Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի նախաձեռնութեամբ, ՀԲԸՄ Հայաստանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանցի, սփիւռքահայ, արաբ եւ եւրոպացի խումբ մը գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու հաւաքական ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ներկաները ողջունելէ ետք, հակիրճ կերպով ներկայացուց ցուցասրահին վերջին 13 տարուան գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ այս ցուցահանդէսը կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կազմակերպուած է Համազգայինի 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններու շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց, որ Հայաստանի ցուցահանդէսին պիտի յաջորդէ նոյն ցուցադրութիւնը Լիբանանի մէջ:
Անդրադառնալով ցուցասրահի գործունէութեան` Յ. Հաւաթեան յայտնեց. «Ցուցասրահը իր հիմնադրութենէն ի վեր մնայուն կերպով կապերը ամրապնդեց հայրենի արուեստագէտներուն հետ, եւ մենք ամէն ամիս անպայման հիւրընկալեցինք հայրենի տաղանդներ եւ դարձանք իւրատեսակ կամուրջ` Հայաստան-Լիբանան, Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ»:
Հաւաքական ցուցահանդէսին մասնակցութեան սկզբունքը այն եղած է, որ անցնող 13 տարիներու ընթացքին Համազգայինի հետ համագործակցած արուեստագէտները մէկ յարկի տակ ներկայացուցին իրենց աշխատանքները:
Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը` այսօրինակ բարձր մակարդակով ցուցահանդէսի կազմակերպման համար եւ յայտնեց, որ եթէ սրահը քանի մը անգամ մեծ ըլլար, ապա վստահաբար անիկա դարձեալ լեցուն պիտի ըլլար ինչպէս մասնակից նկարիչներով, այնպէս ալ` այսքան խանդավառ արուեստասէրներով:
«Այս տարիներու ընթացքին մեր հայ նշանաւոր արուեստագէտները կրցան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի միջոցով մասնակցիլ տասնեակ մը ցուցահանդէսներու, իրենց արուեստը տարածել, եւ շնորհիւ Համազգայինի` կարելի եղաւ հայ մշակոյթը ներկայացնել արտերկրի մէջ: Ես շատ կարեւոր կը համարեմ ձեր ազգանուէր աշխատանքը, որովհետեւ դուք արտերկրի մէջ հայ նկարիչը կը ներկայացնէք բարձր մակարդակով», ըսաւ Ս. Սաֆարեան:
Հայաստանի Նկարիչներու հիմնադրամի նախագահ Խաչիկ Աբրահամեան շնորհաւորեց Համազգայինի 95-ամեակը ու նշեց. «Խորին շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին` այս գեղեցիկ ցուցադրութիւնը կազմակերպելուն համար: Իսկապէս հրաշալի է, որ բոլորս միասին այսպիսի հրաշալի ցուցահանդէս կրցանք կազմակերպել: Կը փափաքիմ, որ այս գաղափարը շարունակական ըլլայ եւ հայ արուեստագէտներուն աշխատանքները ներկայացուին աշխարհի մէջ»:
Հաղորդենք, որ արցախցի երեք նկարիչներ նոյնպէս ներկայացուած էին հաւաքական ցուցահանդէսին, իսկ անոնց գործունէութեան մասին ներկայացուց «Դիզակ արտ» մշակութային կեդրոնի համահիմնադիր Գայիանէ Բուդաղեանը:
Յոբելենական հաւաքական ցուցահանդէսին խօսք արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրայր Գէորգեանը: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Համազգայինի գործունէութեան ուղղութիւնները եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձուց գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ուղղութիւններուն: «Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի հիմնական առաքելութիւնը հանդիսացաւ սփիւռքի մէջ ստեղծել այն միջավայրը, որ հայ եւ օտար շրջանակները պէտք էր ծանօթանային այս արուեստին», նշեց Հ. Գէորգեան:
Այնուհետեւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան` այս ձեռնարկի իրագործման համար իրենց ցուցասրահը սիրայօժար տրամադրելնուն համար:
Յայտնենք, որ հաւաքական ցուցահանդէսին ներկայացուեցան 83 հեղինակներու աշխատանքներ: Այս նաեւ իւրատեսակ հաշուետուութիւն հանդիսացաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վերջին 13 տարուան արգասաբեր գործունէութեան:
Յիշեցնենք, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը հիմնուած է 2009 թուականին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ: Անցնող 13 տարուան ընթացքին ցուցասրահը կազմակերպած է 135 անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ` հիւրընկալելով Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն, Եւրոպայէն հայ եւ շարք մը արաբ ու եւրոպացի արուեստագէտներ: