Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ով Է Մտաւորականը

July 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Հայաստանի հեռատեսիլէն Հ1 կայանի լրագրող Պետրոսը հարցազրոյցի հրաւիրած էր հանրածանօթ երաժիշտ-երգահան Հախվերդեանը: Պահու մը, երեւի գրգռելու համար իր զրուցակիցը,  հարց տուաւ անոր, թէ ի՞նչ կարծիք ունի այն երեւոյթին մասին, որ կարգ մը մտաւորականներ եւս կը զօրակցին ընդդիմութեան եկեղեցական նորայայտ ղեկավարին:

Բառերը իրենց հում իմաստով գործածելու մէջ ծանօթ երգահանը, առանց մտածումները  ծամծմելու, իրեն ուղղուած հարցումին հակազդեց եւ ինքն ալ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ ըսել է մտաւորական, ո՞վ է մտաւորականը եւ խորհրդածեց. «Այս բառը հնարողը արդեօք ի՞նչ ունէր իր մտքին մէջ»:

Եւ իրապէս. ի՞նչ կը նշանակէ մտաւոր-ական: Թեւ ունեցողին կ՛ըսենք թեւաւոր, պոչ ունեցողին` պոչաւոր, ճաշակ ունեցողին` ճաշակաւոր, ձայնաւոր եւ այսպէս շարունակ: Միտք ունեցողին ալ` մտաւոր: Կա՞յ մարդ, որ միտք ու մտածում չունենայ : Հաւանաբար կան միտք ու մտածում չունեցող բացառութիւններ: Բայց խնդիրն ու ընդհանուրին ընկալումը այն է, որ ընկերութեան մէջ բացառութիւններ են, որոնք կը համարուին մտաւորական…

Կը յիշեմ կարդացած ըլլալս Վազգէն Շուշանեանի գրիչէն գրութիւն մը «Ո՞վ է մտաւորականը» վերտառութեամբ, որով նուիրականացած է «մտաւորական» բառին հասկացողութիւնը:  Ի վերջոյ մենք ենք, բառերը գործածող մարդիկս ենք, որ անոնց (բառերուն) կու տանք այն իմաստը, որ կ՛ուզենք: Ես ալ նոյն հետեւողութեամբ արձանագրեմ չորս տեսակէտներ` այդ մասին.

1.- Մտաւորականը գաղափարի ծառայող մա՛րդն է եւ վճռականօրէն պայքարողը` իր գաղափարին ու հաւատացած արժէքներու պաշտպանութեան համար: Ան իր միտքն ու մտածումը մշտապէս կեդրոնացուցած կը պահէ հանրութեան կարիքներուն վրայ եւ առաջնորդողի դերին մէջ անյուսահատ կը պայքարի զանոնք բաւարարելու համար:

2.- Տեսլական ունեցողն է մտաւորականը եւ հանրային կեանքին մէջ հակակշռողի դերակատարութիւն ստանձնողը: Իշխանութեան, այսինքն հանրային կեանքը տնօրինողներու որոշումները միշտ վիճարկումի ենթարկողը, անոնց չհամակերպողը եւ նորարար տեսակէտներ պարզողն է ան: Հաստատուածութիւնը  (էսթապլիշմընթ) չհանդուրժող եւ անոր դէմ մարտնչողն է մտաւորականը:

(Եթէ պատահի, որ մտաւորականը մաս կազմէ որոշում տուող մարմինին, ապա ուրեմն նման պարագայի ան կը պայքարի այդ միջավայրին մէջ, որպէսզի հանրային կեանքը բարեշրջումով հակակշռուի եւ նախաձեռնութիւնները տեսլական ունենան):

3.- Իբրեւ հանրային գործիչ եւ յօգուտ հաւաքականութեան` ինքզինք մշտատեւ մշակող եւ գիտելիքներու պաշարը հարստացնող մարդն է մտաւորականը: Վերլուծական փնտռտուքով իւրացուցած է ան անցեալի պատմութիւնը, կրողն է քաղաքակրթական ժառանգին, բայց չի կաշկանդուիր անոնց մէջ, կը սիրէ նորը եւ անով կ՛ամրապնդէ ներկան` ի պատրաստութիւն ապագային:

4.- Սկզբունքի մէջ անշեղ մա՛րդն է մտաւորականը:  Կենցաղով ու բարքով ան կ՛անձնաւորէ այն կերպարը, որուն քարոզչութիւնը կ՛ընէ ինք` պահանջելով ուրիշներէն, որ այդպիսին ըլլան:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Միաբեւեռ Աշխարհի Վտանգները

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.