Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ

Սեպտեմբեր 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տժգոյն էր Հայաստնի վերանկախացման 32-ամեակը:

Տժգոյն, գերտժգոյն ե՛ւ դալկահար, գերդալկահար:

Աւելի՛ տժգոյն եւ սնամէջ էր Հայաստանի վարչապետին խօսքը, որ տեւեց հազիւ կէս ժամ (սովորութիւն ունի ժամեր շարունակ խօսելու եւ դատարկաբանութիւններ դուրս տալու): Նոյնինքն «ազգընտիր» Փաշինեանն ալ տժգոյն էր, նո՛յնքան տժգոյն, որքան որ էր` իր կարծիքով` գրեթէ երեք տարի առաջ, 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք կորուսեալ «Տժգոյն Շուշի»-ն:

Տժգոյն ու դալկահար ենք մենք` բոլոր հայորդիներս, մասնաւորաբար տակաւին անոր ցնդաբանութիւններուն հաւատացողները, որոնք երեք տարիէ ի վեր չեն կրցած հասկնալ, ըմբռնել եւ եզրակացնել, թէ հո՛ն` 19 Բաղրամեանի «ամրոց»-ի աթոռին կառչած վարչապետը որքա՜ն փորձանք ու արհաւիրք բերած է մեր` հայրենիքին ու ազգին գլխուն, եւ պէտք է անպայման մեկնի ա՛ն-վե՛-րա՛-դա՛րձ:

Վարչապետին օրուան խօսքը շատ ալ աղերս չունէր օրուան իմաստին, ո՛չ ալ դաժան վիճակին հետ: Ամենայն ժպրհութեամբ, վարչապետը (հետեւողութեամբ «Իմ Քայլ»-ին) «Գայլի աւետարան» կարդալով, դարձեալ նուագեց մաշած ձայնապնակը եւ փորձեց համոզել, թէ ինք եւ իր «տոհմ»-իկ խումբը «քաւութեան նոխազ» դառնալու կացութեան մէջ են:

Առաջին բառերէն իսկ արգահատելի էր, որովհետեւ սկսաւ խօսիլ ապատեղեկատուութեան մասին: Հաւանաբար վերլուծաբան մը շէյքսփիրեան արտայայտութեամբ մը կարճ ու կտրուկ պիտի ըսէր.- «Look who՛s talking!» (Տե՛ս, թէ ո՞վ է խօսողը):

Յուշակորոյսի դեր խաղացող վարչապետը պէտք է քաջ գիտնայ, թէ բանիմաց եւ հայրենապաշտպան զանգուածներուն յիշողութեան մէջ թարմ են 44-օրեայ պատերազմին մինչեւ վերջին օրը հնչած` «Յաղթելու ենք»-ի պլըֆիզմն ու անոր առթած դառն կսկիծը: Վարչապետը «ֆէյք»-ի մասին կը խօսի` առանց ակնթարթ մը յիշելու իր բիւրաւոր «ֆէյք»-երը, ինչպէս` կնոջ եւ զաւակին շինծու նկարները, իբր թէ ռազմաճակատէն քաղուած, եւ նման անպատկառ կեղծիքով ազդեցութիւն բանեցնելով փափուկ սիրտերու ու մատղաշ երիտասարդներու վրայ: Հապա՞ Գանձակի օդակայանին հիմնայատակ կործանումը, հապա՞…

Մարդս արդեօք անմտութեան ո՞ր գագաթնակէտը պէտք է նուաճած ըլլայ, որ նմանօրինակ նիւթով մը մեկնարկէ Հայաստանի վերանկախացման 32-ամեակի առթիւ իր ելոյթը:

Եւ նո՛յն «տրամաբանութեամբ»` ան շարունակեց իր խօսքը, սովորականին նման կմկմալով, ունկնդիրին հանդէպ աղաղակող արհամարհանքով եւ ցնորական վերլուծումներով զարմացնելով, շշմեցնելով եւ ապշեցնելով լսողները:

Մանրամասն մէջբերումներ կատարելով, հաւանաբար մենք ալ իյնանք ինքն իրեն համար լարած ծուղակին մէջ: Կարճ խօսքով, ճառին իւրաքանչիւր բաժինը փաստ էր, թէ խօսքի սնանկ է (եւ սա ամէնէն մեղմ որակումն է):

Փորձենք հասկնալ. ի՞նչ կը նշանակէ այն, որ Արցախի բնակչութեան ուղիղ սպառնալիք չկայ: Անտեղեա՞կ է, թէ դարձեալ սուտի տոպրակը բաց է: Ամէնէն անցողակի դիտող հայն անգամ պիտի պատասխանէր. «Ա՛յ մարդ. չե՞ս տեսներ, թէ ինչ կը պատահի»: Հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ ինկած են, գիւղերէ բնակիչներ բռնի տեղահանուած են կամ ապահով վայրեր ապաստանած, մարդիկ սովի ու մաշումի ենթարկուած են ամիսներէ ի վեր…: Այս ընթացքով ո՛չ միայն Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ, այլ նաեւ համաթուրանականութեան նորաձեւ եաթաղանները շուտով կրնան հասնիլ Սիւնիք, Գեղարքունիք, Վայք եւ ի վերջոյ… «Էրիվան»` 19 Բաղրամեան պողոտայ, եւ ուրեմն` վերջ անկախ հանրապետութեան, վերջակէտ մը եւս հայոց պատմութեան էջերուն: Նման մտավախութիւն նոր շեշտադրում կը ստանայ, երբ թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Փաշինեան քանի մը օր առաջ տեղեակ պահուած էր ազերիական յարձակումի ծրագիրէն…: (Մեզի համար թրքական լրատուութիւնը հաւաստի չէ, սակայն վերջին տարիներուն բազմիցս մեր լեզուն այրած է, Անգարայէն ու Պաքուէն եկած տեղեկութիւնները դաժան իրականութեան համապատասխան եղած են):

Եւ դեռ խօսի՜լ, իրարու խառնել «էթնիք զտում»-ը, «ներքաղաքական էնթրիկ»-ները, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն Ստեփանակերտի օդակայան փոխադրութիւնը` ռուս խաղաղապահ զինուորներու միջնորդութեամբ, դարձեալ մեղադրանքներ նետել այդ խաղաղապահներուն հասցէին…: Յետոյ, ի՞նչ հասկնալ ու հետեւցնել այն հակասութիւններէն, թէ ինք դէմ է արցախցիներու հայրենալքումին (կարծէք թէ մարդիկ կամովին պիտի լքէին հայրենի տունը), սակայն նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնել 40 հազար ընտանիք ընդունելու Հայաստանի մէջ եւ նման ընտրանք գունաւորել իբրեւ «երրորդ պլան»: Ո՞վ մոռցած է, որ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակիչներուն ալ նման պատգամ ուղղուած էր ատենին եւ յետոյ, յանկարծ հրահանգ արձակուած էր հեռանալու եւ… չայրելու լքուած բնակարանները: Հապա՞ 44-օրեայ պատերազմէն ետք բռնագաղթուած հադրութցիներն ու շուշեցիները, բռնագրաւեալ այլ շրջաններու բնակիչները, որոնցմէ շատեր մինչեւ օրս կը մնան Հայաստան (կամ այլուր), անոնց տունդարձի խոստումները հիմա ինկած են ազերիներու Արցախ եւ Հայաստան զանգուածային վերադարձի յորձանուտին տակ…

Այլ գիծի մը վրայ. վարչապետը վստահաբար քաջատեղեակ է, թէ իր ղեկավարած երկիրը իւրայատուկ է իր պաշտպանական կառոյցներով: Աշխարհին մէջ քիչ են այն երկիրները, ուր ոստիկանութիւնը իր պատրաստութեամբ, նիւթական վարձատրութիւններով եւ հզօրութեամբ կը գերազանցէ… բանակը, եւ մի՛շտ պատրաստ է խոշտանգելու արդարօրէն բողոքող ցուցարարներ, մինչեւ իսկ նահատակ զաւակներու ծնողներ: Եւ այս բոլորէն ետք, դարձեալ խօսի՜լ պողպատեայ հակադարձութեան մասին…

Հուսկ. յստակ է ամբողջական ու խոր վերլուծումներով` Հայաստանի վերանկախացման 32-ամեակի առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.-ի հետեւեալ խօսքը. «… Ողջ հայութիւնը ոտքի ելլէ` Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ, աշխարհին դիմաց արտայայտելով իր խոր ընդվզումը ու անխախտ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին»:

Վեհափառ հայրապետին կոչը վստա՛հաբար անարձագանգ պիտի չմնայ, որովհետեւ Երեւանի մէջ արդէն իսկ սկսած է մարմին առնել փոխընտրանքի վարչակազմը, որուն շուրջ պիտի համախմբուին ազգին ու հայրենիքին գոյատեւման հաւատացողները` մայր հայրենիքին մէջ եւ սփիւռքի տարածքին:

Նախորդը

Կամայական Պատմաշինութիւն Եւ Միջազգային Վատութիւն

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Մեր Դպրոցներուն Մէջ Պէտք Է Գտնեն Ազգային Ուղիղ Ճամբան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?