ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՈՂԼԵԱՆ
12.- Լեհաստան, Հունգարիա, Ռումանիա.- Ա) Շատ հին գաղութ եղած է Լեհաստանը, ուր հայերը այլեւս կորսնցուցած են իրենց լեզուն, նոյնիսկ` հայկական ինքնութիւնը: Շատեր ծագումով հայ ըլլալնին կը յիշեն: Կ՛ենթադրուի, թէ այսպիսիներուն վրայ գումարած Հայաստանէն եւ նախկին խորհրդային երկիրներէն հոն հաստատուած հայերու թիւը կարելի է համարել շուրջ 40.000: Կարգ մը քաղաքներու մէջ մէկտեղուած հայ հաւաքականութիւններ խաչքարեր կը կանգնեցնեն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, ինչպէս նաեւ գրաճանաչութեան եւ հայերէնի շաբաթական միաժամ-երկժամ դասընթացքներ կը փորձեն կազմակերպել, որոնց մասնակցողներուն թիւը անորոշ է: Եկեղեցի չունին: Էջմիածնէն ուղարկուած հոգեւորական մը քաղաքէ քաղաք կը շրջի հոգեւոր ծառայութեան համար: Աւելորդ է արձանագրել, որ համայնքային ու կազմակերպուած կեանք չունին:
Բ) Հունգարիա.- Նոյնպէս, Հունգարիոյ մէջ հայկական գաղութ մը կազմուած է հին ժամանակներէն: Անի մայրաքաղաքի անկումով սկսած զանգուածային արտագաղթողներէն շուրջ 600 ընտանիք Մոլտաւիոյ վրայով կայք հաստատած է Հունգարիոյ մէջ շուրջ 13-րդ դարուն եւ այդ ժամանակի Թրանսիլվանիոյ (ներկայիս` Ռումանիա) մեծ իշխանը վաւերացուցած է այդ ընտանիքներու կեցութեան արտօնութիւնը` անոնցմէ 55-ին տալով ազնուականի տիտղոս եւ միւսներուն` աշխատանքի դիւրութիւն եւ կարգ մը առանձնաշնորհումներ: Նոյնիսկ հայերով բնակուած քաղաք մը կոչուած է «Հայաքաղաք» (Արմէնոպոլիս-Արմէնիերսդատդ):
Հունգարիոյ ներկայի հայկական տարրը գոյացած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Անորոշ է հոն բնակող հայերուն թուաքանակը` տրուած ըլլալով, որ 3.500-էն մինչեւ 30.000 կը տարուբերի ենթադրուած թիւը: Մեծամասնութիւնը կը բնակի Պուքրեշի մէջ ու շրջակայքը: Համայնքային կեանք գոյութիւն չունի, յստակ ալ չէ՞, թէ մերթընդմերթ հայկական փոքր հաւաքներ կ՛ըլլա՞ն, թէ՞ ոչ:
Գ) Ռումանիա.- Եւրոպայի ամէնէն հին համայնքներէն մէկը եղած է ռումանահայութիւնը: Անիի անկումով (1045) սկսած զանգուածային գաղթը, աւելի վերջ Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանումը (1375), ապա նաեւ համիտեան ջարդերն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը հետեւանք ունեցած են, որ հայեր ապաստան փնտռեն ու գտնեն Ռումանիոյ մէջ: Հին ժամանակներէն երկրի իշխանութիւններն ու բնակչութիւնը բարեացակամ գտնուած են հայերու նկատմամբ: 1401 թուականին, ատենի Սուչաւա մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած է եպիսկոպոսական աթոռ (առաջնորդարան) օրուան իշխանին յատուկ հրովարտակով: 17-րդ դարուն դէպի Ռումանիա հայերու հոսք մը եղած է Լեհաստանէն, երբ հոն բռնի կաթոլիկացման ճնշումները սկսած են սաստկանալ:
1930-ականներուն ռումանահայերու թուաքանակը կը նկատուէր շուրջ 80.000: Ռումանիոյ համայնավարացումէն ետք սկսաւ հայաթափումը: 1960-ական թուականներէն բազմահազար ռումանահայեր ԱՆՉԱ-ի միջոցով գաղթած են դէպի Ամերիկա: Հիմա հազիւ 2000 կարելի է հաշուել հայերու թիւը: Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանի ենթակայութեան տակ կը գտնուին 18 հայկական եկեղեցիներ, 2 վանք, 1 բերդ, 8 հայկական գերեզմանոցներ, հարուստ թանգարան մը եւ գրադարան մը, ուր կը պահուին` շուրջ 2000 հնատիպ գրքեր, 200-300 սրբանկարներ, եկեղեցական հարուստ ու մեծարժէք սպասներ, մօտաւորապէս 60 ձեռագիր, 300 տարուան արխիւ եւ այլն: Թեմին մէջ կը ծառայեն 5 քահանաներ, կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոց մը` շուրջ 25 աշակերտներով: Հայախօսութիւնը գրեթէ չքացած է: Առաջնորդարանի կողքին կը գործէ Ռումանահայ միութիւնը, որ երբեմն ձեռնարկներ կը կազմակերպէ:
13.- Պուլկարիա.- Հին գաղութ եղած է պուլկարահայ գաղութը: Բիւզանդական շրջանին, 5-րդ դարուն, կայսրութեան բանակին հայ զինուորներէ բաղկացած այրուձին ընտանիքներով հաստատուած է այսօրուան Փլովտիւ (Ֆիլիբուպոլի) քաղաքի շրջակայքը` բարբարոսներու դէմ պաշտպանելու համար կայսրութեան սահմանը: Անկէ ետք, յատկապէս` 11-րդ դարէն սկսեալ, մնայուն ներկայութիւն եղած է հայկական տարրը:
20-րդ դարու սկզբին եռուն եղած է պուլկարահայ գաղութը` ազգային, կուսակցական, կրթական, մամուլի թէ միութենական առումներով: Նշանաւոր մտաւորականներ ու հերոսներ ապրած են հոն: Քրիստափոր Վիտոշի լանջերուն էր, որ արկածով զոհուեցաւ` Ապտիւլ Համիտը ահաբեկելու միտուած ռումբի պատրաստութեան ընթացքին: Անդրանիկը Վառնա, իսկ Նժդեհը Սոֆիա ապրած են որոշ շրջան մը: Պալքանեան պատերազմին (1912-1913) այս երկուքի ղեկավարութեամբ հայ երիտասարդներէ բաղկացած վաշտ մը պուլկարական բանակի կողքին կռուած է Թուրքիոյ դէմ եւ` յաղթանակներ տարած, որուն համար ալ անոնք` Անդրանիկն ու Նժդեհը, արժանացած են Պուլկարիոյ «Քաջութեան հերոս» տիտղոս-շքանշանին եւ այլն: Դաշնակցութիւնը հոն զինագործարան մըն ալ ունեցած է: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, երկրի համայնավարացման պատճառով հայ կեանքը ամլացած է հասկնալիօրէն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայ ժամանակներուն, համայնավարութեան փլուզումէն ետք որոշ աշխուժութիւն մը ապրեցաւ Պուլկարիոյ հայութիւնը, որուն գործնապէս օժանդակած են Յունաստանի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, Հայ կապոյտ խաչը, երիտասարդականը: Գործիչային աշխատանքով յառաջացած էր կուսակցական (ՀՅԴ) կազմ` Սոֆիայի եւ Փլովտիւի հայահոծ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ փոքր խումբ մը` Պուրկաս կոչուած քաղաքը: Հայահոծ այդ երկու քաղաքներու մէջ կազմուած էին` Հայ դատի յանձնախումբ, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ, սկաուտութիւն, եւ ընկերներու կողմէ կը հրատարակուէր «Վահան» անունով պարբերական մը: Այդ աշխուժութիւնը պահելու եւ խթանելու համար շրջանը պէտք ունէր տիրութեան, հետեւողական խնամքի, գործիչային այցելութիւններու, որոնց մէջ կը թուի, թէ թերացած ենք եւ` անտիրութեան մատնած զայն: Ստեղծուած միութենական գործօններու նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը, առաւել եւս` երկրի տնտեսական շատ դժուար պայմաններու պատճառով ծայր առած արտագաղթը հիւծած պիտի ըլլան շրջանը: Վստահաբար հոն անհատ դաշնակցականներ կը շարունակեն գործել, բայց կասկածելի է, որ անոնք կազմակերպ վիճակ ունենան:
Ինչ կը վերաբերի երկրի հայութեան թուաքանակին, տուեալները հակասական են` տասը հազարէն մինչեւ 25-30 հազար… Հայահոծ քաղաքներն են` Փլովտիւը (Ֆիլիփուպոլի), մայրաքաղաքը` Սոֆիան, ծովեզերեայ Վառնան, Ռուսէ եւ այլն:
(Շար. 4)