Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ
Տժգոյն էր Հայաստնի վերանկախացման 32-ամեակը: Տժգոյն, գերտժգոյն ե՛ւ դալկահար, գերդալկահար: Աւելի՛ տժգոյն եւ սնամէջ էր Հայաստանի վարչապետին խօսքը, որ տեւեց հազիւ կէս ժամ (սովորութիւն ունի ժամեր շարունակ խօսելու եւ դատարկաբանութիւններ դուրս տալու): Նոյնինքն «ազգընտիր» Փաշինեանն ալ տժգոյն էր, նո՛յնքան տժգոյն, որքան որ էր` իր կարծիքով` գրեթէ երեք տարի առաջ, 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք կորուսեալ «Տժգոյն Շուշի»-ն: Տժգոյն ու դալկահար ենք...




















