Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեռակերտ Փոքր Կարպետներու Եւ Հայ Երաժշտութեան Մտերմութիւնը Վիեննայի Մէջ

Օգոստոս 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Հայաբնակ գաղութներու եւ մասնաւորաբար եւրոպացրիւ հայութեան համար միշտ ալ այնքան ողջունելի եւ անհրաժեշտ են ցանցակերպ համագործակցութեան յայտագիրներ ու առիթներ ստեղծելը:

Ժամանակակից դիւրահաղորդութեամբ յատկանշուող պայմաններու մէջ անհրաժեշտ են հայկական համայնքներու մերձեցումի ու համագործակցութեան առաջադրութիւնները` միասնաբար ծրագրելու եւ գործադրելու կամքը, կարելիութիւններ եւ գործիքաւորումներ որոնելու ու գործնականացնելու մարտավարութիւնը:

Այսօր հայ աւանդական կամ ինքնավար համայնքներէն հեռու, նորածիլ  հայ  համայնքներու մէջ համացանցային եւ ընկերային ցանցերու լայն կարելիութիւններով յատկանշուող պայմաններու մէջ, հայ անհատներ կարող են երբեմն հաւաքական կամ հայկական միաւորներու աշխուժութեամբ,  աշխատասիրութեամբ, կենսունակութեամբ, իրենց հայկականութիւնը ծանօթացնել, տեղւոյն օտար միջավայրներու մէջ: Օտար հանրութեան հայ մշակոյթը ներկայացնելու, հայկականը տեսանելի  դարձնելու լայն հնարաւորութիւններ կարելի է գտնել, մանաւանդ օտարներուն հայ ազգային ինքնութեան բաղադրիչները ճանչցնելու, հայ մշակութային առանձնայատկութիւնները ներկայացնելու բազմապիսի միջոցներ կարելի է ստեղծել:

Գորգագործութիւնը եւ անոր յարակից տարբեր չափերով կարպետները հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակոյթի եւ գեղարուեստական բնոյթի նախասիրած արհեստներէն են հայերուս համար: Կարպետներու արուեստը ունի` այնքա՜ն անիմանալի խորհուրդներ, կուտակուած պատգամներ եւ երբեմն թաքուն ու դժուարիմաց նշանադրոշմներ, խորիմաստութիւններ: Անոնք միահիւսուած են հայ մարդու հոգիին եւ էութեան հետ, զօդուած են հայու ինքնութեան` հաւատքի, ստեղծագործող մտքի եւ հոգիի ընդունակութիւններուն, ձիրքերուն հետ, անոնք հայ ազգի տեսիլքներու վկայարանները կարելի է համարել:

Հաւատալով նաեւ, որ կարելի է ելքեր գտնել նիւթական կաշկանդող եւ երբեմն գործունէութիւնները սահմանափակող պարտադրանքները յաղթահարելու, յանուն  ապագայի յաջորդող հայ սերունդներուն` հայ ինքնութեան ու ազգային պատկանելիութիւնը պահպանելու:

Այս մտադրութեան գործնական եւ օրինակելի արգասիքն էին 25 – 26 մայիս 2024-ին Վիեննայի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով իրականացած հայ կարպետագործութեան նուիրուած աշխատանոցները ու անոնց զուգահեռ հայ երաժշտութեան համերգները:

Լեհաստանի մէջ Դանիա Սայեղ հայ կարպետագործութեան արուեստը դասաւանդելու յանձնառութիւնը հաւատքի վերածած, մեր մշակութային ժառանգութեան այս արուեստի ուրոյն մասնիկը կեանքի կոչելու նախաձեռնութեամբ, կարճ ժամանակի մը մէջ փոքր չափի հայկական կարպետագործութեան տասնեակ մը աշխատանոցներ իրագործած է, կազմակերպած է հանրային թէ անհատական ցուցահանդէսներ ու անոնց մասնակցած է:

Լեհաստանէն դէպի Վիեննա երկար ճամբորդութիւնը յանձն առած` Դանիա երկու օրերու ընթացքին Վիեննայի ՀՄԸՄ-ի կեդրոնին մէջ երկու խումբերու մասնակիցներուն դասաւանդեց կարպետագործութեան սկզբնական կանոնները, գործնական վարժութիւններու, գեղարուեստական ցուցմունքներու օգնութեամբ, դասընթացներուն 20 հայ մասնակիցներուն ծանօթացուց` հայկական փոքր չափի ժողովրդական մշակոյթի կարպետագործութեան կերպերը, հայկական խորհրդաւոր եւ բազմակերպ զարդանախշերը, բազմերանգ հարստութեամբ գոյները օգտագործելու արուեստը: Մասնակիցները սորվեցան կարպետ հիւսելու ճարտարութիւնը, հիւսեցին իրենց առաջին ձեռակերտ կարպետներու նմուշները, ձեռք բերին հայկական զարդանախշեր հիւսելու փորձառութիւնը:

Շաբաթ 25 եւ կիրակի, 26 մայիսին, երկու օրերու կարպետագործութեան արհեստանոցներէն ետք, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնի անդամներն ու հիւրերը առիթը ունեցան ըմբոշխնելու երաժշտական համերգները` Լեհաստանէն հիւրաբար ժամանած նախկին հալէպահայեր Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու GOARM band-ի կատարումով: Ալթի եւ կիթառի զմայլիչ ձայներով եւ տղոց երգեցողութեամբ հայկական աշուղական եւ այլ երգերու երգացանկը յատուկ ոգեւորութիւն մը պարգեւեց ունկնդիրներուն:

Այս առիթով, եկէ՛ք, ծանօթագրական համառօտ լուսանցք մը պարզենք Վիեննայի հայկական օճախին:

Աւստրիոյ մէջ հայերու ներկայութիւնը ունի դարաւոր պատմութիւն: Վիեննայի մէջ կը բնակի Աւստրիոյ հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը: Հայերու դէպի Աւստրիա հոսքը եղած է ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն` այդ երկիրներու մէջ ստեղծուած անկայուն քաղաքական, տնտեսական եւ այլ իրավիճակներու պատճառներով:

Երբ Վիեննա յիշենք, անմիջապէս մեր մտքերուն մէջ կը պատկերենք ոչ միայն գեղեցիկ քաղաքը մը, որ ծանօթ է որպէս դասական երաժշտութեան մայրաքաղաք, երբ 1970-80-ականներուն Վիեննայի ռատիոյի սիմֆոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավարն էր  Օհան Դուրեանը: Մեր մտքերուն մէջ կը վերաթարմանայ կայք հաստատած Մխիթարեան միաբանութիւնը, որուն միաբանները 1810 թուի դեկտեմբերին ստիպուած եղան լքելու Իտալիոյ Թրիեթէ քաղաքը եւ ապաստան փնտռելու կայսերական Վիեննայի մէջ, հոս է, որ աւստրիական արքունիքը միաբաններուն հովանաւոր կանգնելով` թոյլ տուած է այնտեղ հիմնել վանք, դպրոց եւ տպարան: Իսկ 2000 թուականին տեղի ունեցաւ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւններու միաւորումը, ներկայիս Մխիթարեան միացեալ միաբանութեան գլխաւոր կենդրոնատեղին Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մայրավանքն է: Իսկ Վիեննայի Մխիթարեաններուն վանքը` առաջին գլխաւոր մենաստանը, ուր կը պահուին շուրջ 2600 հայերէն ձեռագրեր, հայերէն եւ օտար լեզուներով աւելի քան 120 հազար գիրքեր, հոն կարելի է գտնել նաեւ հայ պարբերաթերթերու հարուստ հաւաքածոյ: Միաբանութիւնը ունի նաեւ թանգարան, ուր կը գտնուին հին դրամներու ու եկեղեցական զգեստներու եւ յախճապակիի հաւաքածոներ:

Ինչպէ՞ս չյիշել 1887 յունուարին Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ հիմնուած «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական պարբերաթերթը, որ մինչեւ այսօր անընդմէջ կը շարունակէ կատարել հայագիտական իր առաքելութիւնը:

Վիեննայի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ)-ի մասնաճիւղը հիմնուած է 24 մարտ 1990-ին, որուն հիմնական նպատակը եղած է հայրենասիրական ոգիով հայ ազգային գիտակցութիւն դաստիարակել:

Վիեննայի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը մօտ 4 տարի գնահատելի աշխատանք տարած է, ունեցած է մօտ 45 սկաուտներ (արի, արենուշ, գայլիկ եւ արծուիկ) եւ 50-է աւելի անդամներ: Տեղի ունեցած են 3 բանակումներ: 1993-1994 թուականներուն միութեան աշխատանքները խարխափում ապրեցան: 1994 թուականէն ետք մօտաւորապէս 25 անդամներ մնացին միութեան շարքերուն մէջ: Սկաուտական աշխատանքները դադրած էին գոյութիւն ունենալէ:

ՀՄԸՄ–ը շարունակեց իր գոյութիւնը, եւ քանի մը ՀՄԸՄ-ականներու անկոտրում կամքով տեղի ունեցան` մշակութային զանազան ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ եւ ճաշկերոյթներ: 2010 թուականին, Աւստրիոյ տեղւոյն նոր օրէնքներու համաձայն, ՀՄԸՄ-ը գրանցելու համար գերմաներէնով նոր պաշտօնական ծրագիր- կանոնագիր կը պատրաստուի:

Սուրիոյ մէջ մարտ 2011-ին սկսած քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, մեծ թիւով սուրիացի արտագաղթողներու ալիք մը հասաւ դէպի Եւրոպա` անոր մէջ ըլլալով ստուար թիւով սուրիահայեր:

Սուրիոյ պատերազմէն տուժած հայրենակիցներ ապաստան գտան նաեւ Աւստրիոյ մէջ, անոնց թիւը ներկայիս կը գնահատուի շուրջ 1000 սուրիահայ: Ազգային կեանքին նուիրուած նորահաստատ այս հայերը, փնտռեցին ազգային կեանքը, հայ ակումբը եւ զանազան հայկական երդիքներու կողքին, եկան ու գտան ՀՄԸՄ-ի երդիքը: Այս երեւոյթը եռանդ տուաւ ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղին, վերակենդանացաւ ու նոր շունչով լիցքաւորուեցաւ անոր գործունէութիւնը: Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի վերաբացումը տեղի ունեցաւ 15 նոյեմբեր 2014-ին:

2014 թուականին ընտրուած վարչութիւնը ջանք չխնայեց` օգտակար ըլլալու մեր յարգելի հայրենակիցներուն, օգտուելով նաեւ անոնց ազգային վառ հոգիէն, միութենական  պատրաստուածութենէն, փորձառութենէն: Այսպէս, սկաուտական գործունէութիւնները վերսկսան բարգաւաճիլ: Այսօր մասնաճիւղի սկաուտներուն թիւը կը հաշուէ մօտ 50 անդամ, իսկ յանձնախումբերուն մէջ գործող անդամներուն թիւը 25 է:

ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղը` իր ծաւալուն հայկական մշակութային նախաձեռնութիւններով, օգտաշատ յայտագիրներով եւ մանաւանդ հայ կարպետագործութեան արուեստը վերարտադրելու, հայ երգն ու երգարուեստը աշխուժ պահելու հոգեշահ եւ պիտանի ելոյթներ կազմակերպելու ժրաջանութեամբ կարելի է բարձր գնահատել:

Վիեննայի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն վարձքը կատար, կեցցէ՛ք բոլորդ` կազմակերպողներ, մասնակիցներ եւ իրագործողներ: Թող նման յայտագիրներով շարունակենք ամրագրել ու տարածել հայ ինքնութեան նշաձողերը, նոր միջավայրերու մէջ ծանօթացնենք ու ներկայացնենք հայ մշակոյթի գոհարներու դարավաստակ ժառանգութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Կանաչ Լոյս» Պետական Ոճիր Գործողներու

Յաջորդը

Հայ Ազգի Պողպատեայ Բազուկը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?