Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախի Հանրապետութեան Մէջ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Վտանգի Գործօնները Եւ Ցուցիչները Լեմքինի Հիմնարկի Զեկոյցը
5 սեպտեմբեր 2023-ին Լեմքինի հիմնարկը հրապարակեց 126 էջնոց զեկոյց` «Risk Factors and Indicators of the Crime of Genocide in the Republic of Artsakh: Applying the UN Framework of Analysis for Atrocity Crimes to the Nagorno-Karabakh Conflict» [Արցախի Հանրապետութեան մէջ ցեղասպանութեան յանցագործութեան վտանգի գործօնները եւ ցուցիչները. ոճրագործութիւններու վերլուծութեան ՄԱԿ-ի գործիքակազմի կիրարկումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ] վերնագրով:
Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են փաստեր, որոնց համաձայն, արդէն իսկ անխուսափելի է ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, որ շրջափակման միջոցով կ՛իրագործուի Արցախի մէջ. անիկա կը համապատասխանէ 1948 թուականին Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին հռչակագիրի հետեւեալ երկու դրոյթներուն.
1.- Խումբի անդամներուն մարմնական լուրջ վնասուածքներ կամ մտաւոր վնաս պատճառել,
2.- Որեւէ խումբի համար կեանքի այնպիսի պայմաններու միտումնաւոր ստեղծումը, որոնք ուղղուած են անոր լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման:
Զեկոյցը կը փաստէ նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրապարակային սպառնալիքները` մաքրելու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) տարածքը արցախահայերէն: Ըստ զեկոյցին, այս ելոյթները, Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, 2020 թուականի նոյեմբերի հրադադարի խախտումները, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու յատուկ մտադրութեան ազդանշաններ են:
Զեկոյցը, նկատի առնելով Ալիեւի վարչակարգին եւ ազրպէյճանական պետական հիմնարկներուն մէջ արմատացած` հայերը վերացնելու ազրպէյճանական հայատեացութեան խոր հիմքերը եւ դրսեւորումները, նաեւ կ՛եզրակացնէ, որ Ազրպէյճանը ցեղասպան պետութիւն է:
Զեկոյցը նաեւ ապացոյցներ կը ներկայացնէ այն մասին, որ մօտ ապագային Ալիեւ կրնայ ռազմական յարձակում նախաձեռնել Արցախի վրայ, բան մը, որ կը յանգեցնէ ցեղասպանութեան` ֆիզիքական սպանութիւններու հանգրուանին: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած է նաեւ 12 առաջարկ: Ամէնէն կարեւորը` զեկոյցը կ՛առաջարկէ իրացնել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` իբրեւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունք, փաստելով, որ հայերը չեն կրնար ապրիլ Ազրպէյճանի իշխանութեան տակ, եւ` ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը. «Ճանաչել Արցախի ժողովուրդին` յանուն պետականութեան միջազգային պահանջներուն համապատասխան պետութիւն ստեղծելու տասնամեակներու ջանքերը, որուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած է կառավարութիւն` հիմնուած իշխանութիւններու բաժանման եւ ժողովրդավարական ներկայացուցչութեան վրայ»:
Ազրպէյճան Տասնամեակներ Շարունակ Հայատեաց Քաղաքականութիւն Վարեց Նաեւ Կրթութեան Ասպարէզին Մէջ
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ կը պատրաստուին Խորհրդային Միութեան տարիներուն Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ուսումնական հաստատութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուած խտրական վերաբերմունքին մասին ծաւալուն գիտական-հետազօտական, գիտական-պատմական աշխատութիւն, որ հարուստ փաստագրական հիմքով միջազգային հանրութեան ցոյց պիտի տայ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած հակահայկական քաղաքականութեան էութիւնը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշեց պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան, որ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ կայացած` «Պաքուի հայկական ուսումնական կեդրոնները» խորագրով քննարկման հիմնական զեկուցողն էր:
Մինասեան նշեց, որ Ազրպէյճանի հայութիւնը տասնամեակներ շարունակ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Պաքուի կայացման գործին մէջ` մեծ ներդրում ունենալով հասարակական կեանքի տարբեր բնագաւառներու, անոնց շարքին գիտական-կրթական ոլորտին մէջ` հակառակ բախած բազմաթիւ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն:
Այսօրուան քննարկումը կը վերաբերէր մասնաւորապէս Պաքուի եւ Արցախի մէջ հայերու կրթութեան կազմակերպման գործին մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու խտրական քաղաքականութեան: Հիմնական ուշադրութիւնը սեւեռուած էր այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս ոտնահարուած են տեղաբնակ հայերու իրաւունքները ազրպէյճանական հակահայկական գործունէութեան պատճառով:
Մինասեանի պնդումով, Պաքուի մէջ միշտ ալ պետական մակարդակով հակած չեն եղած համալսարաններու մէջ հայկական բաժիններ բանալու` իրագործելով իւրատեսակ թրքական ծրագիր. բայց եւ այնպէս, ստիպուած եղան Խորհրդային Միութեան կրթական համակարգի պայմաններու մէջ եւ միջազգային գաղափարական քողին տակ 1932 թուականին բանալ հայկական բաժին` տեղի մանկավարժական հիմնարկին մէջ, որ գործած է մինչեւ 1974 թուականը, սակայն այդ բաժինին մէջ նիւթերը դասաւանդուած են հիմնականօրէն գաղափարախօսական սկզբունքներ տարածելու համար:
«Ազրպէյճանական բաժանմունքներուն եւ բաժիններուն մէջ ընդունելութիւնը անհամեմատ մեծ էր, իսկ ամպիոններուն մէջ ազրպէյճանցի աշխատակիցները թուաքանակով աւելի շատ էին: Հայերէն շատ քիչ դասաւանդողներ կային դասախօսական կազմին մէջ: 1970-ական թուականներէն հակահայկական քաղաքականութիւնը աստիճանաբար ընդլայնեցաւ, որուն պատճառով հայ ուսանողներուն քանակը կրճատուեցաւ, որովհետեւ անոնք կը բախէին բազմաթիւ ու բազմապիսի դժուարութիւններու: Հայ մտաւորականութեան բողոքին պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ յատկապէս ինքնավար կարգավիճակ ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր հայերը կը գերակշռէին, չկար գէթ մէկ համալսարան` հայկական բաժինով եւ հայալեզու ուսուցումով», ըսաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին տնօրէնը:
Ըստ անոր, հայ մտաւորականները պարբերաբար իրենց դժգոհութիւնը արտայայտող նամակները կ՛ուղարկէին Մոսկուա` բողոքելով Ազրպէյճանի խտրական մօտեցումներուն դէմ: Իբրեւ արդիւնք` 1938 թուականին Ստեփանակերտի մէջ բացուեցաւ երկամեայ հայկական մանկավարժական հիմնարկ, որ գործեց մինչեւ 1960-ական թուականները, երբ Լեռային Ղարաբաղի մէջ բացուեցաւ Ազրպէյճանի մանկավարժական հիմնարկի մասնաճիւղը: Բայց այդտեղ ալ հետզհետէ կրճատուեցաւ ընդունելութիւններու քանակը, եւ մասնաճիւղը գործեց մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսերը:
Ակադեմիկոս Ծատուր Աղայեան, որ մանկավարժական հիմնարկի հայկական բաժինի ղեկավարը եղած է, իր յուշերուն մէջ նշած էր, որ ընդունելութիւնը այնպէս կը կազմակերպէին, որ հայկական բաժինին մէջ աւելի քիչ թիւով դիմորդներ ընդունուէին: Փաստօրէն Ազրպէյճանը սկիզբէն խտրական քաղաքականութիւն վարած է հայ ազգին նկատմամբ` սահմանափակելով հայերու կրթական իրաւունքները եւ անով իսկ ձգտած է ապահովել Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը նաեւ կրթութեան ոլորտին մէջ: Նաեւ հայատեաց վերաբերմունք ցուցաբերուած է նոյնիսկ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ ժամանակին գործած հայկական միջնակարգ-մասնագիտական 10 դպրոցներու նկատմամբ, որոնց մէջ հայկական ծագում ունեցող աշակերտներու քանակը աստիճանաբար կրճատած է եւ սրութեամբ պահանջած է անոնցմէ աւելի շատ ազրպէյճաներէնով ուսուցանելու պահանջը:
«Հայերու նկատմամբ խտրականութիւնը դրսեւորուած է նաեւ գիտական-հետազօտական աշխատանքներ կատարելու եւ յատկապէս պատմական-գիտական աշխատութիւններ գրելու ժամանակ: Այս պատճառով նախ անհրաժեշտ էր Պաքուի փրոֆեսէօրներու թոյլտուութիւնը, իսկ եթէ ոեւէ մէկը ինքնուրոյն փորձէր աջակցիլ հայերուն, կը բախէր լուրջ հարցերու: Օրինակ` նոյն Ծատուր Աղայեանը դէպք մը վկայակոչած է, երբ Անդրանիկ Օզանեանի նուիրուած աշխատութեան գրախօսականը գրելու համար փրոֆեսէօր Սմբատ Զադեն անմիջապէս դուրս դրուած է աշխատանքէն: Ազրպէյճանական իշխանութիւնը մնայուն թոյլ չէ տուած, որպէսզի հայագիտական դասագիրքերը ազատօրէն ու մեծ տպաքանակով հրատարակուին», ըսաւ Մինասեան:
ՀՕՄ-ը` Վայոց Ձորի Մէջ
ՀՕՄ-ը սեպտեմբեր 9 եւ 10-ին գործունէութեան աշխուժ շաբաթավերջ ունեցաւ Հայաստանի մէջ:
Շաբաթ, սեպտեմբեր 9-ին, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան դիւանը, յանձինս` Մարօ Քէշիշէանի (ատենապետ), Վեհանուշ Մարգարեանի (փոխատենապետ), Զոյա Քոչարեանի (քարտուղար) եւ Կարինէ Տատայեանի (գանձապահ), այցելեց Վայոց Ձորի մարզ եւ Վայքի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Վայքի, Եղէգնաձորի եւ Ջերմուկի մէջ գործող ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին Շրջանային վարչութեան անդամները հետաքրքրուեցան մասնաճիւղերու գործունէութեամբ եւ ծանօթացան մասնաճիւղերուն արձանագրած յաջողութիւններուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ներկայացուցած մտահոգութիւններուն: Շրջանային վարչութեան անդամները քաջալերեցին մասնաճիւղերը` աչալրջութեամբ եւ լաւատեսութեամբ շարունակելու իրենց աշխատանքները, զարգացնելով իրենց մասնաճիւղերու որակը, թուական պատկերը` ընդգծելով քարոզչութեան կարեւորութիւնը: Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հարց եւ պատասխանի բաժին: Ներկաները լուսաբանական հարցումներէն անկախ` կարծիքներ յայտնեցին եւ օգտակար առաջարկներ ներկայացուցին Վայոց Ձորի մասնաճիւղերը առաւել աշխուժացնելու հեռանկարով: Համաձայնութիւն գոյացաւ առաւել զարգացնելու մասնաճիւղերուն եւ Շրջանային վարչութեան գործակցութիւնը:
Շրջանային վարչութիւնը ՀՕՄ-ի դրօշը յանձնեց ՀՕՄ-ի Վայոց Ձորի մասնաճիւղերուն եւ խոստացաւ յաճախակի կազմակերպել այսպիսի հանդիպումներ:
Կիրակի, սեպտեմբեր 10-ին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան եւ քարտուղար Զոյա Քոչարեան այցելեցին Գաւառի «Հայ կեդրոն», ուր իրենց միացաւ Շրջանային վարչութեան անդամ Ռուզաննա Նահապետեանը: Այցելութիւնը նպատակադրեց ՀՕՄ-ի նորագիրներու ուխտի արարողութեան գլխաւորումը, որուն անհամբերութեամբ պատրաստուած էին տասը հայորդիներ:
Մարօ Քէշիշեան նորագիրներուն ներկայացուց ՀՕՄ-ի ուխտին իմաստն ու կարեւորութիւնը եւ խնդրեց, որ համոզմունքով եւ հաւատքով մօտենան անոնց իրականացման եւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան ու հետապնդած նպատակներուն եւ անպայման մասնակից դառնան հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան մատուցած բարեգործութեան: Նորագիրները հաստատակամութեամբ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ծառայելու իրենց ազգին եւ հայրենիքին:
Ապա, մէկ առ մէկ ներկայանալով, վառեցին ՀՕՄ-ի խորհուրդը ներկայացնող իրենց մոմերը եւ Ռուզաննա Նահապետեանի կնքամայրութեամբ կատարեցին իրենց ուխտը եւ ինքնավստահութեամբ անցան ՀՕՄ-ի շարքերը: Խորհրդաւոր այս արարողութենէն ետք Շրջանային վարչութեան անդամները ՀՕՄ-ի Գաւառի եւ Սեւանի մասնաճիւղերու ատենապետներուն յանձնեցին ՀՕՄ-ի դրօշները, որպէսզի զանոնք ծածանեցնեն իրենց ժողովներուն եւ ձեռնարկներուն: Շնորհաւորելի այս հանդիպումը վերջացաւ հաւաքական ճաշի հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին մասնակիցները արտայայտեցին իրենց սրտի խօսքերը:
Զոյգ հանդիպումներու ընթացքին ալ Շրջանային վարչութիւնը ներկաներուն յանձնեց ՀՕՄ-ի կանոնագրութիւնը, ամփոփ պատմութիւնը եւ Շրջանային վարչութեան իրագործած մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրներու ցանկը, ինչպէս նաեւ` հաւաքական աշխատանքին կարեւորութիւնը շեշտող «Մենք»-ը:
«Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Միութեան Հիմնադիրին «Ֆոտոաուրա» Լուսանկարչական Գիրքին Շնորհահանդէսը
«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանի «Ֆոտոաուրա» լուսանկարչական պատկերագիրքին շնորհահանդէսը եւ ալպոմին մէջ տեղ գտած լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Նարեկ Յարութիւնեանը շնորհաւորելու եկած էին իր ընկերները եւ բարեկամները, որոնցմէ շատերուն նկարները տեղ գտած են գիրքին մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը կատարեց Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայէն Սարոյի արիան (մեներգիչ` Արման Առաքելեան), Արա Գէորգեանի «Արցախ» եւ Կոստանդին Պետրոսեանի «Հայաստան» (մեներգիչ` Արման Առաքելեան) ստեղծագործութիւնները:
Անակնկալ կատարումով հանդէս եկան Նարեկ Յարութիւնեանին զաւակները` Նովա եւ Քնար Յարութիւնեանները:
Խօսելով Նարեկ Յարութիւնեանի մասին, անոր եղբայրը` Սարօ Յարութիւնեան, որ կը հանդիսանայ գիրքին հովանաւորը, յայտնեց, որ Նարեկը «Նարեկացի» արուեստի միութեան բաբախող սիրտը եւ խթանող ուժն է: Անոր խօսքով, ազգապահպանութեան գործին մէջ իւրաքանչիւրը պէտք է իր ներդրումը ունենայ, Նարեկ Յարութիւնեանը այդ կը կատարէ հայ մշակոյթի պահպանումով եւ տարածումով:
«Ֆոտոաուրա» լուսանկարչական պատկերագիրքի հեղինակ Նարեկ Յարութիւնեան նշեց, որ սէրը հայրենիքի եւ մշակոյթի հանդէպ ժառանգած է ծնողներէն, որուն լաւագոյն դրսեւորումը «Նարեկացի» արուեստի միութիւնն է, որ արդէն 19 տարեկան է:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ստացան լուսանկարչական պատկերագիրքին իրենց օրինակը` հեղինակին մակագրութեամբ:
Մահացած Է Դերասան Սամուէլ Սարգսեանը
Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութիւնը հաղորդեց, որ 68 տարեկանին կեանքէ հեռացած է սիրուած դերասան Սամուէլ Սարգսեանը:
«Խոր ցաւով կը յայտնենք, որ կեանքէ հեռացաւ դերասան Սամուէլ Սարգսեանը: Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Սամուէլ Սարգսեանի հարազատներուն եւ գործընկերներուն», նշուած է Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Տեղեկացնենք, որ Սամուէլ Սարգսեան ծնած է 18 սեպտեմբեր 1955-ին, Երեւան: 1971 թուականին աւարտած է Երեւանի թիւ 129 միջնակարգ դպրոցը: 1971-1975 թուականներուն ուսած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի դերասանական բաժինին` Հրաչեայ Ղափլանեանի արուեստանոցին մէջ: 1976-1988 թուականներուն աշխատած է Լենինականի պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ (այժմ` Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան), 1990-ականներուն մօտաւորապէս 8 տարի` Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` իբրեւ դերասան:
Նկարահանուած է «Մեր մանկութեան թանկոն» (1984), «Մարիամ» (2005), «Փեսացուն կրկէսից» (2011), «Սուպեր մամա» (2014) ժապաւէններուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Կեանքի գինը», «Վերադարձ», «Խաչուող հետքեր», «Վենդետտա», «Կարմիր բլուր», «Շիրազի վարդը» պատկերասփիւռի ֆիլմաշարերուն մէջ:
2014 թուականին արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալին: