Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն` Զաւէն Խանճեան

Օգոստոս 12, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Վարչական խորհուրդը խոր վիշտով գուժեց իր գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի (31 յուլիս 1944 – 9 օգոստոս 2024) մահը, որ պատահեցաւ 9 օգոստոս  2024-ին, Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) մէջ:

«Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեանը կը սգայ իր գործադիր տնօրէնին` Զաւէն Խանճեանին մահը, որ 10 տարի ծառայեց ընկերակցութեան իր այս պաշտօնով, առաւելագոյն հոգատարութեամբ եւ նուիրումով: Իրականութեան մէջ անոր ողջ կեանքը եկեղեցւոյ, համայնքին եւ ողջ հայութեան ծառայելու օրինակ եղած է թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ», ըսաւ AMAA-ի Վարչական խորհուրդի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան: «Ան իսկական ղեկավար էր, շատ սիրուած ընկերակցութեան աշխատակազմին, Վարչական խորհուրդի անդամներուն եւ աջակիցներուն կողմէ: Ան տեսիլքի մարդ էր, մեծ հաղորդակից, բազմաշնորհ գրող եւ հրապարակախօս: Ան բարի մարդ էր, ընտանիքի մարդ էր, եւ անոր բազմաթիւ թոռները անոր կեանքի լոյսն էին: Ամէնէն առաջ ան անսասան հաւատքի տէր մարդ էր եւ Քրիստոսի իսկական զինուոր: Զ. Խանճեանի մահը մեծ կորուստ է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Հայ աւետարանական եկեղեցիին, հայ ազգին եւ ողջ մարդկութեան համար: Թող Սուրբ Հոգին մխիթարէ անոր ընտանիքը եւ բարեկամները, եւ թող Տէրը օրհնէ անոր յիշատակը»:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հրապարակած գոյժին մէջ կը նշուի, որ ամուսին, հայր, մեծ հայր, մեծ հայ, հեղինակ, հայկական մշակոյթի եւ ժառանգութեան ջատագով Զաւէն Խանճեանը խաղաղութեամբ հեռացաւ կեանքէն` շրջապատուած իր սիրելի ընտանիքով:

Զաւէն Խանճեան ծնած էր սփիւռքահայութեան քաղաքամայր «Երազային» Հալէպի մէջ, 31 յուլիս 1944-ին: Ան Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Վազգէն եւ Վերժին Խանճեաններու հինգ զաւակներէն մէկն էր: Մեծցած էր Հալէպի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, եւ եղած էր երիտասարդաց խումբին գործունեայ մէկ անդամը:

Հալէպի մէջ նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստանալէ եւ Ալեփփօ քոլեճը աւարտելէ ետք, 1967-ին աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` ստանալով պսակաւոր արուեստից տիտղոսը առեւտրական վարչագիտութեան մէջ:

Նոյն տարին ան մեկնած է Արաբական ծոցի երկիրները, ուր 13 տարիներու աշխատանքին զուգահեռ, մտերիմներու հետ ամէնուրեք հիմնած է հայկական ովասիսներ:

1973-ին ամուսնացած է Սոնա Քէլիկեանի հետ, եւ ընտանիքը օրհնուած է երեք զաւակներով` Վազգէն, Հրակ եւ Վանայ:

1979-ին ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգը, ուր յաջորդող 35 տարիներուն տարած է աշխուժ, գործօն եւ ծառայասէր գործունէութիւն գաղութին կրթական, եկեղեցական, ազգային, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ, վարելով ղեկավար դերեր` «Մերտինեան» հայ աւետարանական վարժարանի, Միացեալ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան, «Սուրիահայութեան զօրակցութեան հիմնադրամ»-ի  Glendale Family YMCA-ի, The Salvation Army Corp-ի, Americans For Artsakh-ի եւ Armenian American Real Estate Association-ի մէջ:

1982-2014 տարիներուն վարած է իր սեփական անշարժ կալուածներու ընկերութիւնը:

2014-ի յուլիսին հրաւիրուած է վարելու Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, Փըրեմըս, Նիւ Ճըրզիի մէջ, ուր գործեց մինչեւ իր մահը: Իր 10-ամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան վերահսկեց բազմաթիւ կարեւոր իրադարձութիւններու, ինչպէս` Երեւանի «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» վարժարանի բացումը, 2015 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումը, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակի յաջող հանգանակութիւնը եւ տօնակատարութիւնը` 2018-ին:

Աշխատակցած է երկլեզու հայ մամուլին: Խմբագրութիւններու ուղղուած իր նամակները լոյս տեսած են արաբական, ամերիկեան եւ հայկական մամուլին մէջ: Հեղինակ է երեք հատորներու` «Սրտի եւ մտքի ցոլքեր» (2011), «ՀԱԼԷՊ-առաջին կայարան» (2013) եւ «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս» (2017):

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ հայապահպանութեան գործին իր ներդրած աւանդին համար Զ. Խանճեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, որոնց կարգին` 28 մայիս 2017-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ անոր շնորհուած «Երախտագիտութեան մետալ»-ին: 13 սեպտեմբեր 2019-ին ստացած է պատուաւոր անդամի կոչում` Հայաստանի Գրողներու միութեան:

Ան անդամ էր Լոս Անճելըսի Միացեալ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:

Զաւէն Խանճեան իր ետին կը թողու իր կինը` Սոնան, երեք զաւակները` Վազգէն, Հրակ եւ անոր կինը` Միշել, եւ Վանան ու անոր ամուսինը` Արմէն Վարդանեանը, հինգ թոռներ եւ մէկ թոռնուհի, քոյրերը` Լորա Փրաթերը եւ Տիքի Տատը եւ եղբայրը` Տիգրան Խանճեանը եւ անոր կինը` Մարիեթ-Աստղիկը: Անոր քոյրը` Անահիտ Թերճիմանեանը, մահացած էր ապրիլ 2024-ին:

Զաւէն Խանճեանին կորուստը պիտի սգան ոչ միայն իր ընտանիքն ու բարեկամները, այլ նաեւ` մեծ հայ համայնքը, որուն ան ծառայեց այնքան անձնուրաց:

Յիշատակի պաշտամունքի տեղեկութիւնները պիտի հաղորդուին յառաջիկային:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (12 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

Լեզլի Տէյվիս` Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Եւ Հայերուն Օգնած Դիւանագէտը

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?