Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց «Կոմիտաս Քառեակ»-ի Ելոյթին Առիթով «Կը Յուսամ, Որ Այս Անգամ Ալ Լիբանանահայութիւնը Մեծաթիւ Ներկայութեամբ Ու Գոհունակութեամբ Պիտի Վայելէ Քառեակին Ելոյթը» Էդուարդ Թադեւոսեան

September 20, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, գործակցութեամբ «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին, այսօր` չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կոմիտաս քառեակ»-ի ելոյթը: Քառեակին մաս կը կազմեն` Էդուարդ Թադեւոսեան (Ա. ջութակ), Սիւզի Երիցեան (Բ. ջութակ), Ալեքսանդր Քոսեմեան (ալթօ) եւ Անժելա Սարգսեան (թաւջութակ):

Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ քառեակի անդամներէն Էդուարդ Թադեւոսեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Առաջին հերթին, խնդրեմ,  ներկայացնէք «Կոմիտաս քառեակ»-ը:

ԷԴՈՒԱՐԴ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ.- «Կոմիտաս քառեակ»-ը աշխարհի հնագոյն քառեակն է: Միակն է, որ 99 տարի անվերապահօրէն ու առանց ընդմիջումներու գործած է եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Սերունդներ փոխուած են: Քառեակին առաջին ջութակը ստանձնած էր Աւետ Գաբրիէլեանը, որուն ճամբով 1970-ի աշնան հրաւիրուեցայ Կոմիտասի 100-ամեակի նուիրուած ելոյթին` որպէս երկրորդ ջութակահար: Գաբրիէլեանի կողքին վեց տարի աշխատելէ ետք, 1976-ին տուաւ իր ջութակը, զոր ստանձնեցի եւ դարձայ քառեակի առաջին ջութակահարը: Քառեակին մաս կազմած են շնորհալի երաժիշտներ, խումբին մէջ կը համադրուին թէ՛ երկար տարիներու փորձառութիւնը եւ թէ՛ երիտասարդութեան աւիւնը, ջանասիրութիւնը, ժամանակակից ըլլալը: Կը կարծեմ, որ այս համագործակցութիւնը իր պտուղները կու տայ:

«Ա.».- 54 տարուան փորձառութիւն ու վաստակ ունիք քառեակին մէջ: Կարելի՞ է ամփոփել:

Է. Թ.- Մեծաթիւ համերգներ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ելոյթներ, Հայաստանի մէջ պարբերական ու հերթական ելոյթներ, հետեւողական աշխատանք, իսկ երկար ճամբորդութիւններու ընթացքին` Հայաստան վերադառնալու զգացում, կարօտ:

«Ա.».- Լիբանանի մասին ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք` նկատի առնելով, թէ առաջին անգամ չէ, որ քառեակով կ՛այցելէք:

Է. Թ.- Արդէն 4-5 առիթներով գտնուած եմ Լիբանան, ուր ունինք ունկնդիրներ, եւ շատ կը սիրեմ լիբանանահայութիւնը: Կը յուսամ, որ այս անգամ ալ լիբանանահայութիւնը մեծաթիւ մասնակցութեամբ եւ գոհունակութեամբ պիտի վայելէ քառեակին ելոյթը` ունկնդրելով,  համաշխարհային դասական ստեղծագործութիւններուն կողքին, Մեծն Կոմիտասի երաժշտութիւնը:

«Ա.».- Որքա՞ն կարեւոր է, որ գաղութներու մէջ ժողովուրդը մշակոյթով եւ երաժշտութեամբ զբաղի:

Է. Թ.- Շատ կարեւոր է: Կարելի է ըլլալ հոգիով, սրտով ու արիւնով հայ, սակայն մարդը, երբ կ՛ապրի օտար երկրի մէջ ու կը յարաբերի օտար մշակոյթի հետ, բնականաբար ժամանակի ընթացքին կ՛իւրացնէ նաեւ օտարինը: Այս առնչութեամբ պէտք է անպայման կապ ունենալ հայ մշակոյթին հետ, որ հոգեհարազատ է, որ` պէտք է մշակուի եւ բարձր տեղ ունենայ սփիւռքի հոգեւոր կեանքին մէջ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Համազգային-ՀԲԸՄ գործակցութիւնը:

Է. Թ.- Բարձրօրէն կը գնահատեմ գործակցութիւնը: Համազգայինը եւ ՀԲԸՄ-ը հայ մշակոյթը կը ներկայացնեն հանրութեան ու կը նպաստեն պահպանման ճիգերուն, եւ ողջունելի է, որ միաւորուած նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան:

«Ա.».- Համազգայինի 95-ամեակն է: Ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Է. Թ.- Մենք տարբեր առիթներով համագործակցած ենք Համազգայինի հետ: Տակաւին քանի մը օր առաջ Երեւանի մէջ նշեցինք յոբելեանը, որուն մեր մասնակցութեամբ կատարեցինք մեր պարտականութիւնը: Սրտանց կը շնորհաւորեմ միութեան 95-ամեակը եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Համազգայինի 95-Ամեակին Նուիրուած Հաւաքական Ցուցահանդէս Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.