ԱՂԱՒՆԻ ՍԱՐԵԱՆ
Յանկարծ արթնցայ, եւ ուղեղիս մէջ այս բառերը հնչեցին:
Ո՛վ խուլ, կոյր, համր եւ անխիղճ աշխարհ: Արդեօք չէ՞ք տեսներ, թէ ի՛նչ կը պատահի Արցախի մէջ. արդէն ամիսներէ ի վեր շրջափակուած է այդ սքանչելի փոքր հայրենիքը, արդէն այնքա՜ն փոքր մնաց, վախնանք դեռ մնալիքէն ալ աւելի, կրնայ հիւլէի մը վերածուիլ լոկ:
Շատ լաւ գիտէք, որ անկէ ետք կարգը Հայաստանին պիտի գայ: Ինչո՞ւ այսքան լռութիւն… Թէեւ այս հարցումիս պատասխանը շատ լաւ գիտեմ, մեր 120.000 հայերուն ոչնչացումը կամ արիւնը ձեզի պիտի ծառայե՞ն, ձեր երազները պիտի իրականացնե՞ն` արիւնը քարիւղով փոխարինելով:
Ձեր դիւանագիտութիւնը, բարձր մակարդակի ժողովները, օդին մէջ շարժող խոստումները եւ կարեկցութիւնները ձեզի թող մնան, հարցը լուծելու տեղ բարդացնելու կը ծառայեն անոնք, ուրիշ ոչինչ…
Ինչո՞ւ այսքան խելացի ազգ մը ոչնչացնելու հետամուտ էք: Ո՛վ մեր երկիրներու պզտիկ հոգիով դիւանագէտներ, կը բաւէ՛ օրօրներ երգէք, ինչպէս մեր Մանուէլին երգը կ՛ըսէ. «Արարատը խոստումներով գերի դարձաւ, Արարատը օտարներուն վստահեցաւ» եւ այլն:
Ամբողջ կեանքիս ընթացքին մէկ բան հասկցայ. աշխարհը կառավարողները քուրջի կտորներ եւ խենթ անձեր են, իսկ մէջը ապրողներս` գառնուկներ: