Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հայկական ժառանգութեան «Պատկեր» կեդրոնի տնօրէն Արփի Մանկասարեան վերջերս նախաձեռնած է կաշիի արհեստներու կապուած դասընթացի մը, որ պիտի գործադրուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օժանդակութեամբ:
Այս ծրագիրին մանրամասնութիւններուն մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ա. Մանկասարեանին հետ:
Հարցազրոյցին հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ «Ճորճիա շուզ»-ի սեփականատէր Գրիգոր Ճորճեան, որ բաժնեց կաշիով ստեղծագործելու իր փորձառութիւնը` շօշափելի օրինակ ծառայելով հայ երիտասարդութեան:
Ա. Մանկասարեան յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ծրագրած է Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն տուժած մայրաքաղաքին եւ անոր մերձակայ շրջաններուն մէջ մշակութային ճարտարարուեստը աշխուժացնել:
Այս նպատակով ԵՈՒՆԵՍՔՕ առիթ տուած է ներկայացնելու նախաձեռնութիւններ, որոնք այս նպատակին կը ծառայեն:
«Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, տիրող իրավիճակը ահռելի է: Ճարտարարուեստը` սառած, մարդիկ կը փակեն իրենց գործարանները, ուրիշներ կ՛արտագաղթեն` ճարտարարուեստի մարզը մահաքունի ենթարկելով: Հետեւաբար ԵՈՒՆԵՍՔՕ կը միտի վերաշխուժացնել այդ մարզը», ըսաւ ան:
Ա. Մանկասարեան յայտնեց, որ ինք Հայկական ժառանգութեան «Պատկեր» կեդրոնին կողմէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ներկայացուցած է կաշիին կապուած արհեստագործութիւնը վերաշխուժացնող ծրագիրը, որովհետեւ այդ ճարտարարուեստը միշտ ալ եղած է Լիբանանի մէջ, եւ հայերը Լիբանանի մէջ այդ արհեստով ճանչցուած են` իբրեւ հմուտ վարպետներ:
«Այս նպատակը իրագործելու համար պէտք է գիտելիքներու փոխանցում կատարուի նոր սերունդին, որպէսզի այս արհեստը ապրի: Հայ ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ առանց գիտելիքը պահպանելու եւ զայն նոր սերունդին փոխանցելու` իր ապագան եւ գոյատեւումը չի կրնար ապահովել: Կը վերջանանք ազգովին: Կ՛ուզեմ նաեւ անդրադառնալ այն իրականութեան, որ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար երիտասարդները մերժեցին արհեստներու հետ առնչուիլ, այդ պատճառով ալ սերունդներուն միջեւ ստեղծուեցաւ բաց մը, որուն լուծում մը պիտի փորձենք գտնել մեր առաջադրած նախաձեռնութեամբ», յայտնեց ան:
Ա. Մանկասարեան ըսաւ, որ 2005-էն սկսեալ ամբողջ աշխարհին մէջ, յատկապէս` քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ, կաշին դարձեալ պարտադրած է ինքզինք եւ վերահաստատած` իր յարգանքն ու հանգամանքը թէ՛ կօշիկներու աշխարհին մէջ, թէ՛ պայուսակի իմաստով, թէ՛ զարդեղէններու, խաղալիքներու եւ կահոյքներու առումով:
«Մարդ արարածը շատ իրեր փորձեց` կերպընկալ, քաուչուք եւ այլն, սակայն կաշին մնաց ամէնէն նուրբ եւ ազնուական նիւթը, որ վերահաստատեց ինքզինք եւ փաստեց իր որակին անփոխարինելիութիւնը», հաստատեց Ա. Մանկասարեան:
Ան նշեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ներկայացուցած իրենց նախաձեռնութեան առաջին բաժինը կ՛ընդգրկէ փաստագրական աշխատանք մը, որ կ՛ենթադրէ մշակութային այս ճարտարարուեստին մասին ներկայացնել հրատարակութիւն մը, որ պիտի ընդգրկէ կաշիով ստեղծելու արհեստին պատմականը եւ անոր առնչուած բոլոր հրատարակութիւնները, որոնք լոյս տեսած են: «Այլ խօսքով` փաստել, որ հայերը հասան Լիբանան եւ սորվեցուցին կօշիկ հագուիլ, փոքր գործարաններու մէջ եւրոպական արտադրութիւններուն հետ մրցող արտադրութիւններ ստեղծեցին, կրունկներ եւ կաղապարներ շինեցին: Հետեւաբար այս պատմութիւնները պէտք է արձանագրուին, ու փաստագրական աշխատանք տարուի, որպէսզի յստակ դառնայ այս իրականութեան ծանրակշիռ կարեւորութիւնը` Լիբանանի, Պուրճ Համուտի եւ հայ ժողովուրդին համար:
Պէտք է նաեւ ապահովուի ժառանգութեան փոխանցումը, ճարտարութիւնը ապահովուի նոր սերունդին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ խթանել երիտասարդը եւ զայն մղել ստեղծագործելու», ըսաւ ան:
Ա. Մանկասարեան շեշտեց, որ նոր ձեւաւորումներով եւ գաղափարներով կարելի է ամբողջ ճարտարարուեստ մը աշխուժացնել եւ գործի առիթներ ստեղծել երիտասարդներուն համար` նկատի ունենալով նաեւ, որ կաշիով ստեղծելը ամէնէն քիչ դրամագլուխ պահանջող արհեստն է:
Ա. Մանկասարեան հաստատեց, որ նախաձեռնութեան երկրորդ բաժինը հմտութիւններու զարգացումն է: «18-45 տարեկան երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ պիտի հաւաքուին եւ հետեւին ձեւագիտութեան եւ կաշիէ կօշիկի ու տարբեր արտադրութիւններու ստեղծումին` կաշիով աշխատող վարպետներու վերահսկողութեամբ եւ ցուցմունքներով: Անոնք Ա-Ֆ պիտի սորվին կաշիով գործելու հոլովոյթը` Լիբանանի մակարդակին վրայ հանրածանօթ ձեւագէտներու, մասնագէտներու, վարպետներու եւ հին արհեստաւորներու կողմէ, որոնք միայն արհեստին չեն տիրապետած, այլ նաեւ զայն փոխանցելու ոգի ունին: Այս արհեստները պէտք չէ մեռնին. անոնք լիբանանահայուն նկարագիրին հետ կապ ունին, լիբանանահայուն մասին կը պատմեն եւ անոր պատմութեան հետ ուղղակիօրէն առնչուած են», շեշտեց ան:
Ա. Մանկասարեան նշեց, որ այս դասընթացքը պիտի տեւէ 8 ամիս, որուն ընթացքին ծրագիրին մասնակիցներուն պիտի տրամադրուի կաշի, եւ ինչի որ անոնք կարիքը ունին` արտադրելու իրենց յատուկ նորարար ստեղծագործութիւնները:
«8 ամիս ետք Պուրճ Համուտի մէջ պիտի յայտարարուի «Կաշիի շաբաթ» ձեռնարկը, որուն ընթացքին նախաձեռնութեան մասնակիցները իրենց աշխատած ու արտադրած բոլոր իրերը պիտի հանեն վաճառքի: Այդ իրերը կամ ստեղծագործութիւնները պիտի կրեն «Պուրճ Համուտի արտադրութիւն» կնիքը: Այսպիսով, նորերը պիտի շարունակեն կաշիով ստեղծագործելու ճարտարարուեստը` պահպանելով լիբանանահայութեան ժառանգութիւնը», շեշտեց ան:
Ա. Մանկասարեան ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութեան մասնակցող երիտասարդները անվճար պիտի կատարեն այս ծրագիրը, եւ իրենք է, որ պիտի շահին այս բոլորէն` կերտելով նաեւ իրենց ապագան, որովհետեւ այս արհեստը հասութաբեր է:
Երիտասարդներուն ուղղելով իր խօսքը` Ա. Մանկասարեան ըսաւ. «Յուսահատ եւ իր ապագայով մտահոգ հայ երիտասարդներուն կոչ կ՛ուղղեմ մասնակցելու այս նախաձեռնութեան: «Պատկեր»-ին երազն է երիտասարդները բարօր վիճակի մէջ տեսնել, եւ այդ նպատակով ալ առիթը ներկայացուցած ենք ձեզի ոստում մը կատարելու եւ օգտուելու այն վարպետներէն, որոնք այսօր ներկայ են, հոս են եւ բարի կամեցողութիւնը ունին այս ժառանգութիւնը երիտասարդներուն փոխանցելու», եզրափակեց ան:
«Պատկեր»-ի նախաձեռնած այս ծրագիրին արձանագրուելու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հեռաձայնի թիւին` 03-652235, մինչեւ սեպտեմբեր ամսուան աւարտ:
* * *
Գրիգոր Ճորճեան անդրադարձաւ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ` 1972 թուականի իրադարձութիւններուն ընթացքին տիրող ընդհանուր մթնոլորտին` հաստատելով, որ այդ օրերուն Լիբանանի մէջ աշխատանքի խնդիր գոյութիւն չունէր, եւ աշխատասէր մարդը անպայման կը յաջողէր:
Գ. Ճորճեան յայտնեց, որ ինք կօշկակարութեան արհեստը ժառանգած է իր հօրմէն, որուն պատգամը եղած է` այդ գործը ստանձնել եւ փրկել ընտանիքը:
«Ես ուսանելու մեծ ծրագիրներ ունէի, սակայն երբ հայրս լրջօրէն ըսաւ, որ ընտանիքը ինծի կը վստահի, այլապէս ստրուկներու նման կրնայ մահանալ, այդ մէկը ցնցեց էութիւնս, եւ ընդունեցի մարտահրաւէրն ու պատասխանատուութիւնը: Ինծի համար առաջին օրէն իսկ յստակ էր, որ եթէ կօշկակարութեան արհեստը ընտանեկան պիտի դարձնենք, ապա պէտք է զայն ամբողջութեամբ իւրացնենք եւ վերածենք անձնական գործի», ըսաւ ան:
Գ. Ճորճեան ըսաւ, որ ինք արհեստը սորված է «Լիւքսիա» հաստատութեան մէջ եւ հոն բծախնդրութիւն սորված է:
Աւելի ուշ հետեւեցայ ձեւագիտութեան եւ կօշիկի կաղապար պատրաստելու դասընթացքի, որպէսզի կարենայի իւրացնել այս արհեստին բոլոր ծալքերը:
Կաշիէ կօշիկներու պատրաստութիւնը իսկապէս արուեստ է, եւ այդ մէկը կրցայ սորվիլ` գիշերները այլ գործարաններու մէջ աշխատելով եւ վճարելով այս դասընթացքներուն համար:
Գ. Ճորճեան երեք-չորս տարի ետք արդէն իսկ փոխադրուած է Ամանոս` իր առաջին անձնական գործարանը, որ մեկնարկը կը նկատուի իր գործին:
Իսկ աւելի ուշ հաստատած է իր անձնական գործարանը «Ճորճիա շուզ» անունով, Պուրճ Համուտի մէջ:
Վարպետ կօշկակար մը ըլլալէ բացի` Գ. Ճորճեան 45 տարի պարած է «Քարաքալլա» խումբէն, իսկ վերջին 10 տարիներուն ընթացքին «Քարաքալլա» պարախումբի ելոյթներուն յատուկ դերեր ստանձնած:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ ինք 45 տարիէ ի վեր կը պատրաստէ «Քարաքալլա» պարախումբի բոլոր անդամներուն կօշիկները` հաստատելով, որ այդ աշխատանքը մեծ բծախնդրութիւն կ՛ենթադրէ: Ապտել Հալիմ Քարաքալլա յատուկ հիացմունք ու յարգանք ունի հայութեան հանդէպ, եւ իւրաքանչիւր ելոյթի կը դիմէ ինծի, որպէսզի պատրաստեմ պարողներուն կօշիկներն ու պոթերը, որոնց համար իւրայատուկ կերպով կ՛աշխատինք` պահելով որակն ու ճաշակը:
Երիտասարդ սերունդին փոխանցելիք պատգամս պիտի ըլլայ հետեւեալը. այսօր պայմանները այնպիսին են, որ դիւրութեամբ յաջողելու չափանիշը միայն աշխատասիրութիւնը չէ, սակայն ես կը հաստատեմ ու բոլորիդ կը թելադրեմ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` աշխատասիրութեամբ գործել, եւ յաջողութիւնը անպայման ձեզի հետ պիտի ըլլայ: