Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւերժական Առեղծուածներու Լաբիւրինթոսին Մէջ Կը Փնտռուին Պատասխաններ, Որոնք Գոյութիւն Չունին

Յուլիս 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Միայն վերջերս առիթ ունեցայ կարդալու բժ. Արմենակ Եղիայեանի առաքած «Ընթեր­ցումներս» շարքին թիւ 7-ն՝ «Քրիստոսի եկեղեցին եւ ամուսնութիւնը» խորագրով։ Զանց կ’առնեմ այս գրութեան մասին գովասանական խօսքեր շռայլելը. արդարեւ, հե­ղի­նակին բոլոր գրութիւնները, որոնք գերազանցօրէն գեղեցիկին եւ ուսանելիին կնիքը կը կրեն, առատաձիր խօսքերու եւ գովասանքի պէտք չունին։

Անդրադառնալով ամուսնութեան եւ եկեղեցականներու կուսակրօնութեան հարցե­րուն՝ ան իր խորհրդածութիւններուն մեկնակէտ կը դարձնէ «Կանոնք առաքելականք»-ը, որոնց մասին կը նշէ.

«Քրիստոսի եկեղեցին ու հօտը տնօրինելու կոչուած առաջին կանոնները, որոնք ծանօթ են «Կանոնք առաքելականք» անունով, մշակուեցան Քրիստոսի յարու­թենէն անմիջապէս ետք, Ձիթենեաց լեռան իսկ վրայ, անոր աշակերտներուն եւ առաքեալներուն կողմէ, մինչ «տէր Քրիստոս աներեւոյթ տեսլեամբ ի մէջ նոցա՝ զօրացուցանէր զնոսա եւ շնորհէր զձեռնադրութիւն քահանայութեան»,– այլ խօսքով՝ Քրիստոսի իսկ աներեւոյթ ներկայութեան զօրակցութեամբ եւ Սուրբ հոգիին թելադրութեամբ՝  աշակերտներուն  շնորհուած քահանայական ձեռնա­դրութեամբ»։

Բնականաբար «Կանոնք առաքելականք»-ի հեղինակը կամ հեղինակները իրենց յօրի­նած կամ խմբագրած ստեղծագործութեան յառաջաբանին մէջ, գործին համապատաս­խան հեղինակութիւն եւ վաւերականութիւն տալու միտումով, զայն ուղղակի վերա­գրած են Քրիստոսի առաքեալներուն, որ ամենեւին չի համապատասխաներ պատ­մա­կան իրողութեան։

«Կանոնք առաքելականք»-ը, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ի առաջին կազմութեան ժա­մանակ՝ ԻԴ կանոնախումբերու այդ ժողովածուին մէջ ներառած է Յովհաննէս Գ. Օձ­նեցին Ը. դարուն, կը պարունակէ վաղ քրիստոնէական եկեղեցւոյ կանոնակարգերու եւ ծիսական ցուցմունքներու կարեւոր հաւաքածու մը։ Անոնք միաժամանակ կը համար­ուին վաղ եկեղեցական կեանքի կարգն ու կարգապահութիւնը հասկնալու ամենաընդ­գրկուն աղբիւրներէն մին: Առկան, որ մեծ հաւանականութեամբ կազմուած է Դ. դարու վերջը, լիարժէք պատկերացում կու տայ այդ ժամանակաշրջանի ծիսական սովորու­թիւններու, գործնական աստուածաբանութեան եւ եկեղեցական կառավարման վերա­բերեալ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Յիսուսի երկրաւոր կեանքի եւ առաքելութեան ժամանա­կաշրջանէն քրիստոնէական ոչ մէկ գրաւոր վկայութիւն աւանդուած է։ Պահպանուած ամենահին քրիստոնէական գրութիւնները Պօղոս առաքեալի թուղթերէն քանի մը հատն են։ Անոնք գրուած են Ք.ե. 50–60-ական թուականներուն։ Ամենավաղը կը ներա­ռէ Թեսաղոնիկեցւոց Ա. (Ք.ե. շուրջ 50-ին) եւ Գաղատացւոց ուղղուած թուղթերը (Ք.ե. շուրջ 53-54-ին):

Անդրադառնալով աւետարաններուն, մեզի ծանօթ՝ ըստ Մարկոսի, Մատթէոսի, Ղուկա­սու եւ Յովհաննու անուններով, գրուած են Ք.ե. 60–90-ական թուականներու ընթաց­քին։ Մարկոսի աւետարանը, ընդհանուր առմամբ, կը համարուի ժամանակագրական կարգով ամենահինը, որ մեծ հաւանականութեամբ գրուած ըլլալու է Ք.ե. մօտ 65–70-ական թուականներուն: Մատթէոսի եւ Ղուկասու աւետարանները հաւանաբար յաջոր­դած են Ք.ե. 70–80-ականներուն, մինչդեռ Յովհաննու աւետարանը գրուած է Ք.ե. 90–100-ական թուականներուն:

Պօղոս առաքեալի թուղթերէն եւ աւետարաններէն բացի, Ա. դարուն գրուած են նաեւ այլ կարեւոր ստեղծագործութիւններ, ինչպիսիք են Գործք առաքելոցը (հաւանաբար Ք.ե. 80–90-ական թուականներուն) եւ այլ թուղթեր, օրինակ՝ Յակոբոս առաքեալի ընդ­հանրական թուղթը, Պետրոս առաքեալի ընդհանրական թուղթերն ու Յովհաննէս ա­ռաքեալի ընդհանրական թուղթերը։ Յովհաննու յայտնութիւնը նոյնպէս գրուած է Ա. դարու վերջը, հաւանաբար Ք.ե. շուրջ 95 թուականին։ Ահաւասիկ սոյնը ենթադրել կու տայ, որ անհաւանական է Քրիստոսի Համբարձումէն եւ Հոգեգալստեան եղելութենէն անմիջապէս ետք, Ձիթենեաց լեռան վրայ, առաքեալներուն ձեռքով իրականացած ըլլայ նման կանոններու յօրինում մը, նոյնիսկ եթէ քրիստոնէական գրականութիւնը անոնց «Կանոնք առաքելականք» անունը վերագրէ։

Ս. գիրքի արդի մեկնաբանները կ’ենթադրեն, որ «Կանոնք առաքելականք»-ը ծնունդ է ասորական միջավայրի, գրուած ըլլալու է հաւանաբար Սուրիոյ տարածքին եւ կ’ար­տացոլացնէ Անտիոքի եկեղեցւոյ ծիսական սովորութիւններն ու կրօնական ընկալում­ները: Վերեւ նշեցի, որ այս ստեղծագործութեան հեղինակը իր գրութեան կը վերագրէ ուղղակի առաքելական ծագում մը, որ միանգամայն անհաւանական է։ Իրողութիւնն այն է, որ այդ կանոնները հին եկեղեցական աւանդութիւններէ եւ քրիստոնէական գրաւոր վկայութիւններէ քաղուած կանոնակարգերու խմբագրում կամ ժողովածու մըն է։ Գիտութիւնն այսօր հաւանական կը գտնէ, որ «Կանոնք առաքելականք»-ը կը հիմ­նուի քրիստոնէական աւելի վաղ փաստաթուղթերու վրայ, ինչպիսին Գ. դարէն «Վար­դապետութիւն առաքելոց»-ն է, որ նմանապէս ասորական միջավայրէն կը սերի:

Բնականաբար պատմական սոյն փաստերը ամենեւին չեն նսեմացներ «Կանոնք առա­քելականք»-ի եկեղեցագիտական նշանակութիւնն ու արժէքը՝ քանի մը պատճառներով. նախ՝ ան կը հաղորդէ վաղ եկեղեցական կեանքի գործառոյթները, ծիսական սովորու­թիւններու բովանդակ նկարագրութիւնը, նաեւ պատարագի, մկրտութեան եւ այլ խոր­հուրդներու, որոնք մեզի կ’ընձեռեն յստակ պատկերացում մը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու հա­մար վաղ եկեղեցական կեանքին մէջ կիրարկուող պաշտամունքն ու խորհրդակատա­րութիւնները։ Բաց աստի, ան արժէքաւոր տեղեկութիւններ կու տայ եկեղեցւոյ նուի­րապետական կարգի՝ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, նաեւ սար­կաւագուհիներու մասին։ Կարելի չէ անտեսել նաեւ այդ կանոններուն պարունակած հոգեւոր եւ բարոյական ցուցմունքները, որոնք կ’ընդգծեն քրիստոնէական ապրելա­կերպն ու կարգապահութիւնը։

Անդրադառնալով ամուսնութեան եւ եկեղեցականներու կուսակրօնութեան հարցե­րուն՝ միանգամայն ճիշդ նկատած է Արմենակ Եղիայեան, որ ո՛չ Յիսուսի ժամանակ եւ ո՛չ ալ Դ. դարուն, ըստ «Կանոնք առաքելականք»-ին մէջ ներառուած կանոններուն, կուսակրօնութիւնը Յիսուսի հետեւելու եւ իր հիմնած եկեղեցիին ծառայելու պարտա­դիր պայման չէ եղած։ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգին մէջ ամուսնացեալ եկեղե­ցականութիւնը շատ բնական երեւոյթ էր, սական անոր կը թելադրուէր մաքրակենցաղ եւ օրինակելի կեանք մը վարել՝ հեռու մնալով հեշտութենէ եւ սեռային անբարոյակա­նութենէ։ «Կանոնք առաքելականք»-ը եկեղեցական բոլոր աստիճաններուն համար կ’ամրագրէ միակնութեան օրէնքը։

Խիստ հետաքրքրական է Արմենակ Եղիայեանի մատնանշած կանոնը, որ կարգուած է 444 թուականին Հայ եկեղեցւոյ գումարած ազգանին-եկեղեցական անդրանիկ ժողով­ներէն Շահապիվանի մէջ։ Սոյնը Շահապիվանի սահմանած Ի կանոններու շարքին ԺԴ.-ն է, որ կը հրահանգէ.

«Եպիսկոպոս կամ երէց կամ սարկաւագ, կամ ով եւ իցէ ոք ի պաշտաւնէից կամ ուխտէ, տանտիկին կին զոք մի իշխեսցէ ունել, որպէս եւ սովորութիւն է մծղնէից»։

Այս կանոնը յաճախ սխալ մեկնաբանուած կամ նոյնիսկ չարաշահուած է իբրեւ փաստ վերագրուելով, թէ ահաւասիկ Ե. դարուն Հայ եկեղեցին կուսակրօնութեան վերաբեր­եալ օրէնք կը սահմանէ՝ արգիլելով եկեղեցականներուն «տանտիկին» ունենալ։ Բնա­կանաբար խօսքը այստեղ ոչ թէ ամուսնական օրհնութեամբ կողակից մը ունենալու մասին է, այլ արտաքոյ ամուսնութենէ յաւելեալ «տանտիկին»-ի մը՝ եկեղեցականներու սեռային պահանջքը բաւարարելու նպատակով։ Եղիայեան երեւոյթը կը մեկնաբանէ՝ ընգծելով.

«Ասոնք խորքին մէջ անառակ կիներ էին, որոնք ամուսնացած տղամարդոց կող­մէ՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր, տուն կ’առնուէին՝ իբրեւ թէ օգնելու համար օրինա­ւոր կնոջ, այլ խօսքով՝ յառաջացած էր բազմակնութեան եւ ապօրէն կենակցու­թեան ուրոյն ձեւ մը, որ շատ ընդհանրացած էր՝ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի եւ ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ»։

Արդարեւ, «Կանոնք առաքելականք»-ի յունարէն բնագրը եւս նման երեւոյթ մը կը նշէ իր Զ. գիրքի ԺԷ. կանոնին մէջ, ուր կը սահմանէ.

„Οὐδενὶ δὲ κληρικῷ ἐπιτρέπομεν ἑταίραν ἢ δούλην οἰκογενῆ, ἢ χήραν ἢ ἀπολελυμένην ἑλέσθαι.“

«Որեւէ եկեղեցականի թոյլ չենք տար ունենալ կուրտիզանուհի, տնային ստրկու­հի, այրի կամ ամուսնալուծուած կին մը»։

Փաստօրէն խօսքը պերճաղիճ (ἑταῖραι), այլ խօսքով՝ պալատական հոմանուհի, հան­րակին, բարձրաշխարհիկ միջավայրի մէջ քարշ եկող կուրտիզանուհի պահելու մասին է, որ յաճախ չարաշահուած է նաեւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ՝ գաղտ­նօրէն յագուրդ տալու համար իրենց սեռային կիրքերուն։

Յիսուս բացայայտօրէն չպահանջեց կուսակրօնութիւն կամ ամենեւին չյայտարարեց, որ այդ տեսակ կենցաղակերպ մը պայման է իրեն հետեւելու համար։ Աւետարանները որոշապէս չեն նշեր ուղղակի Յիսուսէն տրուած պատգամներ, որոնք կը վաւերացնեն կուսակրօնութիւնը՝ աշակերտել կարենալու համար իրեն։ Յիսուսի հետեւող առաքեալ­ներու եւ 72 աշակերտներու թիւին մէջ ստոյգ կային մեծամասնութիւն մը կազմող մար­դիկ, որոնք ամուսնացած, ընտանիքի եւ զաւակներու տէր էին։ Այնուամենայնիւ, աւե­տարաններուն մէջ կան համապատասխան որոշ հատուածներ, որոնք կ’անդրադառ­նան խնդրոյ առարկայ նիւթին։

Մատթէոս ԺԹ.-ին մէջ Յիսուս կը հակազդէ փարիսեցիներու ամուսնալուծութեան վե­րաբերեալ հարցումին եւ կը պատգամէ այր մարդու եւ կնոջ անբաժանելի միութեան սկզբունքը՝ ըսելով. «Արդ, զոր Աստուած զուգեաց՝ մարդ մի՛ մեկնեսցէ»։ Ապա ան հա­կադրուելով մովսիսական օրէնքին՝ կը շարունակէ. «Ով որ իր կինը կ’արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ’առնէ՝ կը շնայ. կը շնայ նաեւ ան, որ արձա­կուածը կ’առնէ»։ Աշակերտներ այս լսելով կը գայթակղին ու կ’առարկեն. «Եթէ ամուս­նութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդու եւ կնոջ հա­մար՝ լաւ է [ընդհանրապէս] չամուսնանալ»։ Յիսուս կը պատասխանէ անոնց. «Ամէնքը ընդունակ չեն այդ բանին, այլ անոնք միայն, որոնց տրուած է. որովհետեւ կան ներքինի­ներ, որոնք իրենց մօր որովայնէն այդպէս ծնած են. կան ներքինիներ ալ, որոնք մարդոց կողմէ ներքինի դարձած են. ներքինիներ ալ կան, որոնք իրենք զիրենք ներքինի դար­ձուցած են երկինքի արքայութեան համար. ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի»։ Յիսուսի սոյն յայտարարութիւնը յստակ ու մեկին կը դարձնէ այն փաստը, որ կուսակրօնութիւնը ազատ ընտրութեան տարբերակ մըն է, բայց ոչ՝ պարտաւորութիւն։

Պօղոս առաքեալ, որ նշանակալի դեր խաղացած է նախնական եկեղեցիի կազմաւոր­ման ուղղութեամբ, կուսակրօնութիւնը կը խրախուսէ լոկ անոնց համար, որոնք յօժա­րակամ կ’ընդունէին ապրելու այդ տարբերակը, սակայն եւ այնպէս ան  պարտադիր օրէնքի մը չի վերածեր զայն: Ա. Կորնթացւոց Է, 7–8 համարներուն մէջ ան կը դրսեւորէ այն ցանկութիւնը, թէ պիտի փափաքէր, որ բոլոր մարդիկ եկեղեցիին առաքելութեան համակ նուիրուելու համար իրեն նման ամուրի ըլլային, սակայն իրատեսօրէն կ’անդ­րադառնայ, որ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու տուած է համապատասխան շնորհ մը, եւ Յիսուսի հաւատքին բոլոր հետեւողները, անկախ իրենց կուսակրօն թէ ամուսնաց­եալ կարգավիճակէն, կոչուած են Քրիստոսի յարութեամբ կենսագործուած փրկու­թեան։

Անշուշտ Յիսուս իր հետեւորդներէն կը պահանջէ թողուլ ամէն ինչ, ձերբազատիլ նիւ­թական բոլոր տեսակ կապուածութիւններէ՝ շահիլ կարենալու համար հոգեւորը։ Իրեն հետեւելու համար ան տեսակ մը պայման կը դնէր հրաժարիլ ամէն ինչէ՝ թէկուզ սեփա­կան ընտանիքէ, ունեցուածքէ եւ աշխարհիկ կապուածութենէ (Ղկ. ԺԴ, 26–33; Մտթ. ԺԻ, 21): Այնուամենայնիւ, այս կոչը յատուկ չի վերաբերիր ամուրիութեան, այլ շատ աւելի Աստուծոյ արքայութեան համապարփակ նուիրուելու առաջնահերթութեան:

Կուսակրoնութիւնը, որպէս եկեղեցականներու պարտադիր կենսաձեւ, յառաջացաւ ե­կեղեցւոյ պատմութեան աւելի ուշ շրջաններուն: Միջին դարերուն եկեղեցւոյ գործնա­կան կեանքին մէջ սոյն ապրելակերպը հետզհետէ աւելի ընդունելութիւն գտաւ եւ պաշ­տօնապէս ամրագրուեցաւ ԺԲ. Դարուն՝ 1139 թուականի Լատերանի Բ. ժողովով:

Պատմական երեւոյթներ զուգադիպութիւններով չեն իրականանար, այլ կ’ունենան իրենց զարգացման դրդապատճառները։ Այսպէս է նաեւ եկեղեցականներու կուսակրօ­նութեան պարագան, որ յառաջացած է մի քանի աստուածաբանական, գործնական եւ պատմական նկատառումներէ ու պատճառներէ: Ահա այն հիմնական գործօնները, ո­րոնք նպաստած են եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօնութեան տարածման.

ա) Աստուածաշնչական եւ աստուածաբանական պատճառներ

Յիսուս ամուսնացած չէր, եւ իր առաքեալներէն ոմանք, յատկապէս Պօղոս առաքեալ իր թուղթերուն մէջ արծարծեց քրիստոնէութեան տարածման եւ եկեղեցւոյ կազմակեր­պութեան գործին նուիրուելու համար կուսակրօնութեան առաւելութիւնները (հմմտ. Ա. Կորնթացիս Է, 7–8): Կուսակրօնութիւնը կ’ընկալուէր իբրեւ Քրիստոսի փրկութեան գործին եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան անմնացորդ նուիրուելու լաւագոյն միջոց:

Կար անշուշտ հասկացութիւն մը, որ կուսակրօնութիւնն ու մաքրաբարոյութիւնը կը ներկայացնեն սրբութեան բարձրագոյն մակարդակ մը, որ ամբողջապէս կը նոյնանար քահանայութեան կոչումին հետ։

բ) Գործնական պատճառներ

Կուսակրօն եկեղեցականին կ’ընձեռուէր աւելի մեծ առաւելութիւն մը կեդրոնանալ կա­րենալու համար իր հոգեւոր եւ հովուական պարտականութիւններուն վրայ՝ առանց ըն­տանեկան կեանքի պարտաւորութիւններու եւ շեղումներու։

Կուսակրօնութեամբ առաջքը կ’առնուէր ընտանեկան ժառանգականութեան՝ եկեղե­ցիին բարձրագոյն պաշտօններու փոխանցումը հօրմէն որդիին եւ այսպէս յաջորդա­բար՝ հարազատներուն։ Մինչդեռ ժառանգականութեան բարձումով եկեղեցականներու թողօնը կը մնար եկեղեցիին սեփականութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կը դառնար պաշտպանել եկեղեցւոյ կառավարման ամբողջականութիւնը։

գ) Պատմական եւ ընկերային–հասարակական պատճառներ

Վճռորոշ դեր ունեցան քրիստոնէական անապատական եւ վանական շարժումները։ Ա­սոնք նախապէս ընկերային-հասարակական միջավայրէ հեռու եւ բոլորովին մեկուսա­ցած կեանք մը կը վարէին։ Կեանքի բոլոր երեւոյթները, որոնք կրնային զգացական հա­ճոյքի պատճառ դառնալ՝ մեղք կը նկատուէին եւ վճռականապէս կը մերժուէին վանա­կանութեան կողմէ։ Նոյնիսկ մարմնաւոր սնունդը, որ կրնար քիմքին հաճելի թուիլ, իբ­րեւ մեղսագործութեան առաջնորդող գայթակղութիւն կ’ընկալուէր եւ, բնականաբար, ընկալումներու այս համատեքստին մէջ մարմնական որեւէ հաճոյք, առնչուած ամուս­նութեան եւ սեռային այլ յարաբերութիւններու, ծանրագոյն մեղք կը նկատուէր։ Պէտք չէ մոռնալ, որ մարդիկ բառացիօրէն հաւատացած էին, որ Քրիստոսի երկրորդ գալուս­տը վերահաս էր, ուստի հարկ էր ի գին ամէն տեսակ զոհողութիւններու ձեռք բերել հոգեւոր եւ մարմնաւոր սրբութիւն մը՝ պատրաստ ըլլալու համար վերջին դատաստա­նին եւ այսպէս արժանանալու Քրիստոսի շնորհած մշտնջենական փրկութեան։

Վանական շարժումին սոյն գաղափարախօսութիւնը հետզհետէ քրիստոնէական գրա­կանութեան եւ քարոզախօսութեան միջոցով տարածում գտաւ նաեւ հովուական կեանքի ասպարէզին մէջ, ուր ամուսնացեալ եկեղեցականութիւնը տակաւ առ տակաւ ստիպուած եղաւ իր տեղը զիջիլ կուսակրօն վանականութեան ներկայացուցիչներուն։

Բաց աստի, եկեղեցական զանազան ժողովներ եւ օրէնքներ վճռորոշ դեր խաղացին կուսակրօնութեան յաղթական արշաւին եւ անոր հաստատումին: Վերեւ նշեցինք 1139 թուականին գումարուած Լատերանի Բ. ժողովը, որ պաշտօնապէս ամրագրեց Հռո­մէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերին բացարձակ կուսակրօնութիւնը։

դ) Հոգեւոր կարգապահութիւն եւ զոհողութիւն

Կուսակրօնութիւնը նաեւ գնահատուեցաւ իբրեւ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին համակ նուիրուածութեամբ ծառայելու համար անձնական զոհղութեան եւ պատրաստակա­մութեան երաշխիք: Արդարեւ ան կը խորհրդանշէր լիարժէք նուիրում մը հոգեւոր առա­քելութեան՝ ազատակամ հրաժարելով աշխարհիկ հոգերէ, ընտանեկան եւ ընկերային կապերէ ու պարտաւորութիւններէ:

Պարագան նոյնն էր նաեւ Հայ եկեղեցիին, ուր մինչեւ Ե. դար՝ Սահակ Պաթեւ կաթողի­կոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ հայոց հայրապետներն ու եպիսկոպոսները, քահանաներն ու սարկաւագները ամուսնացեալ էին, իսկ քահանայապետական աթոռը ժառանգական էր։ Այստեղ եւս պատմական գրեթէ նոյն գործօնները իրենց կարեւորա­գոյն դերակատարութիւնը ունեցան՝ հետզհետէ սահմանափակելու ամուսնացեալ բարձրաստիճան եկեղեցականութեան տոհմիկ աւանդութիւնը։ Բարեբախտաբար, ինչ­պէս պարագան է Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն, Հայ եկեղեցին եւս կուսա­կրօնութեան կողքին պահպանեց ամուսնացեալ քահանայութեան պաշտօնը, սակայն յատկացուց զայն միայն եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան ասպարէզին՝ զրկելով ամուսնացեալ քահանան,– անկախ իր ունեցած կոչումէն, բարձր գիտակցութենէն եւ ձեռք բերած ուսումնական պատրաստութենէն,– եկեղեցւոյ ղեկավարութեան բարձրա­գոյն պաշտօններու ձգտելու եւ զանոնք յաջողապէս վարելու հնարաւորութիւնէն։

Մեր բազմաչարչար եւ հաւատաւոր ժողովուրդը այնքան մեծարանք եւ անմնացորդ յարգանք ցուցաբերած է իր կուսակրօն վարդապետներուն հանդէպ, որ չէ զլացած ա­նոնց «հայր սուրբ» գերազանց պատուանունով դիմելու, մինչդեռ Կաթողիկէ եկեղեցին այդ առանձնաշնորհումը միայն Սրբազան քահանայապետին՝ Հռոմի պապին վերապա­հած է եւ ոչ իսկ իր ծիրանաւոր կարտինալներուն։

Անտարակոյս, մաքրաբարոյ կուսակրօնութիւնը սրբութեան գերազանց երաշխիք մըն է։ Մենք ունեցած ենք արժանահաւատ հայրապետներ եւ վարդապետներ՝ Օձնեցիներ, Նարեկացիներ, Շնորհալիներ, Լամբրոնացիներ, Որոտնեցիներ եւ Տաթեւացիներ, ո­րոնք եղած են Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր-բարոյական հեղինակութեան եւ սրբակենցա­ղութեան անզուգական ներկայացուցիչները։ Սակայն այսօր կուսակրօնութիւնը դար­ձած է ձեւ բանի մը, եւ նոյնացած է ընդամէնը պաշտօնապէս ամուսնացած չըլլալու եւ ընտանիք չկազմելու հանգամանքին հետ։ Առանց ընդհանրացնելու երեւոյթը, յարգելով հանդերձ նաեւ մեր մէջ տակաւին սրբակենցաղ եկեղեցականներու ներկայութիւնը, պիտի փոխ առնէի Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի թեւաւոր մէկ խօսքը, որ հասցէագրած է մեր մօտ անցեալի եւ թերեւս այսօրուան կուսակրօն եկեղեցականութեան՝ «Կուսու­թիւննին հազար անգամ փոշիացած կուսակրօններ»։

Կուսակրօնութիւնը նման է երկսայրի սուրի մը. մէկ կողմէ ան սրբակրօն եկեղեցականը կը սրբացնէ, բայց միւս կողմէ ճշմարիտ կոչումէ զուրկ անձը, միեւնոյն է, ինչ տեսակ վեղար կամ անոր վրան ալ ադամանդակուռ խաչ մը կրէ, իր բովանդակ իմաստով, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, իր երեւելի թէ աներեւոյթ կերպարով զայն կը դարձնէ կատարեալ անաբարոյական մը։

Այս առնչութեամբ բարեկարգութիւնը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն մըն է Հայ եկեղեցիին համար։ Եթէ կայ բնագաւառ մը, ուր շատ մը այլ հարցերու շարքին ամէնէն շատ բարեկարգուելու կարիքը ունի՝ կուսակրօնութի՛ւնն է։

Մեր եկեղեցւոյ է՛ն խոհուն մտածողներէն Մաղաքիա արք. Օրմանեան իր «Խոհ եւ խօսք» ինքնակենսագրական երկասիրութեան մէջ կուսակրօնութեան ուխտին ցմահ ըլլալու բնոյթին մասին հետեւեալ քննադատութիւնը կ’արձանագրէ.

«Խնդիրը ամփոփենք ուխտին մշտնջենաւորութեան վրայ.

Ինչ ալ ըլլայ ոմանց տեսութիւնն ու նախապաշարեալ կարծիքը, եւ խստակրօն­ներու սկզբունքը, ես իմ մասին երբեք անդարմանելի մարդկային գործ մը չեմ ըն­դունիր, միշտ կարգ ու կանոնի մը եւ օրինական պահանջներու պատկառ մնա­լով։ Ըստ այսմ [կուսակրօնութեան] ուխտի մշտնջենաւորութիւնն ալ կ’իմանամ իբր ցնոր տնօրէնութիւն, այսինքն ցորչափ իրաց վիճակը, ուխտադերին դիրքը, էական պայմաններու ձեւը փոխուած չէ։ Մարդ չի կրնար բովանդակ ապագայն նախատեսել, եւ իւր կեանքին բոլոր փոփոխութիւնները գուշակել, ուստի անհրա­ժեշտ է որ բաց դուռ մը ունենայ իւր դիրքը եւ կացութիւնը փոփոխելու եւ նոր դիրքին յարմարելու։ Ըստ այսմ բնաւ դժուարութիւն չեմ զգար եւ դիտողութիւն չեմ ըներ, եթէ կուսակրօնութեան նուիրեալ եկեղեցական մը իւր կոչումէն հրաժարի, բաւական է որ օրինական պայմանները յարգէ եւ ընդհանուր բարոյականութեան դէմ չմեղանչէ։ Կարծեմ թէ այս բացայայտ վերապահութիւնս բաւական է իմ համոզումս ուղղա­պէս դատելու, եւ զիս մոլեռանդ եւ անխորհուրդ աւանդապահ մը չսեպելու։

[…] Համառօտիւ միտքս յայտնած ըլլալու համար աւելցնեմ, որ նախնական եկե­ղեցւոյ մէջ կուսակրօնութիւնը եկեղեցականութեան պայման չէ եղած, թէպէտ կամաւոր յանձնառուն չէ մերժուած, ինչպէս Յովհաննէս եւ Պօղոս առաքելոց մէջ եւ Արիստակէս՝ մեր սուրբ հարց մէջ։ Եկեղեցականութիւնը իբրեւ ժողովուրդի հովուութիւն ամուսնացելոց սեփական եղած է, նոյնիսկ եպիսկոպոսութեան եւ հայրապետութեան աստիճաններուն մէջ։ Իսկ կուսակրօններ իրենց կոչումը անաղարտ պահելուն համար աշխարհէ հեռու եւ աշխարհիկ յարաբերութիւննե­րէ զերծ վանքերու մէջ փակուած են, իրենց նուիրական կենցաղը չվտանգելու համար։ Այժմեան կուսակրօններու սովորական դարձած աշխարհի եւ աշխար­հիկ յարաբերութեանց հետ համարձակ շփումը նախնական օրինաց եւ սկզբնա­կան սովորութեանց համաձայն չէ, բայց այդ մասին յետադարձը գործադրելն ալ դիւրին չէ։ Եթէ արեւելեան եկեղեցիներու մէջ պահուած ամուսնացեալ եկեղեցակա­նութեան զարգացումը բարձրանայ, եւ եթէ իւր առջեւ աստիճաններու բարձրացման դուռերը բացուին, կուսակրօն եկեղեցականութիւնը կրնայ հետզհետէ նուազիլ, եւ իւր նախնական բացառիկ եւ պատահական չափին վերածուիլ։ Բայց այս եկեղեցւոյ բա­րեկարգութեան կէտ մըն է […] գուցէ առաջիկային այն ալ շօշափեմ»։

Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը էական անհրաժեշտութիւն մըն է, որ կը ձգտի ծառա­յելու անոր հաւատացեալ հօտին դիմագրաւած արդի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ առօրեայէն բխող կարիքներուն։ Սրբազան աւանդութիւնը արգելք մը չէ, այլ պահանջ մըն է՝ զայն ապահովելու ժամանակակից կեանքի համատեքստին մէջ։ Եկեղեցւոյ պատմական եւ աստուածաշնչական հիմքերը ստոյգ անոր կու տան ճկունութիւն, մինչդեռ բարեփոխումները կը նպաստեն անոր հաստատութենական (institutional) կայունութեան եւ վերածնութեան։ Կուսակրօն եւ ամուսնացեալ եկեղե­ցականութիւնը եկեղեցիին պէտք է ծառայէ ոչ թէ տէր ընդ ծառայի փոխյարաբերու­թեան, անհաւասար դիրքերու՝ բարձրի եւ ցածի խտրականութեան անգիր օրէնքով, այլ իւրաքանչիւրը իր ստանձնած պաշտօնին մէջ ի Յիսուս Քրիստոս սիրոյ ծառայութեան հաւասար դիրքերու եւ իրաւունքներու կարգավիճակով։

«Կենցաղ եկեղեցականաց՝ գիրք աշխարհականաց» – «Եկեղեցականներուն կենցաղը աշխարհականներուն համար գիրք (օրէնք) է». հինէն եկող այս ճշմարտացի խօսքը կու գայ անսուտ դրսեւորելու այն իրողութիւնը, որ առաջին հերթին հոգեւորականն է եկե­ղեցւոյ բարոյական հեղինակութեան արտայայտիչը, ուրկէ հաւատացեալը դասեր կը քաղէ իր հոգիի փրկութեան եւ քրիստոնէավայել կենցաղավարութեան համար։ Եթէ նոյն եկեղեցականը շեղի իր սրբակենցաղ վարքագիծէն ու զանազանել չկարենայ այդ ոսկեձոյլ տարբերութիւնը լինելու եւ ունենալու միջեւ, կոչումի գիտագցութեան, անձն­դիր ծառայասիրութեան, սրբութեան, փառքին, ուժին եւ նիւթական հարստութեան ձգտելու միջեւ, իր անձին եւ գործին մէջ առաջին հերթին կը նսեմացնէ եկեղեցին, որուն ծառայութեան ինք կոչուած է։ Այնուհետեւ ան չի կրնար յարգանք պարտադրել հաւա­տացեալ մարդուն, որուն աչքին ոչ միայն ինք, այլեւ իր ներկայացուցած եկեղեցին ալ հեղինակազրկուած է, նման այն թանկարժէք ադամանդին, որուն վրայ յառաջացած նուազագոյն բիծն անգամ կ’արժեզրկէ զայն։ Եկեղեցականը հարկ է, որ ըլլայ աստուա­ծային լոյսի ընդունարան եւ բանիւ ու գործով այդ նոյն լոյսը արտացոլացնել կարենայ հաւատացեալ հայ մարդուն վրայ։ Պատմութեան այս կոչն է, որ ինք իբրեւ արժանա­հաւատ հրաւէր մը՝ Բանին կենաց քարոզութեամբ միշտ պիտի կարդայ իր հայկազուն հօտին դիմելով. «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ. քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի» (շարական)։

Ժընեւ, 29 Յուլիս 2024

  1. Հմմտ. Հակոբյան, Վ․, «Կանոնագիրք հայոց», Ա, Երևան, Հայկական ՍՍՌ գիտությունների ակադեմիայի հրատարակչություն, Երևան, 1964, էջ 450։
  2. Հմմտ. Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Խոհ եւ Խօսք», Երուսաղէմ, 1929, էջ 49–50:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. «Վերջին Ընթրիք»-ը՝ Ընդվզո՞ւմ, թէ՞ Զգաստութիւն

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կռիւներու Յաղթական Աւարտը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?