Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաւացի Է Այդ Հայուհին

Սեպտեմբեր 23, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ամէն անգամ որ ընդդիմութիւնը հրապարակ կ՛իջնէ փաշինեանական իշխանութիւնը լուծարելու վճռակամութեամբ եւ չի յաջողիր, ինքնաբերաբար Նիկոլի դիրքերն են, որ կ՛ամրապնդուին եւ ինքնաբերաբար կ՛ամրագրուի նիկոլական ուժի անպարտելիութեան առասպելը:  Անգամ մը եւս մենք կը կոփենք մեր  շղթաները մեր իսկ ձեռքերով: Անգամ մը եւս ան կը յաջողի հաւաստել արեւմուտքին եւ Մոսկուայի,  որ ինքն է տէրը կացութեան, եւ որ ընդդիմութիւնը շատ հեռու է իր իշխանութեան լուրջ սպառնալիք մը ըլլալէ: Ամէն անգամ որ ընդդիմութեան պայքարը կը յանգի հերթական նոյն ձախողութեան, մենք ենք, որ կը լիազօրենք նիկոլական յանցագործ իշխանութիւնը խօսելու եւ բանակցելու մեր հաշուոյն, ԱԶԳԻՆ ՀԱՇՈՒՈՅՆ: Մենք ենք, որ կը լիազօրենք Նիկոլը մեր պետականութիւնը տանելու կործանման. մեզ ազգովին բարոյալքելու, վարկաբեկելու եւ պատմութեան բեմէն դուրս քշելու: Ա՛յս է մերկ իրականութիւնը, որուն անյապաղ պիտի գիտակցինք եւ հասկնանք, որ մեզմէ ամէն մէկը անմիջականօրէն դերակատար է այս ազգային ողբերգութեան մէջ:

Վերջին երկու օրերու իրադարձութիւնները օրհասական են, եւ մենք` ողբալիօրէն,  անպատրա՛ստ ենք մեր առջեւ ծառացող կենաց-մահու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Արցախը կը գտնուի թշնամիին ճանկերուն մէջ: Արցախը կը գտնուի ցեղասպանութեան եզրին: Հայաստանի իշխանութիւնը պաշտօնապէս լքած է Արցախը` զայն յայտարարելով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս եւ ինքնաբերաբար հնարաւոր դարձուցած, որ Ազրպէյճան արդարացնէ իր ցեղասպանական նախայարձակումը` իբրեւ հակաահաբեկչական գործողութիւն` անկարելի դարձնելով միջազգային համայնքին միջամտութիւնը «Ազրպէյճանի ներքին գործերուն»: Պարզ խօսքով, թշնամին կը գործէ մեծագոյն ձեռնհասութեամբ եւ դաժանութեամբ եւ հայոց հայրենիքն ու հայ անկախ պետականութիւնը կառչած են վերջին ազազուն արմատէն, իսկ մենք կը ճգնինք 30 ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու հայեացքները համադրել:

Ճիշդ էր այդ հրաշք մանկամարդուհին, որ իր բուռն ընդվզումը թափեց երէկ մեր դանդաղկոտ վարքագիծին վրայ: Հազարաւոր քաղաքացիներու նման, ան եւս փութացած էր Հանրապետութեան հրապարակ իր ուղնուծուծով զգալով, որ իր եւ իր երկու անմեղունակ ձագերուն ճակատագիրն էր, որ կը վճռուէր ամէն վայրկեան Արցախի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի, Տաւուշի եւ Երեւանի մէջ, եւ որ ինք եկած էր իր վտիտ թեւերով ետ շրջելու մեր կեանքերու ծուռ դարձած քառակուսի անիւը… Ի՜նչ «վաղը», ժողովո՛ւրդ, ի՜նչ Եռաբլուր, ի՜նչ Կոմիտէ, ի՜նչ գործողութիւններու ծրագիր… Ինչո՞ւ ոչ այսօր, ինչո՞ւ ոչ հիմա… Ան կու տար մեր երեսին` պահանջելով, որ երէկ իսկ համաժողովրդական ընդվզումի ալիքը քալէր յանցագործ այս իշխանութեան բերդերուն վրայ եւ վար բերէր յանցագործը իր ամբողջ համակարգով:

Կասկած չկայ, որ յեղաշրջման գործը կը պահանջէ մեծ լրջութեամբ ձեւաւորուած հարուածային ռազմավարութիւն: Ան ո՛չ միայն կը պահանջէ խիզախութիւն եւ վճռակամութիւն, այլ նաեւ զգաստութիւն, խոհեմութիւն, նախապատրաստութիւն եւ նման այլ ստորոգելիներ: Եւ սակայն` ճիշդ է այդ հայուհին: Ճիշդ են մեր անծանօթ քրոջ բնազդները: Ճիշդ է իր ինքնագիտակցութիւնը: Ճիշդ է պատմական պահը զգալու մայրական իր յայտնատեսութիւնը: ԱՆ «Ո՛Չ» ԸՍԱՒ ՄԵԶԻ: Ան մերժեց թողուլ հրապարակը: Մերժեց «տուն երթալ»: Ինք եւ հազարաւոր ուրիշներ ամբողջ գիշերը իրենց հիասթափութիւնը պարպեցին մայրաքաղաքին վրայ` փակելով խաչմերուկներ, կասեցնելով երթեւեկը եւ իրենց զայրոյթը ճչալով ոստիկանական տխմար «պատ»-երուն:

Այսօր Հայաստանի անկախութեան վերականգնման օրն է: Ան այլեւս տօնախմբութեան օր մը չէ: Ան սուգի օր է: Հարիւրաւոր նոր զոհերու, վիրաւորներու, անհետ կորսուած սիրելիներու, քանդուած օճախներու օրն է այսօր: Թշնամին կը յառաջանայ մեր գիւղաշխարհէն ներս: Թշնամին կը մտնէ մեր սրբատեղիներէն, մեր ինքնութեան բերդերէն ներս: Թշնամին քայլ առ քայլ կը սրբապղծէ մեր տունը եւ  կը սպառնայ մեր հաւաքական լինելիութեան: Մռայլ, չար, ամօթալի, անարժանապատիւ, զզուելի օր մըն է այս օրը… Օ՛ր մը, որ պէտք է անպայման սրբուի մեր, մեր զաւակներու եւ մեր թոռներու պատմական  յիշողութենէն: Մենք` ինքնե՛րս պէտք է սրբենք այս օրը, իմ սիրելի՛ ազգ, իմ հերոսակա՛ն ժողովուրդ, իմ քո՛յր, իմ եղբա՛յր, իմ անզուգական ընկերնե՛ր: Թող այսօրն ըլլայ հսկայ մեկնարկը մեր հաւաքական, հզօր եւ անկասելի գրոհին: Թող այսօրն ըլլայ անմոռանալի սեւ օր մը թշնամիի տարեգրութեանց տոմարին մէջ: Ցոյց տանք մենք մեզի եւ աշխարհին, որ մենք կրնանք, մենք կրնանք, մենք կրնա՛նք  ետ շրջել պատմութեան քառակուսի անիւը եւ տէր կանգնիլ մեր երկրին, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենական իրաւունքներուն, մեր ապագային: Մենք կրնանք, եւ Տէր ընդ մեզ:

Սեպտեմբեր 21, 2023      

 

Նախորդը

Վերամուտ. Ինչի՞ Կը Ծառայէ Դպրոցը

Յաջորդը

«Կաշիով Ստեղծելու Արուեստ-Արհեստը` Ապահով Ապագայի Մը Երաշխիքը» «Ազակ»-ին Կ՛ըսէ Արփի Մանկասարեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?