գլխաւոր առաքելութեան` օգնել հայ ժողովուրդին պահպանելու հաւատքը, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը: Աւելի՛ն. այսօր ներդրում կատարելով տաղանդաշատ պատանիներու աճի եւ զարգացման մէջ` իրենք կ՛ապահովեն ապագայ սերունդի խոստմնալից ապագայի կերտումը, երբ անոնք կարիքի պատճառով ստիպուած չեն ըլլար մոռնալու իրենց երազանքները:
Ստեղծուած` 2019-ին, «Երաժշտութիւն յանուն ապագայի» մշակութային հիմնադրամին նպատակը եղած է ու կը մնայ բացայայտել Հայաստանի տաղանդաւոր փոքրիկ երաժիշտները եւ օգնել անոնց, հասնելու իրենց մեծ երազանքներուն: Ներդրումները` յանուն երաժշտութեան եւ յանուն ապագայի, առանցքային դեր ունին հայ շնորհալի երեխաներու ապագայի ձեւաւորման գործին մէջ` հնարաւորութիւն տալով հզօրացնել արուեստագէտներու յաջորդ սերունդը, հարստացնել Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը եւ աշխարհին ներկայացնել հայկական մշակոյթն ու հայ կատարողական արուեստը:
Յունաստան
Ատիկէի Մարզպետը Այցելեց Քոքինիոյ Հայկական Հաստատութիւնները
Յունահայ գաղութի հաստատութիւններ այցելելու ծիրին մէջ, Ատիկէի մարզպետ Եորղոս Փաթուլիս, ընկերակցութեամբ փոխմարզպետ Սթ. Անտոնաքուի եւ իր խորհրդականին` Պօղոս Չոլաքեանի, Քոքինիոյ մէջ այցելեց Հ. Կ. Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարան:
Մարզպետը առիթ ունեցաւ մուտք գործելու դասարանները եւ զրուցելու աշակերտութեան հետ, որոնք պատասխանեցին իր հարցումներուն եւ անդրադարձան իրենց դասաւանդութեան նիւթերուն: Վարժարանի տնօրէնուհի Հայկանուշ Մինասեան ներկայացուց վարժարանի յարակից մասերը եւ պարզեց վարժարանի առաքելութեան ու անոր գրեթէ մէկդարեայ պատմութեան փուլերը: Մարզպետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց դպրոցին առնչութեամբ` դրուատելով յունահայ համայնքին եւ անոր կառոյցներուն ջանքերը հայեցի կրթութիւն ջամբելու հայ նոր սերունդին, պահպանելով լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային դիմագիծը: Ան նաեւ խօսեցաւ յոյն ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան մասին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, նշելով, որ իր ծրագիրներուն մէջ ներառուած է այցելութիւն Հայաստան: Ան նաեւ մարզպետութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց սատարելու վարժարանի կարիքներուն:
Յաջորդաբար մարզպետը եւ իր պատուիրակութիւնը այցելեցին Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան ու հոգեւոր կեանքին, նաեւ` Հայ աւետարանական եկեղեցի, ուր առիթը ունեցաւ զրուցելու վեր. Վիգէն Չոլաքեանի հետ եւ ծանօթանալու համայնքի կեանքին:
Թեհրան
«ԿԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱՅՆՔ» Նախընտրական Գրասենեակի Նախաձեռնութեամբ` Ժողովրդական Մեծ Համերգ
Կազմակերպութեամբ «ԿԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱՅՆՔ» նախընտրական գրասենեակին, 13 յունիսին «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական մեծ համերգ` մասնակցութեամբ Հայաստանէն ժամանած երգիչ-երգչուհիներու:
«ԿԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱՅՆՔ» ցուցակով ներկայացուած Սասուն քաղաքամասի թեկնածուներուն անունով հանդէս եկաւ Նորիկ Ղարաբէկեան, որ կարեւոր նկատելով ընտրութիւններուն մասնակցելու փաստը` նշեց, որ համայնքի կայունութեան եւ առհասարակ կայուն համայնք ապահովելով է, որ հնարաւոր կը դառնայ համայնքային կեանքի ապագան:
Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան նախկին պատգամաւոր Վարդան Վարդանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Պատգամաւորական ժողովի ընտրութիւններու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ` նոյն ուղղութեամբ ժամանակին ծառացած խնդիրներու եւ խոչընդոտներու յաղթահարման, յոյս յայտնելով, որ համայնքը, ինչպէս անցեալին, բարձր մասնակցութիւն ցուցաբերելով` իր ձայնը պիտի տայ համայնքի կայունութեան եւ այդ ուղղութեամբ ծրագիրներուն հաւատարիմ թեկնածուներուն:
Ապա ելոյթ ունեցան հանրայայտ երգիչներ Սոֆի Մխէեան եւ Մաւր Մկրտչեան, իսկ կատակերգային կատարմամբ ելոյթ ունեցաւ իրանահայ դերասան Արէն Սաֆարեան:
Համերգի ընթացքին ներկայացուեցաւ Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցւոյ ընտրական տարածքի «ԿԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱՅՆՔ»-ի թեկնածուներուն ցուցակը:
Ատրպատական
Ս. Ստեփանոս Վանքի Տարեկան Ուխտագնացութիւն
10 յունիսին տեղի ունեցաւ Դարաշամբի դարաւոր Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքի տարեկան ուխտագնացութիւնը:
Առաւօտեան մատուցուեցաւ ս. պատարագ` կատարողութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ համաճարակէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, սուրբ պատարագ կը մատուցուի Ս. Նախավկայի տաճարին մէջ: Ան յիշեց, որ Ս. Ստեփանոս քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած առաջին վկան է, որուն երկրաւոր կեանքը աւարտեցաւ խելագար ամբոխի կողմէ արձակուած քարերու տարափին տակ:
Իր քարոզի աւարտին սրբազան հայրը գնահատական խօսք ուղղեց Ռազմիկ Դիլանեանին, որ անցնող շուրջ 25 տարիներուն ամէն օր ներկայ էր Ս. Ստեփանոսի վանքին մէջ այցելուներուն բացատրութիւն տալու վանքի պատմութեան եւ փառաւոր անցեալին մասին, նկատել տալով, որ ան անցնող ամիս հանգստեան կոչուած է, իսկ առողջական պատճառով ներկայ չէ կրցած գտնուիլ սուրբ պատարագին: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ Թաւրիզի մէջ յատուկ յուշանուէր պիտի յանձնուի անոր:
Աւարտին սրբազան հայրը ողջունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Կապանի հիւպատոս Ապետինիի ներկայութիւնը եւ այս առիթով Ազգային իշխանութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց անոր: Նոյնպէս գնահատելով Իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի հոգածու մօտեցումը Ատրպատականի հայոց թեմին` անոր եւս պարգեւատրեց յուշանուէրով մը: Վերջապէս, սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Իրան-Հայաստան կապի պատասխանատու Նազիֆի գործունէութիւնը եւ անոր եւս յուշանուէր մը յանձնեց Թեմական խորհուրդին անունով:
Պատարագէն ետք ուխտաւորները շրջագայեցան եւ դիտեցին վանքի թանգարանին մէջ գտնուող պատմարժէք իրերը, ինչպէս նաեւ այցելեցին վանական վերանորոգուած խուցերը եւ ականատես եղան այն հսկայական աշխատանքին, որ կը կատարուի պատմական անցեալ ունեցող սոյն կառոյցը` Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը պահպանելու համար: