Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միաբեւեռ Աշխարհի Վտանգները

July 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեան վերադարձաւ իր արձակուրդէն ու անմիջապէս լծուեցաւ իր նախասիրած գործին: Մարզեր այցելութիւններ, տեղ մը շատրուանի մը բացում, այլ տեղ` մասնակցութիւն երգահանդէսի մը: Քաղաքի օրուան առիթով Գիւմրիի մէջ կազմակերպուած էր տօնահանդէս, որուն գլխաւոր դէպքը Միացեալ Նահանգներէն եկած երգիչ Թաթայի մենահամերգն էր: Գիւմրիի մէջ մթնոլորտը իրողապէս տօնական էր. մօտակայ ու հեռաւոր վայրերէ հաւաքուած հսկայ բազմութիւն մը լեցուցած էր քաղաքին հրապարակը: Սրճարաններն ու ճաշարանները լեցուած էին ուտող եւ խմող բազմութիւններով: Մշակութային քաղաք հանդիսացող Գիւմրին իր օրը կը նշէր մշակութային կասկածելի արժէքով ձեռնարկներով, անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ «իրական Հայաստան»-ի մէջ մշակոյթ, արուեստ, պատմութիւն, ազգային սովորութիւններ ու ֆոլքլոր երկրորդական են. ժողովուրդը երջանիկ է ուտելով ու խմելով, խմած երգելով ու պարելով:

Ճշմարտապէս իրական Հայաստանին չառնչուած այս եղելութեան դիմաց Սրբազան պայքարը կը շարունակէ իր հանդարտ ու կշռադատուած երթը: Այցելութիւնները մարզեր, քաղաքներ ու թաղամասեր, փոքր հանրահաւաքները կը շարունակուին ստեղծելու համար ինքնագիտակցութեան, արթնութեան եւ վտանգները դիմագրաւելու վճռակամութեան մթնոլորտը, որ անհրաժեշտ է Հայաստանին` դէպքերուն ընթացքը շրջելու համար:

Լիբանանի մէջ կրկին կը հնչեն պատերազմի փողերը: Կոլանի վրայ կասկածելի ծագումով հրթիռակոծում մը խլեց այնտեղ բնակող տիւրզի համայնքէն զոհեր ու պատճառեց վիրաւորներ:  Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս ամբաստանեցին Հըզպալլան այդ հրթիռակոծութեան համար: Տարակուսելի է, թէ Հըզպալլան ինչո՞ւ պիտի թիրախաւորէր տիւրզիներով բնակուած գիւղ մը` Իսրայէլին շնորհելով Լիբանանի դէմ պատերազմ սկսելու շատոնց ծրագրուած շարժառիթը: Պատերազմ հրահրելու համար առիթ պէտք էր, ինչ որ ուժ կամ կողմ ստեղծեց այդ առիթը:

Օդանաւային ընկերութիւններ մէկը միւսին ետեւէն կ՛առկախեն, ժամանակաւորապէս, իրենց թռիչքները դէպի Պէյրութ: Պետութիւններ իրենց քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղեն` հեռանալու Լիբանանէն: Միաժամանակ կոչ կ՛ուղղեն` սահմանափակ տարողութեամբ զինական գործողութիւններու դիմելու, ինչպէս ամիսներէ ի վեր ապարդիւն կ՛ընեն Կազայի պարագային: Իսրայէլի իշխանութիւնները չեն ուզեր լսել. փոխարէնը` Իսրայէլի վարչապետին մարտաշունչ ու այլատեաց ճառը Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանին մէջ կը լսեն ու յոտնկայս կը ծափահարեն:

Մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, ազատութեան կարգախօսներով իշխանութիւններ կը տապալին, պետութիւններ կ՛ապակայունանան, ժողովուրդներ կը դժբախտանան: Միաբեւեռ եւ համաշխարհային կառավարում ստեղծելու մոլուցքը մեր ժամանակներու կայսերապաշտութիւնն է, որ առաջ կը տարուի տարբեր միջոցներով. տեղ մը խաղաղ յեղաշրջումով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` ուրիշ տեղ մը զինու ուժով:

Ազատութեան ու մարդու իրաւունքներու ժամանակակից սահմանումը կապ չունի ժողովուրդներու ու ազգերու ազատ ինքնորոշման հետ: Համաշխարհայնացումը կ՛ենթադրէ բոլորին ենթակայութիւնը արեւմտեան վերանորոգ արժէքներուն, որուն մարմնաւորումը տեսանք Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան «մշակութային» մատուցման ընթացքին:

Յառաջիկայ օրերը ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ սահմանուած է բազմաչարչար Լիբանանի համար: Հայաստանի մէջ ամառնային դադար հռչակուած է` սպասելով աշնանային թէժ բռնկումին: Լիբանանի պարագային վտանգը հրատապ է. մեզի կը մնայ յուսալ, որ անոր սահմանափակումը փոքր տարողութեամբ բախումով մը կ՛իրականանայ, ու փորձանքը կը հեռանայ:

 

Նախորդը

Ով Է Մտաւորականը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Վերահաստատեց Լիզպոնի Նուիրեալներուն Կտակին Նկատմամբ Իր Հաւատարմութիւնը

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.