ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մինչեւ յօդուածի աւարտը` հաւանական է Արցախի ամբողջական կորուստը, ափսո՛ս:
Չէ՞ որ դարեր շարունակ հայ մարդու միտքն ու հոգին են կոփեր մեր լեռները ու մեզի փոխանցեր եզակի ապրելակերպ, տոկուն նկարագիր եւ հայու դիմագիծ:
Աւելի՛ն. աստուածամերձ գագաթներ ունեցող հայոց լեռները, ուր ապրած են մեր նախնիքը, ինչո՞ւ լքած են մեզ այսօր եւ կռնակ դարձուցեր են անոնք` մեր հաւաքական կեանքին, որ ատենէ մը ի վեր կը տառապի, կը փորձէ դիմակայել ամէն յորձանուտ ու թշնամական ոտնձգութիւն, պաշտպանելու ինքզինք եւ գոյատեւել կարենալու յանուն ազգային պարունակի ջրդեղման ու հայու տեսակի յարատեւման:
Միթէ հայ լեռնականը չէ՞ր, որ օր մը իր թմբիրէն զարթնեցաւ եւ նետուեցաւ պայքարի դաշտ, պաշտպանելու իր հողն ու արժանապատուութիւնը: Ստրկութեան թէ խաւարի դարերը ինչո՞ւ չէին կրցած այլափոխել հայ լեռնականի դիմագիծը, ոգեկան աշխարհը, որով կրցեր է դէմ դնել այլասերիչ երեւոյթներու թէ ճիւաղային ծրագիրներու:
Սասնայ Ծռեր դիւցազներգութեան դարերէն մեզի հասած այն միակ ճշմարտութիւնը ` քաջութիւն, հերոսի կերպարը, չէ՞, որով կը հպարտանանք դարէ դար եւ զայն կ՛ուզենք փոխանցել սերունդէ սերունդ:
Արդեօք հեքիաթային խօսքե՞ր են եղած երբեմնի մատենագիրներու, գրողներու թէ վաստակաւոր արուեստագէտներու գովքն ու պարծանքը` հանդէպ հայրենի լեռներուն, որով սնած ու ազգային դիմագիծ եւ նկարագիր կերտած են հայաբոյր եւ հայրենասէր մարդիկ, որոնք խմած են զուլալ աղբիւրներէ եւ շնչած մաքրամաքուր օդը Սասունի, Մուշի, Վանի թէ Վասպուրական աշխարհի:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ հայոց լեռները մինակ են մնացեր ժամանակ առ ժամանակ, երբ քաղաքական, պատերազմական թէ ընկերային վատ պայմաններու բերումով` ցաւ ի սիրտ, լքած են զիրենք նոյնինքն սեփական հողի վրայ ապրող հայութիւնը եւ ուղղուած, այսպէս ըսած, յարաբերաբար ապահով վայրեր` մոռացութեան տալով հազարամեայ օճախն ու քրտինքով ակօսուած արտերը, հողը:
Այսուհանդերձ, մեր լեռները, իբրեւ բնութեան հրաշալիք եւ ազգային օրրան, ինչպիսի՛ ճակատագրի ալ արժանացած ըլլային` անոնք մնացած են խրոխտ, անսասան եւ բոլոր ժամանակներու անկաշառ յիշարարները:
Այո՛, լուռ են մեր լեռները, որովհետեւ ականատես են անոնք այնպիսի խեղճ ու ստորնացած վիճակներու, հաւաքական կեանքի կիզակէտին, հաւանաբար, ամբողջ հայոց պատմութեան էջերուն` նման երեւոյթներ չեն արձանագրուած: Չէ՞ որ հայ ազգը արդէն թեւակոխած է 21-րդ դարու առաջին «սանդխամատ»-ը, կերտած է իր ուրոյն պետականութիւնը եւ կը պատրաստուի հպարտօրէն հասնիլ դարու աւարտին:
Իրօք, որքա՜ն լուռ են մեր լեռները եւ չեն արձագանգեր վատ պատահարներու, նոյնքան յանցաւոր են լեռնականներու ժառանգորդ հայոց բեկորները, որոնք շատ անգամ կը հպարտանան իրենց հայրենիքով, բայց քիչ անգամ ըմբռնած են հայրենի հողին, ջուրին եւ օդին կարեւորութիւնը:
Հետեւաբար, երկուստեք յանցաւոր են անոնք` լեռներն ու ժողովուրդ, որոնք չեն կրցած դարերու լայնքին թէ երկայնքին արժեւորել բնօրրանն ու ոգեկան հարուստ արժանիքները, որոնցմով, թէեւ ապահովեր են գոյատեւումը սերունդներու, սակայն ինչ-ինչ բացատրութիւններու առկայութեամբ չեն կրցած ներծծել հայոց լեռնաշխարհի ոգեկանութիւնը, Հայկի մեծութիւնը, սուրբ Մեսրոպի հրաշափառ արարքը:
Դաժան դարերու թէ հայութեան վերապահուած ճակատագրին ընդառաջ, թէեւ հայոց լեռնաշխարհը պահած է իր էութիւնը, այդուամենայնիւ անոր լանջերուն ապրած ժողովուրդի մնացորդացը կը շարունակէ տուայտիլ իր իսկ ստեղծած «փոս»-ին մէջ, այս անգամ քաղաքակիրթ ու լուսաւոր քաղաքներու թէ նոյնինքն հայրենի հողին վրայ:
Երբ ազգի մակարդակին հասած ժողովուրդ մը բազում պատճառաբանութեան առկայութեան կը զիջի իր պատկանելիութենէն եւ ազգային դերակատարութենէն, երբ «գիտակցաբար» կը փորձէ քայլ պահել, այսպէս ըսած, նորովի յորձանուտերու հետ` անհարկի տուրք վճարելով մարդակուլ երեւոյթներու թէ ապրելակերպերու, յստակ պէտք է ըլլայ նման գործընթացի ու վարքագիծի հետեւանքը:
Հայաստանի անկախութեան տօն:
Ամէն տարի այս օրերուն, հայութեան սիրտն ու հոգին կը թնդար, հպարտ հայեացքները կ՛ուղղէին դէպի Արարատի գագաթին, կրկին վառուելու անմար կանթեղի լոյսէն եւ առթած ոգեկանութենէն:
Հայ ժողովուրդի արեամբ ու քրտինքով ստեղծուած հայոց պետականութիւնը, իր թիկունքին ունենալով հայոց բանակը, վերջին երեսուն տարիներուն փորձեց շտկել իր կռնակը, չսայթաքիլ, վերահայանալ ու վերակերտել ինքզինք, սակայն, իր սեփական ժողովուրդին գլխուն կանգնած քաղաքական այրերը մնացին եսասէրի ու պատեհապաշտի վարքագիծին կառչած, «յօշոտեցին» զիրար եւ հասան մեր օրերը, ցաւ սիրտ, քայքայուած մտքով ու սրտով, բայց հարստացած դղեակներով:
Եւ ահա, կը պատահէր անսպասելին, անըմբռնելին եւ գահավէժ ընթացքը, երբ թուրքին յաղթած եւ Արցախ ազատագրած հայութիւնը զոհ կը դառնար ներկայ օրերու ամէնէն քստմնելի ոճիրին` Արցախ աշխարհի կորուստին, Մռաւի, Շուշուայ թէ Քարվաճառի լեռներու յանձնումին:
Ճիշդ է, որ զազրաբարոյ թուրք-ազերին` շահագործելով հայոց թուլութիւնն ու պետական այրերու ապիկարութիւնը, հարուածեց հայութիւնը եւ կը շարունակէ որոճալ` գրաւելու Երեւան մայրաքաղաքը, նոյնիսկ սպառնալով քարտէսէն բնաջինջ ընել Հայաստանը, այդուհանդերձ, հաւատացողն ենք, որ հայութիւնը պիտի ուժ եւ կորով ներդրէ, զգաստանայ, վերափոխուի եւ նետուի պայքարի դաշտ` յանուն իր սեփական կեանքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան:
Հոգիները խռոված են, մտքերը այլայլած, ներկայ օրերը տխուր են, ազգ մը ամբողջ կը տառապի, իսկ հայոց քաղաքական միտքը` շուարածի ու խեղճի կերպարին ընդառաջ, իբր թէ կը փորձէ ելք մը գտնել պահելու Հայաստանի սահմաններն ու պետականութիւնը:
Դժբախտաբար, այլազան թշնամիներ յաջողեցան մեզ կողմնորոշել եւ մեր ազգային գաղափարախօսութենէն պարպել, փշրել մեր սեփական մտքի ու հոգիի կողմնացոյցը եւ մեզ յանձնել ճիւաղային ծրագիրներու:
Արդ, ա՛լ ինչ խօսք ու քարոզ, գիր ու կեցուածք, Արցախի կորուստէն ետք: Ինչ իմաստ պիտի զգենու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրն անգամ, երբ 21-րդ դարուն հայութեան ու քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն առջեւ հայրենի սրբազան հող կը կորսուի, հայը կը սպաննուի ու թշուառ վիճակի կը մատնուի:
Սեփական պատմութեան դառն կրկնութի՞ւն, այո՛, մէկ տարբերութեամբ, որ այս անգամ ամբողջ հայութիւնը ականատեսի վկայութեամբ մասնակից է ազգային դժբախտութեան եւ նորովի ողբերու:
Սեփական մեղքն ու տխեղծ վարքագիծերը ուրիշին բարդելով եւ ճակատագիր անիծելով հայրենիք ու անկախութիւն չեն պահուիր:
Աւելի՛ն. խոհանոցին եւ քարոզաբոյր հայրենասիրութեամբ հայոց լեռները չեն պաշտպանուիր, սեւաթոյր մտածումներով պետականութիւն չի ամրագրուիր, իսկ ուրիշին ապաւինելով` ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ ալ ապագայակերտ հայրենիք կը պահուի:
Ըստ երեւոյթին, դեռ երկա՜ր ժամանակ լուռ պիտի մնան հայոց լեռները: