Յօդուածներ

Հնագիտական Բացայայտումներ

Հնագիտական Բացայայտումներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ - Բրիտանիոյ Պանդոկի Մը Տարածքին Մէջ Յայտնաբերուած Է 7-րդ Դարու Հսկայ Գերեզմանատուն- - ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցուցակին Մէջ Ներառուած Հին Յունական Սրբավայրը Կը Խորտակուի Եգէական Ծովուն Մէջ - Իսրայէլի Մէջ 13-Ամեայ Պատանին Պատահաբար Գտած Է 1800-Ամեայ Մատանի` Հռոմէական Չաստուածուհիի Պատկերով - Վատիկանի Յոբելեանի Տօնակատարութեան Պատրաստուելու Ատեն Պատահաբար Յայտնաբերուած Են Կալիգուլայի Պարտէզին Աւերակները - Նեղոսի Ջուրերուն Տակ Յայտնաբերուած Են Ժայռապատկերներ...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Մեր Խօսքը. «Մահ Իմացեալ Անմահութիւն Է»

1983-ի յուլիս ամսուան 27-ին հինգ հայ սրտեր կը նահատակուին,  որպէսզի Հայ դատը ապրի: Կը զոհուին, սակայն յաւերժ կ՛ապրին մեր սրտերուն մէջ` իբրեւ ազգի առաքինի հերոսներ: Կը ցնցեն Լիզպոնը, Լիբանանն ու աշխարհը ամբողջ յիշեցնելու համար, որ հայը երբեք չի մոռնար եւ չի լռեր, հայը պայքարէն չի յոգնիր եւ չի նահանջեր, միշտ պատրաստ է մաքառելու իր իրաւունքներուն տիրանալու համար: Կը մահանան, սակայն...

Հողը Գլխաւոր Երաշխիք`  Ազգային Մեր Անվտանգութեան  (Սեւրի Դաշնագիրին 100-Ամեակին Առիթով)

Իրական Ուժի Չափանիշը` Զոհաբերութիւնը

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Վարագոյրը իջաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակի ձեռնարկներուն վրայ: Կազմակերպիչները հանգիստ առին: Հասաւ հանդարտ խորհրդածութեան պահը` ըստ արժանւոյն գնահատելու այս միութեան դերն ու տեղը մեր կեանքին մէջ: Հայկական յեղափոխութեան ամէնէն անբասիր առաքեալին անունը կրող այս միութիւնը, արդարեւ, յատուկ արժէք կը ներկայացնէ եւ իր հետապնդած նպատակներով եզակի տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ միութիւններու շարքին, որոնց հնագոյնն է ան: Ու աւելի բնորոշած...

Յանուն Լիզպոնի Գործողութեան Անձնուրացներուն

Յանուն Լիզպոնի Գործողութեան Անձնուրացներուն

ԼԻԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ … 41 տարիներ առաջ Լիզպոնի 5 տղոց գերագոյն անձնազոհութիւնը ցնցեց հայ աշխարհը: Սփիւռքի մէջ ծնած, հայրենի հողը չտեսած, սակայն Հայ դատին համար իրենց մարմիններով լռութեան պատը քանդած Սարգիսը, Սեդրակը, Սիմոնը, Արան ու Վաչէն փորձեցին արթնցնել աշխարհի քնացած խիղճը, միաժամանակ պատգամելով հայ երիտասարդութեան՜ մնալ պահանջատէր հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն: Իմ մտածումներս յաճախ, ու յատկապէ՛ս յուլիս ամսուն, կը կեդրոնանան Լիզպոնի...

Ինչո՞ւ Ըլլալ Հայրենասէր

Ինչո՞ւ Ըլլալ Հայրենասէր

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Հայրենասիրութիւնը մարդու մը ինքնութեան անբաժան եւ կարեւորագոյն մասը պէտք է ըլլայ: Հայրենասէր ըլլալ` կը նշանակէ սիրել եւ նուիրուիլ հայրենիքին, յարգանքով եւ գուրգուրանքով մօտենալ անոր մշակոյթին, պատմութեան ու արժէքներուն: Հայրենիքը սիրելը կը ներառէ հայրենիքի բարօրութեան համար աշխատիլ, զայն պաշտպանել եւ անոր զարգացման նպաստել: Հայրենասէր ըլլալ` չի նշանակեր սակայն սեփական ազգը գերադասել միւս ազգերէն, այլ սիրել հայրենիքը` յարգելով օտարինը: Դժբախտաբար,...

Դաշնակցութիւն «Papa»

Դաշնակցութիւն «Papa»

ՏՈՔԹ. ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Դաշնակցութեան գրադարանը կրկին կը հարստանայ նոր գիրքերով, իսկ ես ամուր սեղմած զանոնք` կը սպասեմ վայրկեան մը առաջ ընկղմիլ այդ աշխարհին մէջ: Թէեւ միշտ ուրախութիւն պատճառած է ինծի գիրքին շօշափելի տեսքն ու հոտը, բայց տարբեր զգացում է, երբ այդ գիրքերը ակնարկ մըն են Դաշնակցութեան հսկայ արխիւէն, երբ իսկապէս գանձ են: Աշխարհի մը, որուն մենք բոլորս ծանօթ ենք, բայց...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Լիզպոնի Ճամբան…

ԱՐԾԻՒ Մարդկութիւնը անտարբեր, իսկ աշխարհը` աչազուրկ: Իսկ ես կը գտնուիմ խորխորատ միջավայրի մը մէջ, մութ ու խոր,  ուր մնայուն կերպով այդ անդունդին մէջ կը գլորուիմ եւ կ՛իյնամ: Այդ գլորումը, օղակի նման, ունի ո՛չ սկիզբ եւ ո՛չ վերջ: Եղունգներովս կը փորձեմ գլորումը կասեցնել, սակայն ձեռքերս շղթայուած են: Կը փորձեմ պոռալ եւ պոռթկալ, բայց ի զուր, շղթայուած ձեռքերովս լեզուս կը շօշափեմ եւ...

Խանասորայ Արշաւանքին Պատգամը` Դասագիրքերու «Ծերպ»-երէն Անդին (25 Յուլիս 1897)

Հայ Ազգի Պողպատեայ Բազուկը

ՀՐԱԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Յուլիս ամիսը յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար ընդհանրապէս եւ Դաշնակցութեան համար` մասնաւորապէս: Պատմութեան ընթացքին այս ամսուան մէջ զուգադիպած են հայ ազատագրական պայքարի ամէնէն պատուաւոր եւ նշանաւոր յեղափոխական գործողութիւնները, որոնց շարքին կը պատկանին Նիկոլ Դումանի մշակած եւ Վարդանի ղեկավարած Խանասորի արշաւանքը յուլիս 25-ին, Պեհպուտ Խան Ճիւանշիրի (Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարի) ահաբեկումը, զոր իրագործեց Միսաք Թորլաքեան յուլիս 18-ին, Ճեմալ փաշայի...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Ձեռակերտ Փոքր Կարպետներու Եւ Հայ Երաժշտութեան Մտերմութիւնը Վիեննայի Մէջ

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Հայաբնակ գաղութներու եւ մասնաւորաբար եւրոպացրիւ հայութեան համար միշտ ալ այնքան ողջունելի եւ անհրաժեշտ են ցանցակերպ համագործակցութեան յայտագիրներ ու առիթներ ստեղծելը: Ժամանակակից դիւրահաղորդութեամբ յատկանշուող պայմաններու մէջ անհրաժեշտ են հայկական համայնքներու մերձեցումի ու համագործակցութեան առաջադրութիւնները` միասնաբար ծրագրելու եւ գործադրելու կամքը, կարելիութիւններ եւ գործիքաւորումներ որոնելու ու գործնականացնելու մարտավարութիւնը: Այսօր հայ աւանդական կամ ինքնավար համայնքներէն հեռու, նորածիլ  հայ  համայնքներու մէջ համացանցային...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

«Կանաչ Լոյս» Պետական Ոճիր Գործողներու

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մաժտալ Շամս աւանին վրայ անցեալ շաբաթավերջի հրթիռային մահասփիւռ յարձակումը իր դիմաց գտաւ հակաճառութիւններ, մեղադրանքներու եւ սպառնալիքներու փոխանակման ալիքներ, որոնք պահ մը «խառնաշփոթ պատկեր» մը ստեղծեցին: Սակայն մէկ բան յստակ է. Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու Ուաշինկթընէն վերադարձած է նոր «կանաչ լոյս»-ով մը, որպէսզի անխափան հարստացնէ պետական ոճիրներու իր վաստակը: 1967-ին Սուրիայէն գրաւուած Կոլանի արեւելեան ծայրամասին գտնուող Մաժտալ Շամս աւանը, որ...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հոգեհանգիստ-Ոգեկոչում Լիզպոնի Հինգ Նահատակ Տղոց Յիշատակին Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, կիրակի, 28 յուլիս 2024-ի առաւօտեան Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ 1983-ին Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ քաջարի երիտասարդներուն յիշատակին: Պատարագեց եւ քարոզեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թենեքեճեան: Հոգեհանգստեան պահուն եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած էին 5 տղոց նկարները, ինչպէս նաեւ...

Սթափելու Ժամանակը

Միաբեւեռ Աշխարհի Վտանգները

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեան վերադարձաւ իր արձակուրդէն ու անմիջապէս լծուեցաւ իր նախասիրած գործին: Մարզեր այցելութիւններ, տեղ մը շատրուանի մը բացում, այլ տեղ` մասնակցութիւն երգահանդէսի մը: Քաղաքի օրուան առիթով Գիւմրիի մէջ կազմակերպուած էր տօնահանդէս, որուն գլխաւոր դէպքը Միացեալ Նահանգներէն եկած երգիչ Թաթայի մենահամերգն էր: Գիւմրիի մէջ մթնոլորտը իրողապէս տօնական էր. մօտակայ ու հեռաւոր վայրերէ հաւաքուած հսկայ բազմութիւն մը լեցուցած էր քաղաքին...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Ով Է Մտաւորականը

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Քանի մը օր առաջ Հայաստանի հեռատեսիլէն Հ1 կայանի լրագրող Պետրոսը հարցազրոյցի հրաւիրած էր հանրածանօթ երաժիշտ-երգահան Հախվերդեանը: Պահու մը, երեւի գրգռելու համար իր զրուցակիցը,  հարց տուաւ անոր, թէ ի՞նչ կարծիք ունի այն երեւոյթին մասին, որ կարգ մը մտաւորականներ եւս կը զօրակցին ընդդիմութեան եկեղեցական նորայայտ ղեկավարին: Բառերը իրենց հում իմաստով գործածելու մէջ ծանօթ երգահանը, առանց մտածումները  ծամծմելու, իրեն ուղղուած հարցումին...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Վարդենիսի Մէջ Աւարտեցաւ Պատանեկան Բակային Ճամբարը. ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Երիտասարդներու Յաջորդ Կանգառը Պիտի Ըլլայ Գիւմրին Վերջերս Վարդենիսի մէջ աւարտեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական եւ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութիւններուն կազմակերպած պատանեկան բակային ճամբարը: Նախաձեռնութիւնը ամէնամեայ բնոյթ կը կրէ, սակայն անիկա առաջին անգամն էր, որ կազմակերպուեցաւ Վարդենիսի մէջ: Ճամբարին մասնակցեցան 75 պատանիներ: 11 օրերու ընթացքին սփիւռքի երիտասարդները Վարդենիսի պատանիներուն փոխանցեցին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Կռիւներու Յաղթական Աւարտը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կռիւներու Յաղթական Աւարտը

Ինքնապաշտպանութեան Գործի Կազմակերպում Եւ Ժողովուրդը Զինելու Աշխատանքներ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշիի բերդ Շուշիի մէջ հայ-թաթարական կռիւները սաստկացած  էին 1906-ի յուլիսին: Երկօրեայ բուռն կռիւներէ ետք, յուլիս 14-ին զինադուլ հաստատուած էր: Հայկական մարտական ուժերը յուլիս 16-էն 17 լուսցող գիշերուան ընթացքին մեծ դժուարութեամբ սկսան անցք մը փորել թաթարական ամէնէն վտանգաւոր նկատուող Դիքտան Ղուռունի դիրքին մօտ, շէնքին տակէն: Դիքտան Ղուռունի դիրքի թաթար զինեալները մութին մէջ...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Յաւերժական Առեղծուածներու Լաբիւրինթոսին Մէջ Կը Փնտռուին Պատասխաններ, Որոնք Գոյութիւն Չունին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Միայն վերջերս առիթ ունեցայ կարդալու բժ. Արմենակ Եղիայեանի առաքած «Ընթեր­ցումներս» շարքին թիւ 7-ն՝ «Քրիստոսի եկեղեցին եւ ամուսնութիւնը» խորագրով։ Զանց կ’առնեմ այս գրութեան մասին գովասանական խօսքեր շռայլելը. արդարեւ, հե­ղի­նակին բոլոր գրութիւնները, որոնք գերազանցօրէն գեղեցիկին եւ ուսանելիին կնիքը կը կրեն, առատաձիր խօսքերու եւ գովասանքի պէտք չունին։ Անդրադառնալով ամուսնութեան եւ եկեղեցականներու կուսակրօնութեան հարցե­րուն՝ ան իր խորհրդածութիւններուն մեկնակէտ կը դարձնէ...

Տեսակէտ.  «Վերջին Ընթրիք»-ը՝ Ընդվզո՞ւմ, թէ՞ Զգաստութիւն

Տեսակէտ. «Վերջին Ընթրիք»-ը՝ Ընդվզո՞ւմ, թէ՞ Զգաստութիւն

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայացուած Քրիստոսի «վերջին ընթրիք»-ի պատկերը յառաջացուց ընդվզումի մեծ ալիք քրիստոնէական շրջանակներու մէջ։ Ընդունուած տեսութիւն է, թէ իւրաքանչիւր անհատ իր կարդացած որեւէ գրութիւն կամ պատկեր կը հասկնայ եւ կ՛ընկալէ մեկնելով իր տեսանկիւնէն։ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ներկայացուած «վերջին ընթրիք»-ի պատկերացումին մէջ տեսայ մեր ներկայ աշխարհը՝ իր ամբողջութեան մէջ։ Տեղադրուած իւրաքանչիւր կերպար...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Ընտանիք Կամ Անտանիք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին տարիներուն օրէ օր, ամիսէ ամիս, տարիէ տարի զգալի է մեծ ընտանիքներու աւանդական հանդիպումներու բացակայութիւնը: Այդ մէկը աւելի զգալի սկսած է դառնալ ուրախ եւ տխուր առիթներու, երբ կը նշմարենք, որ այդ ընտանեկան հաւաքոյթը ինքնին ձեւական կը թուի: Անմիջական ընտանիքի հասկացողութենէն դժբախտաբար մնացած է միայն քու ընտանիքդ, այսինքն` քու անմիջական ընտանիքդ: Ժամանակին կիրակի օրերու հաւաքները, հարսանեկան կամ մահուան առիթներով...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Է.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Է.)

Զ. - Ազգ-Պետութիւններ ԳԱՌՆԻԿ Ա. Ք. Գ. ԻԻ.- Խնդրայարոյց Նախորդ մասով ազգի եւ պետութեան մասին համառօտելով` տուի Գ. Խաժակի, Լ. Շանթի եւ Յովհաննէս Քաջազնունիի տեսութիւնները: Եւ հիմա ժամանակին վրայ մեծ ոստում մը կատարելով` կը մօտենամ Թէօլէօլեանի տեսութեան: Կանխաւ ըսեմ, որ պիտի կարդամ թէ՛ անցեալի իր գրածները, եւ թէ՛ իմ հարցումներուն իր նոր պատասխանները: Արդ, ի՞նչ է ազգը, ըստ Թէօլէօլեանի: «Անդրազգ»...

Ներկայ Կացութիւնը Կը Թուի Երկարատեւ Ըլլալ

Ներկայ Կացութիւնը Կը Թուի Երկարատեւ Ըլլալ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութիւնը չափազանց կարեւոր է Կազայի մէջ պատերազմի ճակատագիրի եւ այդ պատերազմի ընդլայնման կարելիութեան  տեսանկիւնէն: Ահա թէ ինչո՛ւ Իսրայէլի վարչապետը Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ իր նախարարներէն պահանջեց ամերիկեան վարչակազմը չքննադատել, որպէսզի այդ յայտարարութիւնները ժխտականօրէն չազդեն Միացեալ Նահանգներ անոր այցելութեան ու անկէ սպասուած արդիւնքներուն վրայ: Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յստակ դարձուց...

Page 173 of 1110 1 … 172 173 174 … 1,110

Արխիւներ