Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութիւնը չափազանց կարեւոր է Կազայի մէջ պատերազմի ճակատագիրի եւ այդ պատերազմի ընդլայնման կարելիութեան տեսանկիւնէն: Ահա թէ ինչո՛ւ Իսրայէլի վարչապետը Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ իր նախարարներէն պահանջեց ամերիկեան վարչակազմը չքննադատել, որպէսզի այդ յայտարարութիւնները ժխտականօրէն չազդեն Միացեալ Նահանգներ անոր այցելութեան ու անկէ սպասուած արդիւնքներուն վրայ:
Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յստակ դարձուց Միացեալ Նահանգներէն իր սպասումը` Համասի վրայ ամբողջական յաղթանակի արձանագրման եւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն դիւանագիտական, եթէ ոչ` զինուորական, ճամբով վերադարձի ապահովման լիարժէք աջակցութիւն: Մէկ խօսքով` պատերազմը շարունակելու եւ ի պահանջեալ հարկին զայն ընդլայնելու «կանաչ լոյս»:
Համասի վրայ բացարձակ յաղթանակն ու հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներու անվտանգ տունդարձը անոր առաջնահերթութիւններն են, ահա թէ ինչո՛ւ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ անոր խօսքը զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման որեւէ ակնարկ չէր պարունակեր: Իրողութիւն մը, որ իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ «ամօթալի» որակեց:
Նեթանիահու Սպիտակ տան մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ Ճօ Պայտընի եւ փոխնախագահ, նախագահի պաշտօնին թեկնածու Քամալա Հարիսի հետ: Անոնք երկուքն ալ յղեցին նոյն պատգամը` Կազայի հարցով բանակցութիւններուն մէջ մնացեալ բացերը կամրջելու, կարելի եղածին չափ շուտ գործարքը աւարտելու, գերիները իրենց տուները վերադարձնելու եւ Կազայի պատերազմին մնայուն աւարտին հասնիլ:
Հարիս, սակայն, կը թուի Պայտընէն աւելի խիստ մօտեցում ունեցած է, որովհետեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետին «խոր մտահոգութիւն» յայտնած է Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու թիւին նկատմամբ եւ յայտարարեց. «Չենք կրնար այդ տառապանքներուն նկատմամբ աչք փակել, չենք կրնար մենք մեզի արտօնել տառապանքին նկատմամբ անտարբեր մնալ, եւ ես լուռ պիտի չմնամ»: Ան մասնաւորաբար մատնանշեց «սպաննուած մանուկները» եւ «յուսահատ մարդիկն ու անօթիները, որոնք ապահովութիւն փնտռելով` փախուստ կու տան»: Հարիս նաեւ յայտարարեց. «Նեթանիահուին ըսի` ժամանակն է այդ համաձայնութիւնը կնքելու»: Ան այդպիսով յստակ դարձուց, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Իսրայէլի նկատմամբ Պայտընէն աւելի խիստ կեցուածք պիտի որդեգրէ:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Պայտընի հետ Նեթանիահուի հանդիպումը նկատեց «դրական», «բան մը, որ Հարիսի հետ անոր հանդիպումին մասին չենք կրնար ըսել»: Այդ հանդիպումին ժխտական արձագանգեցին նաեւ իսրայէլացի ծայրայեղական աջակողման նախարարներ Պեցալել Սմոթրիչն ու Իթամար պեն Ղաֆիրը:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումի ընթացքին Հարիսի կեցուածքը «Իսրայէլի նկատմամբ անյարգալից» որակեց եւ հարց տուաւ, թէ հրեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ անոր քուէարկել` մոռնալով այն իրողութիւնը, որ Հարիսի ամուսինը հրեայ է:
Իսրայէլի վարչապետը կը թուի իր յոյսը ամբողջութեամբ դրած ըլլալ Թրամփի յաղթանակին վրայ, այդ պատճառով ալ Քոնկրեսի բեմէն արտասանուած խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Իրանի դէմ հասարակաց ու միացեալ պայքարին կարեւորութեան վրայ` քաջ գիտնալով, որ Իրանի նկատմամբ կարծր դիրքորոշումը Թրամփի գլխաւոր քաղաքականութիւններէն մէկը եղած էր ու պիտի ըլլայ:
Նեթանիահու Պայտընի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Անոր (նստաշրջանէն) մնացած յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին պիտի աշխատիմ Պայտընի հետ»: Այլ խօսքով, ժամանակ պիտի անցընէ ու մեծ յոյսերով սպասէ 5 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակին ու նախագահի պաշտօնի ստանձնմանը Թրամփին, որուն Քոնկրեսի մէջ իր ճառին ընթացքին յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց. «Իսրայէլի համար իր ամէն ըրածին համար»:
Մեկնելով վերոնշեալէն` կարելի է ենթադրել, որ առնուազն մինչեւ 20 յունուար 2025` Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի իշխանութեան ստանձնումը: Կազայի մէջ մնայուն զինադադար պիտի չհաստատուի, ուստի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ եւս կացութիւնը պիտի չկարգաւորուի:
Նոյնիսկ եթէ ճիշդ է այն պնդումը, որ կողմերէն ոչ մէկը պատերազմի ընդլայնումը կ՛ուզէ, նշեալ ժամկէտէն մեզ երկար ամիսներ կը բաժնեն, ուստի կը թուի, թէ սխալ հաշուարկի մը կամ գնահատումի պատճառով լայնածաւալ պատերազմի մը ծագման ուրուականը տակաւին երկար ժամանակ պիտի շարունակէ մեզ առօրեայ դրութեամբ հալածել: