Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 21, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Դամասկոսի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Խաչվերացի Տօնը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 15 սեպտեմբեր 2023-ին Դամասկոսի «Զաւարեան» համալիրին մէջ մեծ շուքով յիշատակուեցաւ Խաչվերացի տօնը:

Սրբազանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին` Բերիոյ թեմի Յարաբերական մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Բերիոյ թեմի Ազգային ժողովի ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Սուրէն Վարդանեան, ջերմապէս դիմաւորուեցան «Ահարոնեան»-ի կեդրոնի վարչութեան, միութիւններու վարչութեանց, Ազգ. Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ հայորդիներու հոծ բազմութեան մը կողմէ:

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի կատարողութեամբ հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի քայլերգները, ապա` «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Օրուան հանդիսավարներն էին Մակի Զահթերեան եւ Վրէժ Թովմասեան: Անոնք անհուն երախտագիտութիւն յայտնեցին սրբազան հօր` իր հայրական հոգատարութեան համար, որ իր ներկայութեամբ յոյս եւ կորով ներշնչեց դամասկահայութեան:

«Ահարոնեան» կեդրոնին խօսքը արտասանեց կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան, որ ջերմեռանդութեամբ ողջունեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը` դամասկահայութեան հետ ըլլալու եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելու համար:

Ան նախ արաբերէնով երախտագիտութիւն յայտնեց երկրի իմաստուն եւ քաջարի նախագահ տոքթ.Պաշշար Ասատին` մաղթելով անոր ուժ եւ կորով, սուրիական հայրենիքին խաղաղութիւն եւ յառաջդիմութիւն` առաջնորդութեամբ կորովի նախագահին եւ սուրիական բանակին:

Արմէն Ուրֆալեան հայերէն իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամին` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ նախագահին իմաստուն առաջնորդութեան շնորհիւ` շուտով երկիրը կը վերագտնէ իր նախկին փառքը, եւ ժողովուրդի տնտեսական պայմանները կը բարելաւուին:

Խօսքը շարունակելով` ան անդրադարձ կատարեց հայութիւնը մտահոգող համահայկական խնդրին` Արցախին, անոր գոյութեան սպառնացող Ազրպէյճանի անմարդկային շրջափակման եւ ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարման` ի լուր միջազգային ընտանիքին:

«Այսօր մեր հայրենիքը լուրջ վտանգի առջեւ կը գտնուի: Արցախը տասնեակ ամիսներէ շրջափակման մէջ է, ժողովուրդին ո՛չ սննդամթերք, ո՛չ դեղորայք կը հասնի: Հետեւաբար մենք չենք ընդունիր, որ որեւէ իշխանութեան կամք կամ գերպետութիւններու որոշումներ պարտադրուին մեր ժողովուրդին: Արցախի ժողովուրդը ինքն է տէրը Արցախին եւ որոշած է իր ապագան: Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ», ըսաւ Ա. Ուրֆալեան ու հաստատեց, որ հայութիւնը ամէնուրեք Արցախի կողքին է:

Այնուհետեւ Մակար եպս. Աշգարեան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն, ան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալուն առիթով:

Մակար սրբազան անդրադարձաւ Խաչվերացի տօնի կարեւորութեան` որպէս եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինն ու մեծագոյնը եւ վեր առաւ անոր աստուածային խորհուրդը` ըսելով. «Խաչվերացը, քրիստոնէական հասկացողութեամբ, կը կազմէ մեր էութեան եւ գոյութեան հիմքը, որովհետեւ մեր Տէրը, Աստուած ըլլալով հանդերձ, ինքզինք մերկացուց աստուածային պատիւէն, մարդ դարձաւ, ծառայական կերպարանքով յայտնուեցաւ եւ ինքզինք հնազանդեցուց Աստուծոյ կամքին` յանձն առնելով մահը, խաչին մահը, որ մեզի համար արդարութեան ճամբուն վրայ գտնուածներուս, փրկուածներուս աստուածային իմաստութեան եւ զօրութեան նշանն է, որուն միջոցով մեր Տէրը ամբողջ աշխարհը փրկեց մեղքի եւ մահուան ստրկութենէն եւ ինքզինք` որպէս անարատ գառնուկ, պատարագեց խաչափայտին վրայ եւ իր անգին արիւնը հեղելով` ամբողջ մարդկութիւնը փրկեց, արդարացուց եւ փրկելով` երկնքի արքայութեան ժառանգորդ դարձուց: Խաչը դարձաւ քրիստոնէութեան յաղթանակի նշանը»:

Ան կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ, որ ամբողջ հայութիւնը Արցախի կողքին եղած է, է եւ պիտի շարունակէ մնալ նոյն վճռակամութեամբ, որովհետեւ անոնց ցաւը, տառապանքը եւ երազանքը մերն է, եւ պէտք չէ անտարբեր գտնուիլ մեր հայրենակիցներուն տառապանքին եւ պահանջին նկատմամբ:

Սրբազան հայրը մէջբերումներ կատարելով Ս. Գիրքէն` յորդորեց ներկաներուն յարատեւ աղօթել եւ մօտենալ Աստուծոյ, աղօթել եկեղեցական թէ աշխարհական պատասխանատուներուն, ղեկավարներուն ու առաջնորդներուն: «Խաչը զօրութիւն է, վերստին ծնունդի, յոյսի եւ յաղթանակի նշան է: Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուած է, հերոսաբար պայքարած եւ խաչի զօրութեամբ յաղթանակած է: Ամբողջ աշխարհը զանազան մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, մանաւանդ սուրիահայութիւնը վերջին տասնամեակին ամէնէն շատ կը տուժէ եւ կը տագնապի, կը ցաւի ու արիւն կը հոսի, բայց, ինչպէս մեր նախահայրերը , հերոսները գիտակցութեամբ պայքարեցան եւ հաւատքի մէջ զօրեղ շարունակեցին իրենց պատերազմը եւ յաղթական դուրս եկան, մենք այդ հաւատքով ու տեսիլքով կը պայքարինք եւ կը ստեղծագործենք յուսալով եւ հաւատալով, որ պիտի յաղթանակենք», ըսաւ Մակար սրբազան:

Ապա անդրադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին` յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհը Սուրիոյ դէմ պատերազմեցաւ, տասնամեակ մը ամբողջ փորձեցին ընկճել եւ ծունկի բերել զայն, բայց չկրցան յաջողիլ, որովհետեւ մենք արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաւատացող ժողովուրդ ենք, եւ այդ իմաստով մեր իրաւունքն է գնահատել, փառաբանել, մեծարել մեր երկրի եւ ազգի արժէքները` սկսեալ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատէն, որ իմաստութեամբ եւ քաջարի կեցուածքով տարիներու ընթացքին կուրծք պարզեց եւ ծունկի չեկաւ, այլ, ընդհակառակը, առիւծանման կը շարունակէ պայքարը յաղթանակելու յոյսով, նոյնպէս` քաջարի բանակը, որ հակառակ այնքան նահատակներու` տէրը կը մնայ երկրին եւ պիտի մնայ, աղօթենք, որ խաչի զօրութեամբ սուրիական հայրենիքը վերականգնի:

Հուսկ, ան կատարեց մատաղի օրհնութիւնը , որմէ ետք ժողովուրդին հրամցուեցաւ աւանդական հարիսան:

Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ երգչուհի Մարիա Չիչեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թոփճեանի, Ժոզեֆ Արամեանի եւ Անդրանիկ Հանէսքէհեանի` հայկական տուտուկ եւ տհոլ նուագարաններով:

Միացեալ Նահանգներ

Յերախտագիտութիւն Սուրիահայութեան Զօրակցութիւններուն Շահան Արք. Սարգիսեան Իր Անձնական Ասան Նուիրեց Առաջնորդ Սրբազանին

 Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, 12 սեպտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի մէջ գումարուեցաւ Արեւմտեան թեմի խառն ժողով, որուն հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ նաեւ շրջանը գտնուող Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, որ առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն` Արեւմտեան Ամերիկայի կողմէ Բերիոյ հայոց թեմին եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան ուղղուած տարիներու զօրակցութեան, իր անձնական ասան (առաջնորդական գաւազանը) նուիրեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին:

Շնորհակալական եւ գնահատանքի այս ժեսթը բարձրօրէն գնահատուեցաւ Խառն ժողովին կողմէ:

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Վախճանման 850-Ամեակի Նշում

Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, հովանաւորութեամբ ազգային բարերար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ զաւակներուն, 13 սեպտեմբերին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսաւոր եւ իւրայատուկ ձեռնարկ` նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի կեանքին ու վաստակին, անոր վախճանման 850-ամեակին առիթով:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային առաջնորդարանի «ԿԻԼԻԿԻԱ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Սեդա Գրիգորեան:

Հրապարակային դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանին հրաւէրով շրջանը գտնուող Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ, ներկայիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ ու պատասխանատու Շահան արք. Սարգիսեանը, որ արժեւորեց մեծանուն հայրապետի տոհմային, պատմական, քաղաքական, ազգային ու ստեղծագործական էութիւնն ու հանճարը` թէ՛ իր ժամանակին մէջ եւ թէ՛ մինչեւ մեր օրերը: Սրբազանը անցնող ինը դարերը այնպէս հմտօրէն կամրջեց իրարու, որ ներկաներուն մտապատկերին մէջ վերականգնեցան շնորհալիական աշխուժ ներկայութիւն ու ոգի, այլ նաեւ ազգ ու հայ եկեղեցի նորոգութեան հրաւիրող` մեծարեալ հայրապետին սխրագործ յորդորներն ու հոգեւոր, ազգային եւ համամարդկային անկորնչելի կերպարը, որուն հիմնարար շնորհները աւանդաբար կը շարունակուին Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու ընդմէջէն, հասնելով մինչեւ ներկայ գահակալը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ   Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ թենոր Պերճ Քիրազեան` մասնակցութեամբ սարկաւագներու եւ դպիրներու փոքրաթիւ խումբին (Սուրէն Հազարեան, Յովհաննէս Պալեան, Թուխման Խաչատուրեան եւ Վահագն Հովենց)` երգեհոնի վրայ նուագակցութեամբ դաշնակահարուհի Արմինէ Տէրտէրեանի, որոնք մեկնաբանեցին հայրապետին ստեղծագործական հոգեւոր ու ազգային աւանդէն երգերու շքեղ փունջ:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Պերճ Քիրազեան, իսկ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:

Նշենք, որ այս առիթով Ազգային առաջնորդարանը վերահրատարակեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»-ը (գրաբար եւ անգլերէն), որմէ նաեւ օրինակներ բաժնուեցան ներկաներուն:

«Սփիւռքի Վերակազմակերպում Եւ Վերանորոգում» Խորագիրով Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանականներու Լոս Անճելըսի ընկերակցութեան, հանդիսավարութեամբ  Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, 14 սեպտեմբերին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի երկրորդ տարին ըլլալով սփիւռքի վերակազմակերպման եւ ներքին կեանքի վերանորոգութեան ուղղուած հռչակագիրի լոյսին տակ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկ: Այս առիթով կատարուեցաւ նաեւ Գէորգ Պետիկեանի 10-րդ` «Սփիւռքը…» հատորի ներկայացում` Ֆրիտա Հաճեանի կողմէ:

Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետի վերակազմակերպման ու վերանորոգումի առնչուող կորովի մտածումներուն` ներկայացնելով պատմական շինիչ օրինակներ: Սրբազանը շեշտը դրաւ սփիւռքեան դարաւոր կեցութեան հիմնաքար հանդիսացող Հայ եկեղեցւոյ եւ անոր անմիջական ծնունդ հայ դպրոցի գոյութեան կարեւորութեան վրայ` վեր առնելով հայ-քրիստոնեայ սերունդներու հայակեդրոն ու ազգային նկարագիրի կերտման, հայօրէն գոյատեւելու անհրաժեշտութիւնն ու հայկական համայնքներու աշխուժացման ընդգծելի հրամայականը եւ այս առիթով յայտարարեց, որ Ազգային առաջնորդարանը 2023-2024 կրթական տարեշրջանին կը հովանաւորէ Հալէպի ազգային վարժարաններու 50 աշակերտներու կրթաթոշակը:

Այնուհետեւ Ֆրիտա Հաճեան ներկայացուց  Գէորգ Պետիկեանի 10-րդ` «Սփիւռքը…» հատորը, որմէ ետք սրտի խօսքով հանդէս եկաւ հեղինակը եւ ներկաներուն ներկայացուց իր անհատական յոյզերը` Հալէպի Ճեմարանէն մինչեւ Լոս Անճելըս եւ բազում տարիներու կրթական ծառայութիւն:

Նշենք, որ ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ:

Իրաք

 Իրաքահայ Թեմէն Լուրեր

* 5 սեպտեմբերին թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան ընդունեց հայ կաթողիկէ համայնքի Հալէպի առաջնորդ Պետրոս Մարիաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Իրաքի հոգեւորականաց դասուն եւ Կեդրոնական վարչութեան:

Հոգեւորականները նախ այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի, ապա առաջնորդարանի դահլիճէն ներս մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկխօսութիւն եղաւ քրիստոնէութեան հետ առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկայ վիճակի մասին: Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց իրաքահայ թեմի եւ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ պատմականը:

Նշենք, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի հիւանդութեան պատճառով, Հալէպի առաջնորդը, քանի մը օրեր առաջ իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ փոխարինաբար այցելած էր Պաղտատ` հանդիսապետելու նորօծ Ներսէս Ժոզեֆ արք. Զապարեանի գահակալութեան արարողութեան:

* Ակնարկելով առաջնորդարանի 10 եւ 26 օգոստոսին հրապարակած յայտարարութեան, 8 սեպտեմբերին, Մանկութեան առողջապահութեան «Էլ Ռահմէ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը պաղտատահայերուն անվճար բժշկական քննութիւններ կատարեց առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

Այս առիթով թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան բժշկական խումբը ընդունեց իր գրասենեակէն ներս եւ երախտիքի խօսք ուղղեց անոնց` իրենց կատարած աստուածահաճոյ նախաձեռնութեան համար:

* Սրբոյ Կուսին Մարիամու ծննդեան տօնին առիթով, 10 սեպտեմբերին  Պասրայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագիչն էր թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան: Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պասրայի հովիւ Ղեւոնդ աբղյ. Սաղաթելեան:

Աւարտին  կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Յունաստան 

Յակոբ Եթիմեան Արժանացաւ ՀՄԸՄ–ի «Արժանեաց» Շքանշանին

16 սեպտեմբերին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Յակոբ Եթիմեան արժանացաւ ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» շքանշանին` միութենական 61 տարուան իր արտակարգ ծառայութեան եւ Յունաստանի շրջանին բարգաւաճման բերած նպաստին ու ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներուն եւ Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն իր մնայուն աջակցութեան համար:

Յակոբ Եթիմեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն միութեան կեանքէն ներս, եղած է տիպար եւ օրինակելի ՀՄԸՄ-ական: 1962-ին անդամագրուած է Աթէնքի ՀՄԸՄ-ի ոտնագնդակի խումբին եւ տարիներ շարունակ մասնակցած է ոտնագնդակի մրցումներու: 1972-ին իր անձնական ճիգերով ստանձնած է փոքրերու ոտնագնդակի խումբի կազմակերպումը եւ տարիներ շարունակ մեծ դեր ունեցած է խումբի յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան մէջ: Եղած է Աթէնքի տեղւոյն վարչութեան ատենապետ, իսկ 1977-ին իր նախաձեռնութեամբ հիմը դրուած է ՀՄԸՄ-ի Աթէնքի լողի խումբին: 1988-ին ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ: 2014-ին կրկին կ՛ընտրուի Շրջանային վարչութեան անդամ` ստանձնելով ատենապետութիւնը եւ կը սկսի շրջանի ՀՄԸՄ-ի թանգարանի պատրաստութեան, որուն աշխատանքը կը տեւէ մինչեւ 2018-ի թանգարանի բացումը: 2019-ին Շրջանային վարչութեան ատենապետի հանգամանքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, սակայն դժբախտաբար 8 փետրուար 2019-ին իր ծանր անհանգստութեան պատճառով կը դադրի վարչութեան գործօն անդամ ըլլալէ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստանի Բ. Անկախութիւնը` Անցեալ Եւ Ներկայ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?