Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր ընթերցողները կը գրեն . Փաշինեա՛ն, Անցնցում Հեռացի՛ր Հայաստանի Քաղաքական Դաշտէն

September 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Ափսո՛ս քեզ, մեր անգին հին ու նոր Արցախ, որ կուլ կ՛երթաս Հայաստանի վարչապետի եւ մեծապետական դիւային ախորժակներուն։

1991 թուականի Ազրպէյճանի սահմաններու ճանաչումի մասին վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ «հայկական կողմը ճանաչել է Ղարաբաղը որպէս ազրպէյճանական տարածքի անբաժանելի մաս»։

Պրն. վարչապե՛տ, յագուրդ տուի՞ր Ալիեւի արեան ծարաւին, յագուրդ տուի՞ր դիւատիպ ու ժանտահամ մեծապետական ախորժակներու։

Ուշքի եկո՛ւր՝ իբրեւ առաջնորդ եւ մութ ձեռքերու կողմէ ղեկավարուած ղեկավար, դուն չկարողացար յերիւրանքներովդ ու սադրանքներովդ ղեկավարել Հայաստան աշխարհը հայոց, եւ աւելին՝ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հազարաւոր մարտիկներու արեան կանչը ականջներուդ, դուն դաւադրաբար ստորագրեցիր պարտուողական համաձայնագիրը եւ այսօր Ալիեւի նախագահութեան 20-ամեակին առիթով իբրեւ նուէր արիւնարբու բորենիին, մեր դարաւոր թշնամիին յանձնեցիր Արցախ հայաշխարհն ու հայ մարտիկներու արեամբ ձեռքբերուած ու հայու քրտինքով կանաչապատուած այգեստանները Արցախի: Այս օրերուն նաեւ դուն  կը ծրագրես  գաղտնաբար եւ զազրամտութեամբ նոր համաձայնագիր-փաստաթուղթ ստորագրել եւ Հայաստանի սահմանները դաւադրաբար յանձնել մեր դարաւոր թշնամիին` վտանգելով նժդեհեան Զանգեզուրի դարպասները եւ անառիկ լեռներն ու միջանցքները Հայաստանի:

Անցնող տարիներուն դուն ապացուցեցիր, որ անզօր ու խեղճ առաջնորդ ես   քաղաքական բարձր դիրքերէ ղեկավարելու ու ժողովրդավարական սկզբունքներով առաջնորդելու դաշնակցական Արամ Մանուկեաններէն մեզի ժառանգ մնացած Հայաստան աշխարհը մեր: Դուն անցնցում հեռացի՛ր Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ընդմիշտ եւ վերջ տո՛ւր թրքաբարոյ վարչապետի ժանտահամ ախորժակներուդ ու լաւ գիտցի՛ր, թէ Արցախ հայաշխարհի սուրբ դրօշը ինչպէս որ ծածանեցաւ ազերի բռնակալ ալիեւներուն դէմ,  ան դարձեալ խրոխտօրէն Եռագոյն դրօշին կողքին պիտի ծածանի անկախ Հայաստանի եւ Արցախ հայաշխարհի ջինջ ու կապուտակ երկնակամարներուն տակ` միշտ յաղթանակած:

21 սեպտեմբեր 2023

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Երազ Մը Չէ

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.