Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Այս հիւանդութիւնը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է: Ան առաջին անգամ կապիկներու մէջ ախտաճանաչուած է 1958-ին, երբ ծաղկախտի որոշ հետազօտութիւն կը կատարուէր անոնց մէջ: Ուրեմն հիւանդութեան անուանումը եղած է ըստ այնմ: Կապիկի ծաղկախտը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուած է 1970-ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուած է Ափրիկէի կեդրոնական եւ արեւելեան երկիրներու մէջ: Անիկա տեսնուած է նաեւ Ափրիկէէն դուրս շատ մը երկիրներու մէջ` ափրիկեան երկիրներէ դուրս ճամբորդողներու միջոցով եւ կամ այդ երկիրներէն ներածուած վարակուած կապիկներու եւ մուկերու միջոցով: 2003-ին 47 պարագաներ տեսնուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2018-ին 3 պարագաներ` Անգլիոյ մէջ, եւ մէկ պարագայ` Իսրայէլի:

Վերջին շաբաթներուն կապիկի ծաղկախտը մեծ թիւով յայտնուած է Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր շատ արագ կը տարածուի: Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը  ահազանգած է անոր համաճարակի վերածուելու մասին` ափրիկեան երկիրներու մէջ:

Կապիկի ծաղկախտի յարուցիչը ժահր մըն է, որ ծաղկախտի ժահրին մէկ տարբերակն է: Այս ժահրին պահեստանոցը (reservoir)  նկատուած է կապիկը եւ ափրիկեան մուկը:

Կապիկի ծաղկախտի ախտանշանները կը նմանին ծաղկախտի ախտանշաններուն, սակայն անոր յատկանշական ախտանշանը աւշագեղձերու ծաւալումն է, որ ծաղկախտի պարագային տեղի չ՛ունենար: Աւշագեղձերու ծաւալումը կը պատահի մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ, յատկապէս` վիզի եւ աճուկի: Անոր թխսաւորումը (incuparion period) կը տեւէ 5-21 օր, այսինքն ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 5-21 օր ետք:

 

Կապիկի ծաղկախտի վէրքեր ձեռքի եւ ուսի վրայ

 

Վարակումէն ետք հիւանդութիւնը կ՛ունենայ երկու փուլ: Առաջին փուլը կը սկսի ջերմով, գլխացաւով, մկանային ցաւով եւ յոգնածութեամբ: Երկրորդ փուլը կը սկսի ջերմի յայտնութենէն 3-5 օր ետք: Տեղի կ՛ունենայ մորթային տարածուն ցան, որ յատկանշական է իր հեղուկային բշտիկներով: Այս բշտիկները կը թարախոտին, ետքը կամաց-կամաց կը սպիանան ու կը չորնան: Բշտիկները կրնան ըլլալ քանի մը հատ եւ կամ հազարներով` մարմնի զանազան մասերուն վրայ: Անոնք կրնան տեսնուիլ բերնին եւ քիթին մէջ, ինչպէս նաեւ` սեռային արտաքին օրկաններուն վրայ:

Ծաղկախտի պատուաստ ստացողներ աւելի նուազ ուժգնութեամբ ախտանշաններ կ՛ունենան, քան` պատուաստ չառնողները:

Ամբողջ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-4 շաբաթ: Կապիկի ծաղկախտը  ծաղկախտէն աւելի մեղմ ընթացք կ՛ունենայ, սակայն անիկա կրնայ մահացու դառնալ` իր բարդութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Մարդ արարածը կը վարակուի այս հիւանդութեամբ հետեւեալ ձեւերով.

Առաջին` վարակուած կապիկին կամ մուկին լորձունքի մէջ գտնուող ժահրը առողջ մարդուն կը փոխանցուի, երբ անոնք խածնեն զայն եւ կամ վնասեն ճանկելով:

Երկրորդ` վարակուած մարդու մը շնչառական օդակաթիլները առողջ մարդուն մարմնէն ներս կը մտնեն անոր քիթի, բերնի եւ կամ աչքի խլնաթաղանթէն:

Երրորդ` երբ առողջ անձ մը կը դպնայ վարակուած անձին լորձունքին, խլնահեղուկին, մորթի վէրքերուն եւ անոր գործածած անկողինին ու բարձին:

Չորրորդ` երբ առողջ անձ մը սեռական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ: Սեռական յարաբերութեամբ վարակուած անհատին սեռական օրկաններու վրայ գտնուած վէրքերուն ժահրը կը ներխուժէ առողջ անձին սեռական օրկաններու խլնաթաղանթէն եւ կը յառաջացնէ վարակում:

Մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ վարակուած անձին սերմնահեղուկի՞ն, թէ՞ հեշտոցային խլնահեղուկին միջոցով:

Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր նորածինը` ծննդաբերութեան ընթացքին իր հեշտոցին վրայ գտնուած վէրքերուն միջոցով:

Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր սաղմը փառի միջոցով:

Նորածին մը կրնայ վարակուիլ իր վարակուած մօրմէն` պարզապէս դպնալով մօրը ունեցած մորթային վէրքերուն:

Երեխաները աւելի հակամէտ են վարակուելու այս հիւանդութեամբ:

Վարակուած անհատը կրնայ վարակել առողջ անհատ մը` իր վարակումէն մինչեւ չորրորդ շաբթուան վերջը:

Կապիկի ծաղկախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի` տեսնելով ծաւալած աւշագեղձերը եւ մորթային բշտիկներու հեղուկին յատուկ քննութեամբ, որով  կը փաստուի յարուցիչ ժահրի գոյութիւնը:

Ինչպէս յիշուեցաւ, նախապէս կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ` հիւանդութեան զարգացումի ընթացքին: Այս բարդութիւններէն են` թոքատապ, մորթային երկրորդական մանրէական բորբոքում, աչքի բորբոքում եւ ուղեղատապ:

Այս հիւանդութիւնը յատուկ դարմանամիջոց չունի: Կարգ մը երկիրներու մէջ կը գործածուի ծաղկախտի պատուաստը: Վերջին տարիներուն պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ նոր պատուաստ մը, որ Jynneos կը կոչուի եւ կը գործածուի որպէս դարմանամիջոց:

Բարդութիւնները կը դարմանուին յատուկ դեղերով եւ ըստ անոնց տարողութեան:

Կարելի՞ է կանխարգիլել այս հիւանդութիւնը: Այո՛, կարելի է, պարզապէս`

1.- Չայցելել այն երկիրները, ուր այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի  տեղաճարակայի-մնայուն (endemic) ձեւով,

2.- Հեռու մնալով կապիկներէ եւ մուկերէ,

3.- Չդպնալով կասկածելի կապիկներու եւ մուկերու,

4.- Չդպնալով կասկածելի ու մանաւանդ վարակուած անձերու, եւ չգործածել անոնց անկողինը կամ բարձը,

5.- Վարակուած անձի մը հետ սեռական յարաբերութիւն չունենալով,

6.- Շատ լաւ եփելով միսը ուտելէ առաջ,

7.- Վարակուած անձին վէրքերուն դպնալ միայն յատուկ ձեռնոցներ գործածելով:

22 յունիս 2022 – վերանայուած` 2 օգոստոս 2024

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ի՞նչ Նոր Բանաձեւ Լիբանանահայ Հաւաքական Ինքնութեան

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
Գետ-Գիտութեան. Բաներ, Որոնք Կրնան Ազդել Ձեր Դեղերու Արդիւնաւէտութեան Վրայ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Բաներ, Որոնք Կրնան Ազդել Ձեր Դեղերու Արդիւնաւէտութեան Վրայ

Յունիս 13, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?