ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
1985-1991 Խորհրդային Սոցիալական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ) տասնամեակներու երկաթեայ պինդ բռունցքը կամաց կամաց կը սկսի տեղի տալ: Ստալինի մահէն արդէն իսկ անցած է 70 տարի, եւ անոր շուքը վերջապէս կ՛անհետանայ` միանալով աշխարհով մէկ ծանօթ իր պաղ եւ անխիղճ մարմնին, Քրեմլինի Նեկրոպոլիսի դամբարանին մէջ: Այդ պայմաններուն մէջ, երբ Ստալինը ալ չէր շնչեր, կովկասեան խորհրդայնացած երկիրները իրաւասութիւն ունեցան երեք տասնամեակներ ետք վերակենդանանալու:
Վերազարթօնքի այդ իրաւունքը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի, երբ Խորհրդային Միութեան առաջին եւ վերջին նախագահ Միխայէլ Կորպաչեւ հիմքը կը դնէ «Փերեսթրոյքա»-ի եւ «Կլասնոստ»-ի («Վերակառուցում» եւ «Թափանցիկութիւն») քաղաքականութեան: Ազատութիւն կը տրուի լրագրողներու, ազատ խօսքի, եւ արտայայտութեան իրաւունքը կը կայանայ, ապա քուէարկութեան իրաւունքներ կը գործադրուին: Այլեւս այլախոհները Սիպերիա չեն աքսորուիր: Առաւել եւս, դարերով թշնամի կառավարութիւններու հետ յարաբերութիւններ կը սկսին: Այս բոլորը կովկասեան խորհրդային երկիրներու ժողովուրդներուն մէկ բան կ՛ապացուցեն: Ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն ունենալը կարծուածին չափ անկարելի չէր, այլ քիչ մը հետեւողական աշխատանքով հասանելի էր:
Այս իրականութիւնը ապացուցելու համար նայինք Խորհրդային Միութեան 17 մարտ 1991-ին կայացած հանրաքուէին, ուր հարցուած էր մէկ հարցում.
«Անհրաժեշտ կը նկատե՞ս Խորհրդային Միութիւնը պահել իբրեւ վերակառուցուած` հաւասար իրաւունքներով խորհրդարաններու դաշնակցութիւն, որ պիտի ապահովէ մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնները իւրաքանչիւր ազգի»:
Հակառակ քուէարկութեան մասնակիցներուն 77, 85 առ հարիւրին թեր հանդիսանալուն, ասիկա աննախընթաց երեւոյթ մըն էր խորհրդային իշխանութեան 69 տարիներու պատմութեան ընթացքին:
Աւելի լաւ քննենք այս հանրաքուէի խորհրդանշական իմաստը: Թէեւ Խորհրդային Միութիւնը սկսած էր Լենինի ջանքերով` որոշման իրաւունք տալու համար աշխատաւոր խաւին, ինչպէս նաեւ` պաշտպանելու համար անոր աշխատանքի արժէքն ու մարդկային իրաւունքները, սակայն գաղափարաբանական այս ուղղութեան կիրարկումը շատ երկար չտեւեց, նախ` Լենինի վաղահաս մահուան, ապա անոր յաջորդ Եոսեֆ Ստալինի հաստատած մենատիրական վարչաձեւին եւ քաղաքական ջանքերուն պատճառով: Ուրեմն հանրաքուէն ամբողջութեամբ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր Ստալին ճանչցած, աքսոր եւ Սիպերիա տեսած ժողովուրդին համար:
Իսկ երկրորդ ապացոյցը, որ կ՛ընդգծէ խորհրդային թուլութիւնը, այդ ալ ինքնին հանրաքուէին հարցումն էր: Ինչպէ՞ս կարելի էր նոյնիսկ երկվայրկեան մը կասկածիլ, թէ ան` հասարակ ժողովուրդը, որ ոչնչութիւն կը նկատուէր, կրնայ մերժել «մեծ եղբօր» «անհրաժեշտութիւն»-ը:
Այս բոլորը տեսնելով է, որ մեր իսկ հայրենիքին` Հայաստանի մէջ, 1991 թուականին թափ կ՛առնեն նոյնանման հանրաքուէի պատրաստութիւններ` «ԱՅՈ՛» խորագիրով: «Այո՛» ազատութեան, «Այո՛» անկախութեան, «Այո՛» ինքնիշխանութեան, «Այո՛» ինքնորոշման եւ «Այո՛» վերջ տալու հայ ազգի դարաւոր ստրկութեան: Եւ մասնակիցներուն 95,5 առ հարիւրին թեր քուէարկութեամբ, 21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքզինք ազատ եւ անկախ կը հռչակէ Խորհրդային Միութենէն: Եւ վերջապէս, Հայաստան, տաժանակիր ստրկութեան 69 տարիներէ ետք, վերստին կը կերտէ անկախութիւն: Հայը անգամ մը եւս կը նստի իր իրաւացի գահին ու կը կառավարէ հայօրէն:
Եւ այսպիսով վերջ կը գտնէ հեքիաթային պատմութիւնը հայ ժողովուրդի վերականգնման: Բայց յետո՞յ: Կարելի՞ է հոս կենալ: Ժամանակները իբրեւ փաստ ծառայեցին, որ դժբախտաբար խորհրդային փտածութեան ախտը արդէն իսկ վարակած էր մեր շատ սիրելի Հայաստանը, անոր նորընտիր վարչակազմն ու քաղաքական գործիչները: Անոնք շարունակեցին կառավարել նոյն այդ փտածութեամբ, կաշառակերութեամբ, այլանդակութեամբ եւ թալանով: Անոնք փոխանակ բարգաւաճեցնելու երկիրը, զօրացնելու բանակը, պաշտպանելու սահմանները, աշխատեցան կողոպտել հայրենիքը` վասն անձնական շահերու եւ չյագեցող գրպանները լեցնելով երկրին փառքով ու հարստութեամբ: Փոխանակ պատրաստելու խելացի, դիւանագէտ, լաւատեղեակ, ողջախոհ, ազգասէր գործիչներ, որոնք պէտք էր ստանձնէին հայոց ղեկավարութիւնը, կարեւորութիւն չտուին հայոց պատմութեան: Ճիշդ չդասաւանդուեցան այս կենսական նիւթերը: Եւ ի՞նչ էր հետեւանքը: Այսօրուան պէս` ազգային շահերու հետապնդումէն հեռու ղեկավար մը վարչութեան գլխուն եւ անոր կուրօրէն հետեւող ամբոխ մը, որոնք ոտնակոխ ըրին հայութեան արժանապատուութիւնը եւ խաւարի մատնեցին հպարտութեան ամէն նշոյլ աշխարհի ազգերուն դիմաց: Թաղեցին հայկական ինքնասիրութիւնը, որուն արժանացած էինք յաղթական զօրաւոր բազուկով` ընդդէմ բոլոր հակառակորդներուն եւ չարագործ կազմակերպութիւններուն:
Այնքան փճացուցին հայ ազգը, որ ներկայիս այդ նոյն 1991-ի հանրաքուէին նման «Հայաքուէ»-ի իրագործման դէմ գերմարդկային ուժ կը գործադրուի` խոչընդոտելու համար անոր իրաւացի աշխատանքը եւ հայկական ազգային առողջ ուժերու համախմբումի բոլոր ճիգերը: Ամէն ինչ կ՛ընեն պառակտելու համար այդ միասնութիւնը, որպէսզի աւելի դիւրին յանձնեն մեր պապենական հողերը եւ աւելի արագ ստորագրեն հայ ազգին ոչնչացման վճիռը:
Այսօր կը շնորհաւորեմ հայրենիքիս` Հայաստանի վերանկախութեան տօնը, սակայն քանի մը հարցում ծագի միտքիս մէջ. արդեօք մենք այսպէ՞ս կը փափաքէինք մեր հայրենիքին համար, արդեօք մենք ճիշդ գործունէութիւն տարի՞նք անցած 32 տարիներուն, արդեօք այսպէ՞ս պիտի վաստակէինք մեր ազատ եւ անկախ Հայաստանը:
Դժբախտաբար վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանները կը մնան բացասական:
Այսօր կը շնորհաւորեմ հայրենիքիս` Հայաստանի վերանկախացման տօնը, սակայն կը տեսնեմ, որ ան օրէ օր կը մօտենայ իր կատարեալ փլուզման շեմին: Շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ դաժան պայմաններ կը սպասեն ազգիս: Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալով հանդերձ, յուսահատ չեմ: Մեր պատմութեան ընդմէջէն նոյնպէս լաւ գիտեմ հայոց ուժը եւ կարողութիւնը: Լաւ գիտեմ, որ դարերու եւ հազարամեակներու ընթացքին, աշխարհի գերագոյն ուժերը ամէն ջանք ու ճիգ չխնայեցին հայութիւնը ոչնչացնելու հեռանկարով: Բայց մենք հոս ենք եւ պիտի մնանք այդ ուժերու բնաջնջումէն դեռ շա՜տ երկար: Կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս աշխարհակալներ փորձած են աւերել եւ ոչնչացնել հայ ազգը ու ձախողած են: Ուրեմն հարցնեմ. «Ո՞վ եղաւ այդ փաշինեան կոչեցեալը, որ պիտի յաջողի հայ ազգին մահավճիռը ստորագրել»:
Աւարտեմ Սարոյեանի խօսքով. «Պիտի ուզէի տեսնել որեւէ աշխարհիկ ուժ, որ բնաջնջէ այս ցեղը. այս փոքր ցեղը` անկարեւոր մարդոցմէ բաղկացած, որոնց պատերազմները յաղթուած են, որոնց կառոյցները կործանուած են, գրականութիւնը չէ ընթերցուած, երաժշտութիւնը չէ ունկնդրուած եւ աղօթքները մնացած են անպատասխան: Օ՛ն, կործանէ՛ Հայաստանը: Տե՛ս, թէ կը կարողանա՞ս: Վտարէ՛ զանոնք անապատները` առանց հացի եւ ջուրի: Այրէ՛ անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Ապա տե՛ս, թէ անոնք նորէն պիտի չխնդան, չերգեն ու չաղօթեն: Քանզի երբ երկու հոգի իրարու հանդիպին այս աշխարհիս երեսին, տե՛ս, թէ պիտի չստեղծե՞ն նոր Հայաստան»:
Ուրեմն այս ոգիով մտածենք վերակենդանացնել Հայաստանը: Մտածենք հեռանալ այս թուլամորթ, հանդուրժողական ու պարտուողական տրամադրութենէն, նորէն արժանանանք մեր անկախութեան եւ բռնենք բարգաւաճման ուղին: Հիմա ժամանակն է յեղափոխականանալու եւ ըմբոստանալու: Ո՜վ աշխարհի հայեր, Հայկ նահապետի իրաւացի որդի՜ք, ոտքի՛ ելէք ու պայքարեցէ՛ք: Միայն պայքարով կարելի է վաստակիլ մեր փառքն ու պատիւը: Միայն պայքարով կարելի է ձգտիլ լաւագոյնին եւ իրականացնել մեր հայրերուն ու պապերուն երազը: Միայն պայքարով կայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն: