Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 1, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

Հոգեհանգիստ-Ոգեկոչում Լիզպոնի Հինգ Նահատակ Տղոց Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, կիրակի, 28 յուլիս 2024-ի առաւօտեան Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ 1983-ին Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ քաջարի երիտասարդներուն յիշատակին:

Պատարագեց եւ քարոզեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թենեքեճեան: Հոգեհանգստեան պահուն եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած էին 5 տղոց նկարները, ինչպէս նաեւ եռագոյն եւ ՀՅԴ-ի դրօշակները:

Հոգեհանգիստի արարողութեան աւարտէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Կեդր. վարչութեան անդամ Սերճիօ Մանկոյեան, որ ըսաւ, թէ կատարուածը տխրութեան եւ սուգի հոգեհանգիստ մը չէ, այլ պատուի եւ հպարտութեան յիշատակում է: «Մենք ամենաբարձր մակարդակով կը պատուենք Լիզպոնի հինգ երիտասարդներուն զոհաբերութիւնը եւ հերոսական բողոքի քայլը, որով կարողացան լոյս բերել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ տղոց կատարած գործը առասպելական էր` զոհաբերութեան եւ պայքարի ճամբով:  «Քաջ արարք մը, որ նոր «զէնքեր» տուաւ հայութեան ու աշխարհին պարտադրեց արդարութեան համար մղուած հայութեան պայքարի ճանաչումը: Միաժամանակ յոյս եւ հաւատք ներշնչեց հայութեան` յիշեցնելով բոլորին  գիտակից պայքարի եւ ազգային բարձր նպատակներու հանդէպ նուիրուածութեան ուժը: Անոնք երազեցին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի իրականացումը, որ լոզունգէ մը շատ աւելին դարձաւ իրենց համար», նշեց ան:

Սերճիօ Մանկոյեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ ժամանակները փոխուած են, սակայն պայքարը կը մնայ նոյնը, հաւանաբար աւելի ալ դժուար են պայմանները` թուրք եւ ազերի շրջանակներուն կողմէ տարածուած կեղծիքներուն ու ճնշումներուն պատճառով, սակայն հայ երիտասարդութիւնը կը լսէ Լիզպոնի հինգ տղոց  պատգամը` մնալ քաջ, մնալ գիտակից, մնալ պահանջատէր եւ սկզբունքային:

Ան շեշտեց, որ դաշնակցական երիտասարդութեան համար նահանջ գոյութիւն չունի, ան պիտի շարունակէ պայքարը, մինչեւ որ աշխարհը դառնայ այնպէս, ինչպէս իրենք` Լիզպոնի հինգ հերոսները, երազեցին ու պայքարեցան անոր համար, որովհետեւ Հայ դատի պայքարը մեր ազգին համար արժանապատուութեան եւ արդարութեան համար մղուած պայքար է:

Պոլիս

 «Քարերու Պատմութիւնը» Խորագիրով Ներկայացում

12 յուլիսին Պոլսոյ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Քարերու պատմութիւնը» խորագրեալ ներկայացումը Միացեալ Նահանգներու Փասատինա քաղաքէն ժամանած Նորայր Տատուրեանի կողմէ:

«Մենք երգենք» երիտասարդական երաժշտական խմբակի հիմնադիր եւ պատասխանատու Սեւան Աթաօղլու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց նախկին պոլսահայ Նորայր Տատուրեանը, որ երկար տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ըլլալով` այնտեղ ունի կրթական եւ մշակութային ծառայութիւն:

Ապա Տատուրեան տեղեկութիւններ տուաւ Փասատինայի մէջ իր ունեցած նախաձեռնութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ «Քարերու պատմութիւնը» ներկայացումը նախ կատարուած է իր քաղաքին մէջ, եւ  տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի պատմամշակութային քանի մը արժէքներու մասին, որոնց մէջ լսելի դարձան Հայրավանքի, Հաղարծինի վանքի, Նորավանքի եւ Յովհանավանքի նման կոթողներու պատմութիւնները: Ներկայացուեցան նաեւ Չարենցի կամարի, Քարերու համանուագին պէս մշակութային այլ կոթողներ:

Ներկաներուն փափաքով Տատուրեան խտացեալ կերպով ներկայացուց նաեւ հայկական տաղաչափութեան մասին իր բանախօսութիւնը:

Աւարտին Սահակ Բ. պատրիարք շնորհաւորեց Տատուրեանի աշխատանքը ու յաջողութիւն մաղթեց անոր ապագայ գործունէութեանց մէջ եւ Տատուրեանին յանձնեց յուշանուէր մը:

Թեհրան

 Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան

25 յուլիսին Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Հայաստանէն Թեհրան ժամանած Հայկական համալսարանի շուրջ 80 ուսանողներ եւ շրջանաւարտներ` ընկերակցութեամբ «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր խումբի ներկայացուցիչներ` քաղաքագէտ Էդգար Էլբակեանի, քաղտնտեսագէտ Հրանտ Միքայէլեանի եւ արեւելագետ Սերգէյ Մելքոնեանի:

Այցելող խումբը նախ մուտք գործեց Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր Ազգային առաջնորդարանի Հանրային կապի հոգեւոր խորհրդատու Գրիգորիս քհնյ. Ներսէսեան բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ ճարտարապետական կառուցուածքին մասին, ապա առաջնորդարանի սրահին մէջ խումբը դիմաւորեցին Թեմական խորհրդի դիւանի ներկայացուցիչները: Խորհուրդի անդամներէն Արմինէ Սէթխանեան ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հիւրերուն, իսկ Հայրիկ Աղանեան բացատրութիւններ ներկայացուց թեհրանահայ համայնքին եւ կառոյցին մասին: Այցելութեան աւարտին խումբին նուիրեց Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պատկերը:

Յայտնենք, որ 20 յուլիսին անոնք այցելեցին Ս. Մինաս եկեղեցի, ուր դարձեալ Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեան իրենց բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ մասին:

Նոր Ջուղա

Հանդիսաւոր Երեկոյ` Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սիփան Արք. Քէչէճեանի Կուսակրօն Ձեռնադրութեան 27-Ամեակի Եւ Արքութեան Տիտղոսի Արժանացման Առիթներով

Նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին, 23 յուլիսին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան արք. Քէչէճեանի կուսակրօն ձեռնադրութեան 27-ամեակի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետին կողմէ արքութեան տիտղոսին արժանանալուն առիթներով:

Ծրագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Մեսրոպ Ա. քհնյ. Գալստանեան կարդաց աւետարանէն հատուած մը եւ իր ու թեմի եկեղեցական դասուն անունով շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց սրբազան հօր:

Թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Նոէլ Մինասեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ սրբազան հայրը իր հոգեւոր ծառայութեան 27 տարիներու ընթացքին ամբողջովին նուիրուած էր Հայ եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան կատարման եւ ունեցած է մեծ աւանդ իր ծառայած թեմերու ազգային-հոգեւոր կեանքի կազմակերպման գործին մէջ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, իսկ Զարենուշ Աղուրեան կարդաց Սիփան արք. Քէչէճեանի կենսագրական գիծերը:

Օրուան հանդիսավար Արգին Աբնուսեան կարդաց Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Գեղարդ Մանսուրեանի, Կրօնական խորհուրդի, Թեմական խորհուրդի, պատկան ենթամարմիններու եւ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին ուղղած շնորհաւորական ուղերձները, որմէ ետք սրբազան հօր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցնող 27 տարիներու ընթացքին եղած են իր կողքին եւ օժանդակած են իրեն: Ան կոչ ուղղեց համայն հայութեան` հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի բոլոր համայնքները, ձեռք-ձեռքի տալով, համերաշխութեամբ եւ համագործակցութեամբ լծուելու ոչ միայն հայրենիքի, այլ նաեւ սփիւռքի բարգաւաճման եւ վերելքի աշխատանքներուն:

Միացեալ Նահանգներ

Արամ Սարոյեանի Գծագրութիւններու Ցուցահանդէս

Վերջերս Լոս Անճելըսի «Ֆրենսիս» ցուցասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ մրցանակակիր բանաստեղծ, թատերագիր եւ հեղինակ Արամ Սարոյեանի վերջին վեց տասնամեակներուն ընթացքին գծուած իւրայատուկ ստեղծագործութիւններուն «Գոյներով գրել» ընդհանուր խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը,  որ պիտի երկարի մինչեւ 31 օգոստոս: Ներքնապէս կշռուած նախագիծի եւ ջրաներկի հաւաքածոն կը մարմնաւորէ կենսական եւ անհրաժեշտ, թէեւ անխօս լեզու եւ ստեղծագործ ոգի, որ անմիջապէս կը թափանցէ Սարոյեանի գրաւոր ստեղծագործութեան բազմազանութեան մէջ:

Արա Նաճարեան Ընտրուեցաւ Պըրպենք–Կլենտէյլ–Փասատինա Օդակայանի Վարչութեան Նախագահ

Վերջերս Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան ընտրուեցաւ Պըրպենք-Կլենտէյլ-Փասատինա օդակայանի վարչութեան նախագահ:

Նաճարեան այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մէկ տարի, որուն ընթացքին պիտի ջանայ բարելաւել վարչութեան հովանիին տակ գործող «Հոլիվուտ Պըրպենք» օդակայանը` զայն յաճախորդներուն համար աւելի յարմարաւէտ դարձնելու նպատակով, միաժամանակ վստահ ըլլալու, որ անիկա նեղութիւններ չի պատճառեր շրջանի բնակչութեան:

Նշենք, որ նշեալ 9 հոգինոց վարչութեան անդամ են իւրաքանչիւր քաղաքի կողմէ նշանակուած երեքական վարչականներ: Փոխադրական մարզին մէջ երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող Նաճարեան 2020-ին նշանակուած էր վարչութեան անդամ:

9 տարիներէ ի վեր Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նաճարեան չորս առիթներով եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ, իսկ 2003-2005 եղած է Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ:

Նաճարեան Լոս Անճելըս գաւառի Փոխադրական հարցերու վարչութեան անդամ է եւ անցեալին եղած է անոր ատենապետը: Ան եղած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանային երկաթուղային վարչութեան` «Մեթրոլինք»-ի անդամ եւ ատենապետը:

 

 

 

Նախորդը

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանկութեան Տարիներուն Ծնողական Սիրոյ Պակասի Հետեւանքները

Յաջորդը

Եւրոպական Միութենէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?