Յօդուածներ

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Այս հիւանդութիւնը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է: Ան առաջին անգամ կապիկներու մէջ ախտաճանաչուած է 1958-ին, երբ ծաղկախտի որոշ հետազօտութիւն կը կատարուէր անոնց մէջ: Ուրեմն հիւանդութեան անուանումը եղած է ըստ այնմ: Կապիկի ծաղկախտը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուած է 1970-ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուած է Ափրիկէի կեդրոնական...

«Տէր Աստուծոյ Մատուցանեցէ՛ք Ինչ Որ Ուխտով Խոստացաք. Եւ Դուք` Շրջակա՛յ Ազգեր, Ձեր Նուէրները Բերէ՛ք Ահաւորին» (Սղ 76.12)

Մայրութեան Խորհուրդը

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. Խաչափայտին վրայ, հոգեվարքի պահուն, Փրկիչը խորիմաստ պատգամ մը կու տայ Իր չարչարակից մօր. «Ո՜վ կին, ահա քու որդիդ», եւ սիրելի աշակերտին` Յովհաննէսին. «Ահա՛ քու մայրդ»: (Յվհ. 19:26-27): Աստուածաշնչական այս հաստատումը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կողմէ պարգեւ մըն է. Ան Իր մայրը իբրեւ օգնական եւ շնորհք` կու տայ աշխարհին, շնորհք` մանաւանդ եկեղեցւոյ եւ այն հաւատացեալներուն, որոնք դարերու ընթացքին պիտի...

Զաւէն Խանճեանի Յիշատակին.   31 Յուլիս 1944 – 9 Օգոստոս 2024

Զաւէն Խանճեանի Յիշատակին. 31 Յուլիս 1944 – 9 Օգոստոս 2024

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Զաւէն Խանճեան` Հայց. աւետարանական եկեղեցւոյ կարկառուն աշխարհական ղեկավարներէն մէկը, այս աշխարհէն երկինք փոխադրուեցաւ ուրբաթ, 9 օգոստոս 2024-ին: Հանգուցեալին հետ ունէի 45 երկար տարիներու բարեկամութիւն մը: Ան իր անձին մէջ կը խտացնէր նկարագրի ազնուագոյն տարրերու ներկայութիւն մը: Իր բազմաբեղուն վաստակը այնքան ծաւալուն է, որուն անդրադառնալը անկարելի պիտի ըլլայ այս մահագրութեան էջերու սահմաններուն մէջ: Այսուհանդերձ, ստորեւ սեղմ...

Յարութիւն  Քիւրքճեան  Երեւոյթը

Յարութիւն Քիւրքճեան Երեւոյթը

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Դեռ ամիս մը չեղաւ. յուլիս 15-ին Լիզպոնի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին հրաւէրով հաւաքուած էինք, երեսուն մտաւորականներ` երեք սերունդներէ, եռօրեայ խորհրդակցութեան, որ կը կոչուէր Հաւասարում Նորոգ:Նկարին կեդրոնը` Յարութիւն Քիւրքճեան, կը պատասխանէ Ծաւի Պիլալեանի եւ Յակոբ Կիւլլիւճեանի հարցումներուն: Ներհուն մտաւորական եւ ազնուագոյն Մարդ: Հմտութիւն ու համեստութիւն: Խորասոյզ, անդուլ աշխատանք ու ծաւալուն եւ գեղեցիկ մատուցում:...

Յաղագս Պիպեռեան Զաւէնի

Յարութիւն Քիւրքճեանին Մեկնումին Առիթով

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 2015 թուականին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմը մտածեց եւ ծրագրեց յատուկ բացառիկ թիւ մը նուիրել ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին: Այդ բացառիկին մէջ ինծի վիճակուեցաւ պատրաստել անոր գրեթէ առիւծի բաժինը զբաղեցուցած 125 դէմք, դէպք եւ քաղաքական կեցուածք-յայտարարութիւն` 125 տարուան վրայ տարածուած: Բաւական սպառիչ եւ աշխատատար աշխատանք էր, եւ ես հիմա չեմ գիտեր, թէ ըստ արժանւոյն կատարա՞ծ եմ այդ իմ առաքելութիւնս, թէ՞...

Յարութիւնին Հետ

Յարութիւնին Հետ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յարութիւնին անսպասելի մահը նախ ցնցիչ էր, դժուար էր ընդունիլ, եւ ժամանակ կ՛ուզէր անդրադառնալու պատահածին,  ապա յիշատակներու ամբողջ հեղեղ մը յառաջացուց` իր պատճառած յուզումներով, ինչ որ դժուար է տրամաբանականօրէն արձանագրել: Իբրեւ մտաւորական անուններ` ծանօթ էինք իրարու, կարդացած էի իր կարգ մը փորձագրութիւնները «Ահեկան»-ի մէջ, մասնաւորաբար տպաւորուած` «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրութեամբ, նաեւ ծանօթ էի իր «Փորձ տարագրութեան մասին» իսկապէս...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ընտանեկան Ծառի Մը Պատմութիւնը

Հարցազրոյց Վահէ Կիւզէլիմեանին Հետ Իր Ընտանեկան Ծառի Պատրաստութեան Մասին, Որ Հաւանաբար Անհատապէս Պատրաստուած Ամենամեծ Հայկական Ընտանեկան Ծառն Է, Շուրջ 7000 Անդամներով` «Կիւզէլիմեան Ընտանեկան Ծառը» ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայ դատի հետապնդումին եւ սփիւռքահայերը իրենց արմատներուն եւ բնօրրանին հետ պորտակապով կապելու հետեւողական, հաստատ ու ներդաշնակ առաջադրանքին հաւատարիմ` ընտանեկան ծառի կարեւորութեան մասին նախորդ յօդուածս. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր ընտանեկան ծառը եւ պապենական բնօրրանն ու տոհմը,...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա Զրոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգ. Ժողովի Պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի Հետ Կազմակերպութեամբ  ՍՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին, 26 յուլիսին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի նստավայրի մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու անդամներուն առցանց հանդիպում-զրոյցը` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի հետ: Զրոյցի նիւթն էր` «Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքն ու արտաքին...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Նշմար «Կեանքը Ապրիլ Պիտի Սորվինք…»

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Քանի մը օր առաջ ֆէյսպուքեան թափառումներուս մէջ հանդիպեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի վերի բանաձեւումին, որ իբրեւ եզրայանգիչ խտացում, կը ներկայացնէր ան իր ունկնդիրներուն` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ ինք կը հետապնդէ խաղաղութեան իր օրակարգը: Ըսելէ ետք, թէ պատմութեան մէջ մեր կեանքը եղած է անարդիւնք մաքառում` ի խնդիր անիրականանալի երազանքներու, որոնք պատճառ դարձած են մեր անվերջանալի տառապանքներուն: Մեր կեանքը եղած է մշտատեւ...

Տեսակէտ. «Իրաւ Մտաւորական»-ը՝ Երէկ Եւ Այսօր …

Տեսակէտ. «Իրաւ Մտաւորական»-ը՝ Երէկ Եւ Այսօր …

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Որքան բան փոխուած է մեր հանրային կեանքին մէջ: Կայ իրականութիւնը, որուն մասին շատ քիչ կը խօսինք, եւ կայ «եթերային իրականութիւն»-ը, որ բոլոր առումներով կը ներկայացուի իբրեւ վաւերական ճշմարտութիւն: Երկրորդի պարագային գոյները շատ աւելի վառ են, գործիքները` շատ, եւ տեսականին` պերճագեղ: Ու այս բոլորին մէջ կայ մեծ ճիգ մը` փաստելու համար, թէ ո՛վ է իսկական հայը, ո՛վ է ճշմարիտ...

Լոյս Տեսաւ

Լոյս Տեսաւ

Կազմ – Փափուկ (Բ. եւ համալրուած տպ.) ISBN – 978 9933 445 393 Չափ – 21 x 13,5 սմ. Էջ – 216 Լուսանկարներ – 86 Կշիռ – 260 կրամ Հրտ. տարի – Յուլիս 2024 Հրատարակիչ – Կիլիկիա հրատարակչատուն Գինը – 20 ԱՄՆ տոլար Ստանալու համար դիմել – www.ciliciabooks.com Հնչակեան կուսակցութիւնը առաջին յեղափոխական սոցիալիստական կուսակցութիւնն էր Օսմանեան կայսրութեան եւ Պարսկաստանի մէջ։...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Վերստին Հանդիպելու Ծարաւը` «Դաշնակցական Վեհ Հսկայ»-ներուն Հետ (Պանք Օթոման – 128-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Յայտնապէս սովորական հանդիպումի մը մասին չէ վերեւի ակնարկը, այլ ոգեկան ապրումները վերաջրդեղելու եւ գաղափարական աշխարհին հորիզոնը դէպի անհունը տարածելու հաստատ համոզում մըն է, այլապէս պարտքը` դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներու, որ կարենան տոկալ եւ դիմակայել երէկի որոգայթները եւ այսօրուան` հակառակորդ թէ թշնամի զանգուածներու կողմէ յարուցուած հնաբոյր ու սին բարբաջանքները, հակադաշնակցական մոլուցքը: Այլ խօսքով` դաշնակցական գրականութեան հարուստ աւանդին քաջածանօթ ըլլալու հանգամանքը...

Սթափելու Ժամանակը

Կորուստի Մը Առիթով` Կցկտուր Մտքեր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Տարուան ամէնէն աւելի արձակուրդային ամիսին` օգոստոսին, դէպքերը, որոնք իրարու կը յաջորդեն, չեն ստեղծեր խուճապային այն մթնոլորտը, որուն վարժ դարձանք անցնող տարիներու ընթացքին: Կազայի մէջ վայրագութիւնները կը շարունակուին, Իրանն ու Հըզպալլան իրենց խոստացած խիստ հակադարձութիւնը չեն կատարեր, Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փակումին հետ մոռացութեան կը տրուի բացման իւրօրինակ արարողութեան գայթակղութիւնը, աշխարհ կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան հանգուցալուծումին, Ուքրանիան կը...

Նուիրումի Քառուղիներ (1896 Պանք Օթոման)

Պանք Օթոմանի Գրաւման 128-Ամեակ. Պանք Օթոմանի Գրաւումը Առաջին Քայլ` Ինքնապաշտպանութենէն Յարձակողականի Անցնելու Մարտավարութեան

Ա. Մ. Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, հայկական գաւառներուն մէջ, հայ ժողովուրդին անլուր տառապանքները հասած էին իրենց ծանրագոյն աստիճանին: Սասնոյ 1894-ի հերոսական ինքնապաշտպանութեան ճնշումը եւ անոր յաջորդած համիտեան 1895-1896-ի համատարած կոտորածները յուսալքութեան մատնած էին ժողովուրդը: Ազատագրական պայքարը յառաջ մղելու եւ ժողովուրդին կորովը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ էր ինքնապաշտպանութենէն յարձակողականի անցնելու մարտավարութիւնը: Որոշուեցաւ գրաւել Պանք Օթոմանը: Յեղափոխականներուն նպատակն էր նախ ցնցիչ հարուած մը տալ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորներ Այցելեցին Վանաձորի Պատանեկան Ճամբար 11-րդ անգամն ըլլալով, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութիւնը պատանեկան ճամբար մը կը կազմակերպէ Լոռիի մարզային կեդրոնին` Վանաձորի մէջ: ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական միութեան 10 անդամներ գործուղուած են Վանաձոր: Անոնց միացած են ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան 7 անդամներ: Ճամբարին ընթացքին սփիւռքէն եկած երիտասարդները գիտելիքներ եւ հմտութիւններ կը փոխանցեն պատանիներուն, կը կազմակերպեն մրցումներ, խաղեր, կը...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ռուսական Յեղափոխութենէն Ետք Թաթարներու Կողմէ Արցախի Շրջափակում, Ջարդ Եւ Աւերածութիւններ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Յեղափոխութենէն Ետք Թաթարներու Կողմէ Արցախի Շրջափակում, Ջարդ Եւ Աւերածութիւններ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արամայիսի հօրենական տունը Փրջամալի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն, 1917-ի փետրուարեան յեղափոխութեամբ ցարական միապետութիւնը տապալեցաւ: Նիկոլայ Բ. կայսր 2 (15) մարտ 1917-ին հրաժարեցաւ գահէն: Կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն` իշխան Գէորգի Լվովի գլխաւորութեամբ: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը մարտ 9 (32)-ին ստեղծեց Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ (օզակոմ): Օզակոմի կարգադրութեամբ գաւառական, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէներ ստեղծուեցան մարտ 13 (26)-ին կազմուեցաւ քառասուն հոգիէ բաղկացած Ղարաբաղի...

Դաշնակցական   Մամուլը

«Ազդակ»-ի Մամլոյ Առցանց Լսարանին Առիթով (23 Մայիս 2024)

Նիւթ` Սփիւռքի Քաղաքական Գործօնի Վերաիմաստաւորման Հրամայականը ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Նիւթին խորագիրը երեք ենթաբաժիններու վերածած եմ. Ա)   ՍՓԻՒՌՔ Բ)   ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԻ ՎԵՐԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐՈՒՄ Գ)   ԻՆՉՈ՞Ւ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է Սկսինք առաջինէն` սփիւռքէն: 1) Առաջին բառը «սփիւռքն» է: Ինչպէ՞ս  պիտի բացատրենք  «սփիւռք» հասկացողութիւնը:  Կ՛ենթադրեմ, թէ համաձայն կ՛ըլլանք, եթէ ըսուի, որ սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող, բազմալեզու, բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ  իրականութիւն մըն է ` հայ ազգի 2/3-ը...

Ոտնակոխ Տունը

Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը

Բ.- Ջատագովական ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ 1980-ականներու ազատական միջոցառումներէն եւ 21-րդ դարու նախօրէին Քեմալ Տերվիշի (իմա` World Bank) ցաւոտ վճռական վիրաբուժութենէն ետք թրքական դրամագլուխները համաշխարհայնացուած են: Կարելի չէ խօսիլ թարիքաթներու տնտեսական անկախ քաղաքականութեան մասին: Երբեմնի ճարտարարուեստական դրամատիրութեան «Դրամագլուխ - նախանիւթ + աշխատանք - աւելի մեծ դրամագլուխ» խնդրայարոյց ձեւաչափը այլեւս գործնական եւ գրաւիչ չէ  Արեւմուտքի մէջ: Այժմ կը տիրէ, այսպէս կոչուած, «Finance Capital»-ը,...

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Լեզլի Տէյվիս` Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Եւ Հայերուն Օգնած Դիւանագէտը

ՏՈՔԹ. ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ Քանի մը ամիս առաջ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ գրած էի յօդուած մը, որուն վերնագիրն էր` «Մոռցուած հրեշտակներ», հոն յիշած էի կարգ մը կարեւոր անձերու մասին, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ օգնած էին մեզի: Այդ անձերէն մէկը Լեզլի Տէյվիս (Leslie Davis) անունով ամերիկացի փաստաբան մըն էր, որ ետքը դիւանագիտական շարքերուն մէջ մտաւ եւ հիւպատոս  նշանակուեցաւ Խարբերդի ...

Մահացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն` Զաւէն Խանճեան

Մահացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն` Զաւէն Խանճեան

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Վարչական խորհուրդը խոր վիշտով գուժեց իր գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի (31 յուլիս 1944 - 9 օգոստոս 2024) մահը, որ պատահեցաւ 9 օգոստոս  2024-ին, Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) մէջ: «Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեանը կը սգայ իր գործադիր տնօրէնին` Զաւէն Խանճեանին մահը, որ 10 տարի ծառայեց ընկերակցութեան իր այս պաշտօնով, առաւելագոյն հոգատարութեամբ եւ նուիրումով: Իրականութեան մէջ անոր ողջ կեանքը...

Page 170 of 1110 1 … 169 170 171 … 1,110

Արխիւներ