Երեւան, 1976, Ձմեռ
Հօրս` Որսորդ Սըդդանի տարեկից ընկերներէն Սիրակ Մաթոսեանը Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի միջանցքը գտաւ զիս ու տեղեկացուց, որ իր դրացին` «Պոլջեւիկ Յակոբ»-ը (Յակոբ Տէր Պետրոսեանը), յաջորդ օր իրիկուն զիս կը հրաւիրէ ընթրիքի: Թէեւ առաջին անգամը չէր, որ ես կը հրաւիրուէի Տէր Պետրոսեաններուն մօտ, սակայն Սիրակի լեզուին տակ բան մը կար: Երբ հարց տուի.
– Ի՞նչ առիթով եւ ուրիշ որո՞նք ներկայ պիտի ըլլան:
Ան խորհրդաւոր ու ցած ձայնով պատասխանեց.
– Մասնաւոր առիթ մը չկայ, բայց կարեւոր է: Մենք մեզի ենք:
Հակառակ հօրս ժխտական կարծիքին, քանի մը հանդիպումներէ ետք, ես դրական կարծիք կազմած էի «Պոլջեւիկ Յակոբ»-ին մասին` իբրեւ բանիմաց մտաւորական, հայրենասէր ու «իրատես» մարդ: Ան ոչ միայն ընդունած էր «Պոլջեւիկ Յակոբ» մակդիրը, այլ նաեւ հպարտ էր, որ ներգաղթի տարիներուն եղած էր Լիբանանի Համայնավար կուսակցութեան ղեկավարներէն ու մասնակցած` ներգաղթի կազմակերպչական աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ Հայաստանը փրկուեցաւ «ինքնավար մարզ» ըլլալու կարգավիճակէն ու դարձաւ առանձին «հանրապետութիւն»: Անձնապէս իրեն հետ վիճելու պատմական ու քաղաքական պատրաստուածութիւնը չունէի, թէեւ հաճելի էր իրմէ լսել Դաշնակցութեան տրուող այն գնահատականը, որուն համաձայն, ներգաղթի վերջին հանգրուանին «քաղաքական հասունութիւն» (բառերը իրն են) ցուցաբերելով` «մեղմացուցած» էին հակախորհրդային քարոզարշաւն ու անուղղակիօրէն նպաստած` ներգաղթի զանգուածային իրականացման: Ի դէպ, շատ քիչեր միայն կ՛ընդունէին այս իրողութիւնը:
Գացի… բայց որպէսզի ճիշդ ըմբռնէք ու հասկնաք մեր խօսակցութեան իմաստն ու բնոյթը, նախ պէտք է որ իրազեկ ըլլաք, թէ «Բանը ինչումն էր»…
Երբ, շնորհիւ Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Եակով Զարոբեանի ճիգերուն ու նաեւ հնարամտութեան, 1964-ին Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» հատորը (որուն հրատարակումն ու ցրւումը առանձին պատմութիւն է), անիկա ոչ միայն երեւոյթ դարձաւ, այլ նաեւ նպաստեց հայրենի մտաւորականութեան ու առհասարակ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին: Փաստօրէն, տարի մը ետք տեղի ունեցան «օփերայի յայտնի դէպքերը», իսկ յաջորդ տարին սկսան Եղեռնի զոհերուն նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի կառուցման աշխատանքները: Ընթացքին, Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեկանալէ ետք մուսալեռցիներու թուրք բռնատիրութեան դէմ մղած կենաց մահու պայքարին ու յաղթանակին մասին, թոյլատրեցին տօնելու իրենց փառահեղ յաղթանակը Էջմիածնի ճանապարհին գտնուող ծիրանի ծառաստաններու շուքերուն տակ: Այս բոլորը հեշտութեամբ տեղի չունեցան: Կար երէց մուսալեռցիներէ կազմուած յատուկ վարչութիւն մը, որուն ատենապետն էր Յակոբ Տէր Պետրոսեանը: Ամէն տարի սեպտեմբերի կէսերուն տեղի ունեցող տօնախմբութիւններուն սկսան մասնակցիլ տարածաշրջանի ժողովուրդէն շատեր: Ինչպէս նաեւ` յայտնի գրողներ, արուեստագէտներ, թատերական գործիչներ ու տարբեր տեսակի մտաւորականներ, եւ տօնախմբութիւնները ստացան ազգային բնոյթ: Բնականաբար կարիքը կը զգացուէր յուշարձան-համալիրի մը կառուցման: Իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք` երկու հարց կը կարեւորուէր: Առաջինը այն էր, որ մուսալեռցիք լերան վրայ ապրած ու կռուած էին համերաշխ ու հաւասար պայմաններու տակ, որ ուղիղ կը համեմատէր համայնավար գաղափարախօսութեան (որուն համաձայն էին բոլորը), իսկ երկրորդ` Մուսա Լերան հերոսապատումի գլխաւոր հերոս ու ղեկավար կը յայտարարուէր հնչակեան Եսայի Եաղուպեանը, (որուն շատեր համաձայն չէին): Բայց մտաւորական մուսալեռցիներուն մեծամասնութիւնը (թէկուզ` դաշնակցական հակումներով) Եսայի Եաղուպեանի կողմնակիցներէն էին: Շատ քիչեր միայն, եւ այն ալ` «շշուկով», կու տային Մովսէս Տէր Գալուստեանի անունը:
Եթէ չեմ սխալիր, 1974-ի ձմրան Մաշտոցի անուան մատենադարանի վաստակաւոր գիտաշխատող Փայլակ Այնթապլեանը Մուսա Լերան հերոսամարտի մասին դասախօսութիւն մը տուաւ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, ուր Եսայի Եաղուպեանը ներկայացուց իբրեւ գլխաւոր հերոս ու փառաբանեց զայն: Հետագային, երբ օր մը պատահաբար հանդիպեցանք, հարց տուի իրեն.
– Ինչո՞ւ Եաղուպեանին իբրեւ գլխաւոր հերոս կը ներկայացնես, երբ դուն գիտես ճշմարտութիւնը:
– Ներկայ ժամանակները այդպէս կը պահանջեն,- ըսաւ ու շարունակեց.
– Նախ նկատի առ, որ իր զինակից դաշնակցական ընկերներէն ոմանք, թէեւ չեն ընդունիր զինք իբրեւ Գաբրիէլ Բագրատեան, սակայն կը վկայեն, որ Եաղուպեանը խիզախ ու յանդուգն կռուող մը եղած է: Անոնցմէ շատեր, ինչպէս «Հերկելիկն» ու «Մսթըրը», իմ տուած բացատրութիւններէն ետք, ընդունեցին, որ յանուն յուշարձանի կառուցման` հարկաւոր է… լռել` այն հաստատ համոզումով, որ ժամանակը իր դերը կը կատարէ եւ Տէր Գալուստեանն ու իր ընկերները ապագային կը դրուին իրենց արժանի պատուանդանին վրայ:
… Ես ալ լռեցի ու ինծի հետ շատ շատեր… Բայց յուշարձանի կառուցումէն ետք վեթերան հերոսները չլռեցին: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս…
Ի վերջոյ, 1976-ի սեպտեմբերին մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Արմաւիր մարզի բարձունքին անառիկ բերդի նման կանգնած Մուսա Լերան յուշարձանին, որուն մասին նոյն օրն իսկ յայտարարուեցաւ, որ կը խորհրդանշէ մուսալեռցիներու գոյատեւելու կամքը, միասնականութիւնը, ազատատենչութիւնը, խիզախութիւնն ու յաղթանակը: Բայց, հակառակ այս հայրենասիրական ու մարդասիրական գեղեցիկ բնութագրումին ու բացառիկ խանդավառութեան, ճակտոնապատի բարձրաքանդակին վրայ քանդակուած մուսալեռցին, փոխանակ յարձակողական տրամադրութեան մէջ ըլլալու, պատերազմը աւարտած համարելով` հրացանը քարշ կու տայ իր ետին:
Բուն խնդիրն ա՛յս է արդէն:

Թէեւ բացման օրուան ճառախօսներէն ոեւէ մէկը չանդրադարձաւ այս ցաւոտ իրողութեան, սակայն շատ արագ տարածուեցաւ բարձրաքանդակի մեկնաբանութիւնը, որ երկու տարբերակ ունէր: Ըստ առաջին տարբերակին, մուսալեռցին պատերազմելէ ու յաղթելէ ետք տակաւին ձեռքին մէջ կը պահէ հրացանը` իբրեւ սպառնալիք թշնամիին: Սակայն, ըստ երկրորդ մեկնաբանութեան, երբ հերոսը հրացանը քարշ կու տայ իր ետին, կը նշանակէ, որ թէեւ մենք կռուած ու յաղթած ենք, սակայն հարց չունինք այլեւս թշնամիին հետ: Վերջին մեկնաբանութիւնը աւելի իրատեսական կը թուէր, ու այդ պատճառով ալ գրեթէ միահամուռ դժգոհութիւն կար վեթերան հերոսներու մօտ` իբրեւ ճակատամարտերուն մասնակցած ականատես վկաներ, կամ յաջորդ սերունդի ներկայացուցիչներ. Մտայչը, Իշվըհուտը, Հերկելիկը, Մսթըրը, ինչպէս նաեւ` Հերկելեան, Շաննաքեան, Զէյթլեան, Շերպեթճեան, Այնթապլեան, Պալապանեան, Ապաճեան, Ղազարեան եղբայրներն ու շա՜տ շատեր, թէեւ հպարտ էին ու հիացած Մուսա Լերան յուշարձանի վեհութեամբ ու գեղեցկութեամբ, այնուամենայնիւ դժգոհ էին բարձրաքանդակի բովանդակութենէն:

Հերկելիկն ու Մսթըրը, որոնց ես յաճախ կը հանդիպէի Չարպախ` Հերկելեաններու բնակարանը, կ՛առաջարկէին, որ յունուարին, երբ Լիբանան մեկնիմ, յօդուածներ գրել տամ «մերիններուն», որպէսզի յայտարարուի, թէ մեր պատերազմը չէ վերջացած թուրքին հետ, ընդհակառակը, մենք Դատ ունինք տակաւին, հարկաւոր է փրկել մուսալեռցիներու ու առհասարակ հայութեան արժանապատուութիւնը: Նոյն կարծիքին էին գրեթէ բոլոր իմ ճանչցած հնչակեան թէ դաշնակցական վեթերան հերոսները: Բայց մտաւորականներէն շատեր այդպէս չէին մտածեր… աւելի չափաւորական կարծիք ունէին ու «պէտք է սպասենք»` կ՛ըսէին: Ես, իմ հերթիս, թէեւ կը փորձէի ինքզինքս արտաքնապէս հասկցող ու չափաւորական ցոյց տալ, սակայն խորապէս վիրաւորուած էի, յատկապէս` իբրեւ մուսալեռցի… Ի վերջոյ, իմ պապս ալ կռուած էր Մուսա Լերան վրայ, որուն անունը հպարտութեամբ կը կրէի… Հիմա ի՞նչ … պէտք է որ հաշտուէի՞նք կացութեան հետ: Այնճարի մէջ մեր պապերը մեզի պատգամած էին, որ` «Մենք լեռն ենք տակաւին…», ինչպէ՞ս կրնայի հաշտուիլ իրողութեան հետ:
Կիրակի գալէն շաբաթ մը առաջ, համալսարանի օտար լեզուներու դասախօսներէն փրոֆ. Յակոբ Մախուլեանը (ստալինեան հալածանքներէն ու Սիպերիոյ արհաւիրքներէն տանջահար եղած) համալսարանի մուտքին առջեւս կտրեց ու ըսաւ.

– Գնա՛ Լիբանան ու «մերիններուն» ըսէ, որ` «Մենք ուրախ ենք ու հպարտ Մուսա Լերան յուշարձանով, սակայն կը մերժենք անոր ճակտոնապատին փակցուած բարձրաքանդակը, որուն բովանդակութիւնը կը վիրաւորէ մեր ազգային ինքնասիրութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Եթէ մենք Հայաստանի մէջ ստիպուած ենք լռելու, ապա սփիւռքը ստիպուած չէ ու պէտք չէ լռէ»: Ու քանի մը պատկերաւոր հայհոյանքներ շպրտեց համայնավարութեան ու յատկապէս Ստալինի հասցէին:
Այս թէժացած մթնոլորտին մէջ էր, որ ես կ՛այցելէի ասպնջական Տէր Պետրոսեաններուն բնակարանը: «Յակոբ Ամմոյի» (այդպէս կը դիմէի իրեն) չորս տղաներէն ներկայ էր միայն ամենափոքրը` Կամոն, իսկ տիկին Ազատուհին ու միակ դուստրը` Իսկուհին, զբաղած էին սեղանը պատրաստելով:
Թէեւ զրոյցը կ՛ընթանար մեր բարբառով եւ մտերմական, այնուամենայնիւ, լարուած վիճակ մը կար սեղանին շուրջ: Ես խոհեմաբար վճռական հարցը չտուի, որուն կը սպասէր «Յակոբ Ամմոն»: Ի վերջոյ ան ինքզինք հաւաքեց ու սկսաւ.

– Այսօր քեզ քովս հրաւիրեցի յատուկ առաքելութեան մը համար: Ուզեցի նաեւ մեր զրոյցին ներկայ ըլլան իմ ընկերներէս Սիրակը եւ քու ընկերներէդ Կամոն: Հարցը բաւականին լուրջ է: Թէեւ ընդհանուր խանդավառութիւն կայ յուշարձանի բացման առիթով, սակայն, ինչպէս յայտնի է բոլորիս, մեր վեթերան հերոսներէն շատեր դժգոհ են այդ բարձրաքանդակէն, իրականութեան մէջ մենք ալ գոհ չենք: Սակայն մենք մաս կը կազմենք պետութեան մը, որ իր քաղաքական հաշիւները ունի երկրի մը հետ, որ մեր թշնամին է: Ներկայ միջազգային պայմաններու տակ մեր յոյսը ի վերջոյ խորհրդային իշխանութիւններն են, որոնց մենք չենք կրնար, աւելի ճիշդը` պէտք չէ նեղացնենք: Մենք չէինք կրնար ամերիկացիի մը` Խորէն Տէր Յարութեանի քանդակը զետեղել յուշարձանի կամարի դիմաց, եւ այն ալ` յարձակողական դիրքի վրայ: Ի հարկէ, մենք դէմ չէինք եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք ալ տարինք, սակայն իշխանութիւնները մերժեցին: Կա՛մ յուշարձանը պիտի կառուցուէր իրենց թելադրածին նման, կա՛մ ալ այս ծրագիրը պիտի տապալէր: Մենք գործնապաշտ եղանք ու ընտրեցինք առաջին տարբերակը ու շահեցանք: Եսայի Եաղուպեանի` իբրեւ գլխաւոր հերոս ընդունելու առիթով եւս ունեցանք դժուարութիւններ, սակայն ի վերջոյ գրեթէ բոլորը գիտակցաբար լռեցին` յանուն յուշարձանի իրագործման: Մենք չէինք կրնար Մովսէս Տէր Գալուստեանի անունը տալ: Դուն գիտե՞ս, որ համայնավարութեան երկու երդուեալ թշնամիներէն մէկը ինքն է:
– Նախ` չեմ գիտեր. իսկ երկրորդը ո՞վ է…
– Դրաստամատ Կանայեանը (Դրոն):
– Իսկապէս կը զարմանամ… այս մասին նոր է որ կը լսեմ, բայց` ինչո՞ւ յատկապէս այս երկուքը:
Կամոն, որ մինչ այդ բնաւ չէր խօսած, միջամտեց.
– Մովսէ՛ս ջան, խնդիրը համայնավարութեան կեցուածքի մէջ չէ, այլ` Դրոյի եւ Տէր Գալուստեանի ծայրայեղ վերաբերմունքի: Ուրիշ առիթով մը կը բացատրեմ…
Սիրակը, իր հերթին, հաստատեց Կամոյին ըսածը. իսկ «Յակոբ Ամմոն» շարունակեց.
– Այնպէս որ, եթէ Տէր Գալուստեանի անունը յիշէինք, նոյնիսկ` իբրեւ պարզ հերոս, ամէն ինչ կը տապալէր… Այն ատեն այնճարցիները հասկացողութիւն ցուցաբերեցին ու լռեցին: Այսօր շատեր ոչ միայն լռելու տրամադրութիւն չունին, այլ նաեւ տարբեր միջոցներով լուր կը ղրկեն Պէյրութ, որպէսզի գրեն ու աղմուկ բարձրացնեն այս ուղղութեամբ: Նման բան մը եթէ պատահի, ոչ միայն տօնախմբութիւնները կ՛արգիլեն մեզի, այլեւ կը խոչընդոտեն հետագայ մեր ծրագիրները, որոնք ազգային պահանջատիրական առումով աւելի կարեւոր են, քան` այս յուշարձանը:
– Ներողութիւն, ի՞նչ ծրագիրներու մասին է խօսքը:

– Առաջարկութիւն կայ, որ Մուսա Լեռ աւանի այս բլուրը վերածուի Արեւմտահայաստանի բոլոր հերոսամարտերը ներկայացնող հսկայ համալիրի մը: Այս ծրագիրը թէեւ տակաւին խմորումներու մէջ է, սակայն տեղեակ պահուած են նաեւ յուշարձանին հեղինակները` ճարտարապետ Ռաֆօ Իսրայէլեանն ու քանդակագործ Արա Յարութիւնեանը, որոնք համագործակցած են նաեւ Սարդարապատի յուշարձան-համալիրի պարագային:
Ծրագիրը հոյակապ էր ու լուրջ… Քիչ մը մտածելէ ետք ըսի.
– Ասիկա ձեր որոշումն է, թէ ունիք նաեւ ոչ մուսալեռցի համախոհներ եւս…
– Այո՛ «վերերէն» ունինք համախոհներ, որոնք աշխատանք կը տանին այս ուղղութեամբ: Դուք դուրսէն պէտք չէ խանգարէք այս ծրագիրը: Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ յաջողինք: Նոյնիսկ Յակոբ Օշականի աշակերտներէն Տէր Մովսէսն (Ղազարեան) ու Գէորգ Վրթանէսեանը կապ հաստատած են որոշ հայրենակիցներու հետ ու` հարցը ներկայացուցած, սակայն մենք գիտենք, որ խնդիրը այսքանով չի վերջանար… Ի վերջոյ որոշողը Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ: Մինչեւ հիմա մենք այդ խնդրայարոյց բարձրաքանդակը (որուն փոխարէն Ռաֆօ Իսրայելեանի յղացած «Զոյգ արծիւներ» ներկայացնող խորաքանդակ մը պէտք էր որ զետեղուէր) հրապարակաւ բնաւ չենք մեկնաբանած: Նոյնիսկ նոր սերունդը գրեթէ տեղեակ չէ: Մենք չենք խօսիր այդ մասին, բացի այն պարագան, երբ կուսակցական «յատուկ» հիւրեր ունենանք…
– Լա՛ւ, ինձմէ ի՞նչ կ՛ակնկալէք:
– Մեր առաջարկը ներկայացնես «ձերիններուն» ու համոզես, որ չխանգարեն մեր գործերը, որոնց յաջողութիւնը միայն մերը պիտի չըլլայ, այլ` բոլորին:
Երբ իմ լռութիւնը քիչ մը երկար տեւեց, խօսակցութեան մէջ մտաւ տիկին Ազատուհին.
– Մի՛ մոռնար, որ ես ալ դաշնակցականի աղջիկ եմ, սակայն այս պարագային խնդիրը ազգային բնոյթ ունի եւ «հնչակ-դաշնակի» հարց չէ, այլ` ընդհանուր…
Երբ Նոր տարուան արձակուրդներուն Լիբանան եկայ, պարզուեցաւ, որ այդ հարցէն գրեթէ տեղեակ չէին, ու տեղեակ եղողներն ալ շատ պարզի առած էին խնդիրը: Փաստօրէն «փոթորիկը» գաւաթ մը ջուրի մէջ էր: Իմ միջամտութեան գրեթէ պէտք չեղաւ, լռութիւն տիրեց խնդրոյ առարկայ բարձրաքանդակին շուրջ` թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքի մէջ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի ու նոյնիսկ մոռցուած կը թուի ըլլալ:
Իմ բանիմաց ու հայրենասէր ընթերցող, հիմա ի՞նչ պէտք է ընել.
«Լռե՞լ, թէ՞ չլռել…»:
Եւ յետոյ, նկատի առ, որ Մուսա Լերան յուշարձանի կառուցման պատմութիւնը հոս չի վերջանար: Խնդիրը ուղղակիօրէն կապուած է ամերիկահայ կերպարուեստագէտ Խորէն Տէր Յարութեանի «Մուսալեռցին» կլոր քանդակին հետ, որ պէտք էր զետեղուէր մուսալեռցիներու հերոսական յաղթանակին նուիրուած յուշարձանի կամարին դիմաց: Այս մասին` այլ առիթով…
(Այնճար, 2023, սեպտեմբեր)