Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւն Քիւրքճեան Երեւոյթը

August 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Դեռ ամիս մը չեղաւ. յուլիս 15-ին Լիզպոնի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին
հրաւէրով հաւաքուած էինք, երեսուն մտաւորականներ` երեք սերունդներէ, եռօրեայ խորհրդակցութեան, որ կը կոչուէր Հաւասարում Նորոգ:

Նկարին կեդրոնը` Յարութիւն Քիւրքճեան, կը պատասխանէ Ծաւի Պիլալեանի եւ Յակոբ Կիւլլիւճեանի հարցումներուն:

Ներհուն մտաւորական եւ ազնուագոյն Մարդ: Հմտութիւն ու համեստութիւն: Խորասոյզ, անդուլ աշխատանք ու ծաւալուն եւ գեղեցիկ մատուցում: Ծով մարդկայնութեան, նաեւ բարեկամութեան սահուն առագաստ: Ինչպէ՜ս համատեղուած էին ազնիւ նայուածքն ու խորաթափանց միտքը:

Աս ի՜նչ տրտմութիւն է այսօր, Յարութի՛ւն: Բազմամշակութայինը շաղախելով ազգայինին` անհատնելի, անգնահատելի գանձ թողուցիր, մատենագա՛նձ, … եւ հոգիդ առիր գացիր:

Մօտ վեց տասնամեակ առաջ մեր սերունդին հարցումները դո՛ւն բացիր: Գրաքննադատական մտքի հանքերը խաւ առ խաւ ներկայացուցիր: Պատրաստած նորաոճ դասագիրքերովդ հայերէն գնահատել ու սիրել սորվեցուցիր, եւ դեռ` հաստափոր հատորները Դաշնակցութեան պատմութեան, ներշնչող դաստիարակի ու բազմաթիւ գիրքերու բծախնդիր խմբագիրի արհեստավարժութիւնդ: ի՜նչ վայելք էին խոհագրութիւններդ` մտածում հրահրող:

Այս բոլորը շաղկապուած էին ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ պրպտումիդ, հարցադրումներուդ եւ հիմնաւորուած ու խարսխած հաւատքիդ հետ:

Եթէ գիտնայիր, որ այսքան սիրտ պիտի ճմլուի, այսքան արցունք յորդի, հառաչանքներ զսպուին, ալիքներ զարնուին յիշատակներու կղզիին, ու ցաւը, սա կսկծացող ցաւը պիտի անխօս դարձնէ սիրելիներդ ու բարեկամներդ, ազնուագո՛յն Յարութիւն, չէի՜ր հեռանար, ան ալ` անվերադարձ: Չկարենալ հաւատալու առեղծուածին մէջ չէիր ձգեր բոլորս: Մարոյէն չէիր հեռանար: Բայց քու ձեռքդ չէր: Քու ձեռքդ չէ՜ր:

Օգոստոս 9, 2024

 

Նախորդը

Յարութիւն Քիւրքճեանին Մեկնումին Առիթով

Յաջորդը

Զաւէն Խանճեանի Յիշատակին. 31 Յուլիս 1944 – 9 Օգոստոս 2024

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.