Ապրիլ 24… Սիամանթօ… Եւ Ճեմարանի Ուսուցիչներս
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամէն տարի Քեսապի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի կ՛ունենայ համաժողովրդային ներկայութեամբ, նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Քեսապի երեք յարանուանութիւններուն, նաեւ` մասնակցութեամբ ու իրագործումով Քեսապի վարժարաններուն եւ միութիւններուն: Այս ոգեկոչումը տեղի կ՛ունենայ Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, մինչ Վարդանանքի տօնի ոգեկոչումը` Քեսապի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցին, որուն շինարարութիւնը թէեւ սկսած էր նախքան Ցեղասպանութիւնը...



















