Յօդուածներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Բագրատ Տէր Սահակեանի Եւ Մելքում Բաբաջանեանի Տպարանները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Բագրատ Տէր Սահակեանի Եւ Մելքում Բաբաջանեանի Տպարանները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշիի մէջ հրատարակչական գործունէութիւնը Ի. դարուն սկիզբը շարունակեց զարգանալ: Եղիսաբէթ Մահտեսի Յակոբեանց, Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի դուստրը, 1901-1904 տարիներուն հօր տպարանէն լոյս ընծայեց չորս գիրքեր. «Յիշատակարան Ղարաբաղի (Արցախի) հայոց թեմական հոգեւոր դպրանոցի» (1901), Ինգլէս Հ. Դ. «Խեցիներ ժողովող Սիեօր Գօդօլիի պանդխտութիւնը: Անգլերէնից թարգմանեց Աշոտ Բայանդրեան» (1903), Ներսէս վարդապետ Մելիք Թանգեանի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա. գիրք. Ներածութիւն եւ աղբիւրներ» (1903,...

Քերոլայն Քոքս Վտանգաւոր Նկատեց Արցախի Վիճակը` Դատապարտելով Միջազգային Ընտանիքի Անգործութիւնը

Քերոլայն Քոքս Վտանգաւոր Նկատեց Արցախի Վիճակը` Դատապարտելով Միջազգային Ընտանիքի Անգործութիւնը

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակուելուն պատճառով Արցախէն ստացուող տեղեկութիւնները մտահոգիչ են եւ տագնապալի: Ան յայտնեց, որ օր մը առաջ իր գործընկերոջ հետ իրենք այցելեցին Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնք, հանդիպում ունեցան հայ զինուորականներու հետ, որոնք նոր վերադարձած էին սահմանագիծէն եւ իրենց աչքերով...

Սթափելու Ժամանակը

Երեւանի Աւագանին Մեծամասնութիւն Չունի

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երեւանի աւագանիի (Քաղաքապետական խորհուրդի) ընտրութիւնները կայացան կիրակի, 17 սեպտեմբեր 2023-ին: Ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող 82.4250-ը քաղաքացիներէն մասնակցեցան միայն 23.4553-ը, որոնք կը կազմեն ընդհանուր թիւին 28.46 առ հարիւրը: Երեւանցիներու այսքան խեղճ մասնակցութիւնը` իրենց քաղաքը կառավարելու կոչուած աւագանիի ընտրութեան, հետեւանք է մասամբ արդէն նկարագիր դարձած անտարբերութեան, բայց նաեւ այն դժգոհութեան, որ վարակած է հանրութիւնը քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ` իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Հայն Ու Իր Մտաւորականը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատ հաւանաբար, ինծի նման շատեր, յաճախ` զարմացած, իրենք իրենց հարց տուած են, թէ մեր ներկայ սովորական կեանքին մէջ, երբ ամէն տեղ եւ ամէն տեսակի պայմաններու տակ, նորութիւններ եւ անակնկալ փոփոխութիւններ ակամայ մեզ դիմաւորած ու մեզ հիմնովին շշմեցուցած, շփոթանքի մատնած եւ կամ ալ ապշեցուցած են, յանկարծ մեր ազգային կեանքի հրապարակին վրայ մեծ բացակայ մը նշմարած ենք: Խումբ մը մարդոց,...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Է. –

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Է. –

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Բանաստեղծը Ինչո՞ւ Չերգեց Սէրն Ու Երկնքի Կապոյտը...   Միշտ ալ շատերու կողմէ հարց տրուած է, թէ Սիամանթօ ինչո՞ւ շարունակ կարմիրով ներկեց իր էջերը: Ինչո՞ւ անդադար գծեց ու նկարագրեց կոտորածի, տանջանքի, պայքարի ու ռազմի պատկերներ: Հարցումին պատասխանը յստակ է: Եւրոպա ապրելով հանդերձ, ան ինքզինք չէր կրցած անջատել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ճակատագրէն: Իրեն համար մղձաւանջ մը դարձած էին այն անասելի...

Վահագն Գրիգորեանի Ժամանակի Գետը

Ինչպէ՞ս Երթալ Հոն, Ուր Շատեր Այլեւս Չկան

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Առաջին մեկնումիս, բնականաբար, քաղաքը չէր միայն, որ զիս կը շահագրգռէր, հոն էին բոլորը, որոնք քաղաքն էին: Հոն էր Յովհաննէսը, իր բանաստեղծութեամբ, երգիծանքով եւ սրամտութեամբ. ինչ որ հեգնական ժպիտ կար դէմքին այդ համատարած անհեթեթին դէմ: Հրանտը ազնուական, տէրը արձակի, որ Ռազմիկին հետ եկած Ամերիկա, հետաքրքրուած չէր արտաքին աշխարհով, կը փորձէր իրաւ սփիւռքը ճանչնալ: Աղասին իւրօրինակ, որ այդ տաքին, հագին...

Հայ Գրականութեան Ուսուցիչիս «Անէծքը»

Հայ Գրականութեան Ուսուցիչիս «Անէծքը»

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ուսմանս միջնակարգի տարիները անցուցի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ (որպէս գիշերօթիկ)` աշակերտելով հայոց լեզուի դասատուներ` Յարութիւն Քիւրքճեանի, Գառնիկ Բանեանի, ապա հայ գրականութեան  ուսուցիչ ունեցանք Գրիգոր Շահինեանը. սակայն ճակատագի՞րը, թէ՞ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ստիպեց, որ լքեմ Պէյրութի ճեմարանը ու շարունակեմ ուսումս Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ, որուն երկրորդական բաժինը աւարտեցի: Հալէպի ճեմարանի մեր հայ գրականութեան ուսուցիչն էր...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Մէկ Եւ Նոյն Ազգի Լինելութեան Հրամայականները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ ԱԶԳԻ ՆԵՐԿԱՆ ԵՒ ԳԱԼԻՔԸ ԻՆՔՆԵԿ ՉԵՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՐ: Ազգ եւ հայրենիք  ի վերուստ տրուած չեն, վերջնական եւ  ինքնեկ չեն: Անոնք մարդոցմով կը յառաջանան, կը պահուին եւ կը տեւեն: Եթէ փորձենք հետեւիլ ազգերու պատմութեան ընթացքին, հասկնալ, ինչ որ անոնք ապրած են եւ են, կը սորվինք, որ Ազգը կը ստեղծուի, կը կառուցուի եւ կը պահուի ժամանակի ընթացքին ինքնութիւն կերտող եւ անոր...

Ի Յուշ.  Արեւմտահայ Ժողովրդական Երաժշտական Մշակոյթի Բանահաւաք  Պետրոս Ալահայտոյեան (1934-2022)

Հայկական Արժէք Մը, Որ Չի Կորսուիր (Պետրոս Ալահայտոյեանի Մահուան Տարելիցին Առիթով)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կար ու չկար, կապոյտ աչքերով, վարդագոյն, բարի ժպիտով եւ խօսելու իր ոճո՛վ իսկ վկայեալ հանդարտաբարոյ, ազնի՛ւ մարդ մը կար, որ կը կոչուէր Պետրոս Ալահայտոյեան: Զինք առաջին անգամ տեսնողը անպայման պիտի տպաւորուէր քիչ մը անխնամ թողուած վարսերէն, որոնք պիտի մատնէին, թէ անպայման ԱՐՈՒԵՍՏի հետ կապ ունեցող էակ մըն էր... Կար, բայց տարի մը առաջ դարձաւ «չկայ»: Սխա՛լ հաստատում: Տարի...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

«Ուսուցիչ Կ՛ուզուի»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Քանի մը օր առաջ գրիչի ընկերներէս Գէորգ Եազըճեան «Ուսուցիչ կ՛ուզուի»-ի յայտարարութեան մը մասին Դիմատետրի վրայ խիստ ակնարկութիւն մը ըրած էր: Տեղին եւ կենսական: Իր տողերը առիթ տուին, որ այս էական նիւթին անդրադառնամ: Հաւանաբար շատ շատեր ալ նոյն կերպ վարուեցան: Նախ ըսեմ, որ սեւով ճերմակին վրայ գրուած այդ տողերը իրականութիւն ըլլալէ չէին դադրեր: Ապա աւելցնեմ. հայ դպրութեան եւ հայեցի...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին – Գ.-

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ 10.- Ֆրանսա.- Ֆրանսահայութեան թիւը անորոշ է: Նոյնիսկ յստակ չեն հայ կոչուելու չափանիշները: Տարիներ առաջ 350.000 կը հաշուուէր: Ապա երկար ատեն 500.000 կ՛ըսէինք: Հիմա սկսած ենք 600.000-ի մասին խօսիլ: Թուրքերը կը փորձեն միշտ աւելի բարձր թիւերով տպաւորել ֆրանսացիները: Հին հայերը հաստատուած էին Փարիզ-Լիոն-Մարսէյ առանցքին վրայ: Նորերը ամէն տեղ են, յաճախ` երկրորդական քաղաքներուն մէջ, քանի որ մեծ քաղաքներուն մէջ բնակութեան...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Եւրոպայի Նենգափոխող (Ռեւիզիոնիստ) Ռաբբիները Կը Ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Եւրոպայի ռաբբիներու կեդրոնը 50 պահպանողական ռաբբիներու ստորագրութեամբ 6 սեպտեմբերին նամակ յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին` նշելով, որ Հայաստանի պաշտօնեաները իրաւունք չունին օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը` Ազրպէյճանի կողմէ դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Լաչինի միջանցքի շրջափակումը նկարագրելու համար, որ պատճառ դարձած է 120 հազար արցախցիներու սովահարութեան: Ռաբբիները սխալմամբ պնդած են, որ «ցեղասպանութիւն»...

Պանդոկ Մը Եւ Ընտանիք Մը

Պանդոկ Մը Եւ Ընտանիք Մը

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Երբ քաղաքի մը պանդոկներուն մասին ուզես տեղեկութիւն ստանալ, չես կրնար նոյն քաղաքին բնակիչներուն հարցնել, որովհետեւ անոնք ընդհանրապէս պէտք չունին պանդոկներու մասին գիտնալու, պարզ այն պատճառով, որ պանդոկ երթալու պէտք չունին: Պանդոկի մը մասին պէտք է հարցնել զբօսաշրջիկներու կամ այդ քաղաքը այցելողներու: Հալէպի եւրոպական չափանիշներով այս առաջին պանդոկին մասին երկու հալէպահայեր միայն գրած են` գրագէտ Յակոբ Միքայէլեանը («Ազգ», 21...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Յոբելեանին Առթիւ

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Համազգայինի 95-Ամեայ Նպատակասլաց Առաքելութիւնը

«Համազգայինին վերապահուած է մեծ դեր` ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարանը դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին եւ հաւատք ունենայ Հայ դատի յաղթանակին» ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ Հայ մշակոյթի եւ կրթութեան դարբնոց Համազգայինը այս տարի կը նշէ իր 95-ամեայ յոբելեանը: Հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն են` մշակոյթը, մայրենի լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու ազգագրական կենցաղը: Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ Ա. հանրապետութեան...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակ

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ 12-18 սեպտեմբերին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով` գրական-մշակութային, կը նշուի միութեան 95 տարիներու բեղուն գործունէութեան ամեակը: Համազգայինի Վերջին Հրատարակութիւններու Շնորհահանդէս 13 սեպտեմբերին Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ կայացաւ Համազգայինի վերջին հրատարակութիւններուն շնորհահանդէսը եւ ընթերցողի դատին յանձնուեցան չորս ժողովածուներ: Համազգայինի Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ «Soaring words» ժողովածուն, որ կը ներկայացնէ արցախցի ութ արձակագիրներու...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին – Բ. –

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ 3.- Աւստրիա. Հայերու թիւը` 6000-7000, որուն մեծամասնութիւնը` Վիեննայի մէջ, ուր կայ նաեւ Մխիթարեաններու վանքը` շուրջ 10 հոգեւորականներով: Աւստրիան ալ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2015-ին: 4.- Իտալիա. հայերու մօտաւոր թիւը 4000-ի շուրջ է, որուն 3000-ը` մնայուն բնակիչ, իսկ 1000-ը` ուսանող կամ ժամանակաւոր: Մեծամասնութեամբ` Միլանոյի մէջ հաստատուած: Իտալիոյ հայերու միութիւն մը պաշտօնական ճանաչում ստացած է 1955 թուին, բայց հիմա ան...

Ռուսական Գործօնը Հարաւային Կովկասի Մէջ

Ռուսական Գործօնը Հարաւային Կովկասի Մէջ

Ա. Ա. Ռուսիա աւանդականօրէն գլխաւոր դերակատարն է Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր յաճախ իրարու կը բախին տարբեր պետութիւններու շահերը: Ռուսիա պատմական մեծ աւանդ ունի հարաւկովկասեան խճանկարին մէջ եւ բնաւ ցոյց չէ տուած, որ պատրաստ է Հարաւային Կովկասը զիջելու այս կամ այն պետութեան կամ պետութիւններու դաշինքներու: Արցախեան երկրորդ պատերազմը եկաւ առաւել շեշտելու ռուսական գործօնը Հարաւային Կովկասի մէջ, երբ պատերազմին կանգնեցման, ապա արձանագրուած...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Համակարգումի Պակասը Եւ Անտեղի Մրցակցութիւններ

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Համասփիւռքեան մեր իրականութեան ամէնէն խոցելի կէտերէն մէկը հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ համակարգումի պակասն է: Այս յանցանքին պատասխանատուութիւնը առաւելաբար կ’իյնայ մեր կազմակերպութիւնները ղեկավարող անձերու ուսերուն: Անտեղի մրցակցութիւններ, ծրագրումի եւ կազմակերպումի պակաս, համակարգումի բացակայութիւն... այս բոլորը իրենց ժխտական անդրադարձները կ’ունենան մեր հանրային կեանքին մէջ: Ազգապահպանման համար տարասփիւռ հայութիւնը մտահոգութեան լուրջ պատճառներ ունի: Համահայկական կեանքի ապահովութեան սպառնացող վտանգներ կան:...

Արդեօք Կարեւո՞ր Են Պատանեկան Միութիւնները

Արդեօք Կարեւո՞ր Են Պատանեկան Միութիւնները

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ Փաստաբան, լրագրող, Հայագիտական ուսուցման դասախօս Ընդամէնը եօթը տարիներ հաշուող այս հանգրուանը զինք յաջորդող կենսակայաններէն եօթնապատիկ անգամ գերակշիռ ազդեցութիւն ունի մարդուն վրայ: Պատանեկանի փուլին ամրապնդուած միտքերը, հաստատում գտած համոզումները եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գծագրուած տեսլականները բարեփոխելը, դեռ չըսած, զանոնք ջնջելը հեշտութեամբ ընթացք առնող գործընթացներ չեն երբեք: Գաղափարական մեր ամրոցին անառիկութիւնը ապահովելու, անոր դարպասներուն վրայ մագլցիլ փորձող թափթփած, իմաստազուրկ ու...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի Բժիշկ Տիգրան Ալլահվերտի ծնած է 1860-ին,  Կոստանդնուպոլսոյ Ենիգափու թաղամասին մէջ, կեսարացի ընտանիքի մը յարկին տակ: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է իր ծննդավայրի հայկական  եւ Սուլթանիէ դպրոցներուն մէջ: Դեղագործութեան վկայական ստացած է 1882-ին  եւ սկսած է աշխատիլ Պոլսոյ Պահչէգափու թաղամասին մէջ: 1886-1895 բժշկութիւն ուսանած է Պոլսոյ Կայսերական բժշկական վարժարանին մէջ եւ  բժշկական վկայական...

Page 238 of 1111 1 … 237 238 239 … 1,111

Արխիւներ